Երուանդ Ազատեան
Հունիսի 27-ին լրացավ ազգային անզուգական բարերար Ալեք Մանուկյանի ծննդյան 100-ամյակը: 1901-2001. մեկ դար եւ ազգային հրաշալի իրագործումների մի ողջ պատմություն: Հուլիսի 10-ին լրացավ Ալեք Մանուկյանի մահվան հնգամյակը: 1996-2001: Ստորեւ հրատարակվող հոդվածի հեղինակը շուրջ 20 տարի եղել է մեծ բարերարի գործակից-օգնականը, հետեւաբար լավագույնս է ճանաչել ազգային մեծ բարերարին:
Մարդիկ կան, որոնք հազիւ կ՜ապրին իրենց առօրեան, կը դառնան թիւ ու վիճակագրութիւնՙ բազմութիւններու մէջ ու կ՜անհետանան ժամանակի յորձանքի հետ: Մարդիկ կան, որոնք կը բարձրանան իրենց անձէն եւ իրենց ներկայութեան շուքը կը թողուն իրենց անմիջական շրջապատին վրայ:
Ու դեռ կան մարդիկ, որոնք կը բարձրանան իրենց անձէն, շրջապատէն ու ժամանակէն եւ իրենց տիրապետող ներկայութեամբ շուք մը կը թողուն ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վրայ: Այդ մարդիկը, իրենց տեսիլքով, ստեղծագործ միտքով եւ առաջնորդութեան անստգիւտ շնորհներով ճամբայ կը հարթեն բազմութեանց, կը կոփեն նկարագիրներ ու դիմագիծ կու տան հավաքականութեանց:
Այս վերջին դասուն կը պատկանի Ալեք Մանուկեան, առանց որուն անուան յիշատակութեան, առանց անոր մեծագործութեանց անդրադառնալու կարելի չէ գրել վերջին մէկ դարու Սփիւռքի պատմութիւնը, այնքան որ եզակիօրէն ան կ՜անջատուի իր շրջապատէնՙ իր անհատականութեան ու միտքին դրոշմը կնքելով իր ժամանակին ու ժամանակակիցներուն վրայ:
Ամերիկայի պատմութեան մէջ աննկուն տիպար մը կայ, որ կը կոչուի Հորէյշո Ալժէր (Horatio Alger), որ կը խորհրդանշէ Ամերիկայի այն խոնարհ գաղթականը, որ ամէնէն համեստ պայմաններէն ստեղծեց կայսրութիւն մը:
Անոնք, որ կարդացած են Horatio Alger-ի պատմութիւնը եւ բաղդատութեան կը դնեն Ալեք Մանուկեանի կեանքին հետ, պիտի հաստատեն թէ շատ աւելի արկածալից, շատ աւելի խիզախ եւ շատ աւելի իմաստութիւն, կորով, եւ առաջնորդութեան շնորհ պահանջող կեանք մը ունեցած է Մանուկեան:
Ան քսաներորդ դարը թեւակոխած էՙ իր ուսերուն շալկած իր ցեղին տառապանքն ու արիւնոտ պատմութիւնը եւ ամէն քայլափոխին ան իր հետ տարած եւ յառաջացուցած է իր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ իր ամբողջ ազգը: Եւ երբ ան հասած է իր անձնական յաջողութեանց գագաթնակէտին, երբեք կանգ չէ առած այնտեղ, այլ գիտակից ու կազմակերպուած ճիգով մը իր հետ բարձրացուցած է ազգին զաւակները. ան երբեք չէ ցանկացած անձնական փառքի բարձունքներէն վար նայիլ իր ազգին, այլ ընդհակառակն, ջանացած է իր ազգն ու ազգակիցները առաջնորդել այն բարձունքին, ուր ինք հասած է սեփական աշխատանքով ու զրկանքներով: Հետեւաբար, եթէ Ալեք Մանուկեան անցած ըլլար ամերիկեան պատմութեան, Horatio Alger-ը, ի՚նք պիտի ուզէր հետեւիլ անոր օրինակին եւ վստահաբար շատ աւելի բան մը պիտի ունենար սորվելիք, իր հատորներուն համար:
Մանուկեան երբեք չէ հանդիսացած կրաւորական կամ անտարբեր անձը. ան նետուած է ազգային եկեղեցական հասարակական կեանքին մէջ եւ միշտ նուաճած է առաջնորդողի դիրք, եւ իր հետ բարձրացուցած էՙ իր պատկանած իւրաքանչիւր կազմակերպութիւնը, ինք բարձրացնելով ու տարածուելով միշտ անոր սահմաններէն ալ անդին: Իր գործունէութեան ծիրը ընդհանրապէս ընդգրկած է Հայաստանեայց Եկեղեցին, Վարդանանց Ասպետներու եղբայրակցութիւնը եւ մանաւանդՙ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Այս վերջինը մասնաւորաբար, խնամատարական համեստ դերէ մը բարձրացած է Համազգային նախախնամական կազմակերպութեան մը պատկառելի դիրքին, ոչ միայն անոր դրամագլուխին անհամեմատ ծաւալումին պատճառաւ, այլ իր ծրագիրներուն լայն ցանցով եւ ազգային բազում կարիքներուն հասնելու իր կարողութեամբ: Եւ այս իրականացումը հանդիսացած է առաւելաբար ձեռակերտը Ալեք Մանուկեանին:
Մասնաւորաբար Ալեք Մանուկեանի կեանքը զարմանալի զուգահեռ մը ունեցած է ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշայի հետ. արդարեւ, պատմական խորհրդաւոր զուգադիպութեանց շարք մը երկուքին ճակատագիրները կը մօտեցնէ իրարու եւ հաւասար ուժգնութեամբ կ՜անդրադառնայ նաեւ մեր ազգին ու Բարեգործականի ճակատագրին վրայ:
Այսպէս, Պօղոս Նուպարի եւ Ալեք Մանուկեանի նախնիները սերած են Ակնէն եւ հաստատուած Իզմիթ. Պօղոս Նուպար Փաշա ամուսնացած Պոլսոյ Տատեան ընտանիքէն Մարիի հետ, Մանուկեան ամուսնացած էր Թաթեան ընտանիքէն Մարիի հետ: Երկուքին ալ անձնական կեանքը փառաւորուած է մեքենական գիւտերով: Պօղոս Նուպար Փարիզի մէջ ստացած է ոսկի մետալ իր հնարած մէկ երկրագործական գործիքին համար, իսկ Մանուկեան կեանքի անկիւնադարձային յաջողութիւն մը ունեցած է ծորակ մը հնարելով: Երկու դէմքերը ամէնէն երկար ժամանակի վրայ ծառայած են իբրեւ Բարեգործականի նախագահ, Պօղոս Նուպարՙ 1906-էն մինչեւ 1930, ամբողջ 24 տարի, իսկ Ալեք Մանուկեանՙ 1953-էն մինչեւ 1989-ը, ամբողջ 36 տարի: Երկու նախագահները ամէնէն մեծ գումարները նուիրած են ազգին ու Բարեգործականին, եւ ինչ որ ամէնէն շահեկանն էՙ երկուքն ալ գործօն մասնակցութիւն բերած են մեր ազգային քաղաքական կեանքին եւ չեն սահմանափակուած իրենց բարեգործութեանց մէջ: Երկու նախագահներն ալ եղած են արտակարգօրէն հայրենասէր եւ այդ կերպով սատարած են Հայաստանի վերելքին ու կեանքին:
Ալեք Մանուկեանի կեանքին մէջ բազում դասեր կան ուսանելի, որքան անձնական կեանքի յաջողութեան, նոյնքան նաեւ ազգային իրագործումներու գծով:
Ան եղած է ինքնուս ճարտարագէտ մը, որ իր հնարամտութեամբ միշտ հիացուցած է վկայեալ ճարտարագէտները, որոնք հաւատացած են, թէ Մանուկեան տէր է վեցերորդ զգայարանքի մը, որով ան կրնայ գիտնալ, թէ մեքենականօրէն ի՚նչն է հնարաւոր եւ մանաւանդՙ ինչն է, որ կը ծախուի:
Բարեգործութիւնը, բարեսիրութիւնն ու ողորմածութիւնը մեր աւանդութեանց եւ մեր ազգային նկարագրին մաս կազմող յատուկ առաքինութիւններ են: Մանուկեան իր գործերով արժանաւոր շառաւիղը կը դառնայ մեր պատմութեան մէջ մեծագործութիւններով անմահացած մեր արքայական դէմքերուն:
Մատեան մըն է մարդուս կեանքը. մանաւանդ Ալեք Մանուկեանի կեանքը, որ էջ առ էջ կը մատուցուի իր ազգին: Հայրենիքով ու հայութեամբ ապրեցաւ ան ու դեռ մահուան անկողնին մէջ իր վերջին խօսքերն եղան. «Ուրախ եմ, ուրախ եմ, որ Հայաստանէն մարդիկ պիտի գան ինծի հանդիպելու, ուրախ եմ, ուրախ եմ...»:
Հայրենիքով արբեցածՙ ուրախ բաժնուեցաւ աշխարհէն:
Դեթրոյթ