ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Վերջերս Անթիլիասի աթոռը կորսնցուց երկու արժանաւոր միաբաններ յանձինս Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Սահակ արք. Այվազեանի։ Առաջինըՙ Նիւ Եորքի անթիլիասական թեմի երկարամեայ առաջնորդն էր, որ Հայաստանի անկախացումէն ետք իր ուժերն ամբողջութեամբ տրամադրեց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնին, հայրենիքին ու մանաւանդ մեր մշակոյթին։ Անոր վաղաժամ կորուստով սփիւռքն ու Հայաստանի մշակոյթը արի ու նուիրեալ ջահակիր մը կորսնցուցին։
Սահակ սրբազանի կեանքն ու գործունէութիւնը ինծի համար անձնապէս կը մնայ առեղծուած մը. զինք մօտէն ճանչցած եմ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տագնապի անմիջական նախօրեակին եւ ընթացքին, իբրեւ պաշտօնակից ինծի Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ, ուր կը պաշտօնավարէի իբրեւ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցիչ, իսկ ինքՙ իբրեւ կրօնքի ուսուցիչ։ Այն ատեն դեռ աբեղայ կամ վարդապետՙ ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրած էր դասական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան եւ ունկնդրութեան. իրեն կը պարտիմ դասական երաժշտութեան ունկնդրութեան ու ծանօթացման կարգ մը հաճելի պահեր, իր վանական խցիկին մէջ, ուր այն ատեն արդէն պատկառելի հաւաքածոյ մը ունէր երաժշտասէր ու երաժշտագէտ հոգեւորականը։ Մեր երաժշտական ունկնդրութենէն ետք ալՙ զիս կ՛առաջնորդէր միաբանութեան ճաշարանը ու սեղանակից կ՛ըլլայի իրեն։ Իր հեզ ու խոնարհ բնաւորութեան ծանօթՙ կը ջանայի զինք հակաճառութեան մղել ըսելով. «Հայր Սուրբ, Բարեգործականը եւ մեր շրջանակը կերտեցին Անթիլիասը, բայց Դաշնակցութիւնը առօք-փառօք գրաւեց զայն, գոնէ փոխարէնը երբեմն համեղ ճաշ մըն ալ բաժին կ՛իյնայ ինծի...»։ Ինք բարեհամբոյր կերպով կը ժպտէր, առանց հակադարձութեան։
Սակայն, երբ Յունաստանի թեմը գրաւուեցաւ Անթիլիասի կողմէ եւ իբրեւ առաջնորդ ղրկուեցաւ Աթէնք, գոնէ մամուլին մէջ տարբեր պատկերով մը պարզուեցաւ ան. պատկեր մը, որուն հետ հաշտուելու դժուարութիւն ունեցած եմ միշտ։ Այդ վկայութիւններէն մէկն ալ հրատարակուած էր «Նոր օր» շաբաթաթերթի Դեկտ. 20, 2003 թիւին մէջ, Երանուհի Ղազարեանի ստորագրութեամբ. («Էջմիածնական համայնք կա՛յ Յունաստանի մէջ»)։ Արդարեւ այնտեղ յօդուածագիրը, Էջմիածնի հովանաւորութիւնը վայելող Փերեսթէրիի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մասին գրելով կ՛ըսէ. «Այս եկեղեցին ալ զերծ չմնաց հալածանքէ ու սկիզբները, տարին քանի մը անգամ, այս կամ այն զրպարտութեամբ փակուեցաւ իշխանութիւններու կողմէ։ Ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութիւններու ստեղծած նպաստաւոր պայմանները անթիլիասականներու կողմէ շահագործուեցան ամէն ձեւով։ Էջմիածնասէր ու հայաստանասէր համայնքը տառապեցաւ, ֆիզիքապէս, հոգեպէս ու նիւթապէս։ Մեծ տուժողներ եղան, իշխանութիւններուն մօտ որպէս համայնավար զրպարտուող ու աքսորուելու սպառնալիքի տակ ապրողներ եղան... ծերունազարդ ուսուցիչ-քահանան ոստիկանութիւն քաշքշուեցաւ։ Եւ այս բոլորը եղան հաւանութեամբն ու հովանաւորութեամբը Սահակ արք. Այվազեանին, նոյնիսկ եթէ ինք չէր ծրագրողը»։ Սրբազանին հաշւոյն, թերեւս կարելի է մեղմացուցիչ դէպք յանցանացը գտնել վերջին նախադասութեան մէջ. «նոյնիսկ եթէ ինք չէր ծրագրողը»։
Ժամանակի ընթացքին նման տեղեկութիւններ կարդալով յաճախ հարց տուած եմ, թէ Բեթհովէնի ու Բախի հոգեպարար երաժշտութեամբ թրթռացող հոգի մը ինչպէս կրնայ մաս կազմել նման արարքներու։ Գուցէ այդ հարցումին պատասխանն ալ կարելի է գտնել այն պատմական փաստին մէջ, որ երբ նացիստները կը տանջէին հրեաները կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ կամ կը հրկիզէին զանոնք գազի փուռերուն մէջ, միշտ Վագնէրի երաժշտութիւնը կը նուագէին։ Ի դէպ, այդ էր պատճառը, որ Վագնէրի երաժշտութեան կատարումը, Իսրայէլի պաշտօնական սրահներուն մէջ արգիլուած էր մինչեւ վերջերս։ Իսկապէս, դժուար է վերլուծել մարդկային բնութիւնը, մանաւանդ հոգին. «ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ» պիտի գոչէր Թէքէեան։
Այդ բոլոր դէպքերը այսօր պատմութեան կը պատկանին։ Նման դէպքեր, գրեթէ ամէն գաղութէ ներս պատահեցան, եւ լաւ է, որ չյիշենք Անթիլիասի մայրավանքի զինեալ գրաւման տխուր պարագաները, իսկ Դամասկոսի թեմը միշտ ոտնձգութեան առարկայ դարձած է Զարեհ, Խորէն, Գարեգին Բ եւ նոյնիսկ Արամ Ա կաթողիկոսի օրերուն, մինչեւ անգամ մահափորձի ենթարկելով թեմակալ առաջնորդ Շաւարշ եպս. Գույումճեանը։
Յատկանշական է, որ հակառակ բոլոր պայքարներուն, Դամասկոսի թեմը միշտ պահեց իր օրինական ենթակայութիւնը Անթիլիասի աթոռին, նոյնիսկ եթէ իր հոգեւոր հաւատարմութիւնը ուղղեց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնին։
Եկեղեցական բաժանման ամէնէն թէժ օրերուն Մայր աթոռը մերժեց որեւէ օրինական խախտում կատարել, օրինակՙ գրաւելով Դամասկոս մը եւ կամ տուեալ պահի մըՙ Կիպրոսի թեմը։
Սակայն Անթիլիաս չցուցաբերեց միեւնոյն խոհականութիւնն ու օրինապահութիւնը եւ, ընդհակառակն, հոն, ուր ցուրտ պատերազմի հովերը սկսան փչել, հոն, ուր բռնատիրական վարչակարգերու կրունկները լսուեցանՙ ան լծուեցաւ այդ շրջաններու էջմիածնապատկան թեմերը գրաւել (Յունաստան, Պարսկաստան, Ամերիկա եւ պահ մըն ալՙ Հարաւային Ֆրանսա) եւ այսօր ազգը դրուած է կատարուած իրողութեան մը առջեւ։
Եթէ այդ գրաւումներուն պատճառը ցուրտ պատերազմն էր կամ պայքարըՙ համայնավար կայսերապաշտութեան դէմ, անոնք վերջ գտած են այսօր, վերացնելով նաեւ բաժանման բուն պատճառները։ Այսօր փլած է նաեւ ժողովուրդները իրարմէ բաժնող Բեռլինի պատը, սակայն դեռ կանգուն կը մնան մեր փոքր ածուն բաժանման ենթարկող պատնէշները, իբրեւ պատերազմական աւար։ Այնպէս կը թուի, թէ այս բաժանումը կը շարունակուի կարգ մը թեմեր ու եկեղեցիներ իբրեւ կուսակցական եկամտաբեր ագարակ օգտագործելու Դաշնակցութեան կողմէ, որ եկեղեցին կուսակցականացնելու կիրքեր ներմուծած է մեր ազգային կեանքին մէջՙ Օրմանեան սրբազանի օրերէն մինչեւ Յունաստանի Մազլումեան սրբազանի մօրուքին խուզումն ու Դուրեան սրբազանի սպանութիւնը Նիւ Եորքի մէջ։
Պատմական փաստ է նաեւ, որ հարկադրաբար էջմիածնական թեմերը եւս կուսակցականացած են ցուրտ պատերազմի օրերուն եւ որուն մէջ ՌԱԿ-ը եւս ունեցած է իր բաժինը, երբ սկսած են գրաւուիլ ժողովուրդին արիւն քրտինքով կառուցուած եկեղեցիներըՙ դառնալու համար քաղաքական ամրոց ծայրայեղական կուսակցութեան մը մականին ներքեւ։
Մինչեւ յունահայ գաղութը տակաւին կը յամենայ ցուրտ պատերազմէն ժառանգ մնացած ազգային աւերակներուն դիմաց, ժամանակը կը քալէ եւ նոր կացութիւններ եւ զարգացումները կը յառաջանան։ Այսօր հայաստանցիներէ կազմուած բաւական ստուար գաղութ մը գոյութիւն առած է եւ կը մաքառի ինքն իր ճակատագրին հետ։ Ազգային մեղանչում մը չէ՞ թողուլ այդ յուսահատ հայերը իրենց ճակատագրին եւ վառ պահել եկեղեցւոյ բաժանումին կիրքերն ու կրակները։
Եկեղեցին կրնայ իր հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային շինարար դերին մէջ մտնել ապակուսակցականանալով միայն։
Այսօր Յունաստանը կը գտնուի պատմական կարելիութեան մը հանգրուանին։ Սահակ սրբազանի վախճանման տխուր պարագան առիթ մը կ՛ընծայէ տեսնելու, թէ որքանո՛վ փոխուած է մտայնութիւնը Անթիլիասի մէջ։
Պատեհութեան պատուհանը (window of opportunity), ինչպէս կ՛ըսեն ամերիկացիք, այսօր առիթը կ՛ընծայէ Անթիլիասին շինարար ու միարար քայլ մը առնելու։
Արամ Ա. կաթողիկոս մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ իբրեւ բեմբասաց, աստուածաբան, իմաստուն հայրապետ. առաջին հերթինՙ իբրեւ ուժեղ անհատականութիւն։ Յաճախ ցոյց կու տայ նաեւ իր անկախութիւնըՙ Անթիլիասի կուսակցական տէրերուն նկատմամբ, յոյսը ներշնչելով, որ ան իմաստութիւնը պիտի ունենայ տեսնելու միացեալ եկեղեցւոյ մը ազգային ուժականութեան հեռանկարը։
Համազգային ու համաեկեղեցական հմայք ու վարկ վայելող Հայրապետ մը պիտի գիտնայ պատմական ուղիղ քայլը առնելու եւ որոշելու, թէ ինչ պիտի ըլլայ իր տեղն ու պատկերը Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, իբրեւ աննահանջ պահապա՞նըՙ ապօրինի կերպով գրաւուած հոգեւոր կայսրութեան մը սահմաններուն, թէ՞ իբրեւ համազգային շահերու նուիրուած միարար հայրապետ մը։
Հաւանաբար այս հարցադրումին պատասխանը տրուի, երբ պարզուի, թէ որո՞ւն դէմքը պիտի երեւնայ այս պատեհութեան պատուհանէն։
Դետրոյթ, ԱՄՆ