«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#113, 2004-06-19 | #114, 2004-06-22 | #115, 2004-06-23


ՄԱՐՏԱՀՐԱՎԷՐՆԵՐՙ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՎ ՍՓԻՎՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, ԴԵՅԹՐՈՅԹ, ԱՄՆ

Երեւանի մէջ ընդդիմութեան կազմակերպած հաւաքները սկսած են կորսնցնել իրենց նախկին թափը, սակայն պէտք է շարունակել զգուշութեամբ հետեւիլ դէպքերունՙ զանազանելու համար թէ այդ դէպքերը ի՛նչ համեմատութեամբ արտայայտութիւնն էին ժողովրդային դժգոհութեան եւ որքանո՛վ ներմուծուած էին դուրսէնՙ կարգադրելու համար արտաքին հաշիւներ, որոնք առնչութիւն չունին մեր ժողովուրդի բարօրութեան հետ:

Զարմանալի չէր, որ այդ ցոյցերը հետեւեցան Վրաստանի դէպքերունՙ հաստատելով այն վարկածը, թէ անոնք մաս կը կազմէին կովկասեան շրջանի ռազմաքաղաքական ուժերու վերադասաւորման: Ոչ ոք բնականաբար կ՛ուրանայ ժողովրդային կամքի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը, ի հարկինՙ խաղաղ ցոյցերու միջոցաւ, սակայն իմաստուն եւ հայրենասէր ղեկավարներուն կը մնայ դատել թէ այդ ցոյցերը որքանո՛վ կը ծառայեն արտաքին քաղաքական ուժերուն եւ որքա՛ն կը սատարեն ժողովրդային խաւերու կենցաղի բարելաւման:

Դրկից Վրաստանի մէջ Սաակաշվիլիի «Վարդերու յեղափոխութիւնը» թրքական եւ ամերիկեան ազդեցութիւնը աւելի եւս մօտեցուց ռուսական սահմանինՙ առանց կարենալ լուծելու վրացի ժողովուրդին մտահոգող որեւէ հարց. Սաակաշվիլիի իշխանութեան գալը ահազանգ մըն է ռուսական ազդեցութեան վախճանին Կովկասի մէջ: Հայաստանը վերջին արգելքն է, Կովկասի մէջ կասեցնելու համար թրքական յառաջխաղացքը դէպի Միջին Ասիա եւ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն եւ հակառակ Անկարայի կողմէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ծրագիրներու խանգարմանՙ Ուաշինգթըն տակաւին կ՛ապաւինի Թուրքիոյՙ ի հաշիւ Արեւմուտքին ներթափանցելու Միջին Ասիա, հակադրուելու համար ռուսական ազդեցութեան:

Ադրբէյճանի ռազմաշունչ կոչերը ուղղակի արդիւնք են վերջին շրջանին անոր տրամադրուած ամերիկեան ռազմական օժանդակութեանց, որոնք կը միտին մէկ կողմէ Իրանի անդամահատման եւ միւս կողմէՙ Հայաստանը մղելու անընդունելի զիջողութեանց: Այս ծրագրին սատարող մէկ օղակն է թրքական շարունակուող շրջափակումը Հայաստանի շուրջ:

Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը չկարողացաւ վրացական օրինակով փոփոխութիւն մը յառաջացնել, որովհետեւ Քոչարեան աւելի ուժեղ դիրքերու վրայ էՙ քան էր Շեւարդնաձէն, եւ Հայաստան աւելի լուրջ հիմքերու վրայ գործող պետութիւն մըն է բաղդատմամբ Վրաստանի: Միւս կողմէ ընդդիմութիւնը չյաջողեցաւ ժողովուրդի կենսամակարդակը բարելաւելու ծրագիրով մը հանդէս գալ, այլ գոհացաւ Քոչարեանը վարկաբեկելով եւ անոր հրաժարումը պահանջող կոչերով: Հայաստանի տնտեսական բարելաւման ազդակները կարեւոր չափով կը գտնուին Հայաստանի սահմաններէն դուրս: Հայաստանի տնտեսական զարգացումը շատ աւելի տպաւորիչ է, քան շրջանի միւս երկիրներունը, սակայն ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ հիմնական փոփոխութիւն մը յառաջացնելու համար Կովկասը ամբողջութեամբ պէտք է կայուն դառնայ եւ Հայաստան առեւտրական բնականոն յարաբերութիւններ հաստատէ իր բոլոր դրացիներուն հետ:

Քոչարեանի վարչակազմը աւելի սահմանափակեց իր իշխանութեան ուժըՙ վիճելի ընտրութեանց հետեւանքով, սակայն ժողովուրդը համոզուած չէ, որ անոր փոխարինումը ընդդիմութեան ղեկավարներէն ուրիշ մէկով մը կրնայ կեանքի բարելաւում մը արձանագրել: Ժողովուրդը առհասարակ կորսնցուցած է իր համարումը քաղաքական բոլոր ղեկավարներուն նկատմամբ:

Հայաստանը ապակայունացնելու փորձերը ուղղակի կապ ունին շրջանին մէջ ռուսական ազդեցութիւնը կրճատելու ծրագրին հետ: Այս մասին համոզում գոյացնելու համար կը բաւէ կարդալ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» թերթը: Յիշեալ թերթը կը թուի ըլլալ պատգամախօսըՙ աւելի ուղեցոյցը Սպիտակ տան եւ Փենթագոնի մէջ թառած «նոր պահպանողականներուն» (Նէոքոն): Արդարեւ, իրաքեան պատերազմէն առաջ բոլոր պատճառաբանութիւններըՙ ՄԱԿ-ը անտեսելու, միջազգային օրէնքներն ու բարոյականութիւնը խախտելու բոլոր կոչերը նախապէս արձագանք գտան յիշեալ օրաթերթին մէջ: Միայն զինոյժին ապաւինելու եւ ամէն բարեխղճութիւն անտեսելու քաղաքականութիւն մըՙ որ կը բխի հզօրութեան ընծայած գինովութենէն: Հետեւաբար, երբ յօդուած մը կը հրատարակուի «Ուոլ Սթրիթ»ի մէջ, պէտք է զայն ազդանշան նկատել Բուշի իշխանութեան կողմէ նախաձեռնուելիք նոր ծրագիրներու: Յիշեալ թերթը իր ապրիլ 14, 2004-ի թիւին մէջ հրատարակեց յօդուած մըՙ ստորագրութեամբը Դէյվիդ Լ. Ֆիլիփսի, որ ներկայացուած էր իբրեւ աւագ գիտաշխատող եւ փոխտնօրէնՙ Արտաքին յարաբերութեանց խորհուրդի կանխարգելիչ գործերու յանձնախումբին: Հասկնալի կերպով զանց առնուած էր յօդուածագրին ուրիշ մէկ հանգամանքըՙ ան միեւնոյն ատեն պաշտօնավարած էր նաեւ իբրեւ ատենապետ ԹԱՐՔ-ի (Թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնախումբ): Այդ յօդուածին հրատարակութենէն ետք, Ամերիկայի դեսպանըՙ պրն. Օրդուէյ, Երեւանի մէջ յայտարարեց, թէ այնտեղ յայտնուած միտքերը միայն անձնական բնոյթ ունինՙ քանի որ յօդուածագիրը պետական պաշտօն մը չունի: Պետութիւնները, անձերու միջոցաւ քաղաքական փուչիկներ կ՛արձակեն յաճախՙ տեսնելու համար շահագրգիռ կողմերու հակազդեցութիւնները եւ ըստ այնմ սահմանելու իրենց քաղաքականութիւնը տուեալ հարցին նկատմամբ: Այս հերքումը կը յիշեցնէ ուրիշ նախընթաց մը: Լրագրող Փոլ Գոբըլի ծրագիրը, որ հրապարակ նետուեցաւ իբրեւ նոր լուծում ղարաբաղեան հիմնահարցին: Պրն. Գոբըլ կ՛առաջարկէր հողային փոխանակումներ Ադրբէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ. Լաչինի անցքին դիմաց կ՛առաջարկուէր հողաշերտի մը զիջումը Ադրբէյճանինՙ Մեղրիի շրջանէն: Օրին այդ ծրագիրը եւս որակուած էր իբրեւ անհատ լրագրողի կարծիք, սակայն ի վերջոյ ան սեղան բերուեցաւ Քի Ուեսթի մէջՙ Քոչարեան-Ալիեւ խօսակցութեանց ընթացքին:

Իրականութեան մէջ Հայաստանի վրայով հողային անցքը աւելի կը հետաքրքրէ Ամերիկան եւ Թուրքիան, քան Ադրբէյճանը, որովհետեւ այդ գաղափարը իր դերն ու տեղն ունի կովկասեան շրջանի ռազմաքաղաքական վերադասաւորման հեռանկարներուն հետ: Պրն. Ֆիլիփս հանդէս կու գայ Հայաստանը «փրկելու» չքնաղ ծրագրով մըՙ պարզապէս թունաւոր դեղահատ մը ընծայելով անոր: Յօդուածը լի է պատմական սխալներով եւ վտանգաւոր առաջարկներով: Եթէ այդպիսին են պրն. Ֆիլիփսի գաղափարներըՙ անոնք անուղղակիօրէն կը բացայայտեն նաեւ ԹԱՐՔ-ի դիտաւորութիւնները: Յօդուածագիրը առանց բառերը ծամծմելու իր նպատակները կը հանէ իր յօդուածին առաջին իսկ տողէն, գրելովՙ «Ներշնչուելով Վրաստանի «վարդեայ» յեղափոխութենէն, հայերը եւս վարչակարգի փոփոխութիւն կը պահանջեն»: Ան նոյնպէս մատնացոյց կ՛ընէ այն ուղին, որով հայերը պէտք է իրականացնեն այդ ծրագիրը, ըսելովՙ «Խուսափելու համար արիւնալի բախումէ մը պէտք է կազմակերպուի միջազգայնօրէն հակակշռուած հանրաքուէ մըՙ հաստատելու համար թէ մեծամասնութիւնը պիտի պահանջէ՞ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի հրաժարումը»:

Արիւնալի բախում մը ոչ մէկ կերպով կը նպաստէ Հայաստանին, սակայն կ՛երեւի ցանկացողներ կան որ հայուն արիւնը անգամ մը եւս թափուիՙ մութ հաշիւներ իրականացնելու համար: Պրն. Ֆիլիփսի ամբողջ թէզը հիմնուած է ադրբէյճանական կողմի պնդումներուն վրայ, օրինակ, ան Ղարաբաղը կը սահմանէ իբրեւ «վիճելի հայկական հողամաս մը Ադրբէյճանի մէջ»: Ան նոյնպէս կ՛ողբայ տեղահանուած իբր «մէկ միլիոն ազերի գաղթականներու» բախտը, առանց անդրադառնալու Սումգայիթի եւ Բաքուի ջարդերէն փախուստ տուած կէս միլիոնի հասնող գաղթական հայ զանգուածի ճակատագրին: Այս յօդուածէն կը պարզուի թէ Հայաստանի վերջին խռովութեանց մէջ դեր կատարած են արտաքին գրգռութիւնները, որպէսզի, ըստ պրն Ֆիլիփսի, «Ուաշինգթըն իրաւարարի դեր մը կատարէՙ լուծելու համար Հայաստանի քաղաքական անելըՙ քաջալերելով պետութիւնն ու ընդդիմութիւնը, որ հանրաքուէ մը կայացնեն երեք ամսուան ընթացքին»: Ան իբրեւ բոլոր խնդիրներու լուծում կ՛առաջարկէ Հայաստանինՙ իր բոլոր յարաբերութիւնները խզել Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ եւ յանձնուիլ ցեղասպան Թուրքիոյ «խնամքին»: Յօդուածին շան գլուխը թաղուած է հետեւեալ պարբերութեան մէջ. «Ժողովրդավարութեան յառաջացումը Հայաստանի մէջ կրնայ վերակենդանացնել Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան բանակցութիւնները, պատճառ դառնալով, որ Անկարան բանայ Կարս-Գիւմրի սահմանը եւ նուազեցնէ ազդեցութիւնը Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի հարավային Կովկասի մէջ: Աւելին, այդ կերպով կրնայ Հայաստանի բնակչութիւնը դէպի յառաջ նայիլ եւ սկսիլ կերտելու աւելի պայծառ ապագայ մը»: (Ընդգծումները մեր կողմէ Ե. Ա.):

Իսկապէս, երանելի՜ ու «պայծառ ապագայ մը» Թուրքիոյ արիւնոտ թաթին ներքեւ...

Այս հաստատումներուն ետին կը պարզուի նաեւ անուղղակի խոստովանութիւն մը: Ամէն անգամ, որ անգամ որ ամերիկահայ ներկայացուցիչներ կը հանդիպին երկրին պետական մարդոց, այս վերջինները կը հաւաստիացնեն թէ մե՜ծ ճիգեր կը թափեն համոզելու համար Թուրքիան, որ վերջ տայ շրջափակման: Սակայն այստեղ երեւան կու գայ որ շրջափակման վերացումը անուղղակիօրէն կապուած է շրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան սահմանափակման հետ. հետեւաբար, Ուաշինգթընի քաղաքական ծրագրողներուն համար աւելի ձեռնտու է շրջափակման պահպանումը- որ ի դէպ, կը վնասէ նաեւ Թուրքիոյ- մինչեւ որ Հայաստանի իշխանութիւնները «խելքի գան» ու հեռացնեն ռուսական զօրքերը Հայաստանէն եւ իբրեւ վարձատրութիւն ստանան շրջափակման վերացումը: Տարբեր տրամաբանութիւն մը չ՛առաջադրեր այս անպաշտօն խօսնակին բանաձեւումը:

Միւս կողմէ Ամերիկայի միակողմանի զինումը Ադրբէյճանին կը միտի խախտել ռազմական հաւասարակշռութիւնը տարածաշրջանին մէջ. հետեւաբար, պէտք չէ զարմանալ որ Իլհամ Ալիեւ սկսի աւելի եւ աւելի ռազմաշունչ արտայայտութիւններ ունենալ:

Հայտար Ալիեւի եւ Քոչարեանի գլուխ-գլխի բանակցութիւնները արդէն խնդիրը մօտեցուցած էին իր լուծումին: Սակայն իր որդինՙ Իլհամ Ալիեւ, կը մերժէ ճանչնալ իր հօրը յանձնառութիւնները եւ կը փորձէ բանակցութիւնները վարել սկիզբէն, այն ակնկալութեամբ, որ կարելի է Հայաստանի վրայ ճնշել այնքան, որքան բանակցութեանց նստի տկար դիրքերէ: Որդի Ալիեւ վերջերս ներկայ գտնուելով Հայաստանի սահմանամերձ ռազմակայանի մը բացման, յայտարարած է. «Ժողովուրդն ու բանակը կրնան որեւէ ժամանակ ձեռնարկել քայլերու եւ վերահաստատել երկրին հողային ամբողջականութիւնը»: Արտաքին ու ներքին ճնշումներու դիմաց Հայաստան պէտք ունի քաղաքական ուրոյն գիծ մը որդեգրելու, հեռու միջազգային խաղերէն: Դժբախտաբար, Հայաստանի իշխանութիւններն ալ իրենց կարգին սկսած են չարաշահել պետական վարչամեքենային ուժը, ինչպէս պարզուեցաւ ապրիլին կայացած ցոյցերուն ընթացքին: Որեւէ երկրի ընդդիմութեան չխոստովանուած ցանկութիւնը այն է, որ պետական ուժը պահ մը մոլորի եւ չափազանցեալ բռնութեան դիմէ: Այդ կերպով արդէն հանրային կարծիքը լարած կ՛ըլլայ ընդդէմ իշխանութեանց եւ կ՛ապահովէ միջազգային գութի դափնեպսակ մը: Այդ հարցերը, ինչպէս ժողովրդավարական սկզբունքներու պահպանումը նախապատուութիւններ (prioritis) են, որոնց երկիրը ի վերջոյ պէտք է անդրադառնայՙ անգամ մը որ ներքին կայունութիւնը վերահաստատուի: Այդ պարագային նաեւ պետութիւնը պէտք է կեդրոնանայ ժողովուրդին կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութեան վրայ: Երկար ատեն Հայաստան իր ապահովութեան գրաւը դրաւ ռուսական ռազմական օժանդակութեան վրայ. սակայն տեսնելով բոլոր ճակատներու վրայ Ռուսաստանի յայտնաբերած նահանջըՙ յստակ կը դառնայ թէ ապահովութեան այդպիսի գործօն մը ո՞րքան վստահելի է եւ Հայաստան պէտք ունի մշակելու այլընտրանքային քաղաքականութիւն մը: Շատ հաւանաբար այդ պատճառաւ է, որ Հայաստան սկսած է իր գործակցութիւնը ՆԱՏՕ-ի կառոյցներուն հետ: Քայլ մը, որ Հայաստանի տարողութեամբ երկիր մը ստիպուած է առնելու, ուզէ թէ չուզէ: Վերջերս այս գրողը Հայաստանի պետական ամէնէն ազդեցիկ քաղաքական դէմքերէն մէկուն հարց տուաւ, թէ «մինչեւ ո՞ւր պիտի նահանջէ Ռուսաստանը». պատասխանը սահմռկեցուցիչ է. «Մինչեւ վերջ...»:

Այսօր Հայաստանի դիմաց դրուած հարցերն են զինուորական ուժի, տնտեսական զարգացումի եւ ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդումը:

Մինչ մէկ կողմէ Հայաստան իր ուժերը կը հաւաքէ դէմ դնելու թրքական եւ ազերիական սպառնալիքներուն, Սփիւռքը իր կարգին ունի կատարելիք լրացուցիչ դեր մը, յատկապէս Արեւմուտքի մէջՙ զօրացնելով իր քաղաքական գործունէութիւնը եւ հակակշռելով դէպի Ադրբէյճան թեքուող համակրութիւնները: Դժուար մարտահրաւէրներՙ հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան համար, սակայն անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններՙ Հայաստանի գոյութեան պահպանութեան համար:


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4