«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#4, 2006-01-13 | #5, 2006-01-14 | #6, 2006-01-17


ՆԱՄԱԿՙ ՈՒՇԱՑԱԾ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒՆ...

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Սույն պատասխան հոդվածը հասցեագրված էր Հայաստանի գրողների միության պաշտոնաթերթ «Գրական թերթին», սակայն մեզ անհասկանալի պատճառներով մերժվեց, թեեւ նույն թերթում, կրկին անհասկանալի պատճառներով, նախապես լույս էր տեսել Լոս Անջելեսից գրող Ստեփան Ալաջաջյանի հոդվածը, որի պատասխանն է այս մեկը, գրված հայտնի հրապարակախոս, ազգային-կուսակցական գործիչ Ե. Ազատյանի կողմից:

Իսկապես պիտի չուզենայինք մեր թերթի էջերում վերհիշել հին, ցավոտ դեպքեր, որոնց տխուր 50-ամյակն է այս տարի: Փոխարենը պիտի ուզենայինք անդրադառնալ, եւ անդրադառնալու ենք, այդ դեպքերի դեռ ցավոտ հետեւանքներին, որոնք մեր իրականության մեջ ծանոթ են «Եկեղեցական տագնապ», «Անթիլիասի հակաթոռություն», «Եկեղեցական երկփեղկում» եւ նման բնորոշումներով: Այնքան ժամանակ, որ այդ տագնապի բուն պատճառները դեռեւս լուրջ եւ խորը չեն վերլուծվել ու չեն վերացել եւ օրինականությունը չի վերահաստատվել, մեր ժողովրդի միասնականության բոլոր ձգտումները, եւ ոչ միայն եկեղեցական մարզում, վտանգված են:

Խմբ.

Վաստակաւոր գրող Ստեփան Ալաջաջեան «Նամակ» վերնագրին տակ կոչ մը ուղղած է Ամենայն հայոց հայրապետին եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, այս վերջիններուն Ամերիկա կատարած այցելութեանց լոյսին տակ ու տուած է պատմական տեղեկութիւններ, կատարած է խորհրդածութիւններ ու յանգած է ազնուասիրտ կոչերու: Ստեփան Ալաջաջեանի նկատմամբ իմ խորունկ յարգանքս իր գրականութենէն շատ անդին անցնելով կը յանգի իր պատկառելի անձին: Միայն քնքոյշ վերաբերում, սրտաւ խորհրդակցութիւն եւ ազնուագոյն բարեկամութիւն վայելած եմ իր կողմէ, անմնացորդ կերպով հատուցանելով միեւնոյնը իրեն:

Երբեք չէի կրնար երեւակայել, որ օր մը գրիչը վերցնելով պիտի հարկադրուէի հրապարակաւ տարակարծութիւն յայտնելու ինծի համար ազնուութեան խորհրդանիշ հանդիսացող անձի մը, առաւել եւսՙ արժանաւոր գրողի մը. սակայն, կ՛երեւի - ինչպէս Գէորգ Էմին կ՛ըսէ - ազնուագոյն մարդիկ կարող են նաեւ «սխալուել ազնուօրէն»: Արդարեւ, յիշեալ «Նամակը» լոյս տեսած է Լոս Անջելես հրատարակուող «Նոր կեանք» շաբաթաթերթի նոյեմբերի 3, 2005-ի թիւին մէջ, իսկ հայրենիքի մէջ ալ «Գրական թերթ»-ի նոյեմբեր 18, 2005-ի թիւին մէջ:

Ալաջաջեան գրողը իր պատկառելի վաստակով երաշխաւորած է բարոյական հսկայ դրամագլուխ մը, որուն պաշտպանութեան նախանձախնդրութիւնը, առաջին հերթին, կը պատկանի իրեն, եւ ինք այնքան հեշտութեամբ պէտք չէ դնէ զայն կշիռի մէջ, բացի եթէ հարկեցուցիչ պայմաններու տակ կը գտնուի տուրք մը տալու Արամ Ա կաթողիկոսին, որ մասնագէտն է բարոյական կաշառքներով հարցեր լուծելու եւ սիրտեր գրաւելու: Սփիւռքի բովանդակ տարածքին, ոեւէ ընթերցող որ կարդայ յիշեալ «Նամակը»ՙ հազիւ թէ կարենայ նորութիւն մը գտնել- այնտեղ տրուած բացատրութիւնները, մեկնաբանութիւնները, եկեղեցւոյ բաժանման շինծու պատճառաբանութիւնները բազմիցս կրկնուած են եկեղեցին պառակտողներուն կողմէ եւ սպառած են իրենք զիրենք: Սակայն հայրենիքի մէջ, ուր նոր սկսած են անդրադառնալ եկեղեցւոյ դերին, կոյս հաւատքով մարդիկ, առաջնորդուելով Ալաջաջեանի անկաշառ վաստակէն, կրնան խաթարուիլ ու թունաւորուիլ աւելի քան կէս դարէ ի վեր սփիւռքը տառապեցնող եկեղեցական տագնապի մանրէներով: Գրողը արդարացիօրէն կը գանգատի, որ եօթանասուն տարի Հայաստանի անաստուած իշխանութիւնները հայրենի ժողովուրդը հեռու պահած են եկեղեցիէն ու մեր նախնիներու հաւատքէն: Ու հետեւաբար հայրենի ժողովուրդը կերպով մը զոհը դարձած է այդ իշխանութեան կիրարկած մեկուսացման քաղաքականութեան: Եթէ Ալաջաջեան բարեկամս քիչ մը ներսուզուէր ինքն իր մէջ փոխանակ տարուելու Արամ կաթողիկոսի ամպագոռգոռ աղաղակներէնպիտի անդրադառնար, թէ քիչ մըն ալ ինքն է այդ մեկուսացման զոհերէն մէկը. այդ պարագային զգուշութեամբ պիտի գործածէր իր բարոյական դրամագլուխը, սփիւռքի տառապած հայուն, որ իր մաշկին վրայ ապրած է եկեղեցական տագնապի ցաւըհնամենի յորդորներ կարդալու. յորդորներ, որոնց եզրակացութիւնը իրարու հաւասար կաթողիկոսութիւններ հռչակելու անթիլիասեան վաղեմի մարմաջն է, եկեղեցին բաժնուած պահելով առյաւէտ եւ աթոռներըՙ նոյնպէս հակընդդէմ:

«Նամակ»-ին մէջ կան բազմաթիւ հաստատումներ, տուեալներ, անհիմն փաստարկումներ, որոնք ամբողջութեամբ վերցուած են Անթիլիասի բռնագրաւումը իրագործողներուն եւ բաժանումը տեւականացնողներուն մաշած զինանոցէն, որուն էութիւնը շատ ծանօթ է սփիւռքահայուն, սակայն այստեղ այդ ժամանակավրէպ զէնքերը ջնարակուած են գրողին տաղանդով ու գրիչին շնորհով:

Ուրեմն, հարկադրուած ենք այդ ջնարակը անջատել հարցերու էութենէն - խնայելու համար գրողին վարկը - եւ անդրադառնալու, թէ անոնք ո՞րքանով կը համապատասխանեն պատմական ճշմարտութեանց ու մանաւանդ եկեղեցւոյ պառակտումը, թեմերու յափշտակութիւնը, Մայր աթոռի հետ մրցելու սին յաւակնութիւնները որքանո՞վ կը ծառայեն հայ ժողովուրդի մնայուն շահերուն եւ անոր միասնականութեան դէմ ցցուող մարտահրաւէրներու բարձումին: Այս գրութեան մէջ երեւցող բացատրութիւններն ու պատճառաբանութիւնները բազմիցս հերքուած ու հեգնուած են հայ մամուլին մէջ. անոնց վերակենդանացումը այստեղ, հարկադրանքին տակ կը դնէ մեզ կրկնելու այդ հերքումները եւ կարելի չափով կատարելու ընդհանրացումներՙ խտացումի մտահոգութեամբ: Ալաջաջեանի յօդուածը կարելի է բաժնել երեք գլխաւոր մասերու: Ա) Պատմական տուեալներու ոգեկոչումով կատարել սրտակեղեք հաստատումներ եւ անկեղծ գնահատումներ: Բ) Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անջատ - ու երբեմնՙ մրցակից - կաթողիկոսութիւններու պատմական ուրուագիծը տալ. բան մը որ շահեկան է հայրենի ընթերցողին եւ վերյիշումի առիթՙ սփիւռքի ընթերցողին, որ երկար ատեն չէ անդրադարձած Օրմանեան Սրբազանի «Հայոց եկեղեցին» կամ «Ազգապատում» գործերուն: Գ) Սրտագին կոչ երկու աթոռներուն եղբայրաբար գործակցելու, գերագահի եւ ստորադասի հարցեր չարծարծելու, յափշտակուածը իրաւո՜ւնք սեպելու եւ պառակտիչն ու պառակտումի զոհը հաւասար պատուանդանի վրայ զետեղելու: Խորքին մէջ այս երրորդ մասը ամբողջական հակասութիւն է առաջին մասով կատարուած հաստատումներուն. թէ ինչպէս յօդուածագիրը կը կատարէ շատ ճիշդ եւ արդարացի բնորոշումներ, գրելով.- «Ընդունենք պիտի, որ հայոց կաթողիկոսութեան համար տարբեր ղեկավարներ ու տարբեր աթոռանիստներ ունենալու պատճառը օտար պետությունների (Պարսկաստան, Բիւզանդիա, Հռոմ, սելճուկ թուրքեր, Ռուսիա) ներխուժումն է եղել, քաղաքական տարբեր պայմաններում ապրելն ու հանգամանքների առկայութիւնը, որը մեր պատմութեան դառն դատակնիքն է մեր անցեալից իբրեւ պատիժ մնացած մասը: «Այդ անցեալը մերն է: Պէտք է հանդարտ քննել զայն: «Ոճիրը ուրիշներ գործեցին, պատիժը մենք կրեցինք»:

Երբ այսքան տրամաբանական եւ սրտացաւ հաստատում մը կը կատարուի, թէ «ոճիրը ուրիշներ գործեցին, պատիժը մենք կրեցինք», այդ տրամաբանութեան հետեւութիւնը պիտի ըլլար հարց տալ, որ եթէ ոճիրը ուրիշներ գործեցինՙ բաժնելով մեր եկեղեցին, ուրեմն հիմա, մենք մեր ձեռքո՞վ պիտի շարունակենք այդ ոճիրը, եկեղեցին բաժնուած պահելով, այս պահուն, երբ օտար տիրակալութիւնը հեռացած է մեր երկրէն, «կոմունիզմին ծառայելու» պատրուակը վերացնելով Սուրբ Էջմիածնէն:

Պատճառը, որ ճակատագրական վրիպանքի մը կը մատնէ այս խոր տրամաբանութիւնը այն է, որ պատմական իրադարձութիւններու շարանը կանգ կ՛առնէ տեղ մը ու տուեալները կը պակսինՙ եզրակացնելու թէ այսօրուան ոճիրն ալ արդիւնքն է օտար միջամտութեանց եւ ալ արդարացում չունի ներկայ պայմաններու ներքեւ: Կոմունիզմին եւ ցուրտ պատերազմին հետ չքացած են նաեւ բաժանման պատճառաբանությունները:

Յօդուածին մէջ կաթողիկոսական աթոռներու թափառումները Գանձասարէն Դուին, Աղթամար, Արգինա եւ Անի եւ ապա Ծամնդաւ, Հռոմկլայ եւ Սիս շրջելէ ետք, Ալաջաջեան կ՛եզրակացնէ. «Կիլիկիայից Հայաստան վերադարձա աթոռանիստ, նորից իբրեւ մայր Աթոռ եւ Էջմիածնում տեղաւորուեց վերջնականապէս հենց 1141 թուականին»:

Եթէ քաղաքական ուժերու եւ օտար տիրապետողներու պատճառաւ այսքան տուժեց մեր եկեղեցին եւ բաժանումներու ենթարկուեցաւՙ ընդդէմ հայ ժողովուրդի կամքին ու շահերուն, ուրեմն տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէր, որ անմիջապէս որ հեռանային այդ ազդեցութիւնները, հայ հոգեւոր պետերն ու ժողովուրդը վերահաստատէին իրենց կամքը, միացնէին ժողովուրդն ու եկեղեցինՙ մէկ ու միակ խորհրդանիշի մըՙ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին ներքեւ: Սակայն, ինչպէս վերեւը հաստատեցինք, այս տրամաբանութեան խոտորումը հետեւանքն է պատմութեան շարքը ընդհատելուն եւ յետագայ տարիներու զարգացումները զանց առնելուն:

Օրինակ, 1917-ին Սահակ կաթողիկոս Խապայեան, տնաքանդ Սիսէն հեռանալով ապաւինած էր Երուսաղէմ, երիտթուրք ջարդարարներէն Ջեմալ փաշա, որուն իշխանութեան ենթակայ էր Պաղեստինը, պարտադրեց, որ Սահակ կաթողիկոս հռչակուի հայոց հոգեւոր գերագոյն պետՙ հակադրուելու համար Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածնին, որ կը գտնուէր Թուրքիոյ թշնամի Ռուսաստանի սահմաններէն ներս: Սակայն, Սահակ կաթողիկոս երբեք ինքզինք գերագոյն հոգեւոր պետի փետուրներով չզարդարեց նաեւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետքեկեղեցականի վայել օրինակ մը, որմէ չկրցան օգտուիլ իր յաջորդներէն Զարեհ, Խորէն, Գարեգին Բ եւ Արամ Ա կաթողիկոսները, երբ հրասայլերով եւ օտար ոստիկաններու ուժերով Անթիլիասը գրաւուեցաւ եւ դրուեցաւ իրենց տիրապետութեան ներքեւ: Նման նախընթացի մը ենթարկուած է նաեւ Հռովմէական կաթոլիկ եկեղեցին: Արդարեւ, երբ Եւրոպայի քաղաքական ուժին ծանրութեան կեդրոնը հակեցաւ դէպի Ֆրանսա, ֆրանսացիք կաթոլիկ եկեղեցւոյ կեդրոնը փոխադրեցին Ավինիոն, ուր իշխեցին եօթ ֆրանսացի պապեր (1309-1377): Սակայն երբ պապական Աթոռը վերադարձաւ Հռոմ իր «բաբելոնեան գերութենէն», կաթոլիկ եկեղեցին Ավինիոնի մէջ մնացորդաց կամ մրցակից պապ չպահեցՙ հակադրուելով Հռոմին: Այդ միասնական ուժով է, որ կաթոլիկ եկեղեցին պահպանեց ու կը պահպանէ իր հզօրութիւնը:

Պատմական այս նախընթացները կ՛երեւի թէ օրինակ չեն հանդիսացած անոնց, որոնք կ՛ուզեն մեր եկեղեցին տեսնել երկգլխանի, կամ երբեմն ալՙ քառագլխանի...

Եթէ զանց առնենք 1956թ. «թերի եւ անընդունելի» կաթողիկոսական ընտրութիւնը, անոր յաջորդող եղբայրասպան արիւնալի կռիւները, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանի Շահին եւ Յունաստանի բռնակալներուն ուժով Անթիլիասին կցուած թեմերու պարագան, կարելի չըլլար եկեղեցական տագնապին ամբողջական պատկերը ունենալ եւ մանաւանդՙ դատումներ ու բաղձանքներ բանաձեւելՙ կցկտուր տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած: Գրող Ալաջաջեանի անտեղեակութիւնը միակ պաշտպանութիւնն է իր անմեղութեան. այլապէս ինքզինք ծիծաղելի դարձնելու գինով պիտի չփորձուէր Անթիլիասի բռնագրաւիչներուն կողմէ ծամծմուած յերիւրանքները կրկնելէ իբրեւ պատմական ճշմարտութիւններ:

Այսպէս օրինակ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նուիրապետութիւնը կենտրոնախոյս կաթողիկոսութիւն չէ, այլ ինքնորոյն, ինքնահաստատ (գեղեցիկ բառախաղեր, որոնք ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ-Ե. Ա.) ութ տասնամեակներ շարունակ նրա գործունէութեան ճանապարհը եղել է տարտղնուած ժողովրդի ազգահաւաքը. նրա համախմբումը եկեղեցու շուրջ, հայ բեկորների միաւորումը հաւատքի զօրութեամբ եւ ոչ միայն եկեղեցիներ կառուցանելով...» եւ այլն:

Վերեւի հաստատումները ցանկատեսութեան սահմանէն անդին չեն անցնիր, կամ հաւանաբար կը վերաբերին Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսի օրերուն: Սակայն դաշնակցութեան բռնագրաւումէն ի վեր Անթիլիասը դարձած է այդ կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան ամրոցը եւ անոր ծրագիրներուն նիւթական ապահովելու ագարակը: Եթէ Ալաջաջեան այդ շրջաններուն գտնուէր Լիբանան ու փորձէր բարբառիլ «հայ բեկորների միաւորման» կամ «տարտղնուած ժողովրդի... համախմբումը եկեղեցու շուրջ», հաւանաբար դաշնակցական «սոփաճի» տղերքը (*) իրեն ալ բաժին մը հանած կ՛ըլլային եւ ինք այսօր աւելի զգաստ կերպով կը մօտենար այդ հարցերուն: Իրողութիւնը այն է, որ Անթիլիասը ոչ թէ ազգահաւաքի, այլ բաժանման, պառակտումի եւ եղբայրասպան կռիւներու խորհրդանիշ մը դարձած է եւ ոչ միայն եկեղեցի չէ կառուցածՙ այլ կառուցուած եկեղեցիները գրաւելով զբաղած է եւ հալածած է Մայր աթոռին հաւատարիմ եկեղեցականները:

Դեռ կայ աւելի ծիծաղելին, որ վերցուած է Անթիլիասը գրաւողներու մաշած զինանոցէն. «Ճիշտ է, Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնը կոչուել է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, երբ արդէն Կիլիկիան չկար եւ Հայաստանը տնքում էր կոմունիստների կրունկի տակ, բայց դարձաւ ամբողջ արտերկրի հայութեան հոգեւոր առաջնորդարանը, դարձաւ սփիւռքահայութեան բարոյական ապաւէնը»: Այսքան անճիշտ, հակապատմական հաստատում կրնան ընել միայն անտեղեակ մարդիկ կամ անոնք որ կը փորձեն Անթիլիասը սփիւռքահայութեան կոկորդէն վար խրել իբրեւ հոգեւոր գերագոյն կեդրոն: Իրողութիւնը այն է, որ ամբողջ սփիւռքը մերժեց կուսակցականացած Անթիլիասը եւ պայքարեցաւ անոր դէմ, ու կը շարունակէ պայքարիլ. ապացոյցը այն է, որ սփիւռքի եկեղեցիներուն մեծամասնութիւնը կը մերժէ անոր հովանին, բացի այն թեմերէն, որոնք բռնատէրերու կողմէ կցուած են Անթիլիասին իբրեւ քաղաքական շնորհ:

Անթիլիասի կաթողիկոսութեան պատմական եւ իրաւական սահմանները կ՛ընդգրկեն Սուրիա-Լիբանանը եւ Կիպրոսը: Սակայն ցուրտ պատերազմի տարիներուն դաշնակցութիւնը լծուեցաւ օտար գործակալութեանց ծառայութեան եւ այդ ծառայութիւնը ի կատար ածելու համար եկեղեցին քաղաքականացնելը նկատուեցաւ ամենէն հզoր միջոցը: Այսինքն, այն ինչ կը վերագրուէր Սուրբ Էջմիածնին, որ իբր թէ գործիք դարձած էր սովետ իշխանութեանցՙ նուաճելու համար սփիւռքի հայութեան միտքերն ու սիրտերըմեր աչքերուն առջեւ իրագործուեցաւ Անթիլիասի մէջ: Ալաջաջեան անշուշտ մեղադրելի չէ, որ Հայաստան գտնուած ըլլալունՙ նկատած ըլլայ միայն կոմունիստ իշխանութեան դերը: Սակայն, եթէ խորհուրդներ ու խրատներ պիտի բաշխէ բոլորիսՙ պարտաւոր է նաեւ ծանօթանալ սփիւռքի պատմութեան եւ չբաւականանալ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռնածուներուն հայթայթած տուեալներով: Հակապատմական հաստատումներէն մէկն ալ հետեւալն է. «Մայր Աթոռը դադարեց հաղորդակցութիւնն իր թեմերի հետ. թեմերն անջատուեցին ու մնացին առանց հայրապետական հովանու... Եկեղեցիները մնացին փակ, վանքերըՙ աւերուած»: Արտասահմանի մեջ ոչ մէկ եկեղեցի մնաց փակ: Լաւ կ՛ըլլար, որ փաստի համար յիշուէին անունները այն եկեղեցիներուն, որոնք փակ մնացած էին եւ Անթիլիասի... «փրկարար» առաքելութեան կը սպասէին:

Խորհրդային իշխանութեան ամէնէն դաժան տարիներուն, սփիւռքահայութիւնը լաւ ճանչնալով ժամանակաշրջանի ծանր վիճակը, շարունակեց իր հոգեւոր կապը Մայր Աթոռի հետ, մասնակցելով 1945 եւ 1955 կաթողիկոսական ընտրութիւններուն: Եւ «լքուած» յորջորջուող եկեղեցիներն ու թեմերը ծաղկեցան ամէնուրեք ու եկեղեցաշինութեան գործը ծաւալեցաւ մանաւանդ Ամերիկայի մէջ, ուր հայոց եկեղեցւոյ թեմերը ամէնէն կազմակերպուածն են ու մերժած են ու կը շարունակեն մերժել Անթիլիասի բռնատիրական թաթը, անոր ետին տեսնելով քաղաքական ուժերուն մենատիրական նպատակները:

Եթէ սրբապղծութիւն մը կայացաւ Ամերիկայի մէջ, ատիկա ալ 1933-ին դաշնակցութեան կողմէ գործադրուած սրահարումն էր Դուրեան սրբազանին, որուն սիրտին մխուած դանակը խրուած մնաց նաեւ Հայ եկեղեցւոյ հոգիին, ցարդ բաժանեալ պահելով եկեղեցին:

Ատենին Մովսէս Տէր-Գալուստեան, դաշնակցութեան բռնատէրը, որ Լիբանանի եղբայրասպան կռիւներուն դրդիչն էրեւ միջազգային գաղտնի գործակալութեանց ծառայութեան յայտնի խորհրդանիշը տարազ մը գտած էր հայ ժողովուրդի երկփեղկումը յաւերժացնելու, թելադրելով, որ Մայր աթոռը Հայաստանի եւ Անթիլիասըՙ Սփիւռքի հոգեւոր կեդրոններ դառնան: Շատ բացայայտ առաջարկ մըՙ սփիւռքը դաշնակցութեան մականին տակ առնելու: Այսօր ափսոս է որ այդ չարանենգ ծրագիրը իր արձագանքը գտնէ գրիչին ներքեւ գրողի մը, որ ազնուագոյն թարգմանն է հոգեւոր արժէքներու: Կարդացէք հետեւեալ տողերը եւ հարց տուէք դուք ձեզի, թէ ցուրտ պատերազմի առաքեալի ոգի՞ն է, որ անդենականէն կը խօսի ձեզի, թէ՞ բարի գրողի մը գրիչը, որ ինկած է թիւրիմացութեան մէջ.

Այսպէսՙ երկու կաթողիկոսութիւն, գործունէութեան երկու ասպարէզներով:« Այո, դուք տարբեր երկրներում եւ իրարից հեռու ապրող հայութեանՙ ընդունենք, երկու հատուածներիհայրենիքից ներս ապրող ու հայրենիքից դուրսկաթողիկոսներն էք: Հայաստանի հայութիւնն ու նրանից դուրս հաստատուած հայութիւնը տարբեր դաշտեր են հաւատքի տարածքում: Ամէն մի վեհափառ իր խնդիրներն ունի եւ ամէն մի վեհափառ կարծես միւսից առաւել պատասխանատու առաքելութիւն ունի: Ուստի նախապատուութեան հարց ծնուել չի կարող (ինչո՞ւ- Ե. Ա.): Ինչո՞ւ որոշ մարդիկ կարծում են, որ միասնականութեան (ծամծմուած բառ) համար պէտք է մէկ վեհապետութիւն լինի: Մեր պատմութիւնն անգամ չի ապացուցում դա»: «Որոշ մարդիկ» չէ որ ոչինչէն հնարած են Մայր աթոռի գերագահութեան իրաւունքը: Եւ այո՛, «պատմութիւնը ապացուցում է դա»: Արդարեւ, եթէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Անթիլիասի աւազներուն վրայ հաստատած ըլլար մեր Առաքելական աթոռը, կարելի էր նման յորջորջում մը ընել, բայց քանի Վաղարշապատի մէջ կատարուած է այդ հրաշագործութիւնը, ամէն քրիստոնեայ հայու պարտքն է պահպանել այդ սրբազան ու պատմական աւանդութիւնը:

Այնպէս կը թուի, թէ Ալաջաջեան մոռցած է, որ իր գրութեան սկիզբը գրած էր, թէ «ոճիրը ուրիշներ գործեցին, պատիժը մենք կրեցինք»:

Յառաջիկայ տարի մեր եկեղեցւոյ բաժանման տագնապը պիտի թեւակոխէ իր 50-րդ տարուան սեմէն ներս: Եկեղեցւոյ միութեան վերահաստատման հարցը տակաւին չէ լուծուած ու կը թուի թէ երկար ատեն եւս պիտի մնայ անլոյծ, որովհետեւ ուժի դիրքերուն վրայ գտնուող ղեկավարներ ու կազմակերպութիւններ կը շարունակեն մասնակի, անհատական ու հատուածական շահերը գերադասել ազգային հիմնական շահերէն: Ժողովուրդները խորհուրդներ ու խորհրդանիշներ կը ստեղծենՙ անոնց շուրջ միասնականութիւն գոյացնելու: Սուրբ Էջմիածինն ու հայրենիքը ստեղծուելիք առասպելներ չեն... Կեանքի իրականութիւններ են, որոնց շուրջ համախմբուելով է որ կրնանք իրականացնել մեր հաւաքական կամքը, եւ ոչ թէ հեռանալով անոնցմէ եւ նսեմացնելով զանոնք: Ներկայ Հայաստանը վերջին սահմանագիծն է մեր պատմութեան ու սահմանողն է մեր ապագան: Ու նաեւ ան միակ հասարակաց հանգրուանն է, ուր աշխարհի բոլոր հայերը իրենց ինքնութեան խարիսխը կը գտնեն: Միով բանիւՙ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի: Մայր աթոռի գերագահութիւնը նուիրականացած է պատմութեան դատակնիքով եւ կարելի չէ ճամարտակութիւններ ընել անոր ճակատագրին շուրջը: Ճիշտ է, թէ հայրենիքը ծանր փորձառութիւններէն անցաւ ու գուցե նաեւ պիտի անցնի: Սակայն ինչպէս Վարդգէս Պետրոսեան կ՛ըսէր, հայրենիքը հիւրանոց չէ, որ ճամպրուկներդ առնելով հեռանաս անկէ, օրինակ, հաստատուելու համար... Անթիլիասի մէջ: Ոչ ոք դէմ է եւ դէմ կրնայ ըլլալ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ինչպէս նուիրապետական միւս աթոռներուն. բոլորը իրենց պատմական տեղն ու դերը ունին, ինչպէս նաեւ իրենց իրաւասութեան սահմանները: Այդ սահմաններուն մէջ գործելովՙ անոնք կը շարունակեն վայելել մեր հաւատացեալ ժողովուրդին համարումն ու յարգանքը:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը գործէ Լիբանանի մէջ, որ երկար տարիներ նկատուած է սփիւռքի մայր գաղութը: Դժբախտաբար, քաղաքական պայմաններու բերումով կոտորակուած է այդ համայնքին թուաքանակը, պատմութեան անցած է անոր ղեկավար սերունդը, որ մտաւորական սնունդ կը հայթայթէր բովանդակ սփիւռքին: Եւ տակաւին Լիբանանը ինքնին քաղաքականօրէն խոցելի երկիր մըն է աշխարհի ամէնէն տագնապալի աշխարհամասերէն մէկուն մէջ: Հետեւաբար, հայուն համար ո՛չ Լիբանանը կրնայ փոխարինել Հայաստանը, ո՛չ ալ Անթիլիասըՙ Սուրբ Էջմիածինը: Երանաշնորհ Գարեգին կաթողիկոս Հովսէփեան, մեր գիտնական հայրապետը, երբ բարձրացաւ Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին, Սուրբ Էջմիածինը ամէնէն ծանր պայմաններու ներքեւ կը գտնուէր: Եւ Սարդարապատի այդ Ղեւոնդ Երէցը չփորձուեցաւ անգամ կասկածի տակ առնել Մայր աթոռին գերագահութիւնըՙ լաւ ճանչցած ըլլալով այդ նուիրապետութեան պատմական ու հոգեբանական տարողութիւնը մեր ժողովուրդին համար: Սակայն, դժբախտաբար, իր յաջորդները այդ շրջահայեցութիւնը, պատմութեան այդ զգայարանքը չունեցան եւ սկսան սրբութիւններու հետ վարուիլ շուկայական հաշիւներով եւ մոլորութեան մէջ ձգելով մինչեւ անգամ ազնուական գրողները: Թող Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ծաղկի ու բարգաւաճի իբրեւ գործակից Մայր աթոռի, բայցՙ երբեք իբրեւ մրցակից:

Եթէ մեր սիրելի գրագէտ բարեկամը իր պատմական տեղեկութիւնները ամբողջացնէ աւելի արդիական տուեալներովՙ պիտի անդրադառնայ, թէ իր մարգարէական կոչերը ետ մնացած են իրենց ժամանակէն:

Դետրոյթ, ԱՄՆ

(*) Թուրքերեն այս բառով էին, որը նշանակում է գավազան կամ մահակ կրող, բնորոշում ՀՅԴ անդամ տղաներին, առավելաբար սկաւոտական շարքերից, ովքեր դաժան ծեծի էին ենթարկում եւ ահաբեկում հակառակորդ կուսակցականներին, անգամ չեզոքներին, հատկապես ընտրությունների ժամանակ: Ծ- խ.


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4