ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Երկար ատենէ ի վեր բիրտ միջամտութեան մը ուրուականը կը յածէր Կովկասի վերեւ։ Այդ հեռանկարը տխուր եւ վտանգաւոր իրականութիւն մը դարձաւ, երբ պատերազմի աստուածըՙ Դոնալդ Ռամսֆելդ, անակնկալ կերպով այցելեց Ադրբեջան եւ Վրաստան, ցուցական կերպով անտեսելով Հայաստանը, այդ արարքով իսկ տալով ազդանշանը, թէ առաջին երկու հանրապետութիւնները արդէն մտած են Ամերիկայի ծիրէն ներս, մինչ Հայաստան կը յամենայ ռուսական գօտիին մէջ։ Այս քայլը վաղուց կը ծրագրուէր Ուաշինկթընի ռազմական շրջանակներուն կողմէ։ Առաջին հերթին Ամերիկա քանդեց Եուկոսլաւիանՙ ցոյց տալու համար Ռուսիոյ, թէ ան այլեւս անզօր էր պաշտպանելու իր սլաւոն զարմիկները Եւրոպայի մէջ։ Յաջորդ քայլը առնուեցաւ Միջին Ասիոյ մէջ, Աֆղանստանի պատերազմի օրերուն, համեմատաբար անաղմուկ կերպով։ Միայն նախագահ Պուտին խորհրդանշական կերպով այցելութիւն մը տուաւ այդ շրջանի ռուսական ռազմախարիսխին, յիշեցնելու համար Ուաշինկթընին, թէ «մենք այստեղ ենք». այդքան։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան շրջանակները վերջերս պաշտօնապէս հաստատեցին, թէ իրենց երկրին ռազմական ուժը չափազանց տկարացած էՙ հազիւ կարենալ պաշտպանողական պատերազմ մը մղելու։ Պենտագոնի ռազմապաշտական բազէները այդ յայտարարութեան պէտք չունէին կարենալ գուշակելու համար երբեմնի հզօր Ռուսիոյ այսօրուան ռազմական աննախանձելի մակարդակը եւ անմիջապէս «նոր պահպանողականներու» առաքեալը ղրկեցին Կովկաս։ Երկար ատենէ ի վեր շրջանի քաղաքական դիտորդները զգուշացուցած էին Հայաստանի իշխանութիւնները, թէ ժամանակը կը գործէ հայոց դէմ եւ եթէ այսօր մենք չլուծենք Ղարաբաղի հարցը, տարբեր ոյժ մը պիտի գայ հարցը լուծելու անկախ մեզմէ եւ հաւանաբար ներհակ մեր շահերուն։ Այսօր այդ վտանգը աւելի քան իրական կը դառնայ, երբ Ամերիկա բրտօրէն մուտք կը գործէ շրջանէն ներս եւ իր օրակարգը կը դնէ սեղանի վրայ։ Այս նոր զարգացումը խնդրական կը դարձնէ Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորումը ռուսական ռազմակայանին գոյութեամբ։ Երբ Ռուսաստան անզօր հանդիսատեսը դարձաւ Եուկոսլաւիոյ անդամահատումին, փաստօրէն զիջեցաւ Միջին Ասիոյ իր ազդեցութեան գօտին Ամերիկային, ի՞նչ տարբեր ընթացք կրնայ բռնել կովկասեան այս նոր զարգացումին դիմաց եւ որքանո՞վ կրնայ երաշխաւորել Հայաստանի գոյութիւնը...
Այսօր ժամանակն է հարց տալու, թէ Հայաստան անգամ մը ե՞ւս կը մնայ ուժի այս հաւասարակշռութեան սխալ կողմը։
Վրաստանի անկեալ նախագահըՙ Շեւարդնաձե, յաջող կերպով սատարած էր Խորհրդային Միութեան կործանման, գործակցութեամբ Գորբաչեւի։ Ան կարողացաւ միեւնոյն յաջողութեամբ կործանել Վրաստանը, եւ կործանելիք վերջին բանը, որ կը մնարՙ իր քաղաքական ասպարէզն էր, զոր աւարտեց անփառունակ կերպով։ Որպէս կրեմլեան երբեմնի գործակատար, ան երկար ատեն տատանեցաւ իր արեւմտեան համակրութեանց ու Հիւսիսի վախին միջեւ։ Երբեմն առ երես Արեւմուտքի հաճոյ յայտարարութիւններ ընելով, ռուսական ռազմակայաններու հեռացման կապակցութեամբ, ան Մոսկուայի վրայ դրած էր իր յոյսը Աբխազիան, Հարաւային Օսեթիան եւ Աճարիան Թիֆլիսի մականին տակ բերելու։ Սակայն, Ուաշինկթըն, ճարահատ կազմակերպեց անոր հեռացումը իշխանութենէն, զինք փոխարինելու համար աւելի վաւերական կամակատարներով։ Շեւարդնաձե, իր հրաժարումէն ետք, հրապարակաւ քննադատեց Ամերիկան, որ իր այդքան մեծ ծառայութեանց դիմացՙ այդպիսի խայտառակ մեկնում մը սահմանած էր իրեն։
Բոլոր անոնք, որոնք դոյզն կասկածն ունին Վրաստանի իշխանափոխութեան մէջ Ամերիկայի կատարած վճռական դերին մասին, պէտք է կարդան «Ուոլ Սթրիթ» օրաթերթի նոյեմբերի 24, 2003-ի թիւին մէջ երեւցած Հիու Փոփի ընդարձակ յօդուածը։ Այն ուժերը, որոնք տապալեցին Շեւարդնաձեն, առաջնորդուած ու ֆինանսավորուած էին Ամերիկայի կողմէ, ոմանք ոչ-պետական (NGO) գործակալութեան պիտակին տակ. «Այդ կազմակերպութեանց գլխաւորը Ազատութիւն հիմնարկն էր (Լիպըրթի ինստիտուտ), որ ամերիկեան կառավարութենէն եւ Ջորջ Սորոսի կողմէ կը ֆինանսաւորուէր», կ՛ըսէ պրն Փոփ, եւ կը շարունակէ. «Ան բուն մղիչ ոյժը դարձաւ պրն Շեւարդնաձէն իր պաշտօնէն հեռացնելու շարժումին ետին»։ Յետոյ բացատրութիւններ կու տայ «Ռուսթավի-2» հեռուստակայանի- որ նոյնպէս ֆինանսաւորուած է Ամերիկայէն- կազմակերպած լրատուական արշաւին մասին։ Վերջապէս կու տայ անունները երկու պաշտօնական գործակալներուՙ Պոքերիայի եւ Ռամիշվիլիի- աւելի նուրբ կերպով ասածՙ «Արեւմուտքի բարեկամներու»- որոնք Սորոս հիմնարկի ծախսերով մեկնած էին Եուկոսլաւիա, Սերբիոյ մէջ ուսումնասիրելու համար, թէ Օպտոիը (ուսանողական ընդդիմութիւնը), «ինչպէս կարողացած էր իրականացնել նախագահ Միլոշեւիչի անկումը»։ Այս բոլոր գործարքները կատարուած են օր ցերեկով, ամենայն համարձակութեամբ, «ժողովրդավարութիւն» մատակարարելու այդ երկրին։ Այս բոլորին վրայ պետական քարտուղար Քոլին Փաուել ՄԱԿ-ի գլխավոր քարտուղարին եւ Շեւարդնաձէի հետ ունեցած հեռաձայնային եռակողմանի խօսակցութեան ընթացքին, թելադրած է վերջինին, որ «ճիշտ քայլը առնէ», այսինքնՙ հրաժարի իր պաշտօնէն։ Երբ պրն Քոլին Փաուել Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրները կը շրջէր ժողովրդավարութիւն քարոզելու, պրն Ռամսֆելդ ռազմական քայլերով կը մտնէր Ադրբեջան Իլհամ Ալիեւի արիւնոտ ձեռքը թօթուելու. ան, որ խարդախուած ընտրութիւններով, սպանութիւններով, բռնութեամբ եւ սարսափով տիրացած էր իր հօր նախագահական աթոռին։ Պրն Ռամսֆելդ կ՛երեւի չ՛անդրադառնար, թէ ինչպիսի ծիծաղելի վիճակի մը կը մատնուի ողջագուրելով միջնադարեան բռնատէրի մը հետ, երբ Պետքարտուղարութիւնը խստիւ քննադատած էր անոր ընտրութիւնը եւ Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ կազմակերպութիւնն ալ Ադրբեջանը դասած էր 102 երկիրներուն մէջ 95-րդը, իբրեւ խարդախութեան եւ ապօրինութեան բոյն։
Այնպէս կը թուի, թէ «ժողովրդավարութիւն» բառը այսօր Ուաշինկթընի մէջ ստացած է նոր իմաստ մը, որ ծանօթ չէր այս երկրի հիմնադիրներուն։ Իր կարգին «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը իր դեկտեմբեր 4, 2003 թիւին մէջ հետեւեալ նկարագրութիւնը կու տայ. «Ռամսֆելդ Ալիեւի ընտրութիւնը ողջունեց նախագահական պալատին մէջ, սակայն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին չպատասխանեց լրագրողներու այն հարցումին, թէ ազա՞տ էին կամ միջազգային չափանիշներուն կը համապատասխանէի՞ն Ադրբեջանի ընտրութիւնները։ Նման պարագաներուն պրն Ռամսֆելդի լուռ մնալը իր հազուագիւտ առաքինութիւններէն մէկն է. ան դեռ կարող էր լրբօրէն նայիլ հեռուստատեսութեան տեսախցիկին եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ յայտարարել, թէ Ալիեւ կը հանդիսանայ ռամկավարութեան տիպար օրինակը։ Չէ՞ որ Իրաքի պատերազմի նախօրէին, երբ Ռամսֆելդ կոպիտ կերպով կը վիրաւորէր Ամերիկայի դաշնակիցներն ու անոնց խոհեմ ղեկավարները, Ուաշինկթընի ամէնէն մօտիկ գործակիցներէն Սպանիոյ վարչապետ Ազնար յայտարարեց, թէ որքան քիչ խօսի պաշտպանութեան նախարարըՙ այնքան շատ կը շահի Ամերիկան։ Հեգնանքը մէկդի դնելով պէտք է զգաստ կերպով դիտենք Ռամսֆելդի քաու-բոյական անցքը Կովկասէն, եւ, առժամեայ նախագահուհի Նինօ Բուրջանաձէի կողքին կանգնածՙ ռուսական զօրքերուն հեռացումը պահանջելը Վրաստանէն։ Խօսքէն գործի անցնելով արդէն Ամերիկան հինգ ռազմանաւեր խոստացած է յանձնել Ադրբեջանին, ներառեալ 82 ոտք երկարութեամբ հսկիչ նաւ մը, Կասպից ծովու սահմանները պաշտպանելու։ Իրականութեան մէջ Իրանի դէմ գրգռութիւն մըն է կատարուածը, որով Իրան եւս կը գտնուի «Չարիքի առանցքի (axis of evil) ցանկին վրայ։ Ցանկ մը, որուն հեղինակներն են ժողովուրդի քուէներով չընտրուած «նոր պահպանողականները» (նէօ-կոնսերվատիվ)։ Այդ խումբին մաս կը կազմեն Փոլ Ուոլֆովից, Ռիչըրդ Փըրլ, Տագլըս Ֆէյթհ, Ռիչըրդ Պոլթըն եւ քանի մը ուրիշներ, որոնք կը բանաձեւեն Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութիւնն ու ռազմական ծրագիրները, երբեմն պետական քարտուղարութենէն անկախ կամՙ անոր անտեսումով։
Ռամսֆելդի արշաւը դէպի Կովկաս արդէն հիմնովին փոխած է շրջանի ռազմաքաղաքական դիմագիծը։ Հայաստանի երկու դրացիները, քաջալերուած այս բացայայտ միջամտութենէն, սկսած են ռազմաշունչ յայտարարութիւններ ընել։ Օրինակ, Վրաստանի նախագահական գլխաւոր թեկնածուն, որ յայտնօրէն ամերիկեան դրածոյ մըն է, տակաւին նախագահական պաշտօնի չտիրացած, սպառնալիքներ կը սփռէ աջ ու ձախ. ան ինքնավստահութեամբ կը յայտարարէ, թէ բոլոր անջատեալ շրջանները շուտով Թիֆլիսի իշխանութեան պիտի ենթարկէ, լաւ գիտնալով, որ անոնք կը վայելեն Մոսկուայի հովանաւորութիւնը։ Իսկ Անարիոյ նախագահ Աբաշիձէին կը սպառնայ բանտ նետել, եթէ շարունակէ իր ինքնավարական յաւակնութիւնները։ Այս նոր սպառնալիքը ազդանշան է նաեւ Ջաւախքի հայութեան, ուր վրացի կառավարիչ մը ղրկուած է «դեմոկրատաբար» կառավարելու այդ հայաշատ շրջանը։
Ռամսֆելդի այցի նախօրեակին, ԵԱՀԿ-ի խորհուրդի Մասթրիխտի նիստին, Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարը եւս սպառնալից յայտարարութիւն մը ըրած էր Հայաստանին. արդարեւ պրն Վիլայէթ Գուլիեւ կը շեշտէ, թէ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապը միայն կարելի է լուծել Ադրբեջանի հողային ամբողջականութեան յարգումով։ Ան կը պահանջէ, որ հայկական ուժերը անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի հեռացուին ադրբեջանական հողերէն- ներառեալ Ղարաբաղէն- եւ գաղթական ազերիները վերադառնան իրենց բնակավայրը։ Այս նոր զարգացումներու լոյսին տակ Հայաստանի եւ հայութեան կը մնան մի քանի տկար կարելիութիւններ.
ա) Այս թափանցումին դիմաց պէտք է իմանալ Ռուսիոյ կեցուածքը. թէՙ ան մինչեւ ո՞ւր նահանջելու պատրաստ է։ Ցարդ մեղմ հակազդեցութիւն մը իմացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Իվանովէն, որ յայտնեց, թէ Վրաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմախարիսխներու հարցը պիտի լուծուի երկու երկիրներու միջեւ կայանալիք բանակցութիւններով։
բ) Եթէ այս հանգրուանին Հայաստան որոշէ հրաժարիլ ռուսական ռազմական պաշտպանութենէն եւ լծուի Ամերիկայի կառքինՙ բացայայտ է, թէ ինչպիսի լուծում պիտի գտնէ Ղարաբաղի հարցը եւ ինչ ճակատագրի պիտի մատնուի Հայաստանը։ Ապահովաբար Թուրքիոյ քաղաքական կշիռը եւ Ադրբեջանի քարիւղը աւելի գերակշիռ դեր մը պիտի ունենան։
գ) Ամերիկահայ գաղութի քաղաքական կարելիութիւնները կրնան կարեւոր ազդակ մը դառնալ Ուաշինկթընի միակողմանի քաղաքականութիւնը մասամբ հակակշռելու. պայման է, սակայն, որ լոբբիինգի մէջ կազմակերպութիւնները զիրար խաչաձեւելով, զիրար չէզոքացնող ընթացքներ չբռնեն։ Նկատի ունենալով յառաջիկայ ընտրական տարին, Ուաշինկթըն չի կրնար բոլորովին անտարբեր մնալ հայկական պահանջներուն դիմաց. իսկ բոլոր այն անհատներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք հանգանակութեան ձեռնարկած են ի նպաստ նախագահ Բուշին, պէտք է անդրադառնան, թէ անպայմանադիր ու անսակարկ ծառայութիւն մը նախագահին միայն կրնայ զինք քաջալերել, որ շարունակէ այսօրուան հայավնաս քաղաքականութիւնը. վարքագիծ մը, որ վաղը Կովկասի մէջ նոր արիւնահեղութեան պատճառ կրնայ դառնալ։ Նախագահ Բուշ գրաւոր կերպով խոստացած էր իր ընտրութենէն ետք սատարել Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Ցարդ չէ կատարած իր խոստումը եւ հետաքրքրուած ալ չի թուիր ըլլալ այդ հարցով։ Այսօրուան հանգրուանին արդէն փոթորիկը սկսած է կուտակուիլ Կովկասի վերեւ. մաղթենք, որ յաջորդ Եուկոսլաւիան կամ Իրաքը Կովկաս չի տեղափոխուիր։
Ատենն է լուռ, խոհեմ եւ զգօն քաղաքականութեանՙ խուսափելու համար նոր արիւնահեղութենէ մը։
ԴԵՏՐՈՅԹ, ԱՄՆ