«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#148, 2005-08-23 | #149, 2005-08-24 | #150, 2005-08-25


ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԱԵՎ ԵՂԵՌՆԻ ԹԵՄԱՅՈՎ... ԾԻԾԱՂԻԼ

Յիսուն տարի արցունքը մեր կոկորդին սեղմածՙ չկարողացանք անգամ արտասուել Եղեռնի նիւթով. միայն յիսնամեակն էր, որ թուլացուց մեր արցունքի գեղձերը եւ միայն այդ առիթով անդրադարձանք ահաւորութեանը այն աղէտին, որ սահմանուած էր մեր ժողովուրդին. եւ ահա արդէն քառասուն տարի է որ կ՛ողբանք Եղեռնը, կը վերլուծենք անոր պատճառներն ու պատմութիւնը, սակայն դեռ ազգովին չենք կարողացած տեղադրել զայն մեր կեանքի տարողութեան մէջ:

Ի՞նչ պէտք է ընել, որ մենք կարենանք «մարսել» Եղեռնի իրողութիւնը. շարունակե՞նք լալ, սպանե՞նք թուրքը, պոռա՞նք աշխարհի երեսին, թէ՞ մասնակից դառնանք աշխարհի դիւանագիտական խաղերուն:

Այդ բոլորն ալ կարծէք թէ ըրած ենք. նաեւ գրած ենք վէպեր, բանաստեղծութիւններ, պատմագիրքեր: Ստորագրած ենք աղերսագրեր, հրապարակ իջեցուցած ենք բողոքի պաստառներ, սակայն այդ բոլորով չենք կրցած ազատագրուիլ այդ ահաւոր ցաւին յաճախանքէն ու տուայտանքէն:

Ահա յանկարծ բեմ կը բարձրանայ բազմատաղանդ ու բազմաշնորհ դերասան, յօրինող, երգիչ Վարդան Պետրոսեանը եւ կ՛ըսէ մեզիՙ «արի ծիծաղենք...»:

Ծիծաղի՞լ Եղեռնի թեմայով: Միթէ սրբապղծութիւն պիտի չըլլա՞ր: Այդ պիտի ըլլար հակազդեցութիւնն ու հարցումըՙ եղեռնով տառապող ոեւէ հայուն:

Սակայն, ծիծաղելու այս հանգրուանը որակական նոր իմաստ մը կը բերէ մեր ցաւին. կը նշանակէ թէ արդէն հասած ենք տեղ մը, ուր ալ կրնանք նուաճել այդ ողբերգութիւնը ու տիրապետել անոր եւ, ինչպէս դերասանը կ՛ըսէՙ «ողբերգութիւնը վերածել օրհնութեան, ինչպէս ըրած են հրեաները»: Այո՛, ծիծաղիլՙ առանց լղրճելու վեհութիւնը մեր ցաւին:

Թող յաւակնութիւն ու մեծամտութիւն չսեպուի, եթէ ըսեմ որ քայլերս վերապահութեամբ զիս առաջնորդեցին դէպի Ստանիսլաւսքիի անուան ռուսական թատրոնը, օգոստոս 23, 2005-ին, դիտելու համար Վարդան Պետրոսեանի «Վերելք» բեմադրութիւնը:

Ի՞նչ կրնար ինծի ընծայել Հայաստանի բեմըՙ Լաս Վեգասի եւ Բրոդուէյի հզօր «շօ»-երէն վերջ:

Կ՛երեւի շատ բան:

Վարդան Պետրոսեանի «Վերելքը» Կոմիտասի առանցքային տիպարին շուրջ հիւսած է Եղեռնի թեման, պատմական հարուստ տուեալներով, դէպքերու կայծակնային ետառաջութեամբ, Վարդան Մամիկոնեանի սրբատիպ ու քանդակնային տիպարէն մինչեւ այսօրուան «խարոշի» բիզնէսմէններըՙ երգի, պարի, լոյսի, երաժշտութեան ամէնէն ճաշակաւոր բեմադրութեամբ ու փայլատակումներով:

Դժուար պիտի ըլլար սահմանել, թէ Վարդան Պետրոսեանի դերասանական կատարո՞ւմն էր աւելի գերազանց, թէ՞ երգելու ու պարելու շնորհները: Այսուհանդերձ այդ բոլորը միացած կը սատարէին ունկնդիրի վայելքին, որ կլանուած ու նուաճուածՙ յանձնուած էր տաղանդաւոր արուեստագէտի գիտակ քմայքներուն:

Արդարեւ, նոր մակարդակ մը: Վարդանը հայկական թեման տարած էր Բրոդուէյ ու Բրոդուէյը բերած էր Երեւան. մշակոյթներու հզօր խառնուրդով ստեղծած էր ինքնատիպ եւ ինքնուրոյն ներկայացում մը:

Այսքանըՙ դերասանական տաղանդի, երաժշտութեան, պարի եւ լոյսերու, գեղագիտական եւ զգայազրկող հմայքին ներքեւ:

«Վերելք»-ին ամէնէն հզօր բաժինը, անոր կիզող ներքին վէրքն էր, եղեռնէն քաղուած դասին մէջ:

Քիչ թէ շատ ոեւէ գիտակ հայ տեղեակ է եղեռնի պատմական տուեալներուն, հայ-թուրք յարաբերութեանց, համիտեան ջարդերուն, երիտթուրքերու դաւադիր վարքին, Ատանայի աղէտին, մտաւորականներու աքսորին, Կոմիտասի գժանոց առաջնորդուելուն, Սիամանթոյի «պար»-ին, Տէր Զօրի կիզիչ արեւին, որոնք բոլորը միացած տակաւին կ՛այրեն մեր ներսիդին:

Սակայն, Վարդան Պետրոսեանի նման տաղանդ մը պէտք էր, որ գար ու պատմութեան խառնարանէն մի առ մի վերցնէր այդ տուեալները, զանոնք շրջելովՙ քաղաքական ու պատմական դասերու վերածելու եւ զանոնք հրամցնելու մեզիՙ արտակարգ հումորով, պայթուցիկ պաթոսով ու նաեւ... յորդառատ արտասուքներով:

Երգի, պարի, խօսքի, լոյսի ենթախորքի լուսարձակումներու համադրութիւնը համակարգ մըն է, որ կարելի է առանձին նիւթ դարձնել այլ յօդուածի մը:

«Վերելքը» քարոզութիւն մըն է: Գեղարուեստական ամէն նիւթ քարոզութիւն մըն է. սակայն միայն արուեստագէտն է որ կրնայ քարոզութիւնը ընծայել գերազանց արուեստով: Մանաւանդՙ Եղեռնի թեման այնպիսի ահաւոր նիւթ մըն է, որ անպայման պիտի արիւնոտէր ձեռքերը բոլոր անոնց որոնք պիտի ուզէին զայն փոխադրել գեղարուեստի բնագաւառը:

Նոյնիսկ «Արարատ» ֆիլմը մեզ մատնած էր շփոթութեան: Արշիլ Գորկիի առանցքային տիպարը որքանո՞վ նուաճած եղաւ Եղեռնի թեմանՙ հայուն եւ օտարին համար:

Տակաւին հարցումը կը մնայ օդին մէջ: Սակայն, Վարդան Պետրոսեանի «Վերելքը» դիտող հանդիսատեսը դուրս կու գայ սրահէն Եղեռնի թեման դաշոյնի նման մխուած իր սիրտին, միտքին, էութեան ու միսերուն:

Փորձեցէք հիմա ձեր ոտքը դնել Բրոդուէյ, տեսնենք Վարդան մը պիտի գտնէ՞ք այնտեղ:

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, Երեւան


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4