ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Հարց տուա՞ծ էք արդեօք, թէ ինչպէ՛ս երգ մը կը դառնայ պետական հիմն կամ ազգային օրհներգ: Երբ կը լսենք մեծ երկիրներու ազգային օրհներգերը (Սթար սփենգլըդ բենըր, Մարսէյէզ, Գադ սեյվ դը քուին եւ այլն) քիչ անգամ այդ երգերուն ետին կը գտնենք անուանի երաժիշտներու կամ հռչակաւոր բանաստեղծներու անունները. երբեմն պարզ երգ մը, նոյնիսկ ազգագրական բնոյթի, յանկարծ կը բռնկեցնէ ժողովրդային երեւակայութիւնը, կը դպչի ազգի մը հայրենասիրական զգացումներու մէկ երակին եւ կու գայ իր տեղը գրաւել տուեալ ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ, մանաւանդ եթէ մասնաւորաբար առնչուած է համազգային տարողութեամբ նշանաւոր դէպքի մը հետ:
Հաւանաբար բացառութիւն պէտք է նկատել Եւրոպական Միութեան որոշումը իբրեւ օրհներգ որդեգրելու Պեթհովէնի հանճարեղ Իններորդ համանուագին վերջինՙ երգչախմբային բաժինը, հիմնուած Շիլլերի անմահ բանաստեղծութեանՙ «Ձօն ցնծութեան» գործին վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս, իր վերջին անկախութեան 15-ամեակի նախօրեակին կը գտնուի խաչմերուկներու դիմացՙ որդեգրելու համար նոր օրհներգ մը, որ ցոլացնէ մեր ժողովուրդին այսօրը եւ լարէ անոր երեւակայութիւնը դէպի աւելի պայծառ ապագայ մը:
Անկախութեան օրերուն, քիչ մը հապճեպով, աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսելՙ շուտիկ կարգադրութեամբ, որդեգրուեցաւ «Մեր հայրենիքը», եռագոյն դրօշին ու պետական զինանշանին հետ. եւ, պէտք ըսել, քիչ մը տարակուսելի պայմաններու ներքեւ երեքն ալ հանդիսացած էին պետական խորհրդանիշները Առաջին հանրապետութեան: Այդ շրջանին երկրին օրուան նախագահը համոզումն ունէր, որ մինչ այդ Դաշնակցութեան համար սիրելի խորհրդանիշները որդեգրելով պիտի կրնար սիրաշահիլ զանոնք: Հետեւաբար, այդ օրերու յատուկ հոգեբանական արշաւը ծայր տուաւ եւ Ազգային ժողովի (Գերագոյն խորհուրդ) անդամներ, երբեմն ակամայ, քուէարկեցին նախագահին ցանկութեան համապատասխան: Մինչ այդ երաժիշտ եւ խմբավար Լորիս Ճգնաւորեան, որուն շատ բան կը պարտի Հայաստանի ժողովուրդը այդ շրջանի իր մութ ու ցուրտ օրերը լուսաւորելուն համար, ձեռնարկած էր լուրջ արշաւիՙ ժամու եւ ի տարաժամու հնչեցնելով «Մեր հայրենիքը» բեմերէն, վերստին երաշխաւորելու համար անոր ժողովրդականութիւնը Հայաստանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի նուագածութեամբ:
Այդ օրերուն քանի քաղաքական հաշուենկատութիւններն էին հրապարակին տիրողներըՙ ձայն բարբարոյ յանապատի մնացին Տիգրան Մանսուրեանի նման հեղինակութեան մը սրտցաւ բողոքները: Հետեւաբար որդեգրուեցաւ «Մեր հայրենիքը» հին զինանշանին ու եռագոյն դրօշին հետ:
Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի քաղաքական պարզամտութեան միակ նմոյշը չէր այս որոշումը դժբախտաբար. միեւնոյն միամտութեամբ ան նաեւ Սուրբ Էջմիածնի գահին բարձրացուց Գարեգին Ա կաթողիկոսը, կարծելով, որ այդ ձեւով պիտի խորտակէր Դաշնակցութեան մէջքը եւ հրաշքիւ իմն կախարդական հարուածով մը պիտի լուծէր եկեղեցական տագնապը. ազնիւ դիտաւորութիւն, բնականաբար, եթէ հաշիւները ճիշդ դուրս գային: Դժբախտաբար ակնկալութիւնները ի դերեւ ելան. Գարեգին կաթողիկոս դասալիք նկատուեցաւ Անթիլիասէն ու մեկուսացած մնաց Սբ. Էջմիածնի մէջ, մինչեւ իր ողբերգական վաղաժամ վախճանը: Մինչ այդ, պատմութիւնը պարզ է, Անթիլիասի գահուն վրայ բարձրացաւ Արամ Ա կաթողիկոսը, իր մարտական տրամադրութիւններով աւելի խորացնելով եկեղեցական պառակտումը:
Սակայն, այս բոլորը կապ չունին մեր ազգային օրհներգի ճակատագրին հետ, այլ միայնՙ օրուան սխալ քաղաքական հաշիւներուն հետ:
Եռագոյն դրօշին շուրջ լուրջ տարակարծութիւններ չյառաջացան: Պէտք է նոյնիսկ աւելցնել, թէ կարծէք ազգային միասնականութիւն մը ստեղծուեցաւ: Սակայն, օրհներգն ու պետական զինանշանը մնացին խոցելի ու լիովին չընդունուեցան ժողովուրդին կողմէ, որ կարծէք միայն ժամանակաւոր կարգավիճակ մը սահմանած էր անոնց: Ոմանք նոյնիսկ պետական զինանշանը փորձեցին հեգնել «կենդանաբանական պարտէզի» (հայաստանեան բացատրութեամբՙ «գազանանոց»-ի) նմանեցնելով զայն: Ականջը խօսի երգիծանկարիչ Սուքիաս Թորոսեանին (Թօթօ) ...
Այս բոլորին մէջ սփիւռքը շատ ըսելիք չունեցաւ եւ սկսաւ երգել «Մեր հայրենիքը» հլու հաւատարմութեամբ մը: Բնականաբար, կարգ մը կարկտաններ կատարուած էին օրուան պատշաճեցնելու համար օրհներգին բառերը. օրինակ «մեր հայրենիք, թշուառ անտէրը» փոխարինուած էր «մեր հայրենիք, ազատ անկախ»ով, սակայն, ամէն երգուելուն «թշուառ անտէր» բառերը գլուխ կը ցցէին եւ մարդուս մէջ լալու տրամադրութիւն կը ստեղծէին:
Փաստըՙ որ Միքայէլ Նալբանտեանի նման հայրենասէրի մը անունը կապուած էր անոր, բաւարար չեղան զայն ժողովրդականացնելու եւ «Իտալացի աղջկան երգը» պետական ներշնչող հիմնի վերածելու: Այդ երգին միակ պաշտպանութիւնը կը մնար սովորամոլութեան մը մէջ: Արդարեւ, Առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք Դաշնակցութիւնը կառչած էր անոր եւ զայն կը հակադրէր Հայաստանի խորհրդային շրջանի իրականութեան: Ան պարպուած էր պետականութեան խորհրդանշի իր խորհուրդէն, դառնալու համար հատուածի մը քաղաքական զէնքը, որուն վերջին փամփուշտը պիտի կրակէր նորանկախ Հայաստանի առաջին նախագահը:
Բնականաբար, դեռ պէտք է հասնի ժամանակը վերաքննելու եւ ի հարկին, վերամշակելու նաեւ պետական զինանշանը, հաւանաբար զանց առնելով այնտեղ բնակող անասուններէն գոնէ մի քանին...
Բարեբախտաբար, արդէն լուրջ նախաձեռնութիւններ կատարուած են որդեգրելու համար նոր օրհներգ մը: Կը մնայ մաղթել, որ այդ նախաձեռնութիւնները յանգին իրենց տրամաբանական ու դրական ելքին:
Ատենէ մը ի վեր արդէն հարցը կ՛արծարծուէր մամուլի եւ տեղեկատուական այլ միջոցներուն հունով, արուեստագէտներու, գրողներու, երաժիշտներու եւ մտաւորականներու կողմէ: Յատկապէս նշանակալից էր Դավիթ Հովհաննէսի ներկայացուցած շարքը պետական հեռուստակայանէն, բանաստեղծներու համար քիչ մը անսովոր հաւասարակշռուածութեամբ եւ, պէտք է աւելցնել, ամբողջականութեամբ: Ան առարկայական կերպով ներկայացուց կարելի բոլոր հաւանականութիւնները, սկիզբը նոյնիսկ չմատնելով իր նախասիրութիւնը: Տուաւ բոլորին դրական ու բացասական տեսակէտները, նոյնիսկ, իր նախընտրութեան հակառակողներուն տեսակէտները, իւրաքանչիւրին պաշտպանողականով: Ատիկա լուրջ քննարկումի առիթ ստեղծեց: Ի վերջոյ պետական օրհներգ մը պիտի սահմանուի ժողովուրդի յաւիտենական պատմութեան ու կարելի չէ զայն որդեգրել օրուան կիրքերով եւ քաղաքական ժամանակաւոր հաշիւներով:
Ի վերջոյ Դաւիթ Յովհաննէս առաջարկեց իր նախընտրութիւնըՙ «Հայաստան, երկիր դրախտավայր», որ այնքան ժողովրդականացած է Արմենակ Շահմուրադեանի անմահ երգեցողութեամբ: Երգին երաժշտութիւնը յօրինած է Գաբրիէլ Երանեան (ուսուցիչըՙ Տիգրան Չուխաջեանի), իսկ բառերու հեղինակն է Միրզա Վանանդեցի: Երգը արժանացած է նաեւ հանճարեղ հպումին մեր երգի քուրմինՙ անմահ Կոմիտասին, որ ետքէն մշակած է զայն: Թէեւ Կոմիտաս ընդգծած է երգին ազգային-հայրենասիրական բնոյթը, սակայն երաժշտութիւնը անյարիր գտած է մեր տոհմիկ երաժշտութեան տեսակէտէն: Առաջին երկու անունները երաժիշտներու եւ գրողներու նեղ շրջանակէն դուրս այնքան ծանօթ չեն հասարակութեան, որքան իրենց ընծայած երգը:
Դաւիթ Յովհաննէսի բացատրութիւնը այն էր, թէ, ճիշտ է, խօսքերը այնքան խորիմաստ չեն, սակայն, «Հայաստան» կրկներգը, իր վերամբարձ թռիչքով կու տայ հայրենասիրական անփոխարինելի ներշնչում մը:
Այստեղ աւելցնենք, թէ երգին որդեգրման դէմ կը գործեն անոր գրաբարախառն բառերը, որոնք կրնան հասկնալի չըլլալ բոլորին:
Անշուշտ, այս բոլորը Դաւիթ Յովհաննէսին առաջարկներն ու մեկնաբանութիւններն են. եղած են ու կը շարունակուին նաեւ այլ մեկնաբանութիւններ, որոնց սփիւռքէն կը միանայ այս գրողըՙ իր տեսակէտներով:
Կը հաղորդուի, թէ Հայաստան կը գտնուի իր պետական օրհներգի ընտրութեան նախօրէին: Մշակոյթի նախարարըՙ Յասմիկ Պօղոսեան, արդէն կազմակերպած է մրցանքը եւ ընտրուած է գնահատիչ յանձնախումբ մը, կամ դատական կազմ մը: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, դատական կազմին կ՛անդամակցին Վիգէն Սարգսեան, Կարէն Աւագեան, յաջորդաբար օգնականները հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին, բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան, յայտնի երգահան Էդուարդ Միրզոյեան եւ Կամերային նուագախումբի ղեկավար Արամ Ղարաբեկեան: Բոլորն ալ, արդարեւ, յարգելի անուններ: Սակայն բացի վերջին անունէն, սփիւռքը տարողունակ կերպով չէ ներկայացուցուած: Կ՛ըսուի, թէ մրցոյթին ներկայացուած են 85 առաջարկներ, բոլորն ալ Հայաստանէն, հակառակ որ մասնաւոր ճիգ չէ թափուած սփիւռքն ալ ներգրաւելու, սակայն, քիչ մը անհաւատալի կը թուի, որ 85 երգերուն բոլորն ալ միայն Հայաստանէն եղած ըլլան:
Ճիշտ է թէ պետական օրհներգը առաջին հերթին պետական գործ է, սակայն մենք աշխարհացրիւ ժողովուրդ մըն ենք եւ համազգային տարողութեամբ ծրագիրներու առիթով իրարու մօտ կու գանք—պէ՛տք է գանք—զօրաշարժի ենթարկենք մեր բոլոր ուժերը, անխտիր: Օրինակ, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան պահուն սփիւռքը կշիռ ունեցող ներկայութիւն մըն է, իսկ հայրենակերտումի նուիրուած թելեթոններու ընթացքին ան աւելի արժանավայել պատուանդանի վրայ կը դրուի: Հետեւաբար պետական օրհներգի ընտրութեան պարագան ալ իր պատմական նշանակութիւնը ունի եւ կարելի չէ սփիւռքը թողուլ լուսանցքի վրայ:
Ի դէպ, անգամ մը որ որդեգրուի մեր ազգային օրհներգը, սփիւռքը եւս պիտի ձայնակցի հայրենիքին, անոր երգեցողութեան մէջ. Սիդնիէն մինչեւ Սուրիա, Արժանթինէնՙ Լոս Անջելըս եւ Բէյրութէնՙ Փարիզ, հայ պատանիներ միաձայն պիտի կատարեն այդ նոր օրհներգը:
Մրցումին առաջին փուլը արդէն ամբողջացած է եւ 85 երգերէն ընտրուած են հինգըՙ կոմպոզիտոր Տիգրան Մանսուրեանի յօրինումը Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» քերթուածի բառերուն վրայ, Երուանդ Երզնկեանի գործըՙ Արարատ Բ-ի բանաստեղծութեան վրայ, Էդգար Յովհաննիսեանի «Երեւան-Էրեբունին» Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութեան վրայ եւ կոմպոզիտոր Ռոպերթ Ամիրխանեանի յօրինումը բանաստեղծ Լուդվիգ Դուրեանի խօսքերուն վրայ. ընտրուած հինգին մէջ ամէնէն նուազ քուէն տրուած է Ամիրխանեանին, հակառակ այնքան ժողովրդականացած հայրենասիրական երգերու հեղինակն ըլլալուն, իսկ առաւելագոյն քուէն ստացած է Տիգրան Մանսուրեանի առաջարկածը, շատ հասկնալի պատճառներով:
Ընտրուած առաջին հինգին մէջ է նաեւ Սովետական Հայաստանի օրհներգըՙ Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեամբ եւ Սողոմոնեանի կողմէ յօրինուած նոր բառերով:
Քանի ամբողջ նախաձեռնութիւնը օրհներգը փոխելու մասին է, բնական պիտի ըլլար, որ ներկայ օրհներգը դուրս մնացած ըլլար մրցանքէն:
Հասարակութիւնը տակաւին ամբողջական գաղափար չունի ընտրուած հինգ երգերուն մասին, հարկ է որ անոնք ներկայացուին ժողովրդային դատումի եւ ապաՙ արժանանան Ազգային ժողովի քուէարկութեան: Վերջերս մշակոյթի նախարարուհին ձայներիզի վրայ հատուածներ նուագեց պետական հեռուստակայանի մէկ լրաբաժնին մէջ: Այդ մասնակի ունկնդրութեամբ առաւելաբար ուշագրաւ կը դառնան Մանսուրեանի եւ Ամիրխանեանի գործերը: Արդէն լայնօրէն ժողովրդականացած Չարենցի խօսքերը աւելի եւս ժողովուրդի սիրտին մօտեցած են Աշոտ Սաթեանի այնքան հմայիչ եղանակով: Սակայն, հարց է թէ անոնք ամբողջութեամբ կը համապատասխանե՞ն պետական օրհներգի մը պահանջներուն: Իսկ Ամիրխանեանի տպաւորիչ երաժշտութեան կողքինՙ դժուար թէ Լուդվիգ Դուրեանի բառերը կարենան մրցիլ Չարենցի հեղինակութեան հետ: Էդգար Յովհաննիսեանի գործը եւս, որ իր ժողովրդականութեամբ ետ չի մնար վերոյիշեալ երկուքէն, սակայն «Երեւան-Էրեբունին» արդեօք միշտ կ՛ընդգրկէ՞ ամբողջ Հայաստանը- (Մարսէյէզին նայելով, հաւանաբարՙ այո՛):
Դաշնակցութիւնը մրցումի ամբողջ տեւողութեան «թշուառ անտէր»ը իսկապէս անտէր թողուցած էր, մինչեւ որ «Ազգ» օրաթերթի սիւնակներուն մէջ երեւցաւ Արա Մարտիրոսեանի մէկ յօդուածը, որ տիրութեան կը հրաւիրէր այդ կուսակցութիւնըՙ «Մեր հայրենիքը» պաշտպանելու: Եւ իրօք, յանկարծ, ձայնը հնչեց Հայաստանի Ազգային ժողովէն, ուր Դաշնակցութեան մօտ արթնցած էր մետասաներորդ ժամու սեփականատիրութեան (հաւանաբար նաեւՙ այս օրերու բացատրութեամբ սեփականաշնորհումի) զգացում մը: Արդարեւ, ՀՅԴ խմբակէն Ազգային ժողովի անդամ Գեղամ Մանուկեան ծանոյց, թէ իր կուսակցութիւնը օրէնքի նախագիծ մը պիտի առաջարկէր անփոփոխ պահելու «Մեր հայրենիք»ի ճակատագիրը: Ներկայացուցիչը յոյս յայտնեց, որ անպայման կը յաջողի այդ առաջարկը: Քուէներու համեմատութիւնը նկատի ունենալովՙ քիչ մը չափազանցեալ կը թուի դաշնակցական ներկայացուցիչին լաւատեսութիւնը: Սակայն, կարելի չէ ապահով նախատեսութիւններ ընել, որովհետեւ այդ աշխարհամասին մէջ սրբապղծութիւններ կարելի է ակնկալել մինչեւ անգամ Հայաստանի խորհրդարանէն: Տակաւին միտքերուն մէջ թարմ է այն պարագան, ուր քաղաքական սակարանի վրայ առեւտուրի դրուեցան պատմական սրբութիւններ, երբ առօք-փառօք զանց առնուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի անունը, իբրեւ հայ եկեղեցւոյ կեդրոն, պատրաստուող (եւ այսօրՙ որդեգրուած) Սահմանադրութեան մէջ, որովհետեւ տիրող կոալիցիայի մէկ խմբակը մանրադրամի վերածեց մեր դարաւոր եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռը, իբրեւ նոխազ ընծայելով զայն իր դաշնակից Դաշնակցութեան:
Հետեւաբար միայն զգոյշ նախատեսութիւններ կարելի է ընել հոն, ուր ամէն սրբութիւն կրնայ քաղաքական սակարանի լումայ դառնալ: Կարելի չէ ստուգապէս գիտնալ, թէ ընտրական հաշուարկումներու մէջ ո՞ր սրբութիւնները դեռ կրնան խնդրոյ առարկայ դառնալ, եւ տիրող վարչակարգը կրնայ աւելի խոհեմ եւ սկզբունքային ըլլալ, քան առաջին նախագահը, չտարուելու համար ժամանակաւոր հովերէն:
Գրեթէ դար մը ամբողջ «Մեր հայրենիք, թշուառ անտէր» երգելով լալու տրամադրութեան մատնուեցանք: Կը յուսանք այս անգամ կը խնայուին մեզի լացն ու շիւանը, եւ կ՛ունենանք աւելի ոգեւորիչ, աւելի լաւատես եւ երջանկացնող օրհներգ մը:
Մենք ամբողջովին համաձայն ենք մշակոյթի նախարարուհիին հաստատումին, թէ «շատ դժուար է ճիշտ ընտրութիւնը կատարել»: Որովհետեւ ինչ որ ալ ըլլայ ընտրութիւնըՙ միշտ դժգոհներ ու քննադատողներ պիտի ըլլան:
Այսօր ճիշդ պիտի ըլլար դուրս թողուլ «Սովետական ազատ աշխարհ»ն ու «Մեր հայրենիք»ը, իրենց պատմական բեռին համար: Որքան ալ փորձենք նոր բառեր ու նոր դիմագիծ տալ անոնց, միշտ հինը պիտի ցցէ իր գլուխը եւ արգելակէ մեր պատմական ընթացքը:
Այդ կերպով կշիռի վրայ կը մնան Մանսուրեանի եւ Ամիրխանեանի գործերը եւ հաւանաբար Մանսուրեանի միջազգային հեղինակութիւնը եւս ունենայ իր որոշիչ դերը:
Սակայն, դեռ չենք գիտեր, թէ քաղաքական հովերը ի՞նչ ուղղութեամբ կրնան փչել` տակն ու վրայ ընելու համար գեղագիտական, պատմական եւ ազգային մտահոգութիւնները:
Սպասենք ու տեսնենք:
Սպասենք ու երգենքՙ ինչ-որ ի վերջոյ պիտի տրուի մեզի իբրեւ ազգային ու պետական օրհներգ:
Դիտրոյթ, օգոստոս 22, 2006