«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#168, 2002-09-19 | #169, 2002-09-20 | #170, 2002-09-21


ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՎՆԸ ՅԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ԱՌՆԷ...

Տեւական սպառնալիքը մեր անկախութեան

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Իրաքի դէմ պատերազմի ջղագար պոռնտուքներէն անդին, Միջին Արեւելքի մէջ ամէն շահագրգիռ կողմ իր ծրագիրը կը պատրաստէ։

Տարբեր հարց, անշուշտ, թէ որքանո՞վ արդարացի կրնայ ըլլայ պատերազմ մը Իրաքի դէմ։ Մեղադրանքները բազում են Իրաքի նախագահինՙ Սադդամ Հիւսէյնի դէմ, թէՙ ան միջուկային զէնքեր կը պատրաստէ, իր ժողովուրդը կը տանջէ, իր դրացիներուն վտանգ կը սպառնայ եւ այլն։ Նոյնիսկ ամերիկացի քննիչներ, որոնք ՄԱԿ-ի հովանիով մտան Իրաք եւ երկար քննութիւններ կատարեցին, հրապարակով յայտարարեցին, թէ այդ հաստատումները հիմք չունին։ Նոյնպէս, Ամերիկայի դաշնակիցները կը զգուշացնեն, թէ նման պատերազմ մը նախ խախտում պիտի ըլլայ միջազգային օրէնքի եւ աղէտաւոր պիտի ըլլայ ամբողջ Միջին Արեւելքին, մանաւանդ, երբ արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի դեռ Պաղեստինի եւ Աֆղանստանի մէջ։

Միւս կողմէ ոչ մէկ ակնարկութիւն կամ մեղադրանքՙ փաստուած այն միջուկային զէնքերուն մասին, զորս ունին Իսրայէլն ու Պակիստանը, որոնք կը կառավարուին երկու վայրենի իշխանաւորներով։

Աղմուկին, իրարանցումին եւ ամբողջատիրական մթնոլորտով տարուած պրոպագանդին մէջ խեղդուած է բուն իրականութիւնը, որ հետեւեալ հարցերէ կը բաղկանայ.

ա) Իրաք անհաշտ կերպով դէմ է Իսրայէլի, որ իր կարգին որոշած է քանդել այդ երկիրը ամերիկեան զէնքերով, արիւնով եւ քաղաքականութեամբ։ Արդէն Ամերիկայի միջինարեւելեան քաղաքականութիւնը կը դարբնուի Իսրայէլի մէջ, իրողութիւն մը, որ վերջին շրջանին աւելորդ անգամ մը եւս փաստուեցաւ, երբ Շարոն անարգական կերպով արհամարհեց աշխարհի հզօրագոյն պետութեան նախագահը, երբ վերջինս կոչ ըրաւ պաղեստինեան հողերէն հեռացնել իսրայէլեան հրասայլերը։ Եթէ այդ պատահարը որեւէ այլ երկիր ընդգրկէր, բացի Իսրայէլէ, ամերիկեան ամբողջ մամուլն ու Կոնգրէսը պիտի ոտքի ելլէին թէՙ ինչպէս մարդիկ կը համարձակին անարգել մեր նախագահը։ Սակայն, այս պարագային նախագահը ինքն է, որ մեղայի եկաւ եւ յանկարծ «հասկցա՛ւ», թէ ինչո՞ւ Իսրայէլ պէտք է շարունակէ ջարդարարութիւնըՙ «ինքզինք պաշտպանելու» համար։

բ) Փոխնախագահ Դիք Չէյնի Հելիբըրթըն նավթային ընկերութեան նախագահն էր, նոյնպէս նախագահ Բուշ եւ իր ամբողջ շրջապատը քարիւղային ճարտարարուեստը կը ներկայացնեն։ Իրաքի դէմ շղթայազերծուած պատերազմ մը քանի մը տարի տարապայմանօրէն պիտի բարձրացնէ նավթի գիները միլիոնաւոր դոլարի շահ ապահովվելով նավթային ընկերութեանց։ Չէյնի եւ իր շրջապատը, իրենց ներկայ պաշտօններէն հեռանալէ ետք պիտի դառնան «խորհրդատու»ներ, կամ ճառախօսներ այդ ընկերութեանց եւ օրինաւոր կերպով պիտի ստանան իրենց վարձատրութիւնները միլիոնաւոր դոլարներով։

գ) Սառը պատերազմի աւարտով իր նշանակութիւնը կորսնցուցած պիտի ըլլար ռազմական արդիւնաբերութիւնը, եթէ ամէն կողմ խաղաղութիւնը հաստատուած ըլլար։

Նախագահ Այզընհաուըրի վերջին ազդարարութիւնը այն էր, թէ երկիրը պէտք չէ ենթարկուի ռազմական արդիւնաբերութեան (Military industral complex)։ Բայց այսօր տիրապետողը այդ արդիւնաբերութիւնն է, որ պիտի սնանի նոր պատերազմներով։

Վերջերս Էմ Այ Թի համալսարանի ականաւոր դէմքերէն Նաում Չոմքսի դասախօսութեան մը մէջ կը յայտնէր, թէ սառը պատերազմը պատճառէ աւելիՙ պատրուակ մըն էր ռազմարդիւնաբերութիւնը կենդանի պահելու եւ զինեալ արկածախնդրութեանց դիմելու։ Այսօր, սառը պատերազմի պատրուակը փոխարինուած է «ահաբեկչութեան վտանգով»։

Իրաքի դէմ պատերազմ մղելու իրական պատճառները վերոյիշեալ երեքն են, որոնք ծածկուած են «Ամերիկայի ազգային շահերուն» եւ «ապահովութեան» պիտակներու ետին, արդարացնելու համար պատերազմ մը, որ խորքին մէջ ներհակ է Ամերիկայի քաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ ազգային շահերուն։

Պատերազմի պատրաստութեան այս մթնոլորտին մէջ Թուրքիա առիթէն օգտուելով կը ջանայ իր սեփական հաշիւները լուծել։ Թուրք իշխանաւորները նախ դէմ արտայայտուեցան Իրաքի դէմ մղուելիք պատերազմի մըՙ յետագային իրենց գործակցութիւնը աւելի սուղի ծախելու համար Ամերիկային, միեւնոյն ատեն իսլամական աշխարհին հաճելի թուելու համար։

Ամերիկայի պաշտպանութեան փոխնախարարըՙ Ուոլֆովից, որ տարիներէ ի վեր ջատագովը եղած է արաբական երկիրները ջախջախելու, վերջերս այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա եւ խոստացաւ Թուրքիոյ 16 միլիոն դոլարի պարտքին օժանդակութիւն ընձեռել, նոյն ատեն ապահոութիւն տալ թուրքերուն, թէ Իրաքի պատերազմէն ետք անկախ Քիւրդիստան մը պիտի չստեղծուի եւ այդ կերպով համոզեց Թուրքիան կողմնակից դառնալու իրաքեան պատերազմին։

Եթէ կայ ժողովուրդ մը, որ հայերէն աւելի խաբուած է աշխարհի մեծերէն, այդ ալ քիւրդ ժողովուրդն է։ Ատոր համար է, որ կ՚ըսեն թէ քիւրդը բարեկամ չունի, բացի իր լեռներէն։ Սեւրի դաշնագրով, հայերու կարգին քիւրդերը եւս պիտի ստանային իրենց ազատութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Սակայն Սեւրէն ի վեր անոնք կը շահագործուին դրացի պետութիւններէնՙ ներքին պատերազմներ մղելու եւ կամ անկախութեան սիրոյն կը յարին դրացի պետութեանց, ինչպէս Իրանի, Իրաքի կամ Թուրքիոյ, որոնք քիւրդը կը գործածեն հարեւանին դէմ իրենց հաշիւները մաքրելու։

Այսօրուան քաղաքական իրադրութեան մէջ փաստօրէն Հիւսիսային Իրաքի մէջ ստեղծուած է քրդական ինքնավարութիւն մըՙ ամերիկեան հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով։ Այնտեղ իշխող երկու ցեղախումբերը կը գլխաւորուին Մասուդ Բարզանիով եւ Ջալալ Թալաբանիով։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր աշիրէթը կոչած է քաղաքական պիտակով մըՙ Քիւրդիստանի Դեմոկրատական Կուսակցութիւն եւ Քիւրդիստանի Հայրենասիրական Միութիւն։

Ամերիկեան քաղաքականութիւնը լուրջ երկընտրանքի մը առջեւ է. քիւրդերը Սադդամ Հիւսէյնի դեմ հանելու համար պէտք է խոստումներ տայՙ նուազագոյն չափով գոհացնելու անոնց անկախութեան ձգտումները։ Միւս կողմէ Թուրքիան պատերազմի մէջ ներքաշելու համար պէտք է խոստանայ, թէ պիտի արգիլէ անկախ Քիւրդիստանի մը հաստատումը։ Սակայն, եթէ պատմութիւնը դաս մը ունի սորվեցնելիք, այն է, թէ մեծ պետութիւնը երկու կողմերուն ալ պիտի խոստանայ իրենց ուզածը եւ պատերազմը աւարտելէ ետք կացութիւնը պիտի տնօրինէ այնպէս, ինչպէս իր սեփական շահերը կը պահանջեն։

Քիւրդերը իրենց ակնկալութեանց մէջ շատ առաջ գացած են, մանաւանդ Բարզանիի կուսակցութիւնը կը պահանջէ, որ Իրաքի պատերազմէն ետք հիմնուի դաշնակցային (ֆեդերատիւ) պետութիւն մը, ուր քիւրդերը ունենան իրենց ինքնավարութիւնըՙ խորհրդարանով, դրօշակով եւ Քիրքուք մայրաքաղաքով, որ Հիւսիսային Իրաքի ամէնէն հարուստ քարիւղային հանքերուն մօտ կը գտնուի։

Վերջին շրջանին քիւրդերը անխոհեմութիւնը ունեցան դարձեալ գործածուելու թուրքերէն, ինչպէս գործածուած էին հայերու դէմ Առաջին Աշխարհամարտի օրերուն եւ անկէ առաջ։ Արդարեւ. Բարզանիի հաւատարիմ քիւրդեր միացան թրքական բանակինՙ ջախջախելու համար իրենց արիւնակից այլ քիւրդերը, որոնք Օջալանի գլխաւորութեամբ զինեալ ապստամբութեան ելած էին թուրք բանակին դէմ։ Հիմա որ Օջալան ձերբակալուած է եւ իր կազմակերպութիւնըՙ Փ. Ք. Ք-ն փաստօրէն զսպուած, Թուրքիան դարձած է իր նախկին զինակիցինՙ Բարզանիի դէմ, որուն ալ եւս պէտք չունի այսօր։ Նախ Թուրքիոյ վարչապետը սաստեց Բարզանին եւ ապա պաշտպանութեան նախարար Սաբահեթթինՙ Չաքմաքօղլուն. ան ըսաւ թէ «հիւսիսային Իրաքը կը գտնուի Թուրքիոյ անմիջական հովանիին տակ եւ պիտի չարտօնենք, որ այդ շրջանը ենթարկուի այլ ուժերու շահերուն»։

Աւելին, Չաքմաքօղլու համարձակութիւնն ունեցաւ աւելցնելու. «Իրաքը բռնօրէն խլուած էր Թուրքիայէն Արեւմտեան ուժերու կողմէ եւ անջատուած Օսմանեան կայսրութենէն ու քանի որ թրքախօս բնակչութիւն մը կ՚ապրի այդ շրջանին մէջՙ հետեւաբար Քիրքուքը եւ Մոսուլը թրքական հողեր են»։ Երբ որ հարցը Հայոց ցէեղասպանութեան շուրջ դառնայՙ Թուրքիա կը չքմեղանայ, որ ատիկա Օսմանեան կայսրութեան շրջանին պատահած դէպք մըն է եւ արդի հանրապետական Թուրքիան գործ չունի այդ դէպքին հետ։ Սակայն, միւս կողմէ քաղաքական առիթները օգտագործելով կը ջանայ վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը կամ իր Թուրանական կայսրութիւնը։

Թրքական ծաւալապաշտութեան առաջին զոհերը դարձան հայերը, երբ Ֆրանսան դաւադրաբար Կիլիկիան յանձնեց թուրքերուն, որոնք ապա դարձան յոյներուն դէմ, զանոնք ծովը թափելով 1922-ին Իզմիրի մէջ, 1888-ին դարձեալ ֆրանսական դաւադրութեամբ Ալեքսանդրէթի սանճաքը խլուեցաւ Սուրիայէն եւ տրուեցաւ թուրքերուն։ Նոյն տարիներուն Պարսկաստանի հետ հողային փոխանակում մը կատարելով Թուրքիա սահմանակից դարձաւ Նախիջեւանի, ապագային Ադրբէյճանի վրայով տարածուելու համար դէպի Միջին Ասիա. այսօր այդ պատեհութիւնը ստեղծուած է Խորհրդային Միութեան փլուզումով։

Եուկոսլաւիոյ պատերազմին Թուրքիան հրաւիրուեցաւ ՆԱՏՕ-ի հովանիով ուժ ղրկելու այնտեղ իբրեւ Օսմանեան օրերէն շրջանին հետ կապ ունեցող պետութիւն։ Մինչդեռ Օսմանեան պետութիւնն էր, որ 400 տարի իշխելով այդ շրջանին, սլաւները բռնի կրօնափոխութեան ենթարկվելով ազգամիջեան պայթուցիկ կացութիւն մը թողած էր Բալկաններու մէջ։

1974-ին Թուրքիայ յարձակեցաւ Կիպրոսի վրայ եւ գրաւեց այդ անկախ կղզիին հողամասին 38 տոկոսըՙ թուրք փոքրամասնութիւնը պաշտպանելու պատրուակով, եւ այսօր վարչապետ Էջեւիթ կը սպառնայ Կիպրոսի գրաւեալ մասը միացնել Թուրքիոյ մայրցամաքամասին։

Օսմանեան կայսրութիւնը 1878-ի Բեռլինի դաշնագրով Կիպրոսը զիջած էր Անգլիոյ, որպէս ռազմախարիսխ օգտագործելու արեւելեան Միջերկրականի մէջ։ 1960-ին Կիպրոս դարձաւ անկախ հանրապետութիւն։

Ինչպէս կը տեսնուի, Թուրքիա ամէն քաղաքական ու պատմական առիթ պիտի օգտագործէ ընդարձակելու իր հողամասը եւ նոյնիսկ պիտի փորձէ իրականացնել Էնվէր փաշային երազը, որ էր Ռուսաստանի յեղափոխութենէն օգտուելով Միջին Ասիոյ թրքացեղ ժողովուրդները միացնել եւ իսլամական կայսրութիւն մը հաստատել։

Այսօր ահա, թուրք պետութեան ամէնէն կարեւոր պաշտօնատարներէն մէկը Իրաքի մէկ մաս կը պահանջէ իբրեւ Օսմանեան ժառանգ։

Թուրքիոյ ծաւալողապաշտ ախորժակները ուղղուած են շրջանի բոլոր պետութեանց դէմ եւ առաջին հերթինՙ Հայաստանի։ Հայաստան առանձին չի կրնար կեցնել թրքական հաւանական յառաջխաղացք մըՙ եթէ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը չմիանայ անոր, մասնաւորաբար Ամերիկայի հայութիւնը, որ հրեաներուն օրինակով կրնայ սատարել Հայաստանի ապահովութեան եւ ստեղծուելիք տագնապներու բարւօք լուծման։

Դետրոյթ, ԱՄՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4