ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Մեր ամէնէն գեղագէտ գրողներէն Միքայէլ Ս. Կիւրճեան կ՛ըսէր, թէ գրական իր ճաշակը յատկապէս կը պարտէր իր մօրը, որ միշտ պատկերալից բացատրութիւններ կ՛օգտագործէր իր պարզ խօսակցութեան մէջ: Օրինակ, փոխանակ ըսելու թէ ծովը կատղած էՙ կ՛ըսէր «ծովը տաճկցեր է», այսինքն, կատաղութիւնն ու վայրագութիւնը հոմանիշներ դարձած էին տաճիկին կամ թուրքին:
Այսօրուան «դեմոկրատացած» Թուրքիոյ պարագային, ցեղապաշտ բնորոշո՞ւմ մըն է արդեօք վերոյիշեալ բացատրութիւնը: Այդ հարցումին պատասխանը կրնան տալ միայն անոնք, որոնք իրենց մորթին վրայ զգացած են թուրքին վայրենի բարքերը դարեր շարունակ:
Այսօր եւս այդ «տաճկացում»ը, թրքական այդ վայրագ բարքերը կը շարունակեն կիրարկուիլ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց նկատմամբ, Եւրոպայի քիթին տակ եւ մասնաւորաբար այն պահուն, երբ Թուրքիա ամէն պատճառ ունի քաղաքակրթեալ ու բարեկարգուած երեւնալու, պարզապէս ընդունելի դառնալու համար Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածութեան, որուն շուրջ բանակցութիւնները պիտի սկսէին երէկ:
Սակայն Թուրքիա մէկ կողմէ կը շարունակէ կիրարկել իր միջնադարեան օրէնքներըՙ փոքրամասնութեանց նկատմամբ, ու միւս կողմէ արտաքին գործոց նախարար Գիւլ կը յայտարարէ, թէ Անկարան այսուհետեւ պիտի մերժէ որեւէ զիջում կատարել Եւրոպային, կարծէք թէ ինքզինք բարեկրթելով շնո՛րհ մը ըրած ըլլար Եւրոպական Միութեան, որուն պահանջն է, որ Թուրքիան եւրոպական չափանիշով օրէնքներ ընդունելով առաջին հերթին մարդավարի վերաբերում մը ցուցաբերէ իր իսկ քաղաքացիներուն եւ իր մականին ներքեւ ապրող փոքրամասնութեանց նկամամբ:
Աբդուլլա Գիւլի յայտարարութիւնը համազօր է ըսելու, թե Թուրքիան պիտի մերժէ քաղաքակրթուիլ եւ իր միջնադարեան տրեխներով մուտք պիտի գործէ Եւրոպական Միութեան դարպասներէն ներս: Թուրքիա իր սահմանադրութեան մէջ կարգ մը օրէնքներու փոփոխութիւններ որդեգրեցՙ իբրեւ թէ հասնելու համար եւրոպական չափանիշներուն: Նոյնիսկ նոր օրէնքներ որդեգրուեցան իսլամական եւ ոչ-իսլամական վաքըֆներու (կրօնական բարեգործական կալուածները տնօրինող մարմիններ) միջեւ խտրականութիւնը վերացնելու: Իրողութիւն մը, որ ժամանակաւոր ոգեւորութիւն մը ստեղծեց յատկապէս յոյն եւ հայ համայնքներու մօտ, պահ մը խաբկանք ներշնչելով, որ այսուհետեւ պետութիւնը իր ծուռ օրէնքներով պիտի չգրաւէ փոքրամասնութեան կալուածները: Մամուլը պահ մը նաեւ արտայայտուեցաւ ցարդ գրաւուած կալուածնելու վերադարձին կամ փոխհատուցման մասին: Սակայն, երբ ոգեւորութեան մթնոլորտը փարատեցաւ, պարզ դարձաւ, որ թուղթի վրայ ընդունուած օրէնքներուն եւ անոնց կիրարկումին միջեւ տակաւին ահաւոր անջրպետ մը կը շարունակէ մնալ:
Թուրք իշխանութիւնները օգտագործեցին նաեւ Հայոց պատրիարքը, զայն դուրս բերելով իր կրօնական հանգամանքէն ու քաղաքական առաքելութեամբ ղրկելով Եւրոպա, որպէսզի դիմումներ կատարէ եւրոպական պետութեանց մօտՙ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը դիւրացնելու համար: Պատրիարքին Պոլիս վերադառնալէն ետք թրքական իշխանութիւնները, վաքըֆներու եւ զանազան նախարարութեանց գրասենեակները թրքական աւանդական կենցաղավարութեամբ կեղծիքի եւ շողոմանքի սահմանէն անդին չգացին եւ ոչ միայն կալուած չվերադարձուցին, այլեւ շարունակեցին նոր կալուածներ յափշտակել: Այսօր, Պոլսոյ հայ համայնքը, հաւանաբար քաջալերուած Յունաց Տիեզերական Պատրիարքի օրինակէն, քաջութիւնը ունեցած է իր կալուածներուն գրաւման հարցը ներկայացնելու Եւրոպական դատարան: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը պիտի քննէ Թուրքիոյ հայոց եւ յունաց ձեռքէն խլուած համայնքային կալուածներու պարագան: Յիշեալ դատարանը հիմնուած է Սթրասբուրգի մէջ 1959-ինՙ դատելու համար 1950-ին Եւրոպական համաձայնագրի մարդկային իրաւանց բռնաբարումները: Եօթ դատաւորներէ բաղկացած ատեանը պիտի քննարկէ Ֆենէրի մանչերու յունական լիսէի վաքըֆին եւ հայոց Եդիքուլէի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի վաքըֆին ներկայացուցած բողոքները: Երկու վաքըֆներու կանոնադրութիւնները կը համապատասխանեն 1923-ի Լոզանի դաշնագրով երաշխաւորուած փոքրամասնութեանց բարեսիրական կազմակերպութեանց օրէնքներուն, որոնցմով պաշտպանուած են կրօնական համայնքներու հանրային ծառայութեան նուիրուած հիմնարկները:
1952-ին յունական Լիսէի վաքըֆը նուէր ստացած էր շէնքի մը մէկ մասը Պոլսոյ մէջ, իսկ 1958-ին գնած էր միեւնոյն կալուածին մնացեալ բաժինը: Իսկ Եդիքուլէի Հայոց Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի վաքըֆը 1943-ին կալուած մը նուէր ստացած էր Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին, իսկ ուրիշ կալուած մըն ալ 1967-ին Քատըքէօյի մէջ:
1992-ին Թուրքիոյ ֆինանսներու նախարարութիւնը դիմած է Պոլսոյ գերագոյն ատեանին, պահանջելով, որ յիշեալ կալուածներու պաշտօնաթուղթերէն ջնջուին հայկական եւ յունական վաքըֆներու անունները իբրեւ կալուածատէր եւ այդ կալուածները դառնան սեփականութիւնը ֆինանսներու նախարարութեան: Գերագոյն ատեանը կայացուցած է երեք վճիռներՙ գոհացնելով գանձային նախարարութեան պահանջքը. այդ վճիռին հիմք ծառայած է վճռաբեկ ատեանի մայիս 8, 1974-ի մէկ որոշումը, ըստ որուն Լոզանի դաշնագիրը իրաւունք չի շնորհեր կրօնական փոքրամասնութեանց իբրեւ նուէր, ժառանգ կամ գնումով սեփականացուած կալուածներ ունենալու:
Այդ թուականներէն ի վեր երկու համայնքները դատարանէ դատարան կը դիմեն իրենց կալուածներուն տիրանալու, սակայն թուրք պետութիւնը կամայականօրէն մեկնաբանելով իր օրէնքները կ՛իրաւազրկէ այդ համայնքները, որոնք ոչ միայն կորսնցուցած են վերոյիշեալ կալուածները, այլեւ բազմաթիւ այլ կալուածներ, գերեզմանատուներու եւ եկեղեցիներու հողեր եւ եկամտաբեր այլ շէնքեր: Յոյներու պարագային, երբ Բարդողիմէոս Պատրիարք դատի կ՛երթայ հին կալուածները ազատելու, ֆինանսներու նախարարը, միւս կողմէ, նոր որոշումներ կ՛առնէՙ յաւելեալ կալուածներ յափշտակելով: Արդարեւ, Քնալը կղզիին գագաթը գտնուող յունաց վանքի համալիրին մէջ կառուցուած յունապատկան շէնքը, որ մինչեւ վերջերս կ՛օգտագործուէր որպէս մանուկներու ճամբար, վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան արգելքին պատճառաւ չի կրնար կատարել իր առաքելութիւնը: Պետութիւնը զանազան պատճառաբանութիւններով չ՛արտօներ որ բացուի ճամբարը. եւ քանի որ այս տարի յոյները չեն կարողացած երեխաներ ղրկել այնտեղ, պետութիւնը իբրեւ «լքեալ գոյք» որոշած է գրաւել նաեւ այդ կալուածը:
Յունաց Պատրիարքը խիստ զայրացած է եւ իր զայրոյթը հրապարակաւ կը յայտարարէ: Յոյները աւելի քան երեսուն նամակներ ղրկած են Անկարայի իշխանութեանց, որոնք պահած են քար լռութիւն: Բարդողիմէոս Պատրիարքը յայտարարած է. «Հէյբելիի դպրեվանքը փակուեցաւ, մեր վաքըֆներուն վրայ ձեռք դրուեցաւ. անցեալները Բրիւքսէյլի մէջ դեսպան Իւրմիդ Փամիրին ըսի, որ «կ՛երեւի թէ պետութիւնը մեզի հետ երկխօսութիւն հաստատելու չի զիջանիր»: Այս շէնքը մերն է եւ երբեք պիտի չստորագրենք մեզմէ պահանջուած թուղթը (որ կալուածը պետութեան կը պատկանի): Եւ քանի որ այստեղ չենք կրնար տէր կանգնիլ մեր իրաւունքին, մենք ալ պիտի դիմենք Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեան... յոյներուս թիւը այս երկրին մէջ120 հազար էր, հիմա իջաւ երկու հազարի: Մարդիկ առանց պատճառի, իրենց տուն-տեղը լքելով ուրիշ տեղ կը գաղթե՞ն»: Անշուշտ ունեւորութեան անարդար տուրքը, 1955 սեպտեմբեր 6-7-ի վայրագութիւնները, կալուածներու գրաւումները, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու փակումը եւ այլ բազմապիսի հալածանքները պատճառ դարձած են որ հայ, յոյն եւ հրեայ համայնքները հետզհետէ նօսրանան, իսկ քիւրդերու պարագայինՙ զանգուածային ջարդերն ու տեղահանութիւնները միլիոնաւոր քիրդեր մղած են արտագաղթելու դէպի Եւրոպա:
Նախագահ Բուշ, երբ Թուրքիոյ մէջ կը յայտարարէր, թե թուրքեր 150 տարիներէ ի վեր դեմոկրատական վերաբերում ցոյց տուած են փոքրամասնութեանց հանդէպ, կ՛երեւի տեղեակ չէր վերոյիշեալ խայտառակութեանց, հալածանքներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան: Ահաւասիկ երկիր մը, որ ոչ միայն կը բռնաբարէ իր սեփական երկրի քաղաքացիներուն տարրական իրաւունքները, այլեւ առաթուր կը կոխկրտէ միջազգային պայմանագիրները եւ կը շարունակէ նկրտիլ անդամ դառնալու Եւրոպական Միութեանՙ մաս կազմելու քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին:
Յունաց Պատրիարքը իրաւացիօրէն կը յայտարարէ. «Եթէ Թուրքիան կը փափագի Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալ, պէտք է եւրոպական իրաւակարգին հանդէպ յարգանք ցոյց տայ»:
Թուրքիա մէկ կողմէ սահմանադրական օրէնքներ կը փոխէ, քաղաքակիրթ դառնալու պայմանագիրներ կը ստորագրէ, սակայն խորքին մէջ անոր ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը միջինարեւելեան բազարի բարքերէն անդին չէ գացած:
Մենքՙ հայերս, վաղուց ծանօթ էինք թուրքին «տաճկնալուն», սակայն այնպէս կը թուի, թէ Եւրոպան ալ սկսած է անդրադառնալ այդ դառն իրողութեան:
Ապացոյցՙ վերջին շրջանի հարցախոյզներուն ժխտական արդիւնքները:
Այսօր Թուրքիան Եւրոպական ատեանի դիմացն է: Ուրեմն թող պաշտօնական Եւրոպան դատէ թուրքը: