ԵՐՎԱՆԴ ԱԶԱՏՅԱՆ
Հոկտեմբերի 6-7-ը Մոսկվայում կայացած Համաշխարհային հայկական կազմակերպության հիմնադիր համագումարին Ռամկավար Ազատական կուսակցությունը մասնակցում էր պատկառելի ներկայացուցչական կազմովՙ ՌԱԿ Կենտրոնական վարչության փոխատենապետ Երվանդ Ազատյան (Դետրոյթ), անդամներ Հակոբ Վարդիվառյան (Նյու Յորք) եւ Փանիկ Քեշիշյան, ՌԱԿ ԱՄՆ Արեւելյան շրջանի եւ Կանադայի շրջանային վարչության ատենապետ Բաբկեն Մկրյան (Ֆիլադելֆիա), ՌԱԿ Ֆրանսիայի շրջանային վարչության ատենապետ Վարուժան Սիրապյան եւ ուրիշներ։ Հիմնադիր համագումարում կուսակցության խոսքն արտասանեց Ե. Ազատյանը, որ համագումարի սկզբնական մասում ներկա զույգ նախագահներինՙ Ռոբերտ Քոչարյանին եւ Վլադիմիր Պուտինին ողջունելուց, ինչպես նաեւ համագումարի գլխավոր նախաձեռնող-կազմակերպիչ Արա Աբրահամյանին հաջողություն մաղթելուց հետո ասաց հետեւյալը.
Այսօր նոր հորիզոն մը կը բացուի համայն հայութեան դիմաց։ Համաշխարհային հայկական կազմակերպութեան հիմնադիր ժողովը նոր շրջադարձ կը հանդիսանայ ներկայ դարու պատմութեան մէջ։
Ժամանակները կը փոխուին, նոր պայմաններ կը ստեղծուին, միտքի նոր հորիզոններ կը բացուին, տիեզերական ու հոգեկան նոր տարածութիւններ կը նուաճուին եւ երկրագունդը տակաւ կը կծկուի, հետեւաբար կենդանի եւ կենսունակ ժողովուրդները համապատասխան քայլերով կը դիմաւորեն նոր զարգացումները, որպէսզի իրենց տեղը ապահովեն ներկայ պայմաններուն ներքեւ։
Ցուրտ պատերազմի օրերուն անհնար էր երեւակայել որ հայութիւնը կարենար այսպիսի համահայկական տարողութեամբ հաւաք մը գումարել եւ համաշխարհային մարմնի մը հիմքը դնել։ Բոլորովին տարբեր իմաստ մը պիտի ունենար այդ համագումարը կայացնել մանաւանդ Մոսկուայի մէջ։
Սակայն այսօր փուլ եկած են պատնէշները եւ ժողովուրդները աւելի եւս մօտեցած են իրարուՙ փոքրացող երկրագունդը աւելի իմաստալից կերպով օգտագործելու։
Այսուհանդերձ ցուրտ պատերազմը, շրջափակումները եւ պատերազմի սպառնալիքները կը շարունակուին Հայաստանի շուրջՙ միշտ զգօն պահելով հայութիւնը այդ վտանգներուն դիմաց։
Ներկայիս ամբողջ աշխարհ կը հասկնայ, կը հասկնան մանաւանդ երէկուան ընդդիմադիր կողմերը, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական դարաւոր կապը, որով սահմանուած է մեր փոքրիկ հայրենիքի գոյութեան երաշխաւորութիւնը։
Անցեալ դարերուն Ներսէս Աշտարակեցիներ, Իսրայէլ Օրիներ, Լազարեաններ, Նալպանտեաններ եւ Աբովեաններ միշտ նայած են դէպի հիւսիս մեր ազգային օջախի գոյութեան պահպանման եւ վերապրումին ի խնդիր, եւ երբեք չեն յուսախաբուած։ Ներկայ ժամանակներուն այդ արեւելումը կը խորհրդանշուի Արա Աբրահամեաններով, եւ վստահ ենք թէ պատմութեան բարենպաստ նախընթացները դարձեալ պիտի կրկնուին մեզի համար։
20րդ դարը արիւնալի ցեղասպանութեան մը ժառանգութիւնը թողուց մեր ժողովուրդին, որ տակաւին չէ յաջողած ձերբազատուիլ պատմական այդ աղէտին առարկայական ու հոգեբանական աւերներէն։ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին կը սպասէ իր ճանաչման եւ արդար հատուցմանՙ մինչ մեր պատմական հայրենիքը կը շարունակէ տուայտիլ ցեղասպանի ճանկին տակ. աւելինՙ Նախիջեւանէն մինչեւ Անի եւ Վան տակաւին մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի անարգել մեր պատմական յուշարձաններուն դէմ։
21րդ դարը նոր խօսք, նոր տեսիլք եւ նոր ծրագիրներ կը թելադրէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի ա՛լ թօթափենք պատմութեան բեռը եւ ազատագրուինք մեզ կալանող կապանքներէն։
Ցեղասպանութեան կողքին պատմութեան մեզի թողած ամէնէն տխուր ժառանգութիւնը մեր մասնատուածութիւնն է, մեզի պարտադրուած բաժանումներն են եւ մեր ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն միջեւ ստեղծուած պատուարներն են։
Այս համաժողովը խիզախ ու հսկայ քայլ մըն է շրջելու համար անմիաբանութիւնն ու բաժանումները եւ ի մի բերելու աշխարհի հայութեան բոլոր հատուածները։
Պատմութեան ընթացքին հայը իշխանաւորներ, զօրականներ եւ մտքի տիտաններ տուած է բիւզանդական, պարսկական, օսմանեան, ցարական եւ խորհրդային կայսրութիւններուն, սակայն միշտ խեղճացած է իր սեփական օջախին մէջ. հայը մերժած է առաջնորդուիլ ուրիշ հայով մը։
Այսօր պատմական հանգրուանն է հայը հայով առաջնորդելու, հայը հայով ամբողջացնելու եւ համահայկական ծրագիրներու եւ նպատակներու կառչելու։
Մենք արդէն սկսած ենք մեր վրէժը լուծել մեզի սահմանուած դառն ճակատագիրէնՙ մեր հայրենիքի անկախացումով, մեր ղարաբաղեան յաղթանակներով ու դեռ այն իրագործումներով, որոնք պիտի գան մեր միասնական կամքով ու պայքարներով։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը գուցէ շատ քիչ բան բերած է այս պատմական համագումարին, բացի իր հայու սիրտէն եւ ազգային մտահոգութիւններէն, սակայն կարեւորը այն է թէ ի՛նչ պիտի տանինք մենք ասկէՙ համաշխարհային կառոյց մը տալու աշխարհացրիւ հայութեան, կամուրջներ հաստատելու երկրէ երկիր եւ համայն աշխարհի հայութիւնը խարսխելու մեր նորանկախ հայրենիքին շուրջ։
Վար իջնենք հանդիսատեսի պատնէշներէն եւ ձեռք տանք այն սքանչելի նախաձեռնութեան, որ ծնունդ առած է այստեղ. սատարենք անորՙ վաղուան վառ յոյսերով, միշտ գիտնալով որ 10.000 մղոնի քայլարշավը կը սկսի առաջին քայլով։