«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#146, 2005-08-19 | #147, 2005-08-20 | #148, 2005-08-23


ՅՈՅՍԻ ՆՇՈՅԼՆԵՐՙ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ՎՐԱՅ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Բոլոր անոնք, որ հետեւած են Հիւսիսային Իրլանտայի եւ պաղեստինեան տագնապներուն, անոնց շուրջ կատարուող բանակցութեանց, յոյսի եւ յուսալքումի ելեւէջներունՙ վստահաբար վերապահութեամբ պիտի դիմաւորեն Ղարաբաղեան տագնապին շուրջ հաւաստուող կարգ մը յուսադրիչ զարգացումները: Արդարեւ, Ղարաբաղն ալ, միջազգային կարգ մը անլուծելի հանգոյցներուն նման, անցած է եւ տակաւին պիտի անցնի բազմաթիւ փուլերէ եւ ենթակայ պիտի մնայ կողմերու սակարկութեանց, ծայրայեղական ուժերու սպառնալիքներուն, բայց մասնաւորաբարՙ միջազգային ուժերու շահերու բախման կամ համադրութեան:

Այսուհանդերձ, վերջին շրջանի դիւանագիտական շարժումներու աշխուժացումը, նախագահներ Քոչարեանի եւ Ալիեւի Վարշավիոյ հանդիպումը, ինչպէս նաեւ արտգործնախարարներ Օսկանեանի եւ Մամետիարովի փարիզեան հանդիպումները բաւական յառաջացուցած կը թուին ըլլալ լուծման մը հաւանականութիւնը: Ատիկա կը փաստեն նաեւ ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներու յաջորդական այցելութիւնները Բաքու, Ստեփանակերտ եւ Երեւան:

Ակնկալութիւններով լի նման հանգրուան մը պարզուած էր Ռոպերտ Քոչարեանի եւ Հեյտար Ալիեւի Քի Ուեստի հանդիպման (ապրիլ 2001) վաղորդայնին, երբ ազերի կողմը հաշտուած ըլլալ կը թուէր Ղարաբաղի կորստեան հետ, ակնկալելով միայն երես փրկելիի համաձայնութեան տարազ մը: Սակայն, հայր Ալիեւի առողջական վիճակին վատթարացումը ու անոր մահը, ամբողջութեամբ շրջեցին կացութիւնը: Որդի Ալիեւը, չունենալով իր հօր ուժն ու հեղինակութիւնը, փորձեց անզիջող քայլով մը հանդէս գալ եւ յայտարարեց, թէ պէտք է բանակցութեանց ձեռնարկել սկիզբէն: Այսօր, այնպէս կը թուի թէ այդ բանակցութիւնները արդէն բոլորած են իրենց շրջանը եւ երկու երկիրները կը գտնուին պայմանագիր մը սահմանելու եւ ստորագրելու նախօրէին: Նոյնիսկ կը կատարուին կարգ մը լաւատես նախատեսութիւններ, որ յառաջիկայ օգոստոս 28-ին ռուսական Կազան քաղաքին մէջ կայանալիք Քոչարեան-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին ստորագրուի համաձայնագրի մը նախնական փրոթոքոլը, վերջնական համաձայնագրին կնքումը նախատեսելով ընթացիկ տարուան վախճանին կամ յառաջիկայ տարուան սկիզբը:

Նախքան վերլուծական ակնարկ մը նետելը շրջանային ու միջազգային այն ազդակներուն, որոնք կրնան սատարած ըլլալ այս հանգրուանի յաջողացմանՙ կ՛արժէ անդրադառնալ բուն համաձայնագրին թէ ի՞նչ կու տայ կամ չի տար ան հակամարտ կողմերուն:

Թէեւ հրապարակի վրայ տակաւին գոյութիւն չունի ամբողջական պատճէնը պայմանագիրի մը նախագիծին, սակայն շրջան ընող զրոյցներէն եւ բանակցող կողմերու յայտարարութիւններէն տուեալներ քաղելով կարելի է հարեւանցի պատկերացում մը կազմել հասկացողութեան հիմնական կէտերուն մասին:

Առաջին ակնարկով կարելի է հաստատել, թէ ԵԱՀԿ-ի բանագնացները մեծ ճիգեր թափած են «ոչ-յաղթող, ոչ-պարտեալ» տարազի մը յանգելուՙ համաձայնութեան մը կարելիութիւնը աւելի հաւանական դարձնելուն համար:

Ուրեմն, հաւանական համաձայնագիրը կ՛ստորագրուի հետեւեալ տուեալներով.

1.- Կողմերը կը համաձայնին 10-15 տարուան շրջանին կայացնել հանրաքուէ մը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որոշելու համար երեք իրավիճակներէն մէկը. ա)վերադարձ Ատրպէյճանի կողմին, բ) միանալ Հայաստանին կամ գ) պահպանել անկախ գոյավիճակ մը: Սկիզբը ազերիները պնդած են թէ հանրաքուէն պէտք է կայանայ միանգամայն թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սակայն կը թուի թէ համակերպած են սահմանափակելու զայն միայն Լեռնային Ղարաբաղեն: Այնտեղ եւս Ատրպէյճանը կրնայ հեռանկարներ փայփայելՙ յոյսը դնելով ազերիներու սերնդագործական կարողութեան վրայ, որուն հետ հայերը դժուար թէ կարենան մրցել: Այնտեղ հարց կը դառնայ թէ քանի՞ ազերի պիտի վերադառնայՙ բնակելու համար Ղարաբաղի մէջ եւ մասնակցելու հանրաքուէին: Պատերազմէն առաջ 40,000 կը հաշուէր ազերիներու թիւը հայերու 150,000-160,000-ին դիմաց: Եթէ անցնող 15 տարիներուն ազերի գաղթականներու թիւը կրկնապատկուած է եւ վերադարձէն ետքն ալ դեռ բազմապատկուելու հնարաւորութիւն կայ յաջորդ 15 տարիներուն, հանրաքուէի արդիւնքը կը մնայ թէական: Եթէ որդեգրուին սովետական շրջանին վերջին հանրաքուէին տուեալները, տոկոսային համեմատութիւնը պիտի ըլլայ 80 տոկոս 20 տոկոսի դիմաց:

2.- Հայկական կողմը գրաւեալ 7 շրջաններէն հինգը անմիջապէս կը վերադարձնէ Ատրպեյճանինՙ Քելբաջարի ճակատագիրը թողելով ապագային, իսկ Լաչինը յանձնելով Ստեփանակերտի իշխանութեանց: Գրաւեալ տարածքներու յանձնումին դիմաց Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը վերցնեն Հայաստանի շրջափակումը: Ազերի գաղթականները կը վերադառնան իրենց բնակավայրը:

Այս պայմանին մէջ երկու վտանգաւոր հաւանականութիւններ գոյութիւն ունին.

ա.- հայկական կողմը միշտ վերապահ եղած էր գրաւեալ հողերու վերադարձին դիմաց շրջափակումը վերացնելու, որովհետեւ վերադարձուած հողերը կարելի չէ ետ գրաւել առանց պատերազմի, մինչ շրջափակումը կարելի է իրականացնել որեւէ ժամանակ, ըստ կամս, առանց պատերազմի, հետեւաբար այս անհաւասար պայմաններու իրագործումը կարելի պէտք է դառնայ միայն միջազգային երաշխիքով:

բ.- գրաւեալ հողերու վերաբնակեցումը ազերիներով կրնայ բնական ընթացք մը նկատուիլ, սակայն այդ գօտիները միայն ապազինեալ մնալու պայմանավ կարելի է վերադարձնել: Արդէն, այդ տարածքներուն գրաւումը ռազմագիտական նշանակութիւն եւ տրամաբանութիւն ունէր: Հետեւաբար կարելի չէ Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելՙ առանց ապազինեալ պահելու այդ տարածքները:

Վերադարձուելիք հինգ շրջաններն են Ղուբաթլու, Զանգելան, Ֆիզուլի, Ջեպրայիլ եւ Աղդամ: Քելբաջարի ճակատագիրը կ՛որոշուի հետագային:

3. Շրջափակման վերացումէն ետք գնացքի եւ մեքենաներու ճամփաները պիտի բացուին Աղդամի եւ Նախիջեւանի միջեւ, անցնելով Ղարաբաղէն, Լաչինէն եւ Հայաստանէն: Ճամփաներու վերահսկողութիւնը պիտի ստանձնեն միջազգային ուժերը, բացառելով ԵԱՀԿ-ի ուժերը եւ մանաւանդ ռուսական եւ թուրքական ուժերը, որոնք փոխադարձաբար ընդունելի չեն կողմերուն:

Երթեւեկութեան այս վերականգնումը ունի իր բացասական եւ դրական հետեւանքները. բացասականը այն է, որ Բաքուի իշխանութիւնը իր թոյլ հակակշիռը պիտի զօրացնէ Նախիջեւանի վրայ, աւելի եւս հեռացնելով հայապատկան Նախիջեւանի հաւանական կցումը Հայաստանին:

Միւս կողմէ այս դրութիւնը մեծ առաւելութիւն մը ունի Փոլ Գոբըլի առաջարկին վրայ, որ գրեթէ իրականութիւն պիտի դառնար Քի Ուեսթի մէջ: Արդարեւ, Հայաստանը իր հողատարածքին վրայ իր վեհապետական (sovereignity) իրաւունքը պիտի զիջէր Ատրպէյճանին, որ իր հակակշիռը պիտի հաստատէր Մեղրիէն անցնելիք ճանապարհին վրայ: Ատենին նախագահ Տէր-Պետրոսեան ըսած էր, թէ անգամ մը որ խաղաղութիւն հաստատուի կրնայ հայկական տարանցիկ երթեւեկութիւնը ազատօրէն անցնիլ Ատրպէյճանի հողատարածքէն եւ փոխադարձաբարՙ առանց հողային զիջումներու:

Այս համաձայնութեամբ այդ կացութիւնն է, որ պիտի իրականանայ:

4.- Ամէնէն կարեւոր եւ նշանակալից կէտը այն է, որ մինչեւ հանրաքուէի կայացումը Ատրպէյճան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը: Արդէն այնտեղ պետական կառոյցի մը ներկայութիւնը եւ ժողովրդավարական սկզբունքներով կայացող ընտրութիւնները փաստօրէն կը հաստատեն ինքնավար երկրի մը բոլոր տուեալները, որքան ալ մեծ պետութիւնները- ներառեալ մեզի բարեկամ - պնդեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ: Մինչդեռ պատմական եւ օրինական տուեալներով ոչ մէկ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս կազմած է: Միեւնոյն պետութիւնները եւ միջազգային մարմինները Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւեալ հողամասին վրայ թուրք փոքրամասնութեան պետական առանձին գոյութիւնը կը հանդուրժեն...

Երբ Ատրպէյճան ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ ինքնավար իրավիճակը, 15 տարի ետք շատ աւելի ամրապնդուած պիտի ըլլայ Ղարաբաղի այդ բնոյթը, որպէսզի միջազգային մարմինները շարունակեն խորհիլ զայն Բաքուի լուծին ենթարկելու:

Պարզ է թէ հայոց համար մէկ ելք միայն կայ հանրաքուէն ետք (որ պիտի պարտադրուի նաեւ Բաքուի իշխանութեանց)ՙ Ղարաբաղի կցումը Հայաստանին: Մինչ այդ սակայն, հայութիւնը մեծ գործ ունի կատարելիք պատմական այս առիթէն օգտուելուՙ զօրացնելով Ղարաբաղը տնտեսապէս եւ ազգագրականօրէնՙ երաշխաւորելու համար ցանկալի ելքը հանրաքուէին:

Գալով այն ազդակներուն, որոնք սատարած են համաձայնութեան հաւանականութիւնը զօրացնելու, բազմաթիւ են անոնք.

1.- Նախ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շրջափակելով Հայաստանը չկարողացան զայն ամբողջութեամբ մեկուսացնել եւ ծունկի բերել մեծ դժուարութիւններով հանդերձ, Հայաստան ոչ միայն վերապրեցաւ, այլեւ տնտեսական կարեւոր նուաճումներ արձանագրեցՙ աւելի քան Ատրպէյճանն ու Վրաստանը: Յետոյ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միջազգային հրապարակի վրայ վարկ կորսունցուցին շրջափակման պատճառով:

Թուրքիոյ պարագային շրջափակման վերացումը շնորհ մը չէ Հայաստանին: Արդէն եւրոպական միութեան ճնշումին դիմացՙ ուշ կամ կանուխ պարտաւոր էր վերջ տալու շրջափակման: Այս հանգրուանը պարզապէս ձեռնտու դարձաւ քաղաքականօրէն:

Ռուսաստանի նախկին բանագնաց Կազիմիրով յայտարարեց, թէ որքան բարձրաձայն ազերիները պնդեն շրջափակումը շարունակելուՙ այնքան աւելի հաւանական է անոր վերացումը: Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ. վերջերս թուրք վարչապետ Էրդողան Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ կոկորդապատառ շեշտեց, թէ Թուրքիա Ատրպէյճանի կողքին պիտի մնայ եւ պիտի շարունակէ Հայաստանի շրջափակումը, մինչեւ ազերի գրաւեալ հողերու վերադարձը, շատ լաւ գիտնալով, թէ արդի բանակցութիւնները ի՞նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանային:

2.- Նոյեմբեր 6-ին կայանալիք Ատրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւնները վստահաբար նշանակալից դեր մը ունեցան. Ալիեւ եւ իր շրջանակը ուզեցին աւելի ճկուն եւ խաղաղասէր երեւնալՙ առաջքն առնելու համար գոյնզգոյն նոր «յեղափոխութեան» մը: Ուրեմն, եթէ մինչեւ ընտրութիւն չամրապնդուի համաձայնագիրըՙ ընտրութենէն վերջ կրնայ վտանգուիլ անոր ճակատագիրը:

3.- Քարիւղը եւս իր դերը պէտք է կատարած ըլլայ: Քանի արդէն սկսաւ բանիլ Բաքու-Ճէյհան քարիւղատար խողովակըՙ անհրաժեշտ կը դառնար շրջանի կայունացումը, չխափանելու համար քարիւղի հոսքը դէպի Արեւմուտք:

4.- Ամերիկեան գործօնը ամէնէն կարեւոր դերը պէտք է կատարած ըլլայ: Ամերիկա տարբեր միջոցներով իր ձեռքի տակ առաւ Բաքուի եւ Թբիլիսիի իշխանութիւնները: Կովկասեան տիրապետութիւնը ամբողջացնելու համար պէտք ունէր նաեւ սիրաշահելու Հայաստանը:

Վերջերս Սինկապուրի վարչապետը Չարլի Ռոզի հետ հեռուստատեսային զրոյցի մը ընթացքին կ՛ըսէր, թէ Ամերիկա շատ մը տեղեր զինուորական ուժով կը պարտադրէ իր քաղաքականութիւնը, սակայն կան տեղեր, ուր պէտք է գործածէ նաեւ իր «մեղմ ուժը» (soft power): Կ՛երեւի Հայաստանի պարագային այդ մեղմ ուժն է, որ կը գործածէՙ նախ շարունակելով բաւական նշանակալից տնտեսական օժանդակութիւնը, ապա համոզելով թրքական եւ ազերի կողմերը որ չափաւորեն իրենց անզիջող դիրքաւորումը: Հակառակ անոր որ տակաւին վերջերս պետական քարտուղարութիւնը կը յայտարարէր թէ Ուաշինկթըն կը ջանար համոզել Թուրքիան, որ վերջ տայ շրջափակմանՙ սակայն չի կրնար Թուրքիոյ նման ինքնիշխան երկրի մը վրայ իր կամքը պարտադրել: Դիւանագիտական այդ ճամարտակութիւնները մէկդի դնելովՙ աշխարհ գիտէ թէ առանց Ամերիկայի կամքին կամ օրհնութեան ոչ մէկ հարց կը լուծուի: Այս պարագային եւս Ամերիկայի լռելեայն դերը նշանակալից պէտք է եղած ըլլայ:

Հայաստան, իր կարգին, դրականապէս պատասխանեց ամերիկեան քայլերուն, յատկապէս Կոսովօ եւ Իրաք խաղաղարար ուժեր ղրկելովՙ հակառակ, վերջինին պարագային, ժողովրդային ընդդիմութեան:

Ռուսաստանը սկսած է Կովկասեան թատերաբեմին վրայ անզօր դերակատարի պաշտօն մը վարելՙ չկարենալով դիմադարձել ամերիկեան ծաւալապաշտ քաղաքականութեան:

Ղարաբաղեան բանակցութիւնները այսօր կը գտնուին շատ զգայուն հանգրուանի մը. որեւէ արտաքին միջամտութիւն կամ ներքին վերիվայրում կրնար կացութիւնը ամբողջութեամբ յեղաշրջել:

Արդէն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր կողմերը նախատեսելիօրէն հակազդելովՙ սկսած են դատապարտել համաձայնութեան պայմանները: Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական մասնագէտներ, ինչպիսիք են Վաֆա Գիւլիզադէ եւ Էլտար Նամազով դէմ արտայայտուած են բանակցութեան ներքեւ գտնուող համաձայնագրին: Նման արձագանքներ լսուեցան նաեւ Հայաստանի ընդդիմադիրներէնՙ յատկապէս Վազգէն Մանուկեանէն եւ Արամ Սարգսեանէն: Ընդդիմադիր ձայները հակակշռող եւ հաւասարակշռող դեր մը կրնան կատարել, նոյնիսկ օգտակար, եթէ ծայրայեղ եւ ցնցիչ միջոցներու չդիմեն:

Թէեւ համաձայնագրին բոլոր տուեալները հրապարակուած չեն, ոմանք ալ դեռ ենթակայ են բանակցութեանց, սակայն այնպէս կը թուի, թէ վճարուելիք քաղաքական գինը ժամանակի ընթացքին արդարացած պիտի ըլլայ, եթէ Հայաստան մեկուսացումէ դուրս գալովՙ բռնէ ամբողջական զարգացման ճամփան եւ մանաւանդՙ երբ Լեռնային Ղարաբաղը վերջնականապէս կցուի Հայաստանին:

Սպասենք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ:

ԴԵՏՐՈՅԹ, ԱՄՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4