Ժողովուրդ էինք տասը տարիներ առաջ եւ յանկարծ ազգ դարձանք. ունէինք ռեսպուբլիկա մը, որ վերածուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ հայրենի երկրի մեր հարազատները իրաւունք ստացան իրենց էութիւնը որոնելու եւ իրենց իսկութեան վերադառնալու. այդ ինքնապեղումի տագնապեցնող հանգրուանին ամէն ինչ շրջուած էր գլխիվայր, եւ հայութիւնը դարձեալ կը լծուէր իր ինքնութիւնը վերասահմանելու գործին: Երկրաշարժ, Ղարաբաղ, տնտեսական եւ քաղաքական դրութեանց յեղաշրջումՙ ահեղ իրադարձութիւններ էին, որոնք կրնային ընկճել մինչեւ անգամ հզօր երկիրները, ուր մնաց մեր փոքրիկ եւ ազազուն երկիրը: Այս բոլորը, սակայն, բաւարար պատճառներ չսեպուեցան, որ ոմանք, արտերկրի տարբեր շրջանակներուն մէջ, հանգիստ բազկաթոռներու մէջ ընկողմանածՙ պահանջներ դնեն, սուր քննադատութիւններ արձակեն եւ իմաստութեան խորհուրդներ բաշխեն հայրենի ժողովուրդին եւ մանաւանդՙ այդտեղի պետական ղեկավարներուն: Սակաւ նուիրեալ հոգիներ միայն գացին Հայաստան իրենց բաժինը բերելու ինքնապեղումի եւ վերականգնումի դժուար գործընթացին: Այդ քիչերէն մեկը փոխադրուեցաւ Հայաստանՙ առաքելութիւն մը իրականացնելու. ատիկա առաքելութիւնն էր «Ազգ» օրաթերթին:
Ան իր հետ հայրենիք կը փոխադրէր ռամկավարական ազատ մամուլի հարուստ փորձը, ինչպէս նաեւ մամուլի միջազգային չափանիշները: Առողջ մամուլը անձէ անձ, հաւաքականութենէ հաւաքականութիւն եւ երկրէ երկիր երկարող կամուրջ մըն է, որ միեւնոյն ճակատագրով իրարու կապուած անհատներն ու խմբաւորումները կը շաղկապէ իրարու. ան մանաւանդ դարբնոց մըն է գաղափարներու, ուր կը հասուննան ազգի մը գոյատեւման գաղափարախօսութիւնն ու հաւաքական իդէալները, հետեւաբար անգիտակից ոճիր է մամուլի առաքելութեան հետ թեթեւօրէն վարուիլ կամ զայն ծառայեցնել իր բուն նպատակէն դուրս ծուռ նպատակներու եւ անհարազատ աստուածներու:
Տասնամեակի մը բարձունքէն դիտելով «Ազգ»-ի առաքելութեան դժուարին ճանապարհըՙ կը տեսնենք, թէ ան պատուով իրականացուցած է իրեն սահմանուած առաքելութիւնըՙ հակառակ նիւթական դժուարութեանց, նորարարութեան դէմ ցցուող պատնէշներու եւ մանաւանդ մամուլի ազատութիւնը խեղդամահ ընելու կազմակերպուած արարքներուն: Օրաթերթը յատկանշուեցաւ արագ եւ համապարփակ լրատուութեան, սկզբունքային կեցուածքի եւ քաղաքական ջղագար ու ջղաքանդ պայմաններու տակ իր պաղարիւնութիւնը յայտնաբերելու եւ իր ըսելիքը ըսելու ազնիւ տուեալներով: Սխալ պիտի չըլլայ անոր վերագրել հայրենի մամուլին մէջ նոր որակ մը ներմուծելու արժանիքը, որովհետեւ ան դարձաւ մանաւանդ լրագրութեան դպրոց մը, ուրկէ անցան այսօրուան ամէնէն արժանաւոր խմբագիրներն ու մամուլի աշխատողները: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ անցնող տասը տարիներուն «Ազգը»-ը նկատուեցաւ քաղաքական լուրջ կշիռ ունեցող մամուլի օրգան մը, որուն տեսակէտները յարգանքի արժանացան ոչ միայն հայրենի պետական եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ, այլ մանաւանդ մամուլի եւ դիւանագիտութեան միջազգային ոլորտներէն ներս:
Կարելի՞ է ըսել, թէ «Ազգ»-ը իր այս իրագործումներուն համար միահամուռ գնահատանքի ու ծափահարութեան արժանացաւ: Անշուշտՙ ոչ. ոմանք ջղայնացան, ուրիշներՙ թշնամացան, որովհետեւ թերթը միշտ պահեց իր սկզբունքային եւ ազգանուէր վարքագիծըՙ մերժելով դառնալ թմբկահարը փոքրիկ եսերու եւ կողմնակի շահերու: Հետեւաբար այդ թշնամանքները եւս պէտք է աւելցնել թերթին բարենիշներու սիւնակին մէջ:
Սփիւռքի մէջ ու նաեւ Հայաստանի կարգ մը շրջանակներէ ներս գոյութիւն ունի արմատացած թիւր կարծիք մը, թէ կուսակցութեան մը կամ կազմակերպութեան մը կողմէ հովանաւորուած թերթ մը չի կրնար պահել իր անաչառութիւնն ու անկախութիւնը. գուցէ այդ պարագան ճիշտ ըլլայ կարգ մը կազմակերպութիւններու համար, սակայն երբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր հիմնական հաւատամքին խորքին ունի մամուլի ազատութեան սկզբունքըՙ ուրեմն ան միայն ջահակիրը կրնայ դառնալ անկախ մտածողութեան եւ մամուլի ազատութեան: Այսօր, Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ զանցառելի է թիւը ինքզինք յարգող եւ մամուլի ճշմարիտ առաքելութեան ծառայող անկախ թերթերուն. աւելի յաճախ անկախութեան լոզունգին ետին պահուըտող թերթեր կախեալ կը մնան անհատներու քմայքներէն եւ անձնական ողորմելի հաշիւներէն: Սփիւռքի պատմութեան մէջ ՌԱԿ-ն է, որ միշտ կենսագործած եւ կիրարկած է ռամկավարական սկզբունքները ինչպէս կազմակերպական կեանքի մէջ, նոյնպէս նաեւ մամուլի բնագաւառէն ներս: «Ազգ»-ը, ուրեմն, Հայրենիքէն ներս երկարաձգումն ու կիրարկողը եղավ այդ աւանդութեան եւ այդ սկզբունքներուն:
Մեր Հայրենիքին դիմաց ծառացող բազում եւ ահաւոր խնդիրներու կողքին հաւանաբար արհամարհելի իրագործում մը չնկատուի թերթին ուրիշ մէկ նախաձեռնութիւնը, որ ապագայի համար միարարական նշանակալից տարողութիւն մը ունի. ատիկա լեզուի եւ ուղղագրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնն է. երբ անդին տակաւին միջնադարեան խաւարամտութեամբ կը շարունակուին անզիջող վէճերը դասական ուղղագրութեան վերադառնալու կամ բարեփոխեալ ուղղագրութիւնը պահպանելուՙ թերթը որդեգրեց սկզբունքը երկու ուղղագրութիւնները համերաշխօրէն իրարու կողքին պահելու, այն հաւատքով, որ պէտք է յառաջանանք դէպի միասնական լեզու եւ միասնական ուղղագրութիւնՙ իրար լաւ հասկնալու եւ իրար ամուր պաշտպանելու համար աշխարհի փոթորիկներուն դիմաց:
Նայելով դէպի անկախութեան արշալոյսըՙ անհաւատալի կը թուի, որ «Ազգ»-ը արդէն բոլորած է տասնամեայ կեանք մըՙ շաղախելով հանրային կարծիքը եւ կենսագործելով մամուլի ազատութեան եւ կիրթ արտայայտութեան սկզբունքները:
«Ազգ»-ը հարուստ ներդրում մը ունի անկախ Հայաստանի կերտումի ու կազմաւորման տասնամեայ պատմութեան մէջ: Եւ հակառակ բոլոր բնական եւ արուեստական դժուարութեանցՙ ան կը շարունակէ կենսունակ կերպով մնալ իր սրբազան առաքելութեան ճամբուն վրայ եւ պատրաստուիլ յառաջիկայ տասնամեակներու նուիրումին եւ ծառայութեան:
«Ազգ»-ը անխախտ կը մնայ իր ազգային առաքելութեան ուղիին վրայ:
Թող լուսաւոր եւ անշեղ մնայ այդ ուղին:
ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ