«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#74, 2005-04-26 | #75, 2005-04-27 | #76, 2005-04-28


ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՎՈՑ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ԶԱՎԵՇՏԸ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Մեր եկեղեցւոյ իշխանները առիթ չեն փախցներ պնդելու թէ, «մէկ ու միասնական է Հայաստանեայց եկեղեցին»: Այս հաստատումը ամէնէն բարձրաձայն յայտարարողները բուն խախտողներն են այդ միասնականութեան:

Հայաստանի անկախացման շրջանի պատուհասներէն մէկն ալ աղանդներու արշաւանքն է դէպի մեր ժողովուրդըՙ խախտելու համար մեր հաւատքի արդէն խարխուլ կառոյցները: Եւրոպական Միութիւնն ու Արեւմուտքըՙ շատ գիտակ աղանդներու աւերիչ դերին, կը քաջալերեն այդ արշաւանքըՙ «խղճի ազատութեան» լոզունգին տակ, իրականացնելու համար ամէնէն անխիղճ հետեւանքըՙ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ արմատներուն խախտումը:

Ի տես այս արշաւանքին, ոմանք ահաբեկած, կոչ կ՛ուղղեն առաջքն առնելու աղանդներու պատճառելիք աւերին մեր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ: Այդ կոչերը ինքնին իրաւացի են, սակայն, որդերը արդէն մտած են մեր եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ եւ Հայոց եկեղեցւոյ միասնականութեան խախտումովՙ պիտի դիւրացնեն աղանդներու պատճառելիք քայքայումը մեր հաւատքի կառոյցներէն ներս:

Եթէ տակաւին թերահաւատութիւններ կային, թէ գուցէ իրապէս միասնականութիւն մը գոյութիւն ունի Հայոց եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, այդ թերահաւատութիւններն ալ փարատեցան ի տես այն ողբերգա-զաւեշտական երեւոյթին, որ պարզուեցաւ Սրբազան Պապի յուղարկաւորութեան առիթով:

Արդարեւ, Սրբազան Պապին վախճանման առիթով մեր եկեղեցւոյ բոլոր աթոռներէն ու թեմերէն ցաւակցական պատգամներ յղուեցան Վատիկան. այսքանը բնական ու հասկանալի էր. սակայն, ինչ-որ անհասկանալի եւ անբնական էրՙ ամէն իշխանաւորի փութաջանութիւնն էրՙ փէշերը հաւաքելով Վատիկան վազելու, Հայաստանեայց եկեղեցին առանձին ներկայացնելու հիւանդագին ու ցուցամոլ մարմաջով մը:

Եթէ մէկ ու միասնական էր Հայաստանեայց եկեղեցին, ան պէտք էր ներկայացուած ըլլար մէկ պատուիրակութեամբ, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց հայրապետին: Սակայն, այդպէս չեղաւ:

Չենք գիտեր, թէ ինչպիսի հաղորդակցութիւն կայացաւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներու միջեւ միասնական պատուիրակութեամբ մը ներկայանալու. սակայն, պարզուած տխուր երեւոյթէն դատելով կրնանք եզրակացնել, թէ ոչ մէկ հաղորդակցութիւն կայացած է, կամ եթէ փորձ մը կատարուած է միացեալ ճակատով մը ներկայանալուՙ բացայայտօրէն ձախողած է ան կարգ մը եկեղեցականներու մենամոլութեան պատճառաւ:

Հազիւ թէ Մայր Աթոռը հաղորդագրութիւն մը հրատարակած էր, թէ Ամենայն Հայոց Հայրապետը Սրբազան Պապին յուղարկաւորութեան պիտի մասնակցէր Խաժակ Սրբազանի ընկերակցութեամբ, հաղորդագրութիւններ լոյս ընծայուեցան նաեւ Անթիլիասէն ու Պոլսէն, պարզելով զաւեշտական երեւոյթ մը զոր Շահնուր պիտի բնորոշէր իբրեւ «պատկերազարդ պատմութիւն հայոց»:

Հետաքրքրական է անդրադառնալ Անթիլիասի եւ Պոլսոյ հաղորդագրութիւններուն, ուրկէ կը պարզուի համապատասխան հոգեւոր իշխանաւորներուն յանձնապաստանութիւնըՙ հայոց հոգեւոր գերագոյն պետը նսեմացնելու բացայայտ ձգտումին առընթեր:

Այսպէս, Ապրիլ 7, 2005 թուակիր հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ ի լո՜ւր աշխարհին, թէ «Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը անձամբ պիտի մասնակցի Յովհաննէս Պողօս Բ. Պապի յուղարկաւորութեան յանուն աշխարհատարած հայ համայնքներուն, որոնք կը գտնուին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ». անշուշտ այս «աշխարհատարած»-ին մաս կը կազմեն նաեւ Պարսկաստանի, Յունաստանի, Մ. Նահանգներու եւ Կանադայի յափշտակուած թեմերը:

Այս «աշխարհատարած»-ը ինքնին հաստատել կ՛ուզէ, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս գլուխն է անոր, երբ մանաւանդ չի նշուիր, թէ Հայաստանեայց եկեղեցին ի հոգեւորս գերադաս մարմին մը ունի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:

Գալով Ապրիլ 6 թուակիր Պոլսոյ պատուիրակութեան հաղորդագրութեան, այդտեղ աւելի մեծ աճպարարութիւն մը բեմադրուած է: Այսպէս, աւետելէ ետք Մեսրոպ Սրբազանի Հռոմ մեկնելու լուրը, կ՛ըսուի. «Մեսրոպ պատրիարք դէպի Հռոմ պիտի ճամփորդէ էքումենական պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա-ի հետ, վերջնոյն անձնական օդանաւով»:

Ինչպէս ծանօթ էՙ Բարթուղիմէոս պատրիարք Յունաց տիեզերական պատրիարքն է, հետեւաբար Արամ կաթողիկոսի «աշխարհատարածը» քիչ մը նեղ թուած է Մեսրոպ պատրիարքի յաւակնութեանց ու ան որոշած է «տիեզերական» թեւերով հասնիլ Հռոմ:

Այսքան բարձրաթռիչ յաւակնութիւններն ալ կարծես բաւարար չըլլային, հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Մեսրոպ պատրիարք Հռոմի մէջ պիտի զիջանի հանդիպիլ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որոնք իրենց շքախումբերով պիտի գտնուին Հռոմ (կարծէք վերջինները զբօսապտոյտի գացած ըլլային):

Այս առիթով պէտք է վերառնել նաեւ ուրիշ երեւոյթ մը, որ Հայաստանեայց եկեղեցին կտրատելու ու նսեմացնելու ցանկութենէն կը բխի. արդարեւ, Անթիլիասի կաթողիկոսարանը, որ ի ժամու եւ ի տարաժամու հաղորդագրութիւններ հրատարակելու ցանկութեամբ տարուած է, սկսած է մաքսանենգութեամբ հեղինակութիւն ապահովելու գործին: Արդարեւ, ամէն հաղորդագրութեան ներքեւ պարտաճանաչ կերպով աւելցնելով հետեւեալ ծանօթագրութիւնը. «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Հայաստանեայց ուղղափառ եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսութիւններէն մէկն է»: Ոչ ոք կրնայ առարկել, թէ ըսուածը սխալ է. խաբեբայութիւնը, սակայն, չըսուածին մէջն է: Հայաստանեայց եկեղեցին մէկ գլուխ ունի իր Սուրբ Էջմիածնով. ուրիշ որեւէ հաստատումՙ կը բացայայտէ եկեղեցին պառակտելու եւ անոր հոգեւոր գերագոյն պետը վարկաբեկելու նկատում մը: Ուրեմն, Արամ կաթողիկոսին համար Հայաստանեայց եկեղեցին երկգլխանի անբնական մարմին մըն է:

Մեսրոպ Սրբազան, իր կարգին, որ ամէն ըմբոստական շարժում եւ պառակտում կապկելու կիրքով տարուած է, Անթիլիասի տարազը պատշաճեցուցած է իր հաշիւներուն, իր հաղորդագրութիւններուն կցելով հետեւեալ ծանօթագրութիւնը. «Հայաստանեայց Առաքելական ուղղափառ եկեղեցին չորս նուիրապետական Աթոռներ ունի աշխարհի մէջՙ Էջմիածին (Հայաստան), Անթիլիաս (Լիբանան), Երուսաղէմ (Սուրբ երկիր) եւ Իսթամպուլ (Թուրքիա), համապատասխանօրէն»:

Թէեւ «համապատասխանօրէնը» Պարոնեանի բացատրութեամբ կը թուի ըլլալ մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց, սակայն օտար ընթերցողին համար ոչ մէկ բան կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ է նուիրապետական կարգը այդ Աթոռներուն միջեւ:

Սրբազան Պապին մահուան առիթով պարզուեցաւ նաեւ Մեսրոպ սրբազանի ուրիշ մէկ տարօրինակութիւնը, չըսելու համար սրբապղծութիւնը: Այդ գայթակղութիւնը բացայայտողը թուրք լրագրող Մեհմէթ Եըլմազն է, որ «Միլիէթ» թերթի Ապրիլ 5-ի համարին մէջ կը գրէ. «9 նոյեմբեր 20001-ին Պապը, Էջմիածնի Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ համատեղ յայտարարութեան մէջ գործածեց Հայկական ցեղասպանութիւն բացատրութիւնը*: Իսթամպուլի Հայոց Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքը 12 նոյեմբերին նամակ մը ղրկեց Պապին եւ ըսաւ, թէ աւելի լաւ կ՛ըլլար որ իրենց կարծիքն ալ շօշափուէր անգամ մը, որովհետեւ Սուրբ գիրքը մեզի կը հրահանգէ մեր սիրտերէն նետել թշնամական զգացումները եւ խաղաղ կերպով ապրիլ միւս մարդոց հետ»:

Թուրք մամուլը սովորութիւնն ունի ստայօդ վերագրումներ կատարելու. սակայն, քանի Մեսրոպ սրբազան ցարդ չէ հերքած իրեն եղած վերագրումը, ուրեմն պէտք է ենթադրել, որ ամէն չափ ու կշիռ կորսնցուցած այս մարդը իսկապէս կատարած է այդ սրբապիղծ արարքը:

Այդ արարքով Մեսրոպ Սրբազան նախ իր ըմբոստութիւնը ցուցաբերած կ՛ըլլայ իր մեծաւորին նկատմամբ, յետոյ ալ, Պապէն աւելի Աւետարանը ուսումնասիրած ըլլալու յաւակնութեամբ, կը պահանջէ Սրբազան Պապէն, որ իր կարծիքը առած ըլլար նման յայտարարութիւն մը ստորագրելէ առաջՙ կարծէք բաւարար եղած չըլլար Ամենայն Հայոց Հայրապետին կարծիքը: Իսկ ամէնէն ահաւորը, Պապին կողմէ հարցուած չըլլալով հանդերձ ան որոշած է պարզել իր կարծիքը, խրատ տալով Պապին որ «սիրտէն դուրս նետէ թշնամական զգացումները»: Այսինքնՙ մեր նահատակները յիշելը «թշնամական» արարք մը կը նկատէ ան. թշնամութիւնՙ որո՞ւն նկատմամբՙ ոճրագործներո՞ւն...

Մեսրոպ Սրբազան կրնայ ամէն կարգի եւ տարօրինակութեան դիմելՙ հաճոյանալու եւ քծնելու համար թրքական իշխանութեանց, սակայն իրաւունք չունի այդ քծնանքը արտայայտելու մեր մեծ նահատակութեան հաշւոյն- թող հանգիստ ձգէ մեր մեռելները:

Ինչպէս կը տեսնուիՙ փոքր աւատապետութիւններ գոյացած են մեր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, եւ իւրաքանչիւր աւատապետՙ մեր եկեղեցւոյ մէկ կտորին կառչելով կ՛ուզէ մասնակիին թագաւորը դառնալՙ փոխանակ ամբողջով զօրանալու եւ զօրացնելու եկեղեցին:

Չենք գիտեր ի՞նչ ըսին եւ ի՞նչ տեսան օտար եկեղեցական շրջանակները Պապին յուղարկաւորութեան առիթով պարզուած հայկական զաւեշտին մասին. մէկ բան պարզ է, որ բոլոր անոնք, որոնք անձնական կամ հատուածական մանր յաղթանակներու երազով փութացին Հռոմՙ Հայաստանեայց եկեղեցին իր ամբողջութեան մէջ պարտութեան մատնելու եւ տկարացնելու տխուր դեր մը կատարած եղան:

Անոնք որ կը մերժեն նուիրապետական կարգերը յարգել, իրաւունք չունին մեր ժողովուրդէն յարգանք ակնկալելու:

Արդէն անոնք դատուած են պատմութեան առջեւ:

Երեւան

* Ճշտենքՙ Պապը Երեւանում օգտագործեց «Մեծ եղեռն» արտահայտությունը, հայերեն:

Ծ. Խ.


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4