«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#170, 2001-09-21 | #171, 2001-09-22 | #172, 2001-09-25


ՀՌՈՄԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Հռոմի Սրբազան պապը աշխարհի ամէնէն շատ ճամփորդող կրօնապետներէն մէկն է, ընդհանրապէս եկեղեցիներու միջեւ միութիւն յառաջացնելու առաքելութեամբ: Սակայն, այդ առաքելութիւնը յաճախ կը շրջանցէ հոգեւոր կոչումի սահմանըՙ ստանալու համար ընկերային ու քաղաքական տարողութիւն: Յովհաննէս Պօղոս Բ արժանաւորապէս հանդիսացած է ամէնէն ուժեղ քահանայապետներէն մէկը, որ Հռոմի հեղինակութիւնը զգալիօրէն բարձրացուցած է ընդհանրապէս աշխարհի մէջ:

Վերջերս ծանուցուեցաւ, թէ Սրբազան պապը որոշած է սեպտեմբերին Հայաստան այցելել 1700-ամեակի տօնակատարութեանց մասնակցելու:

Հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ Սրբազան պապը ուզեց Հայաստան այցելել, ի՞նչ պիտի պարգեւէ այդ այցը Հայաստանին եւ ի՞նչ պիտի շահի պապը այդ այցելութենէն:

Ինչպէս ծանօթ էՙ Հռոմի պապը նախապէս հրաւիրուած էր այց մը տալու Հայաստան երանաշնորհ Գարեգին Ա կաթողիկոսի օրով, սակայն այս վերջնոյն առողջական վիճակի վատթարացումն ու վախճանումը պատճառ հանդիսացաւ որ պաշտօնական այդ այցը յետաձգուէր անորոշ ժամանակով: Այսօր 1700-ամեակի տօնակատարութիւնը պատեհ առիթ կը թուի ըլլալ երկար ատենէ ի վեր ծրագրուած այդ այցը իրականացնելու:

Երբ առաջին անգամ յայտարարուած էր Սրբազան պապին այցը Հայաստանՙ բաւական ընդդիմութիւն յառաջացաւ մամուլին մէջ եւ հոգեւորական շրջանակներէն ներս: Այն ատեն քիչ մը զարմանալի եւ անտեղի թուեցաւ այդ ընդդիմութիւնը, մանաւանդ որ ամէն երկիր, ուր պապը կ՜այցելէ, պահ մը կ՜իյնայ աշխարհի լուսարձակին տակ, կը քննուին այդ երկրին հարցերը եւ այդ երկիրը ժամանակի մը համար կը դառնայ աշխարհի թատերաբեմին կեդրոնը: Հետեւաբար ինչո՞ւ այդ անհասկնալի ընդդիմութիւնը, երբ մեր հայրենիքը այնքան կարիքն ունի աշխարհին բացուելու, իր հարցերը պարզելու եւ համակրողներու թիւը բազմացնելու: Այդ օրերուն տրուած միակ բացատրութիւնը այն էր, թէ Վատիկան հաղորդագրութեամբ մը այդ այցը որակած էր «Հովուապետական այց», ինչ որ ենթադրել կու տար, թէ պապը իր կաթողիկէ հօտին պիտի այցելէր, մինչդեռ Հայաստանի բնակչութեան մէկ աննշան տոկոսն է որ կաթողիկէ դաւանանքին կը պատկանի, իսկ մեծամասնութիւնըՙ Առաքելական եկեղեցւոյ:

Այս բացատրութիւնը բաւարար պատճառ մը չթուեցաւ այդպիսի ընդդիմութիւն մը արդարացնելու համար: Սակայն, անցնող յունիսին դէպի Ուկրանիա կատարած Սրբազան պապին այցը աւելի պարզաբանեց նման ընդդիմութեան մը պատճառները: Արդարեւ, Ուկրանիոյ օրթոտոքս եկեղեցին այդ այցելութիւնը որակեց իբրեւ «կրօնական պատերազմի յայտարարութիւն.»:

Ուշադրութեամբ վերլուծելով Սրբազան պապին Ուկրաինա կատարած այցելութեան ընթացքին յառաջացած դէպքերը, կրնանք հանգիտութիւններ գտնել Հայաստան կատարելիք այցին զարգացումներուն եւ հետեւանքներուն հետ:

Յիսուն միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ուկրանիոյ մեջ միայն վեց միլիոնը կը դաւանին կաթոլիկութիւնը, անոնց հինգ միլիոնը կը պատկանի յոյն կաթողիկէ եկեղեցիին եւ մօտաւորապէս մէկ միլիոնն ալՙ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիին: Բնակչութեան մնացեալ մասը գերազանցապէս ուղղափառ է. Ուկրանիոյ Ուղղափառ (օրթոտոքս) եկեղեցւոյ պատրիարքը կը յարի Ռուս ուղղափառ եկեղեցիին: Այսինքն ուկրանացիներն ալ ունին իրենց Անթիլիասը իր անկախ եւ ինքնագլուխ պատրիարքով, որ կը հակադրուի Ուկրանական ուղղափառ եկեղեցւոյ Մայր աթոռին: (Մխիթարուի՞նք արդեօք, որ միայն հայերս չէ որ պառակտուած եկեղեցի ունինք.): Ուկրաինոյ Արեւմտեան շրջանը, որ ատենին կը պատկանէր Լեհաստանի, 1940-ին նացիներու կողմէ տրուեցաւ Խորհրդային Միութեան եւ մաս կազմեց Ուկրանիոյ: Կաթոլիութեան գլխաւոր կռուանը կը գտնուի այս շրջաններուն մէջ. կաթոլիկ եկեղեցին բուռն հալածանքի ենթարկուած էր 19-րդ դարուն, ցարական իշխանութեան օրով: 1917-ի յեղափոխութենէն ետք Ստալին աւելի եւս հալածեց կաթոլիկ համայնքը, անոր կարգ մը եկեղեցիները բռնագրաւելով ու յանձնելով Օրթոտոքս եկեղեցւոյ: Ուրեմն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք է, որ կաթոլիկութիւնը սկսաւ վերականգիլ Ուկրաինոյ մէջ: Սրբազան պապին այցելութիւնը, խորքին մէջ, այդ վերականգնումին սատարող ազդակ մը հանդիսացաւ, թէեւ պաշտօնական պատճառը Օրթոտոքս եկեղեցւոյ հաշտութեան ձեռք երկարելն էր: Օրթոտոքս պատրիարքը մինչեւ անգամ մերժեց հանդիպիլ պապին հետ: Դիրքորոշում մը, որ կը ցոլացնէր նաեւ Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կեցուածքը: Աւելի ուշ պարզուեցաւ նաեւ, որ այդ վերաբերումը ոչ միայն կրօնական, այլ նաեւ ունէր գերազանցապէս դաւանական եւ քաղաքական նշանակութիւն: Որովհետեւ, նախկին վարչապետ Վիկթոր Չեռնոմիրդին, որ Ռուսաստանի նոր դեսպան նշանակուած էր Ուկրանիոյ մէջ, հազիւ Կիեւ հասածՙ օդակայանին մէջ իսկ խստիւ քննադատեց պապին այցը Ուկրաինա. ուրեմն, միատարրութեան ու խաղաղութեան լոզունգներով նախաձեռնուած այց մը աւելի պատճառ դարձաւ Ուկրաինոյ կրօնական ու քաղաքական բաժանումներուն:

Արեւմտեան մամուլն ու լրատուական այլ միջոցները լայնօրէն անդրադարձան պապին Ուկրանիա այցելութեան, առանց թաքցնելու այդ այցին քաղաքական նշանակութիւնը: Արեւմուտքի համար Սրբազան պապը ցուրտ պատերազմի հերոսներէն մէկը կը նկատուի. անոր կը վերագրուի առնուազն այնքան նշանակալի դեր, որքան ամէնէն հակասովետ պետական գործիչի Խորհրդային Միութեան փլուզման մէջ: Եւ այսօր հազիւ թէ Ռուսաստան վերականգնումի նշաններ ցոյց կու տայՙ Սրբազան պապը իր միարարութեան եւ հաշտութեան առաքելութիւնը կը հասցնէ այդ երկրի փէշերուն: Ուկրանիան կը տարուբերի Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ եւ այս տատանումի շրջանին զուգադիպող պապական այց մը կրնայ առաւելաբար ներկայացնել քաղաքական տարողութիւն:

Պարզ է թէ իբրեւ լեհական ծագում ունեցող անհատ Սրբազան պապը կրնայ առհաւական հակասութիւններ սնուցանել Ռուսաստանի հանդէպ, եւ իր հանգամանքին բերումով այդ զգացումները, տեղւոյն համեմատ, կրնան քաղաքական եւ կրօնական տարողութիւն զգենուլ: Ուրեմն, փոխադրուելով այս իրողութիւնները- համակրութիւններն ու հակառակութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական ու քաղաքական ազդակները- հայաստանեան իրականութեան մէջՙ մօտաւորապէս պիտի պարզուի այն պատկերը, որ պարզուեցաւ Ուկրանիոյ մէջ:

Ի՞նչ կը սպասենք հայերս Սրբազան պապին այցելութենէն.

ա) Աշխարհի թատերաբեմի լուսարձակի կեդրոնացում Հայաստանի վրայ:

բ) 1700-ամեակի տարփողում եւ հայութեան առաջին քրիստոնեայ ազգ ըլլալու վերահաստատում եւ տիեզերական ճանաչում:

գ) Ցեղասպանութեան ճանաչում:

դ) Արցախի գերխնդրի նկատմամբ բարեացակամ դիրքորոշում:

Հայաստան հազիւ թէ կարենայ որեւէ նշանակալից դեր կատարել Կաթոլիկ եւ Օրթոտոքս աշխարհներու մերձեցման մէջ: Թէեւ Սրբազան պապն ու երանաշնորհ Գարեգին Ա կաթողիկոսը պատմական վաւերաթուղթ մը ստորագրեցին, որով վերացուած համարուեցաւ Քրիստոսի միաբնակ թէ երկաբնակ ըլլալու էութեան շուրջ տիրող աստուածաբանական վէճը:

Ուրեմն Սրբազան պապը Հայաստան կու գայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ աստուածաբանական վէճերը հարթած ըլլալու վստահութեամբ: Մի հարցնէք, թէ ի՞նչ էր այդ վէճերուն էութիւնը: Արդէն Գարեգին Ա կաթողիկոսն ալ անդենականի մէջ էՙ կարենալ համոզիչ եւ հասկնալի բացատրութիւն մը տալու համար ստորագրուած համաձայնագրին մասին, որուն դէմ ընդվզած էր հայ եկեղեցական դասուն մէկ մասը:

Կ՜արժէ առանձին-առանձին անդրադառնալ վերոյիշեալ տուեալներուն:

ա) Սրբազան պապը ո՚ւր ալ այցելէՙ լրագրողներու բանակը կը հետեւի անոր. այս պարագային աշխարհի լրատու միջոցները հեռուստատեսութեան պաստառին վրայ պիտի ցոլացնեն Հայաստանը, անոր պատմութիւնը, քաղաքական իրադրութիւնը եւ այլն: Սակայն, մենքՙ հայերս, պատրա՞ստ ենք առաւելագոյնս օգտուելու այդ մեդիա-բլիցէն: Շատ կասկածելի է: Մենք երկրաշարժի ահաւոր աղէտն անգամ չկրցանք լաւագոյնս ներկայացնելով զայն աշխարհի ժողովուրդներու սրտին վրայ տաղել: Անշուշտ, եթէ մենք չկարողանանք առաւելագոյնս օգտուիլ այս պատեհութենէնՙ վստահաբար մեղքը Սրբազան պապի վզին չենք կրնար փաթթել:

բ) Հաւանաբար ամէնէն աւելի ուշագրաւը պիտի դառնայ այն իրողութիւնը, որ աշխարհի ժողովուրդները պիտի տեղեկանան, եթէ արդէն տեղեակ չէին, թէ հայերս առաջին ազգն եղած ենք, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած ենք իբրեւ պետական կրօն:

գ) Գալով Ցեղասպանութեան հարցին, Սրբազան պապը, բաւական ուշացումով ճանաչում տուաւ անոր, առանց դատապարտելու Ցեղասպանութեան պատասխանատուները եւ անոնց աւարով սնանողՙ անոնց յաջորդները: Մինչդեռ հրեաներու պարագային ոչ միայն ճանչցաւ անոնց ցեղասպանութիւնը, այլեւՙ քծնելու աստիճան առաջ երթալովՙ ներում խնդրեց հրեայ ազգէն, յանուն Վատիկանի, ոչ անպայման կողմնակից կամ քաջալերող եղած ըլլալուն համար նացիներու կազմակերպած հրէական Հոլոքոսթին, այլ անոր համար, որ Վատիկան լուռ կամ անտարբեր գտնուած էր նացիներու այդ բարբարոսութեան օրերուն: Վատիկան արդէն թողութիւն տուած էր հրեայ ժողովուրդին Քրիստոսի արեան մեղքէն զերծ կացուցանելով զայն: Յուսանք ու մաղթենք, որ պապ նման ներողամտութիւն մըն ալ կը հայցէ Հայաստանի մէջ:

դ) Մամուլը վստահաբար պիտի անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի քաղաքական հարցերուն եւ մասնաւորաբարՙ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին: Նախապէս որքան կը յիշենք, պապը մէկ անգամ արտայայտուեցաւ Արցախի հարցին մասին երկդիմի կերպով եւ քիչ կը մնար որ Արցախի հայութիւնը յանցաւոր նկատէր որ իր ինքնորոշման համար գլուխ ցցած էր եւ ոչխարի պէս չէր մորթուած: Ահա այցելութիւնը առիթ մըն է, որպէսզի Սրբազան պապը իր համակամութիւնն ու համակրութիւնը յայտնէ Արցախի քրիստոնեայ ժողովուրդին, որ երկար ատեն տառապած է ադրբէյջանական լուծին տակ:

Ի մի բերելով տեսնենք, թէ պապը ի՞նչ պիտի տանի իր Հայաստան այցելութենէն: Սեպտեմբերի 22-էն 27 տեւող այս այցին ընթացքին պապը պիտի այցելէ նաեւ Ղազախստանՙ ուրիշ սահմանային երկիր մը Ռուսաստանի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններէն մէկը:

Նախկին Խորհրդային Միութեան մոխիրներուն վրայ քալելովՙ պապը պատմական վրէժ մըն ալ լուծած պիտի ըլլայ Ստալինէն, որ Բ Աշխարհամարտի օրերուն արհամարհական ակնարկութիւն մը ըրած էր ըսելով, թէ Վատիկանը քանի զօրագունդ ունի, որ դեր մը կարենայ ունենալ պատերազմին մէջ:

ա) Ուկրանիոյ օրթոտոքս եկեղեցին իր դժգոհութիւնն ու վերապահութիւնը արտայայտեց պապին այցելութեան դէմ, թէեւ նախագահ Կուչմա քաղաքավարական հանդիպում մը ունեցաւ անոր հետ: Աւելի առաջ, երբ պապը Յունաստան այցելեց, յոյն օրթոտոքս եկեղեցին, ինչպէս պետութիւնը, բարեկիրթ ընդունելութիւն մը վերապահեցին անոր, թէեւ կրօնական դասէն բուռն բողոքներ լսուեցան: Հայաստանի պարագային վստահաբար պետութիւն, ժողովուրդ, Մայր աթոռ պիտի յարգալիր ընդունելութիւն մը վերապահեն Հռոմի քահանայապետին, սակայն, վստահաբար պիտի վրդովի Ռուս օրթոտոքս եկեղեցին, որուն հետ եղբայրական սիրալիր յարաբերութիւններ կը մշակէ Մայր աթոռը եւ մանաւանդ պէտք ունի առաջնոյն բարեացակամութեան այս օրերուն, երբ Ղազարոս մը մթնոլորտը կ՜ապականէ Ռուսաստանի թեմէն ներս: Ռուսաստանի պետութիւնը եւս, իր կարգին, բաւական խէթ աչքով պիտի դիտէ Հայաստանի կողմէ պապին ընծայուելիք սրտազեղ ընդունելութիւնը: Որովհետեւ, քաղաքականօրէն Սրբազան պապին այս շրջագայութիւնը ցուրտ պատերազմի առաքելութեան շարունակութիւնը կը նկատուի:

բ) Ամէնէն աւելի օգտուողը պիտի ըլլայ արդէն նոր եռանդ եւ աշխուժութիւն ցուցաբերող հայ կաթողիկէ եկեղեցին, որ բաւական բանուկ է Փանիկ գիւղին մէջ ու շուրջ: Հինէն ի վեր կաթողիկէ դաւանանքը տարածուած էր Հայաստանի հիւսիսը, ինչպէս նաեւ մեր սահմանէն անդինՙ Վրաստանի մէջ: Չմոռնանք որ կարտինալ Աղաճանեան, որ քիչ մնաց Հռոմի պապ ընտրուէր, ծնունդով վրացահայ էր:

Կրօնական ազատութեան այս դարուն սկզբունքով պէտք է ընդունիլ, թէ ամէն անհատ ազատ է ընտրելու իր նախընտրած դաւանանքը: Սկզբունքներըՙ սկզբունք, սակայն որեւէ դաւանանքի զօրացում տեղի պիտի ունենայ ի հաշիւ մեր ազգային եկեղեցւոյ, որ արդէն բաղձալի զօրութեան մը վրայ չի գտնուիր: Մանաւանդ որ Հայաստանի տնտեսական ծանր պայմաններուն տակ կրօնական համայնքներու կամ աղանդներու կազմակերպումն ու զօրացումը այնքան ալ հիմնուած չէ հաւատքի զօրութեան ու ջերմեռանդութեան վրայ, որքան յաճախ աշխարհիկ այլ տուեալներու վրայ: Այսօր հայ ժողովուրդը բազմաթիւ ուղղութիւններով եւ ազդակներով ենթարկուած է բաժանումներու: Միայն ազգային միասնութեան զօրացումով կամ բաժանումներու նուազումով է որ Հայաստանը կրնայ զօրանալ եւ իր բարերար դերը կատարել նաեւ Սփիւռքի մէջ:

գ) Այն առաքելութիւնը, որ Սրբազան պապը ձեռնարկած է այս այցելութեան, պիտի չկրնայ իրականացնել Հայաստանի մէջ, որովհետեւ հայոց եկեղեցին ամէնէն ազդեցիկ կեդրոններէն մէկը չէ արեւելեան ուղղափառ աշխարհին, որուն հետ կը ջանայ լեզու գտնել Սրբազան պապը: Այդ նպատակը պապը կրնար առաւելագոյնս իրականացնել Ռուս ուղղափառ եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու միջոցաւ, որոնց դերերը արդէն շատ յստակ են Վատիկանի նախաձեռնութեանց նկատմամբ:

Այնպէս կը թուի, թէ Հայաստանի համար ամէն ողջունելի երեւոյթ կամ նեցուկՙ կը ներկայանայ այլ պայմաններու ցանցով մը. քաղաքական գետնի վրայ Հայաստանի ապահովութիւնն ու գոյատեւումը կ՜երաշխաւորուին ռուսական բանակի արթուն ներկայութեամբ, սակայն տնտեսական վերապրումի համար մեր երկիրը պէտք ունի արեւմտեան եւ յատկապէս ամերիկեան օժանդակութեան: Աշխարհի հզօրներու քաղաքական շահերու բախման կէտին վրայՙ այլընտրանք չունի մեր երկիրը, բացի խոհեմ եւ զգուշաւոր կերպով օգտուելէ այդ հակադիր ուժերու ընձեռած բարիքներէն: Ուրեմն, Հռոմի Սրբազան պապին այցը եւս պիտի դիմաւորուի միեւնոյն զգուշաւորութեամբ, զօրացնելով Հայաստանի պատկերը աշխարհի քարտէզին վրայ, առանց վտանգելու եւ զայրացնելու այն ուժերը, որոնց բարեկամութենէն ու բարեացակամութենէն շատ բան կախեալ է Հայաստանի համար: Օրհնաբեր այց մը արդարեւ, որուն բարիքներէն պէտք է օգտուիլ գիտակից ընտրութեամբ:

Դետրոյթ, Օգոստոս, 2001


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4