Տիգրան Մանսուրեանի «Արուեստ քերթութեան» յօրինումըՙ նոր ձայն նոր ժամանակներու համար
ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, Դետրոյթ, ԱՄՆ
Մայիսի 22-ին Գլենդեյլում (Քալիֆորնիա, ԱՄՆ) «Լարք» երաժշտախմբի կողմից (խմբավարՙ Վաչե Պարսումյան) մատուցվել է ականավոր կոմպոզիտոր Տիգրան Մանսուրյանի «Արվեստ քերթողության» երգաշարը, որի մասին ստորեւ ներկայացվող հոդվածն ավելին է, քան սոսկական թղթակցությունը: Հայտնի հրապարակախոս եւ գրականագետ Ե. Ազատյանը սույն հոդվածով հաճելիորեն դրսեւորում է նաեւ երաժշտական մեկնաբանի կարողություններ:
Երբ Քարլ Օրֆ Բիւրըն քաղաքին մէջ գտաւ միջնադարեան լատիներէնով գրուած ձեռագիր պատումներ, ներշնչուեցաւ անոնցմով, որովհետեւ այդ պատումները կը փառաբանէին երկրային ու սեռային հաճոյքները, ժամանակամիջոցի մը, երբ հոգեւոր կեանքը կլանած էր մարդու մտային հորիզոնը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ. հոգեւորէն անձնակեդրոն կամ մարդակեդրոն անցումը կը նշէր արշալոյսը Եւրոպական Վերածնունդին: Բացի այդ պատմական նշանակութիւններէն, այդ պատումները այնքան լի էին կենսայորդ եւ անվարագոյր նկարագրութիւններով, որ խթանեցին գերմանացի երգահանը յօրինելու իր գլուխ գործոցըՙ «Քարմինա Բուրանա» երգաշարը, որ պիտի գերազանցէր Քարլ Օրֆի մինչ այդ յօրինած գործերը եւ որուն պիտի սիրահարուէր նոյնինքն երգահանը:
Տիգրան Մանսուրեանի բազմաձայն խառն երգչախումբի համար յօրինած երգաշարը եւս կը թուի նոյն որակին ըլլալ, եթէ ոչ միեւնոյն ճակատագրով:
Մանսուրեանի ա կապելլա երգաշարը օգտագործած է Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններըՙ քերթողութեան եւ յօրինողութեան կատարեալ ներդաշնակութեամբ մը: Ընդհանրապէս երգերը, երգչախմբային գործերը եւ նոյնիսկ օպերաները կ՛օգտագործեն միջակորակ բառեր, որոնք միայն թռիչք կ՛առնեն երաժշտութեան թեւերով, եւ զարմանալիօրէն ոչ երգահանները եւ ոչ ալ ունկնդիր հասարակութիւնը մտահոգիչ կը նկատեն այդ երեւոյթը:
Անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր, օրինակ, Բեթհովէնի 9-րդ համանուագին, որուն երգչախմբային մասը օգտագործած է Շիլլէրի հանճարեղ բանաստեղծութիւնը: Մանսուրեան մտաւորական երաժիշտ մըն էՙ քաջածանօթ աշխարհի գրականութեան, ինչպէս հայ գրականութեան: Ան, արդիական շատ մը երաժիշտներու նման կ՛ընտրէ հաւասարապէս իմացապաշտ քերթուածներ, երբ կը ձեռնարկէ իր յօրինողական հետազօտութեանցՙ արուեստի նոր տարածութիւններ եւ նոր սահմաններ նուաճելու: Երգահանին կողմէ ընտրուած չարենցեան գործերը աւելի տխուր ու խոհական տրամադրութիւններ ունին, որոնք ժամանակագրականօրէն կ՛երկարին 1915-էն մինչեւ 1936-ի ճակատագրական թուականը, ընդգրկելով երկու եղերական իրադարձութիւններով սահմանուած ժամանակաշրջան մը:
Այս երգաշարին մէջ կ՛ուրուագծուին կնոջական երեք դիմաստուերներ. առաջինըՙ եթերային ու երազային «էմալէ պրոֆիլը ձեր» քերթուածի հերոսուհին է. երկրորդըՙ Մանոն Լեսքոն է, Չարենցի կողմէ երգուած Ապպէ Փրեվոյի վէպին անկեալ հրեշտակը, որ Փուչչինիի համանուն օպերային հերոսուհին է միեւնոյն ատեն: Վերջինը Չարենցի կինըՙ Իզաբելլան է, «Անվերնագիր» քերթուածին մէջ ուրուագծային ներկայութեամբ: Այնտեղ, Չարենց կարծէք մահուան դէմ յանդիման կը գտնուի. նոյնիսկ, կենաց ու մահուան սահմանագիծը անցնելով կը նայի դէպի ետ, տեսնելու համար, թէ ինչպէս տունէ տուն կը յածի իր մահուան տխուր գոյժը: Կերպով մը հոգեհանգիստ մըն է յօրինուած երկը եւ ուղղուած իրեն:
Արդարեւ, ընտրուած քերթուածները երջանիկ բարեխառնութիւն մը չունին, սակայն, խթանիչ են իմացական կերպով:
Երգաշարը կ՛ընթանայ դանդաղ գնացքով մը, երբեմն ռեչիթաթիւ հանգրուաններով: Քիչ անգամ կ՛արագանայ այդ ընթացքը, ինչպէս «Անքնութիւն» բաժնին մէջ («Դոփում են, դոփում են, դոփում են ձիերը») կամ «Աշնան երգ»-ին մէջ («Ծնծղաներ, աշնան ծնծղաներ»): Ունկնդիրը ի զուր պիտի ուզէր կառչիլ մեղեդիական գիծի մը, որ շուտով պիտի հատուէր անծանօթին եւ անորոշին սահմաններուն մէջ: Այդուհանդերձ ունկնդիրը կը հաճոյանայ ներդաշնակման (harmonic) հնարամիտ լուծումներով: Խմբավար Վաչէ Պարսումեան, իր բերանացի մեկնաբանութեան մէջ երաժիշտին թեքնիքը բաղդատեց 19-րդ դարու ֆրանսացի բանաստեղծ Լը Քոնթ դը Լիլի քերթողութեան հետ, ուր երկու անյարիր բառեր զուգորդուելով կ՛արտայայտեն նոր գաղափարներ կամ կ՛արտացոլացնեն նոր պատկերներ (Չարենցի քերթուածը եւս ակնարկութիւն մը ունի դը Լիլին). կարծէք ձայնանիշներ կը մարտնչին իրարու հետ նոր գաղափարներ ու պատկերներ ցոլացնելու ապադաշնութեան (dissonance) մէջ:
Պալեստրինայի հոգեւոր երաժշտութեան ու Գրեգորեան շարականներու խաբկանքը եւս պահ մը կը յածի մթնոլորտին մէջ:
Պարսումեան իր մեկնաբանութիւնները եզրափակեց հաստատելով, որ Կոմիտասէն ի վեր ոչ մէկ երաժիշտ կարողացած է այսպիսի արդիական տարազով մը սահմանել իր երգչախմբային գործը:
Յօրինելով հանդերձ արդիական գաղափարներով ու ոճով, Մանսուրեան չէ խզուած իր ազգային արմատներէն, որոնք հանդէս կու գան բազմաձայն խառն խումբի համար գրուած իր այս երգաշարին մէջ:
Ունկնդիր կարգ մը երաժիշտներ չվարանեցան այս գործը որակելու գլուխ գործոց մը, զոր կարելի է դասել ժամանակակից երաժշտութեան մեծերու ձայնային յօրինումներու կողքին, ինչպէս Լեոնարդ Բերնշթայնի, Ուիլյամ Բերիոյի, Ալբան Բերգի, Գորեցքիի, Արվօ Փարթի եւ Պենդերեցքիի ստեղծագործութեանց:
Երաժշտութիւնը հեռու էր ողոքիչ ըլլալէ, աւելի խռովող ու խորազննող էր, երբեմն, նոյնիսկ, գրգռիչՙ զգայարանքներուն: Կարծէք ան աւելի հարցումներ կը յարուցանէր, քան պատասխաններ կը գտնէր զգացական եւ ընկերային տագնապներու: Երբ ունկնդիրը կը բաժնուի սրահէն, անլոյծ հարցեր կը տանի իր հետՙ ապագային լուծելու համար զանոնք կամ այլապէս յաւիտեանս մաքառելով անոնց իմաստային անմատչելիութեամբ:
Խմբավարին բերանացի մեկնաբանութիւններն ու բեմի կողքին պաստառներուն վրայ երեւցող բառերը աւելի եւս սատարեցին երաժշտութեան ընկալման, հասկացողութեան ու վայելքին: Արդարեւ, տեսիլք եւ խիզախութիւն հարկաւոր են այս որակի արդիական երաժշտութիւն մատուցանելու մեր հասարակութեան եւ յոտընկայս ծափեր խլելու: Այդ իրողութիւնն է, որ Վ. Պարսումեան պարզեց Մայիս 22, 2005-ի համերգին, որ կայացաւ Կալիֆորնիոյ Գլենդէյլ քաղաքի Փրեսփիթերիըն եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Խմբավարը խստապահանջ չափանիշներով ամէնէն կատարելագործուած խմբերգային գործ մը յաջողած էր մատուցանել «Լարք» երգչախումբին միջոցաւ: Համերգը յատկանշուեցաւ օրինակելի ներդաշնակութեամբ եւ նրբերանգներու թափանցումով: Թէեւ մենակատարներու դերերը մասնաւորաբար ուշագրաւ կերպով չէին շեշտուած, սակայն Մայքըլ Ֆրիդ եւ Ալենուշ Եղնազար պատասխանատուութեամբ գլուխ հանեցին իրենց դերերը: Ունկնդիրները սրահէն մեկնեցան խառն զգացումներով. ոմանք չյաջողեցան ճշդիւ որոշել, թէ սիրա՞ծ էին երաժշտութիւնը, սակայն ստուար զանգուածը մեկնեցաւ այն գոհունակութեամբ, որ նոր հորիզոն մը նուաճուած էր արդի հայ երաժշտութեան մէջ: Շնորհաւորելի էր նոյնպէս ունկնդիր հասարակութիւնը, որ կարողացաւ ընդունիլ եւ գնահատել այսպիսի արդիական երաժշտութիւն մը, ձայնային այս քոնչերթօն, որ սահմանուած էր նոր ուղի բանալու մեր երաժշտութեան բնագաւառէն ներս:
Միջոցի խուզարկման եւ ընկերային պայթումներու այս դարուն, երբ գիտական աշխարհը սրընթաց կը յառաջանայ, ետին թողելով մարդու բնախօսական ու հոգեբանական յառաջխաղացքըՙ ժամանակակից երգահանները կը լարեն իրենց ընկալուչները (radar) որսալու չլսուած եղանակներ եւ անսովոր ներդաշնակութիւններ, նոր սահմանագիծեր հաստատելով ստեղծագործական կեանքի մէջ:
Կարա Մուրզա, Եկմալեան, Չուխաճեան եւ Կոմիտաս արհեստավարժ երաժշտութիւն մատուցեցին հայ հասարակութեան, սակայն, ժամանակի ընթացքին արհեստավարժ երաժիշտներ, երգիչներ ու կատարողներ իրենց յաջողութիւնը փնտռեցին ու գտան հայ շրջանակներու սահմանէն դուրս, ասպարէզը բաց թողելով միջակութիւններու դիմաց: Վաչէ Պարսումեան եւ իր «Լարք» երաժշտական ընկերութիւնը կը թուին շրջած ըլլալ այդ ընթացքըՙ դասական հսկաներու կողքին հայ տաղանդներու ստեղծագործութիւնները հրամցնելով հայ հասարակութեան: Եւ ատովՙ վաստակելով ընդունելութիւն ու գնահատանք:
Մայիս 22-ի համերգը ձօնուած էր «Լարքի» նուիրեալներէն Մարիանա Ղազարեանցի յիշատակին:
Արդարեւ, պատշաճ եւ արժանի ձօն մը: