ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Մեր թերթը ժամանակին պատշաճ լրատվություն տվել է փետրվարի 1¬2-ը Փարիզում ՀՅԴաշնակցության կազմակերպած «Պրո-Արմենիա» միջազգային համաժողովի մասին։ Բացի մեր եւ այլ թերթերի տպագրածից, Հայաստանի հեռուստադիտողը բազմիցս առիթ է ունեցել այդ համաժողովի մասին լուսաբանություն ստանալու տարբեր հեռուստածրագրերից, որոնցից վերջինըՙ փետրվարի 21-ին, Հանրային հեռուստատեսությամբ, շուրջ կես ժամ։ Դատելով համաժողովի մասնակիցների ներկայացուցչական-պաշտոնական մակարդակիցՙ Արգենտինայի նախկին նախագահ, ՀՀ եւ ԼՂՀ խորհրդարանների նախագահներ, Մեծի տանն Կիլիկիո կաթողիկոս, ՀՀ արտգործնախարար եւ այլք, համաժողովը եղել է իսկապես տպավորիչ, իսկ 22 տարբեր երկրներից ժամանած մասնակիցների առկայությունըՙ հուսադրող։ Սակայն, դժբախտաբար, սփյուռքից ստացված արձագանքները, մեղմ ասած, այդքան էլ վարդագույն չեն ներկայացնում տեղի ունեցածը եւ, առավել կարեւորը, ցույց են տալիս, որ համաժողովը չի ունեցել համազգային ցանկալի մակարդակը։
Արդարեւ, որո՞ւ մենաշնորհն է Հայկական դատը. ոեւէ առողջ դատողութեան տէր հայուն համար, որ մեր ազգային հարցերը կը դիտէ համապարփակ հորիզոնի մը վրայ, պատասխանը շատ պարզ էՙ Հայկական դատը ամբողջ հայութեան մենաշնորհն է ու միեւնոյն ատենՙ պատասխանատուութիւնը։
Սակայն տարբեր կարծիք ունենալ կը թուին կազմակերպիչները «Պրո-Արմենիա» միջազգային ժողովին, որ կայացաւ ընթացիկ տարուան փետրուար 1-2-ին, Փարիզի մէջ, ֆրանսական ծերակոյտի «Քլեմանսօ» սրահին մէջ։ Գոնէ այդ եզրակացութիւնը կարելի է հետեւցնել անոնց գործելակերպէն։ Արդարեւ, «Պրո-Արմենիա» համաժողովին նախաձեռնողները եղած են Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերը, իմաՙ Դաշնակցութեան տարբեր յանձնախումբերը։ Այլապէս խիստ գնահատելի գործ մը, որուն շուրջ համախմբուած են քսան երկիրներէ շուրջ 80 հայ եւ օտար քաղաքական գործիչներՙ Արժանթինի նախկին նախագահ Ալֆոնսինէն մինչեւ Ռուսաստանի նախկին վարչապետ Ռիժկովը։ Պատկառելի համախմբում մը, անկասկած, որ եթէ աւելի բաց միտքով կազմակերպուած ըլլար, պիտի գտնէր իր քաղաքական դրական արձագանքները աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու քաղաքական հրապարակներուն վրայ։
Երեք նիստերու ընթացքին քննարկուած են հայութեան ճակատագրին հետ առնչուող կարգ մը հիմնահարցեր։ Առաջին նիստը յատկացուած է Հայ դատին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման, երկրորդ նիստըՙ համաշխարհայնացումի հոլովոյթին մէջ Հայաստանի կովկասեան տնտեսութեան ընդգրկման, իսկ երրորդ եւ վերջին նիստը նուիրուած է 21-րդ դարուն Հայաստանի եւ հայութեան սահմանուած ճակատագրին։
Փարիզի մէջ կայացած այս համաժողովը իր տիտղոսով, կերպով մը ոգեկոչած է նաեւ 1900-էն մինչեւ 1908 հրատարակուած «Պրօ-Արմենիա» երկշաբաթաթերթը, խմբագրութեամբ Պիէր Քիյաբի, որ իր շուրջ համախմբած էր Ժան Ժորէսի, Անատոլ Ֆրանսի եւ Քլեմանսոյի նման հայասէր մտաւորականներ ու քաղաքական գործիչներ, որոնք իրենց ոգեւորութիւնը եւ հայութեան ճակատագրին աղերսումը ընդհանրապէս կը ստանային Արշակ Չոպանեանի նման անխոնջ մտաւորականի մը եւ ազգային գործիչի մը դիմումներէն ու մշտական կապերէն։
Այսքանը, բնականաբար, գնահատելի երեւոյթ եւ իրագործում։
Սակայն, երբ վերջին շրջանին հրապարակ ելաւ «Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբը», ամէն կողմէ ընդվզումի ալիքներ ծայր տուին, բողոքներ լսուեցան եւ դատապարտութեան արտայայտութիւններ բանաձեւուեցան նախաձեռնողներուն դէմ, որովհետեւ անոնք աւելի ինքնակոչ մարդիկ էին եւ չունէին ներկայացուցչական բնոյթ. այս արդարացի մեղադրութեանց վրայ դաշնակցական շրջանակները կ՚աւելցնէին նաեւ իրենց անտեսուած ըլլալու փաստը։
«Պրօ-Արմենիայի» կազմակերպման մէջ Դաշնակցութիւնը, իր կարգին, հանդէս կու գայ միեւնոյն գործելակերպով, անտեսելով հայութեան բաղկացուցիչ այլ շրջանակներն ու քաղաքական դէմքերը։ Ի տես այս գործելակերպինՙ հանգիստ պիտի չգտնեն մանաւանդ ոսկորները Արշակ Չոպանեանի, որուն համազգային լայն երազը կը վերածուէր խմբակային նեղ մենաշնորհի մը։
Այս զանցումին դիմաց գուցէ ճիշդ չըլլար մեղադրանքի տակ առնել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական ներկայացուցիչները, որոնք ամբողջական ճանաչումը չունին սփիւռքի գործող շրջանակներուն եւ գործիչներունՙ այն աստիճան, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահըՙ Արմէն Խաչատրեան, երջանիկ գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, թէ «ժողովը համագործակցութեան նոր իրողութիւն մը կը պարզէՙ ընդգրկելով հայ ազգի բոլոր հատուածները»։
Սակայն վստահ ենք, թէ ժողովին մասնակից Հայաստանի արտաքին գործոց լրջախոհ նախարարըՙ Վարդան Օսկանեան, որ քաջածանոթ է սփիւռքի համապարփակ պատկերին, առ որ անկ է դիտել տուած կ՚ըլլայ համաժողովին միակողմանի բնոյթը։
Ժողովի հայ մասնակիցներուն պարագային բացայայտ են հրէի ու հեթանոսի դատողութիւնները. արդարեւ, տարբեր երկիրներու քաղաքական կեանքէն ներս գործող կամ ընտրեալ պաշտօն ունեցող ներկայացուցիչներէն հրաւիրուած են այն անհատները, որոնք Դաշնակցութեան փարախին մէջ կամ շուրջը կը դեգերին, անտեսելով ուրիշները, առանց նկատի ունենալու անոնց կշիռը տուեալ երկրի քաղաքական կեանքին մէջ։
Այդ պատճառաւ ալ ժողովը աւելի հարցեր ստեղծած է, քան լուծած։
Այսպէս, առաջին զայրալից քննադատութիւնը լսուեցաւ Կիպրոսէն, որուն խորհրդարանին միակ հայ ներկայացուցիչն է Պետրոս Գալայճեան։ Սկիզբէն փորձուած է ժողովը կայացնել Կիպրոսի մէջ եւ որովհետեւ Պրն. Գալայճեան հարկատու մը չէ Դաշնակցութեան, Կիպրոսի Հայ դատի Յանձնախումբին ատենապետըՙ Պրն. Անդրանիկ Աշճեան, շրջանցելով հայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, դիմած է Կիպրոսի իշխանութեանցՙ ձեռք ձգելու համար ժողովը կայացնելու արտօնութիւնը։
Կիպրոսի իշխանութիւնները, երկար անտեսումներէ ետք, կը մերժեն դիմումըՙ առարկելով, որ Կիպրոսի միացման հարցով թրքական կողմին հետ փափուկ բանակցութեանց մէջ ըլլալով, չեն ուզեր հայկական նման համախմբում մը հիւրընկալել կղզիին վրայ։ Տարբեր հարց, թէ գուցէ միեւնոյն պատասխանը ստացուէր Կիպրոսի իշխանութիւններէն նոյնիսկ եթէ հայ համայնքի պաշտօնական ներկայացուցիչին միջացաւ կատարուած ըլլար դիմումը, սակայն, երեւակայեցէք խայտառակութիւնը, եթէ արտօնութիւն տրուէր համախմբումը կայացնել Կիպրոսի մէջ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն մասնակից դարձուցած պիտի չըլլար Պրն. Գալայճեանը, այլ, անուղղակիօրէն անգօսնած պիտի ըլլար անոր պաշտօնական հանգամանքը պարզապէս անոր համար, որ ենթական հարկատու մը չէ այդ կուսակցութեան։
Միւս դժգոհութիւնը լսուեցաւ Լիբանանէն, ուր հայութիւնը հինգ երեսփոխաններ ունի խորհրդարանին մէջ։ Էր ժամանակ, երբ բոլոր երեսփոխաններն ալ կ՚ըլլային դաշնակցականներ կամ անոնց ենթակայ անկուսակցականներ։ Սակայն, վերջին ընտրութիւններուն դուրս մնաց Դաշնակցութիւնը խորհրդարանէն։ Միայն Սեպուհ Յովնանեանն է, որ ընտրուեցաւ այդ կուսակցութենէն, իսկ միւս երեսփոխաններ կը պատկանին ՌԱԿ-ին, Հնչակեան կուսակցութեան կամ անկախ խմբաւորումի։
Սակայն «Պրօ-Արմենիայի» կազմակերպիչներուն համար հայութիւնը միայն մէկ երեսփոխան ունի Լիբանանի մէջՙ Սեպուհ Յովնանեանը, որ հրաւիրուած է Փարիզ, անտեսելով միւս երեսփոխանները։
Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեան անգլիատառ «Դէյլի Սթար» օրաթերթին տրուած մէկ հարցազրոյցին մէջ խստօրէն քննադատած է անջատողական այս գործելակերպը, զոր ինք բնորոշած է իբրեւ «ապարտեյտի քաղաքականութիւն», ապա ան աւելցուցած է «որքան ալ կարեւոր ըլլայ նպատակըՙ Հայկական Դատի ի նպաստ որեւէ նախաձեռնութիւն դատապարտուած է ձախողութեան, երբ կ՚անտեսուին քաղաքական այլ կուսակցութիւնները»։H
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ընկ. Գասարճեան չէ խնայած նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ երբեք չի վարանիր այսպիսի միակողմանի նախաձեռնութիւններ հովանաւորելու։ Մեղք որ, այլապէս, համաժողովին Արամ Կաթողիկոս փայլուն զեկոյց մը տուած է ֆրանսերէն լեզուով։
Այս բոլորը հաւանաբար կարելի է քննել ներքին կարգով, իբրեւ մեր տան կեղտոտ լաթերը եւ զիրար լուսաբանել։
Սակայն ինչ ըսել միջազգային քաղաքականութիւն խաղալու յաւակնող կազմակերպիչներուն, որոնք խակ ու անհեռատես որոշումով մը ամբողջ ժողովը կը շեղեցնեն իր հունէն։ Արդարեւ, «Պրօ-Արմենիայի» կազմակերպիչները, ի սկզբանէ հրաւէր կը ղրկեն նաեւ իսրայէլացի պատմաբան Պրոֆ. Եայիր Օրոնին, սակայն վերջին պահուն կ՚իմացնեն յարգելի գիտնականին, որ յետս կոչուած է իր հրաւէրը։
Այս անճարակ գործարքին վրայ, Հայ դատի ուրիշ նուիրեալ մը, Հայկական ցեղասպանութեան ֆրանսացի մասնագէտ Դոկտ. Իվ Թեռնոն, մէկդի թողնելով ժողովի օրակարգին վերաբերող իր զեկոյցը, խիստ ելոյթ մը կ՚ունենայՙ այս արարքը որակելով «հակասեմականութեան դրսեւորում» ու ժողովին կը կարդայ Պրոֆ. Օրոնի նամակը, ուր գիտնականը, հակառակ իր վիրաւորանքին, կը խոստանայ շարունակել իր պայքարըՙ յանուն Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման։ (Նամակը տեսնել ստորեւ)։
Այսօր Իսրայէլի պետութիւնը եւ հրէական շատ մը ազդեցիկ շրջանակներ, սիրաբանելով Թուրքիոյ հետ, ոչ միայն անտեսելու վրայ են Հայկական ցեղասպանութիւնը, այլ բուռն եւ ճակատային պայքար բացած են անոր ճանաչման դէմ։ Պրոֆ. Օրոնի եւ Իսրայէլ Չառնիի նման հրեայ անկաշառ գիտնականներ իրենց հրատարակութիւններով եւ ելոյթներով կը հակադրուին թրքամէտ վերատեսչութեան եւ մինչեւ անգամ իրենց պատկանած երկրին պաշտօնական քաղաքականութեան։ Արդ, ինչպէս կարելի է վշտացնել նման անձնաւորութիւն մը, օտարացնել զայն հայ ազգին ու հայկական դատին։
Կամ այն էր, որ կանուխէն պէտք է խորհուէր ու չհրաւիրուէր Պրոֆ. Օրոնը, ինչպէս անտեսուած էին շատ մը քաղաքական դէմքեր, որոնք պէտք է մասնակից ըլլային նման հաւաքի մը, կամ ալ հրաւիրուելէ ետք, պէտք չէր հրաւէրը ջնջել։
Եթե վերջին պահու մտահոգութիւնը կամ զգուշաւորութիւնը այն էր, որ իսրայէլացի պատմաբան մը հրաւիրելով կարելի էր թշնամիներ շահիլ կարգ մը արաբական պետութեանց մօտ, որոնք հայութեան լայն զանգուածներ կը հիւրընկալենՙ պէտք է գիտակցիլ, արաբ կամ պաղեստինցի ղեկավարները իրենք կը գործակցին այն իսրայէլացի անհատ գործիչներուն հետ, որոնք համակիր են իրենց դատին կամ պաղեստինեան պետականութեան։ Իբրեւ հասուն քաղաքական գործիչներ, անոնք պիտի հասկնային Պրոֆ. Օրոնի մասնակցութեան կշիռը։
Եթէ հայութեան եւ Հայկական դատին ի նպաստ դրական հանրային կարծիք ստեղծելն էր «Պրօ-Արմենիայի» նպատակը, օտար մամուլը առաւելաբար այդ հաւաքը բնութագրեց իբրեւ հակասեմական վերաբերումի արտայայտութիւն։ Եւ այսօրուան աշխարհին մէջ դժուար չէ կշռել քաղաքական տարողութիւնը նման բնութագրումի մը։
Իցիւ թէ համապարփակ ընդգրկումով եւ քաղաքական ձեռնհասութեամբ կազմակերպուած ըլլար այս հաւաքըՙ հասնելու համար իր նպատակին, թէ մեր ազգային ներքին մակարդակով եւ թէ ալ իր միջազգային արձագանգներով։
Սակայն, այնպէս կը թուի, թէ կարգ մը մարդոց համար մենաշնորհ է ազգային դատը։ Այնքան ատեն, որ շարունակուի այս նեղմիտ միակողմանիութիւնը, պիտի տեսնենք, որ միշտ անմահ պիտի մնայ Երուանդ Օտեանի Փանջունինՙ որուն կարգախօսն էրՙ «Մենք ենք օրէնք, եւ մեզմէ դուրս ամէն ինչ ապօրէն է»...
Դետրոյթ, ԱՄՆ
«Ազգ»-ի կողմից ավելացնենք, որ համաժողովին մասնակցության հրավեր չի ստացել նաեւ Կանադայի խորհրդարանի միակ հայ պատգամավոր Սարգիս Ասատուրյանը, որը վերջին տարիներին զգալի աշխատանք է կատարում Հայոց ցեղասպանության ճանաչման համար։