ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Վրաստանի շուարած նախագահըՙ Շեւարդնաձէն, նոր գիւտ մը ըրած ըլլալու յաւակնութեամբ վերջերս յայտարարեց, թէ այսուհետեւ իր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ «կոմպլեմենտարիզմի» սկզբունքին վրայ, այսինքնՙ մեծ պետութեանց կովկասեան շրջանի շահերը պիտի համադրէ, փոխանակ զանոնք իրար հակադրելու։
Ասիկա կը նշանակէ ամբողջական պարտութիւնն ու սնանկութիւնը ցարդ կիրարկուած անհեռատես եւ անմիտ այն քաղաքականութեան, զոր Վրաստան փորձեց կիրարկել լուծելու համար իր արտաքին ու ներքին խնդիրները։ Այդ քաղաքականութեան արդիւնքը այն եղաւ, որ երկիրը աւելի եւս նահանջեց տնտեսապէս եւ մասնատուեցաւ քաղաքականապէս։ Այդ վիժած քաղաքականութիւնը հիմնուած էր 19-րդ դարու յատուկ «հեռուի սուրբին» սպասելու ռոմանթիք սկզբունքներու վրայ։
Անկախութեան վերջին տասնմէկ տարիներուն, մինչ Հայաստան կ՚ամրապնդէր իր քաղաքական ներքին կայունութիւնը, Թբիլիսիի իշխանաւորները մի առ մի կորսնցուցին նախ Աբխազիան, ապա Հարաւային Օսեթիան ու փաստօրէն նաեւ կեդրոնական կառավարութեան ազդեցութիւնըՙ Աջարիոյ ու Ջաւախքի վրայ, եւ փոխանակ ներքնապէս լուծելու երկիրը քայքայող խնդիրները, հիւրընկալեցին չեչեն ահաբեկիչները, զայրացնելով Ռուսաստանը, եւ որսորդութեան հրաւիրեցին ամերիկեան զինուորական խորհրդատուներըՙ Պանկիսի կիրճին մէջ ահաբեկիչ փնտռելու պատրուակով զինուորական ներկայութիւն մը հաստատելու։
Այս անհեռատես եւ արկածախնդիր վարքագիծը Վրաստանը հասցուց անդունդի եզրին։ Անդրադառնալով այս աղետալի ընթացքին, Շեւարդնաձէն կը փորձէ ետ դարձ մը կատարել եւ որդեգրել աւելի հաւասարակշռուած եւ համադրեալ քաղաքականութիւն մըՙ շատ հաւանաբար օգտուելով ու ներշնչուելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրինակէն ու փորձէն։
Արդարեւ, Հայաստան երկար ատենէ ի վեր արդիւնաւէտ կերպով կը կիրարկէ այդ քաղաքականութիւնը, որ ցուրտ պատերազմի վախճանէն ետք ստացած էր նոր իմաստ եւ լիցք։ Ցուրտ պատերազմի օրերուն փոքր երկիրներու քաղաքականութիւնը հիմնուած կ՚ըլլար մէկ կամ միւս գերհզօր պետութեան յարելովՙ օգտուիլ փորձել անոր տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական միջոցներէն։ Ցուրտ պատերազմի վախճանը շրջեց այդ սկզբունքը, եւ փոքր պետութիւնները սկսան հասկնալ, թէ իրենց համար աւելի ձեռնտու է մեծերու շահերը համադրել, քան հակադրել իրարու, քանի մեծ պետութիւնները իրենց կարգին կը ջանան համադրել զանոնք ոչ թշնամական դիրքերէ։ Հայաստան եւս բաւական ծանր տուրք վճարեց, մինչեւ որ յաջողեցաւ մշակել ու գործադրութեան դնել այդ սկզբունքը։
Անկախութեան առաջին տարիներուն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը լուրջ վերիվայրումներ ապրեցաւ, մանաւանդ երբ բնորոշուեցաւ անօրինակ միտում մը։ «Երրորդ ուժի բացասման» սկզբունքի կնքահայրն էր այլապէս չափազանց հայրենասէր, մաքրակրօն հայագէտ Ռաֆայէլ Իշխանեանը, որ կը հաւատար, թէ պատմականօրէն Հայաստան Ռուսաստանին ապաւինելով բաւարար չափով չէր օգտուած եւ կամ աւելինՙ տուժած էր ծանրօրէն, հետեւաբար Հայաստան պէտք էր փոխէր իր ուղղութիւնը դէպի... Թուրքիա։ Չէր բաւեր, որ վարժապետ մը, անտեսելով բոլոր պատմական տուեալներըՙ հրապարակ կը նետէր համբակ քաղաքականութիւն մըՙ օրուան իշխանաւորներն ալ կը փորձէին կիրարկութեան դնել զայն իրենց առօրեային մէջ, մինչեւ որ Ռուսաստան, օմոններու օժանդակութեամբ, արիւնալի դաս մը պարտադրեց Ղարաբաղի հայութեան, հողային ծանր կորուստներով, ինչպէս աւելի ուշ պիտի ընէր Վրաստանինՙ անուղղակիօրէն անջատելով Աբխազիան անոր հողային ամբողջականութենէն։ Բարեբախտաբար, Թուրքիա իր կարգին արթնամտութիւնը չունեցաւ փութով հակազդելու Երեւանի այս նոր արեւելումինՙ իր թեւին տակ առնելով Հայաստանը ու աւելի եւս խորացնելով քաղաքական այն խրամատը, որ ստեղծուած էր Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ։ Փորձուածը կրկին փորձելը ապացոյց չէ քաղաքական իմաստութեան։ Անցեալին եւս, փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն, երբ Դաշնակցութիւնը կարճատեւ շրջանի մը համար վերստին ձեռք ձգած էր Հայաստանի իշխանութիւնը, անմիջապէս դիմեց Թուրքիոյ օժանդակութեանըՙ ընդդէմ հզօրացող Ռուսաստանին։ Սակայն թուրք դիւանագիտութիւնը աւելի զօրաւոր հոտառութիւն ունենալով պատմութեան ու քաղաքականութեան հոսանքներուն, թոյլ տուաւ, որ Հայաստան իր արիւնաքամ երակներէն քսան հազար հայորդիներու կորուստն ալ ճաշակէ, վերստին կորսնցնելէ առաջ իր անկախութիւնը։ Այսօր Կովկասեան ծիրէն ներս Թուրքիա կը հակադրուի Ռուսաստանին ու Պարսկաստանին։ Ամերիկան նոր ազդակ մըն է Կովկասի քաղաքական հաւասարակշռութեան մէջ։ Իբրեւ փոքր երկիր, Հայաստան պէտք ունի ռուսական պաշտպանութեան, կախուած է Պարսկաստանի տնտեսութենէն եւ օրակարգի հարց դարձած է մեղմել թրքական թշնամանքն ու շրջափակումը։ Միւս կողմէ պէտք ունի ամերիկեան օժանդակութեան եւ ռազմավարական փորձին։
Ուրեմն Հայաստան, օգտուելով հանդերձ ամերիկեան առատաձեռնութենէնՙ առաջինը եղաւ ռուսական ռազմախարիսխ մը հիւրընկալելու իր սահմաններէն ներս եւ տնտեսական կայուն կապեր հաստատեց Պարսկաստանի հետ, երկու պարագային ալ Ամերիկային ըսել տալով, որ «կը հասկնայ» առաջինին պատմական նշանակութիւնը եւ երկրորդինՙ վերապրումի կարիքը, որքան ալ այդ քայլերը ներդաշնակ չըլլան ամերիկեան անմիջական շահերուն։ Սակայն Աֆղանստանի պատերազմի օրերուն, երբ Ամերիկա կարիքն ունեցաւ Հայաստանին, այս վերջինը աւելիով կատարեց իրմէ ակնկալուածը։ Ռուսաստան, իր կարգին «կը հասկնայ» Հայաստանի կապերուն նշանակութիւնը Արեւմուտքի եւ յատկապէս Ամերիկայի հետ, ուր քաղաքականօրէն գործօն հայութեան նշանակալից զանգուած մը կ՚ապրի։ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս «կոմպլեմենտարիզմի» ճարտարապետըՙ Վարդան Օսկանեան, յաջողած են այս բոլոր տուեալները համադրելով մշակել եւ գործադրել Հայաստանի համար կենսական ու խոհեմ արտաքին քաղաքականութիւն մըՙ հակառակ սփիւռքի կարգ մը պոլիտիկոսներու թերահաւատութեան։ Ադրբէյջան երկար ատեն յոխորտաց, թէ առաջինն է նախկին խորհրդային հանրապետութիւններէն, որ դուրս դրած է Ռուսաստանի ռազմական ներկայութիւնը իր հողամասէն, սակայն, Բաքուի իշխանաւորները չյաջողեցան երկրին ներքին հաւասարակշռութիւնը երաշխաւորել մինչեւ որ երկարաժամկէտ համաձայնութիւն մը չկնքէին Ռուսաստանի հետ, վերջնոյն ռազմական դիտակայանները պահելով Ադրբէյջանի հողամասին վրայ։ Ինչպէս կը տեսնուի, Ալիեւ աւելի լռելեայն կիրարկած եղաւ «կոմպլեմենտարիզմի» սկզբունքով տարուող քաղաքականութիւնը, ինչ որ իր կարգին դուռ բացաւ քարիւղային պայմանագիրներ իրականացնելու, պայմանագիրներ, որոնք առկախ մնացած էին մինչեւ վերջերս, Ադրբէյջանի ներքին անկայունութեան եւ ամբողջ կովկասեան շրջանի անապահովութեան պատճառաւ։ Ինչպէս կը տեսնուի, հակառակ Հայաստանի նկատմամբ կարգ մը թշնամական քայլերունՙ Շեւարդնաձէ իր շուարումի քաղաքականութեան ելքը կը գտնէ Հայաստանէն, մեծաշռինդ յայտարարելով իր յարումը «կոմպլեմենտարիզմի» քաղաքականութեան, կարծել տալով, թէ իր գիւտն էր այդ սկզբունքը։
Այնքան ատեն, որ մեծ պետութեանց շահերը կը հակադրուէին իրարուՙ անկարելի էր մնայուն խաղաղութիւնը ապահովել Կովկասի մէջ, սակայն հիմա, որ Կովկասի երեք երկիրները համանման սկզբունքներ որդեգրած են մեծերու շահերուն նկատմամբ, խաղաղութիւնը կրնայ աւելի շօշափելի հեռանկար մը դառնալ այդ տանջուած աշխարհամասին մէջ։
Ուրեմն, Կովկասի քաղաքական նոր իրապաշտութիւնը, հայկական մկրտութեամբ , բայց օտար տարազումով կը կոչուի «կոմպլեմենտարիզմ»։
Դետրոյթ, ԱՄՆ