ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Երեւութապէս ողջունելի արարք մը կը թուի թուրք կառավարութեան մէկ նոր նախաձեռնութիւնը, սակայն պէտք է զգուշանալ անոր ետին կանգնող քաղաքական դիտաւորութենէն: Արդարեւ, կը հաղորդուի թէ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը երկու միլիոն դոլար ծախսելով վերանորոգած է Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, որ 10-րդ դարու հայկական հոգեւոր ժառանգութիւն մըն է, եւ որոշած է յատուկ հանդիսութիւններով կատարել անոր բացումը ընթացիկ տարուան ապրիլի 15-ին:
Այս կապակցութեամբ պր. նախարարը հարցազրոյց մը ունեցած է թրքական «Զաման» թերթին հետ, կարգ մը շատ հետաքրքրական հաստատումներ կատարելով: Մշակոյթի այս նախարարըՙ պր. Աթիլլա Քոչ, այն անձն է, որ ծուղակը ձգած էր ամերիկեան «Թայմ» շաբաթաթերթի Եւրոպայի խմբագիրները, անոնց միջոցաւ մօտ կէս միլիոն DVD ցրուել տալով Եւրոպայի մէջՙ Թուրքիոյ զբօսաշրջիկութիւնը քաջալերելու պատրուակին տակ Հայկական ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը տանելով:
Տարբեր հարց, որ թերթին խմբագիրները անդրադառնալով իրենց համար լարուած ծուղակին, պաշտօնապէս սրբագրեցին կատարուած խաբէութիւնը: «Թայմ» շաբաթաթերթը իր կողմէ ներողութիւն խնդրեց հայոց դէմ կատարուած անարդարութեան համար, յետոյ ճշդեց իր պաշտօնական դիրքաւորումը ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ եւ իր ծախսերով նոր խտասալիկ մը պատրաստելով ցրուեց բոլոր այն հասցէներուն, որոնք ստացած էին թրքական խեղաթիւրման խտասալիկը:
Այնպէս կը թուի, թէ թուրք նախարարը կը շարունակէ իր խարդաւանքի քաղաքականութիւնըՙ այս անգամ Աղթամարի բացման առիթը օգտագործելով քաղաքական նպատակներով: Բնականաբար մենք պէտք է իրապաշտ ըլլանք եւ գիտնանք, թէ թուրքը միայն թուրքի նման պիտի մտածէ եւ պիտի ծառայէ իր պետութեան շահերուն, հետեւաբար մեր հերթին մենք ալ պիտի մտածենք հայու նման եւ հետամուտ ըլլանք մեր ազգային շահերուն:
Պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ բացման այս հանդիսութեան թուականը որոշուած է ապրիլ 15-ին, երբ սկզբնական թուականը յայտարարուած էր անցեալ նոյեմբերը: Այս տարուան համար նախ յայտարարուած էր հանդիսութիւնը կայացնել ապրիլ 24-ին, կարծէք հեգնելու համար հայոց վիշտը: Սակայն ուժեղ հակադարձութիւններ եղան հայկական շրջանակներէ, եւ նախարարութիւնը ձեռնարկը տարաւ ապրիլ 11-ին, ինչ որ հին տոմարով դարձեալ կը համապատասխանէ ապրիլ 24-ին: Մինչդեռ ամբողջ ապրիլ ամիսը սուգի շրջան մըն է հայութեան համար:
Սկիզբը, երբ յայտարարուեցաւ ապրիլ 24 թուականը, ամէնէն ուժեղ հակադարձողը հանդիսացաւ Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեանը, որ յայտարարեց, թէ ոչ մէկ եկեղեցական կրնար մասնակցիլ այդ թուականին եւ մանաւանդ ինք անձամբ պիտի մերժէր երթալ Աղթամարի կղզին այդ թուականին: Անգամի մը համար Պատրիարքը արիութիւնը ունեցաւ կողմնորոշուելու հայկական շահերու ի նպաստ ընդդիմանալով թուրք պետութեան որոշման: Մինչդեռ վերջին տարիներուն Պատրիարքը իրեն չվերաբերող քաղաքական հարցերու մէջ մտնելով ջուր հայթայթած էր թրքական ջրաղացին:
Կ՛ըսուի նաեւ թէ խաչը չէ վերականգնուած եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ եւ ոչ ալ երաշխաւորութիւն կայ, որ հոգեւորական մը իրաւունք պիտի ունենայ այդ օր աղօթելու վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ:
Երբ Աղթամարը կը վերանորոգուի, անդին հարիւրաւոր- եթէ ոչ հազարաւոր- վանքեր, եկեղեցիներ, յուշարձաններ կը մնան աւերակ վիճակի մէջ: Նախարարը, իր վերոյիշեալ հարցազրոյցին մէջ, խաբկանք չի թողուր մեզիՙ հայերուն, թէ Աղթամարը մեր ազգային ժառանգութեան մաս կը կազմէ. ան խօսքը մասնաւորելով կ՛ըսէ. «Մենք կը վերանորոգենք պաշտամունքի վայրերը տարբեր դաւանանքներուՙ ըլլան անոնք միաստուածեան թէ բազմաստուածեան. մենք զանոնք կը նկատենք մեր սեփական ժառանգութիւնը: Մեր հարստութիւնը»: Բնականաբար ոչ ոք ժառանգ թողուց այդ հարստութիւնը թուրքերուն. իրենք կողոպտեցին զայն նահատակ ժողովուրդէ մը եւ այսօր արդէն զայն իրենցը կը նկատեն:
Պր. Քոչ կը տեղեկացնէ, թէ ցարդ տասը եկեղեցիներ վերանորոգած ենՙ յունական եւ հայկական, երբ անդին հազարաւորներ կը մնան աւերակ վիճակի մէջ: Նորոգուած կամ նորոգուելու ընթացքի մէջ եղող եկեղեցիներն են Անի, Աղթամար, Ամասիայի Մարզուան շրջանի հայկական եկեղեցին, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցի Կարսի շրջանին մէջ: Վերոյիշեալ թւումները կատարելէ ետք նախարարը կը յայտնէ նաեւ արտառոց գաղափար մը. «Անին,-կ՛ըսէ ան,- ունի յատուկ նկարագիր մը, այնտեղ կը գտնուին ութ եկեղեցիներ եւ ութ մզկիթներ: Անոնց կառուցման թուականները զուգահեռ են իրարու: Իսլամները եւ քրիստոնեաները միեւնոյն շրջապատին մէջ երկար ատեն ապրած են խաղաղ կենակցութեամբ»: Մինչդեռ, երբ Անին կը ծաղկէր իբրեւ հազար ու մի եկեղեցիներու ոստան, թուրք չկար այնտեղ տակաւին. սելճուկ թուրքերը հասան Անիՙ անոր անկման շրջանին, զայն կործանելու համար: Իսկ այսօր հարց է, որ այնքան խաղաղօրէն կ՛ապրէին միասին, ո՞ւր կորած են հայերը:
Բացի անկէ, որ բացման թուականը որոշուած է խնդրայարոյց ժամանակի մը, ո՞վ կը ներկայացնէ հայութիւնը, ըստ թուրքերուն, մանաւանդ ո՞վ կը ներկայացնէ Սփիւռքի հայութիւնը. նախարարը յստակօրէն չի պատասխաներ այդ հարցումին. երբ կ՛ըսէ. «Մենք հրաւիրած ենք Եւրոպական միութեան պատկանող երկիրներէ ներկայացուցիչներ: Կը հրաւիրենք նաեւ մշակոյթի նախարարները Ռուսաստանի, Հայաստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Վրաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Կանադայի, ուր հայկական հոծ գաղութներ կան. մենք կարեւոր դէմքեր հրաւիրած ենք սփիւռքէն, հոգեւոր եւ աշխարհիկ պետեր, ինչպէս նաեւ մշակութային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ: 200 յայտնի հիւրեր պիտի ընդունինք»:
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ որո՞նք են այդ 200 յայտնի հիւրերը:
Թրքական այս արշաւին դիմաց համեմատաբար հեշտ է Հայաստանի պետութեան գործը, ան սկզբունքային որոշում մը կը կայացնէՙ երթալու կամ չերթալու մասին եւ ապա կը նշանակէ իր պաշտօնական ներկայացուցիչները: Մտահոգիչ է պարագան սփիւռքին, ուր խառնիճաղանջ մը կը տիրապետէ: Այնտեղ պակաս չեն ուռուցիկ եսերըՙ եկեղեցական թէ աշխարհական դասերու մէջ, որոնք պիտի չուզէին լուսանկարուելու առիթ մը փախցնելՙ առանց խորհելու անոր հետեւանքներուն մասին, եւ թուրքերուն համար դժուար պիտի չըլլայ շահագործել այդպիսիներու ունայնամտութիւնը, եւ սփիւռքը իրար խառնել: Նաեւ թուրքերը յաճախ կը փորձեն իրարու հակադրել սփիւռքի հայութիւնըՙ Հայաստանին:
Այս բոլորը գուցէ կը կատարուին իբրեւ նախափորձ թուրքերու կողմէ տեսնելու համար, թէ Հայաստանը ինչպիսի՞ համադրուած- կամ անկազմակերպ վիճակով պիտի կրնայ դիմաւորել այն հեռաւոր հաւանականութիւնը, երբ Թուրքիա օր մը հարկադրուի ճանչնալ հայկական ցեղասպանութիւնը:
Արդարեւ, ո՞վ կը ներկայացնէ սփիւռքը, այս հարցադրումը պէտք է կատարուի լրջօրէն եւ մտածուի անոր մասին, նախքան որ թուրքերը իրենք որոշեն, թէ ո՞վ պէտք է ներկայացնէ սփիւռքահայութիւնը:
Երբ որ հասնին թուրք մշակոյթի նախարարին հրաւէրներըՙ պէտք է արժեւորել առիթը, որոշելէ առաջ, թէ այդ հրաւէրին ընդառաջելով կ՛արժէ՞ երթալ եւ ծառայել թուրք պետութեան փրոփականտին, թէ մնալ ձեռնպահ. մանաւանդՙ ղեկավարներու մակարդակով խորհրդակցութիւն մը պէտք է կայացնելՙ նախքան հաւաքական որոշումի մը յանգիլը: Լուրջ սխալ մը պիտի ըլլար որեւէ հրաւէր ստացողի համար Իսթամպուլ փութալէ, առանց նման խորհրդակցութեան եւ հաւաքական որոշումի մը:
Պէտք չէ թերագնահատել թուրքին խորամանկութիւնն ու դիւանագիտական ճկունութիւնը. ի վերջոյ անոնք գրեթէ հազարամեակ մը կայսրութիւն ղեկավարած եւ դիւանագիտական փորձ են ձեռք ձգած:
Ասիկա առիթ մըն է, որպէսզի սփիւռքը իր որոշումները համադրէ հայրենի պետութեան հետ:
Խորհողներ կրնան ըլլալ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան հրաւէրը կրնայ բխած ըլլալ մերձեցման ցանկութենէ մը: Դեռ վերջերս պարզուեցաւ, որ այդպիսի յոյսեր այնքան ալ իրապաշտ չեն կրնար ըլլալ: Հրանտ Դինքի սպանութեան կապակցութեամբ ստեղծուած էր զգացական մթնոլորտ մըՙ ոմանց լաւատեսութեան մղելու աստիճան, սակայն անգամ մը, այդ զգացական պահը անցաւ, քաղաքականութիւնը վերադարձաւ իր ցուրտ իրականութեան:
Այս ցուցադրութիւնը ուղղուած է մանաւանդ Եւրոպայի, ցոյց տալու համար, որ Թուրքիան տարբեր կրօնքներու նկատմամբ լայնամիտ եւ հանդուրժող երկիր մըն է, միւս կողմէ սակայն կիրարկութեան դնելով ամէնէն ցեղապաշտ օրէնքները փոքրամասնութեանց նկատմամբ:
Աղթամարի բացման հանդիսութեանց մասնակցիլը փորձիչ պարագայ մըն է, որ սակայն մեզ պէտք է առաջնորդէ խոհականութեան: Ընդունելով թուրքին հրաւէրը, կրնանք վտանգել աւելի հեռաւոր նպատակներ: Պէտք չէ մոռնանք 1908-ի Երիտասարդ թուրքերու յեղափոխութեան յաջորդող խաբեպատիր մթնոլորտը, երբ սկսանք գոչել, թէ «բոլորս ալ օսմանցի» էինք: Սակայն այդ միամտութիւնը մեզի շատ դառն դաս մը սորվեցուց:
Իսկ այսօր, երբ 100,000 թուրքեր պաստառներ շալկած կը գոչեն «բոլորս հայ ենք», պէտք է մենք այդպիսի երեւոյթներուն մօտենանք սկեպտիկութեամբ, բան մըՙ որ չկրցանք ընել 1908-ի վաղորդայնին:
Մէկ խօսքով եզրակացնենքՙ ըսելով, որ կրկին չիյնանք թուրքին լարած ծուղակին մէջ:
Դետրոյթ (ԱՄՆ)