«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#231, 2005-12-17 | #232, 2005-12-20 | #233, 2005-12-21


ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ. «ԿԸ ՄԱՂԹԵՄ, ՈՐ ՄՈԼԵՌԱՆԴ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԶԳԱՍՏԱՆԱՆ ԵՎ ՉԽԱՆԳԱՐԵՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՎՆՆ ՈՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՎՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ»

Սրբազան հայր, տեղեակ ենք, որ շուրջ 45 տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէք Աւստրիոյ հայ hամայնքը, կարո՞ղ էք տեղեկութիւններ հաղորդել իրագործումներուն եւ դժուարութիւններուն մասին:

- Եթէ հաշուենք այցելու հովիւի տարիներըՙ յիրաւի 45 տարիներ ծառայած կը լինեմ Աւստրիոյ Հայ առաքելական եկեղեցական համայնքին: Առաջին անգամ 1959 թուի ամառն էր, որ արձակուրդի եկայ Վիեննա: Այդ ժամանակ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան կրթաթոշակով կ՛ուսանէի Անգլիոյ Դուրհամ (Դարհըմ) համալսարանի մէջՙ հետեւելով Միջին Արեւելքի նոր շրջանի (19-20-րդ դար) պատմութեան եւ արեւելեան լեզուներու: Եկեղեցական վարչութեան ատենապետ պրն Արմենակ Վարդեան եւ այլ ազգայիններ խնդրեցին, որպէսզի Վիեննա մնամ, ծառայեմ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ միաժամանակ ուսումս շարունակեմ տեղւոյն համալսարանին մէջ, քանզի վերջին հոգեւոր հովիւըՙ Եղիշէ ծ. վրդ. Իւթիճեան, մի տարի առաջ վախճանած էր եւ համայնքը տակաւին չէր յաջողած նոր հոգեւորական մը ապահովել: Ես չկարողացայ առաջարկը ընդունիլ, պատճառաբանելով թէ նոր 1959 յունուարին սկսած էի ուսման եւ ապերախտութիւն պիտի լինէր առաջի Կիւլպենկեան հիմնարկութեանՙ եթէ կիսատ թողէի ուսումս Անգլիոյ մէջ: Սակայն համայնքը հանգիստ չտուաւ ինձ եւ բոլոր մեծ տօնական առիթներով հրաւիրեց Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ դա պատճառ հանդիսացաւ, որ ուսմանս աւարտինՙ 1962 թուի յունուարին, Վիեննա գամ եւ ստանձնեմ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, պայման դնելով, որ երեք տարուան ծառայութենէ ետք պիտի վերադառնամ Լիբանան:

- Ի՞նչ պատահեցաւ երեք տարի ետք:

- Ատենապետ պրն Սարգիս Կարապետեան, ատենադպիր Արէտ Հինդլեան եւ այլք շատ խնդրեցին, որ մնամ եւ իրենց հետ միասնաբար կառուցանենք մի նոր եկեղեցի, քանի Ս. Փրկիչ մատուռը շատ փոքր էր եւ շէնքի մը չորրորդ յարկին վրայ կարգաւորուած: 1964 թուին վարչութեան հետ միասին յաջողեցանք Վիեննայի 3-րդ թաղամասին մէջ, Քոլոնիցգասէ 11, շէնք մը գնել գաղութի միջոցներով եւ յունիս ամսուն վերջը հանդիսաւորապէս կատարեցինք անկիւնաքարի օծումն ու զետեղումը շէնքի բակին մէջ: Մինչ այդ նախախնամութեան ազդեցութեամբՙ 1960 թուի ամառը ընդունեցանք այցելութիւնը լոնդոնաբնակ տիկ. Հռիփսիմէ Հալաճեանի, անգլիական անուամբ` Ռոզ Թրիքի, որ խոստացաւ հոգալ եկեղեցւոյ շինութեան ծախսերը: Հոկտեմբերին 1964 թ. բարերարուհին անակնկալ կերպով վախճանեցաւ, բայց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը իբրեւ ժառանգորդՙ մեզ տրամադրեց անհրաժեշտ գումարը եւ կամօքն Աստուծոյ 1968 թուի սկիզբը աւարտեցաւ եկեղեցւոյ կառուցումը եւ ապրիլ 21-ին երանաշնորհ Տ. Վազգէն Ա. կաթողիկոս, առընթերակայութեամբ Կ. Պոլսոյ պատրիարք Տ. Շնորհք արքեպիսկոպոսի եւ ի ներկայութեան աւստրիական կառավարական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչներուՙ կատարեց օծումը:

- Կարո՞ղ էք նշել շինարարական այլ իրագործումներ:

- Եկեղեցական օծման նախորդ երեկոնՙ կատարեցինք բացումը մշակութային սրահի մըՙ եկեղեցւոյ յարակից, որուն նորոգութեան եւ կարգաւորման ծախսերուն մասնակցեցաւ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը: 1987 թուին, նմանապէս եկեղեցւոյ յարակիցՙ գետնայարկի վրայ նորոգութեամբ յարմարեցուցինք երկու փոքր սրահներ եւսՙ որպէս համայնքի եւ երիտասարդաց հաւաքավայր: 1998 թուին սոյն երեք սրահները նորոգուեցան եւ փակ առաստաղով կամ «Ձմեռնային պարտէզով» միացուեցան իրար:

- Տեղեկացանք, որ համայնքը ունի նաեւ շաբաթօրեայ դպրոց:

- Իմ նախորդըՙ մինչեւ 1958, եւ ես` 1962 թուականէն սկսեալ գաղութի երեխաներուն եւ պատանիներուն կանոնաւորապէս ջամբած ենք կրօնի եւ հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը: 1980 թուին, պրն Աստուածատուրեանի ատենապետութեան շրջանին, եկեղեցւոյ շէնքի երրորդ յարկի վրայ կատարեցինք Յովհաննէս Շիրազի անուան շաբաթօրեայ դպրոցի բացումը: Այդ օրուանից կազմակերպեալ կերպով կը գործէ դպրոցը, ուր կրօնի եւ հայերէնի առարկաներու կողքին կուսուցուին նաեւ հայոց պատմութիւն, հայկական երաժշտութիւն եւ հայկական պարեր:

Վերջին տարիներուն, տնօրէնուհի տիկ. Աղաւնի Բարոյեան եւ իր գործակիցները, մասնաւորաբար տիկ. Ժենիկ Ամիրեան, յաջողեցան դպրոցի մէջ միախառնել եւ միասնականացնել Հայաստանէն եւ Պարսկաստանէն ներգաղթած ընտանիքների երախաները: Նոր տարուան մէջ հանդիսաւորապէս պիտի նշուի Յովհաննէս Շիրազ շաբաթօրեայ դպրոցին 25-ամեակը:

- Սրբազան հայր, ազգային եւ միջազգային իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ ինչպիսի՛ հարցեր եւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն Կենտրոնական Եւրոպայի մեր hամայնքները:

- Ինչպէս այլ գաղութներու մէջ, Կենտրոնական, Արեւելեան եւ Հիւսիսային Եւրոպայի եկեղեցական համայնքներու գլխավոր դժուարութիւնը միասնականութեան եւ համագործակցութեան խնդիրն է: 1980 թուականէն ի վեր երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի կարգադրութեամբ եւ յատուկ կոնդակով ստեղծուեց Կենտրոնական Եւրոպիոյ հայրապետական պատուիրակութիւնը, որ մինչեւ 1991 կը ներգրաւէր նաեւ Գերմանիան: Այդ թուին Գերմանիան Մայր աթոռոյ կարգադրութեամբ դարձաւ առանձին թեմ եւ նրա փոխարէն ինձ յանձնուեցան Արեւելեան Եւրոպական երեք երկիրներ: Այժմ հայրապետական պատուիրակութիւնը կընդգրկէ հետեւեալ երկիրները` Աւստրիա, Չեխիա, Սլովակիա, Հունգարիա, Շուէդ, Դանիա, Նորվեգիա եւ Ֆինլանդիա: Միջին Արեւելքէն, յատկապէս Սուրիա-Լիբանանէն եւ Պարսկաստանէն գաղթած հայեր իրենց հետ կը բերեն տեղական վարչական եւ կուսակցական սովորութիւններ, որոնք բնականօրէն կը խանգարեն համայնքներու խաղաղ կեանքն ու գործունէութիւնը: Հիմնական հարցը որոշ աշխարհականներու ձգտումն էՙ համայնքային-եկեղեցական գործերը առանձին եւ ինքնագլուխ կարգադրել, առանց հոգեւոր հովիւի եւ հայրապետական պատուիրակի մասնակցութեան: Սոյն պարագան լուրջ խնդիր կը յարուցանէ, քանի Մերձաւոր Արեւելքէն ներգաղթած անկուսակցական հայեր, որոնք հաւատարիմ են Մայր աթոռոյ, ձայն եւ բողոք կը բարձրացնեն կուսակցական-քաղաքական վարմունքներու եւ ճնշումներու դէմ եւ կը պահանջեն, որ այդպիսի անձինք հանգիստ թողուն համայնքը եւ հեռանան: Այսպիսի պայմաններու մէջ հարց կը ծագի, թէ ինչ իմաստ ունին վերամիութեան ջանքերն ու բանակցութիւններըՙ Ամերիկա կամ այլուր, քանի երկու տարբեր ուղղութեան խումբեր չեն կարող կամ չեն փափագիր միասնաբար գործել յօգուտ համայնքներու զարգացման եւ յառաջդիմութեան:

Աստ ուրիշ կարեւոր հարց մը եւս կը յառաջանայ. արդեօք այս կուսակցական-քաղաքական շարժումներն ու խանգարումները Ամենայն հայոց հայրապետութեան իրաւասութեան ներքոյ գտնուող թեմերու մէջ, առանձնակի եւ տեղակա՞ն երեւոյթներ են, թէ՞ արդիւնքն են կենտրոնէ մը ղեկավարուող ծրագրեալ նպատակներու: Ես անձնապէս համոզուած եմ, որ Դաշնակցութեան կենտրոնական մարմին մը ի Հայաստան կամ Լիբանան կամ Ամերիկա, հրահանգներ կ՛արձակէ կանոնաւոր կերպով եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի դէպքերու զարգացումներուն: Երկդիմի քաղաքականութիւնը դիմակազերծուեցաւ Կանադայի մէջ Կիլիկեան թեմի մը հաստատման առթիւ: Կուսակցութիւնը ի Հայաստան կը յայտարարէր, թէ խօսք կամ խօսակցութիւն չէ եղած, մինչ տեղւոյն կուսակցական պատասխանատուներէն մին ինձի կը յայտնէր, թէ «Մեր տղաքը այժմ Անթիլիաս կը գտնուինՙ ճանաչման հարցը կարգադրելու»: Մի քանի ամիս առաջ, երբ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Սահմանադրութեան բարեփոխութեանց ընթացքին կառաջարկուէր հիմնագրել, թէ Ամենայն հայոց հայրապետութեան Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին կենտրոնն է Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ, դաշնակցական երեսփոխաններ հակառակեցան, պատրուակելով թէ բացայայտ իրականոթիւն մը անհրաժեշտ չէ Սահմանադրոթեան մէջ ներառնուլ: Ո՜հ, ի՜նչ զգայուն եւ յուզիչ փափկանկատութիւն եւ տրամաբանութիւն: 1956 թուին կուսակցութիւնը որպէս մի նոր «տիրացու» մուտք գործեց Կիլիկեան աթոռի աւանդատունը եւ մինչեւ այսօր կաթողիկոսութիւնը «Ազգ. Սահմանադրութեան» վերարկուի ներքոյ կը պահէ իր հսկողութեան տակ: Եթէ ՀՅԴ գլխաւոր գաղափարախօս Միքայէլ Վարանդեան մի պահ դուրս գար գերեզմանէն եւ տեսնէր իր յաջորդներուն «ընկերվարական» գործունէութիւնը, շատ պիտի զարմանար եւ հաւանօրէն մի մտրակով բոլորը դուրս վտարէր ղեկավարութենէն:

- Դուք Հայ եկեղեցւոյ զարգացած եւ կարկառուն դէմքերէն մէկն էք, որ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Հայրապետի օրերէն ի վեր կը մասնակցիք Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան մշակման աշխատանքին: Այսօր ինչպիսի՞ ընթացքի մէջ է այդ գործը:

- Յիրաւի, 1980-ական թուականներէն ի վեր մասնակցած եմ եւ կը մասնակցիմ Հայ եկեղեցւոյ նոր կանոնադրութեան խմբագրման աշխատանքին: Առաջին յանձնարարութիւնը, ինչպէս դուք նշեցիք, կատարեց Վազգէն Ա. Կաթողիկոս եւ փոքր դանդաղեցումէ ետքՙ 1987 թուին, այժմ հանգուցեալ Տիրան արք. Ներսոյեանի եւ Շնորհք արք. Գալուստեան պատրիարքի հետ միասնաբար մշակեցինք մի նոր համապարփակ կանոնադրութիւն, որ իւիք - իւիք փոփոխութեամբ 1988 թուին երեք տարուան փորձաշրջանի համար հրատարակուեցաւ «Էջմիածին» ամսագրին մէջ, բայց ի նկատի առնուած էր միայն Խ. Միութեան շրջանակի մէջ գործող Հայ եկեղեցին: Գարեգին Ա. երանաշնորհ Կաթողիկոս ամենայն հայոցՙ շարունակելով գործը, մի նոր յանձնաժողով նշանակեց Վաչէ արք. Յովսէփեանի ատենապետութեան ներքոյ, որ Գարեգին Բ. Վեհափառ հայրապետին կողմանէ վերակազմուելովՙ 2000-2001 թուին աւարտեց նոր կանոնադրութեան խմբագրութիւնը: Յետ այնօրիկ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդըՙ Նորին Սրբութեան նախագահութեան ներքոյ ինձ յանձնարարեց յանձնախումբ մը կազմել եւ կանոնադրութեան բոլոր մասերն ու կանոնները հիմնաւորել պատմական փաստաթուղթերով եւ պատմական ժողովներու որոշումներով: Դժբախտաբար այս աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած, որովհետեւ բաւարար գործակիցներ չկան, բայց կը յուսամ մինչեւ 2007 թ. աշուն պատրաստ կը լինի: Այդ ժամանակաշրջանին հաւանօրէն Վեհափառ հայրապետը հրաւիրէ Ազգային-եկեղեցական ընդհ. Ժողով, որուն իրաւունքն է հաստատել նոր կանոնադրութիւնը: Բնականօրէն կարելի չէ ակնկալել, որ հրաշք պատահի եւ Հայ եկեղեցւոյ իրաւական վիճակը անմիջապէս եւ կարճ ժամանակի մէջ բարեփոխուի: Նուազագոյն 4-5 տարի պիտի տեւէՙ մինչեւ որ Ամենայն հայոց հայրապետութեան ենթակայ բոլոր թեմերն ու համայնքները իրենց տեղական կանոնադրութիւնները յարմարեցնեն մայր կանոնադրութեան: Դժբախտաբար քաղաքական եւ ազգային - եկեղեցական որոշ պայմաններու բերմունքովՙ կարգ մը կանոնագրութեանց մէջ թեմերու կամ համայնքներու առնչութիւնը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի հետ շատ անորոշ է կամ անբաւարար: Այդ իսկ պատճառու երբեմն ինքնիշխանութեան երեւոյթներ կը յառաջանան, որոնք անկասկած վնասարար կը հանդիսանան եկեղեցական կեանքի եւ գործերու կանոնաւոր, օրինական եւ արդիւնաբեր ընթացքին: Ինչպէս այլ առիթներով արտայայտած եմ, այս պարագային եւս կը ցանկամ փառք եւ գոհունակութիւն ընծայել Աստուծոյ, որ 1999 թուի հոկտեմբերին Ս. Հուրոյ ազդմամբ պատգամաւորները առաջնորդեց կաթողիկոսական ճիշդ ընտրութեանՙ յանձին Գարեգին Բ. սրբազնագոյն եւ ընդհանրական հայրապետի: Նա հետեւողականօրէն կը հետապնդէ կանոնադրութեան եւ կարգապահութեան բոլոր հարցերը եւ հաւանօրէն 2006 թուի աշնան համայնքային ներկայացուցչական ժողովի կամ խորհրդակցութեան մը մէջ առաջին միջոցառումները որոշէ ի նպաստ կանոնական բարեկարգութեան:

Յառաջիկայ տարուան յունիս ամսուն, երբ Վեհափառ հայրապետը Կ. Պոլիս այցելէ, վստահօրէն Թիւրքիոյ հայոց պատրիարքութեան յարաբերութիւնները եւս Մայր աթոռի հետՙ կանոնաւոր եւ օրինական հունի մէջ մտած կը լինեն եւ կը շարունակուինՙ յուրախութիւնն հայ ազգի եւ եկեղեցւոյ:

- Ինչպիսին են Աւստրիոյ հայ առաքելական համայնքի եւ Ձերՙ որպէս հայրապետական պատուիրակի եւ գիտնականի ծրագիրները 2006 թուին:

- Վեհափառ հայրապետի տնօրինութեամբ, Հայ առաքելական համայնքի վարչութեան առաջարկութեամբ եւ իմ համաձայնութեամբՙ նոր տարուան մէջ ամէնօրեայ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը պիտի փոխանցեմ երիտասարդ հոգեւորականի մըՙ տարիքի յառաջացման պատճառաւ եւ ես պիտի շարունակեմ իմ ծառայութիւնըՙ որպէս Կենտրոնական Եւրոպիոյ եւ Սկանդինավիոյ հայրապետական պատուիրակ, կատարելով վերատեսչութիւնն ու հոգեւոր խնամատարութիւնը ութ երկիրներու, որոնք են` Աւստրիա, Շուէդ, Դանիա, Նորվեգիա, Ֆինլանդիա, Չեխիա, Սլովակիա եւ Հունգարիա:

Գիտական մարզի մէջ, եթէ առողջ մնամ, Աստուծոյ կամքով եւ Վեհափառ հայրապետի աղօթքներովՙ երկու տարի եւս պիտի շարունակեմ հայագիտական դասախօսութիւններս Վիեննայի համալսարանումՙ բիւզանդագիտութեան եւ նոր յունագիտութեան ինստիտուտի մէջ, իբր գլխաւոր առարկաներ ունենալովՙ հայ ժողովուրդի քաղաքական պատմութիւնը եւ գրաբար լեզուն: Կը յուսամ մինչեւ յունուարի վերջը տպագրութեան պատրաստ կը լինի աստուածաբանութեան եւ յատկապէս քրիստոսաբանական ուսումնասիրութիւններուս հաւաքածունՙ անգլերէն լեզուով: Յետ այնօրիկ կը շարունակեմ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու հրատարակութիւնըՙ հայերէն եւ եւրոպական լեզուներով:

Այս օրերուն, դեկտ. 1-4, աւարտեցաւ միջազգային գիտաժողովը աստ ի Վիեննաՙ նուիրեալ հայկական այբուբենի ստեղծման 1600-ամեայ յոբելեանին: Ուրախ եմ եւ երախտապարտ, որ Նորին Ս. Օծութիւնը յանձն առաւ գալ եւ պաշտօնական բացումը կատարել ժողովինՙ Աւստրիական գիտութիւններու ակադեմիայի սրահին մէջ: Նիւթը փոքր ինչ ընդարձակելով բանաձեւած էինք այսպէս. «Կովկասեան այբուբեններու ստեղծումըՙ որպէս պատմամշակութային երեւոյթ»: Բիւզանդագիտական ինստիտուտից բարեկամս պրոֆ. Վերնըր Զայբու եւ ես միասնաբար կազմակերպեցինք յոբելենական հանդիսութիւնները, աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Աւստրիական ակադեմիայի, Բիւզանդագիտական կոմիսիայի, Բիւզանդագիտական ինստիտուտի եւ Աւստրիական-հայկական ուսմանց ընկերութեան: Հայրենիքէն հրաւիրած էինք վեց դասախօսներ, ի միջի այլոցՙ ակադեմիկոս պրոֆ. Վ. Բարխուդարեան եւ Մատենադարանի տնօրէն դր. Սէն Արեւշատեան:

- Ի՛նչ խօսք ունիք փոխանցելիք մեր հայրենիքի եւ սփիւռքի ընթերցողներուն:

- «Պաղ պատերազմ»-ը աւարտեցաւ ընդհ. աշխարհի մէջ, Հայաստան ազատ եւ անկախ հանրապետութիւն հռչակուեցաւ, դժբախտաբար տակաւին կուսակցական մենատիրութեան ձգտումները կը շարունակուին եւ Սփիւռքի հայութիւնը բաժանումի եւ յարատեւ ընդհարումներու եւ վէճերու մէջ կը պահեն:

Իսկ մայր հայրենիքի ղեկավարներուն խրատ տալը անպատշաճ կը նկատեմ, բայց ցանկալի է, որ պարզ ժողովուրդի մասին առաւել ուշադրութեամբ եւ լրջութեամբ մտածեն, որպէսզի կեանքի տնտեսական մակարդակը բարձրանայ եւ արտագաղթը վերջապէս դադրիՙ յօգուտ մեր ազգին:

Հարցազրոյցը վարեց ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆԸ, Վիեննա, Դեկտ. 2005


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4