«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#145, 2007-08-15 | #146, 2007-08-16 | #147, 2007-08-17


ՏՈԿԱՑՈՂ ՏԱՐԻՆԵՐ` ՓԽՐՈՒՆ ՈՒՍԵՐԻՆ

Հանդիպում «Յառաջ» օրաթերթի խմբագրատանը

Հայերեն տառեր Փարիզում առաջինը հանդիպեցի անձրեւոտ մի առաւօտ, երբ անծանօթ փողոցները տարան «Յառաջ» օրաթերթի խմբագրատուն` շէնքի ճակատին մեզ վաղուց ծանօթ անուանատառերով: Փարիզի Հոթըվիլ փողոցի վրայ է գտնւում տասնամեակների աւանդութիւն ունեցող ու կայուն սկզբունքներ որդեգրած եւրոպահայ ամենահին եւ միակ օրաթերթը:

82 տարի առաջ թերթը Փարիզում հիմնադրել է Շաւարշ Միսաքեանը: Եւ գրեթէ անընդմէջ 1925-ից ի վեր թերթը յաջողութեամբ շարունակում է ֆրանսահայութեանը կանոնաւորապէս տեղեկացնել տեղի եւ հայկական միւս գաղթօջախների, Հայաստանի քաղաքական, մշակութային, ազգային կեանքից: Շաւարշ Միսաքեանի մահից յետոյ օրաթերթի տնօրէնութիւնը ստանձնել եւ արդէն ուղիղ 50 տարի աշխատանքները ղեկավարում է նրա դուստրը` Արփիկ Միսաքեանը: Մի փոքր սենեակում, խմբագրատան շատ սովորական պայմաններում օրաթերթի դժուարին ռիթմը պահպանում են հայ կեանքին ու ոգուն նուիրուած երկու կանայք` Արփիկ Միսաքեանը եւ Արփի Թոթոյեանը: Դիմացի պատին Շաւարշ Միսաքեանի նկարն է` կողքին վարդերի գեղեցիկ փունջ: Միջանցիկ մի դուռ տանում է կից մի տարածք, ուր տեղաւորուած է տպագրատունը. այստեղ հին եղանակով` լինոտիպով թերթի տպագրութիւնն է իրականացւում:

«Յառաջի» խմբագրատնից քիչ հեռու տեղական կառավարութեան արտօնութեամբ Թրեվիզ եւ Բլյո փողոցների հատման կետում մի փոքրիկ հրապարակ` կանաչապատ, անուանակոչուած է Շաւարշ Միսաքեանի պատուին:

Ներքին կամք ու տոկունութիւն է դաջուած Արփիկ Միսաքեանի դէմքին, հպանցիկ, բայց խորաթափանց, հայեացքը խորը փորձառութեան մասին է խօսում, վստահութիւն ներշնչող հանդարտաբարոյ շարժումները արագօրէն համակրանքի ու պատկառանքի զգացում են արթնացնում: Կին, որ իր կեանքի գործը դարձրել է ամէն կերպ պահել-պահպանել հայկականութիւնը` յանձին իր խմբագրած օրաթերթի: Եւ «Յառաջը», ըստ էութեան, դարձրել է եւրոպական մայր ցամաքում հայութեան տրոփի շարունակելիության խորհրդանիշը: Խմբագրատանը մի կարճ զրոյց սկսուեց` Հայաստանի եւ Սփիւռքի` նոր ձեւեր ընդունած յարաբերությունների մասին` ընդունելի եւ մերժելի կարծիքներ, որ այդ պահին շատ էլ կարեւոր չէին: «Շատ տրամադիր չեմ հարցազրոյցի», ասաց տիկին Միսաքեանը, իսկ աւելի ուշ կրկին հանդիպել չյաջողվեց: Հարցերս գրաւոր ներկայացրի եւ ստացւած պատասխանը, անշուշտ լեզուն եւ ուղղագրութիւնը պահպանելով, ներկայացւում է «Ազգի» ընթերցողներին:

- Ութսուն եւ աւելի տարիների ճանապարհ է անցել «Յառաջը», ինչպիսի՞ն էր այդ անցեալը եւ ինչպիսի՞ն է ներկայիս կացութիւնը:

- Այս օրերուն «Յառաջ» կը թեւակոխէ իր 82-րդ տարին, քանի հիմնուած է 1925 օգոստոս 1-ին: Այդ օրերուն, հայրս` Շաւարշ Միսաքեան, որ արդէն լրագրողի բեղուն անցեալ մը ունեցած էր Պոլիս-«Ազատամարտ», «Ճակատամարտ», «Ազդակ» շաբաթօրեակ եւ Կարինի «Յառաջ»ը-կը ձեռնակէր «Յառաջ»ի հրատարակութեան. ատիկա շրջան մըն էր, երբ Ֆրանսա կը հաստատուէին Ցեղասպանութենէն վերապրողները: Շաւարշ կ՛ուզէր, որ թերթը կապ մը ըլլայ այդ գաղթականներուն հետ, որպէսզի նոր հասնողները, անծանօթ երկրի լեզուին ու պայմաններուն, լքուած չզգան իրենք զիրենք:

Յիսնամեակին յուզիչ երկտող մը ստացայ բաժանորդէ մը, որ 1925-ին կ՛աշխատէր Կառտանի հանքերը եւ կը պատմէր, թէ ինչ ուրախութիւն զգացած է իմանալով, թէ հայերէն օրաթերթ մը լոյս կը տեսնէ:

Թերթը մէկ ընդհատում ունեցած է. 1940 յունիս 9-էն 1945, ազատագրման վաղորդայնին: Շաւարշ չէր ուզած, որ թերթը լոյս տեսնէ նացիական գրաւման շրջանին: Այդ թուականէն մինչեւ իր մահը-1957 յունուար 26-«Յառաջ» լոյս տեսած է իր խմբագրութեամբ: Այդ օրէն ստանձնած եմ հրատարակութեան շարունակութիւնը, հակառակ որ պատրաստուած չէի ատոր: Ծնած եմ Փարիզ ու հայկական դպրոց չեմ յաճախած: Առժամապէս շարունակեցի ու ինչպէս ֆրանսացին կ՛ըսէ` մինչեւ այսօր այդ առժամեան է, որ կը տեւէ: Ներկայի կացութիւնը չի բաղդատուիր իր անցեալին հետ: Տպաքանակը զգալի նուազում արձանագրած է, զանազան պատճառներով: Երիտասարդ սերունդը կարեւոր տոկոսով հայերէն չի գիտեր. յետոյ կան հեռատեսիլը եւ համացանցը, որոնք կը վնասեն ընթերցումին եւ այս երեւոյթը հայ մամուլին մենաշնորհը չէ: Այսօր թերթին տպաքանակը 2000-ի չի հասնիր այլեւս:

1976-էն ի վեր կը հրատարակենք նաեւ յաւելուած մը, ամէն ամսուն առաջին կիրակին. «Յառաջ Միտք եւ Արուեստ»ը, ուր նաեւ զիջում կ՛ընենք լեզուին, տեղ տալով ֆրանսերէն յօդուածներու ալ:

«Յառաջ» անկախ օրաթերթ մը ըլլալով, պարտի ինքնաբաւ ըլլալ, քանի միակ հասոյթը կ՛ապահովեն բաժանորդագրութիւնները, ծանուցումները, որոնք առեւտրական բնոյթի չեն, այլ կը վերաբերին միայն համայնքին գործունէութեան. եւ նուէրները: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կը տոկանք:

- Ի՞նչ դեր է վերապահուած «Յառաջին» ֆրանսահայութեան կեանքում, եւ ուրիշ ո՞ր պարբերաթերթերն են առաւել կանոնաւոր լոյս տեսնում: Ընթերցողական վերաբերմունքը ինչպիսի՞ն է:

Կա՞յ արդեօք համախմբում համայնքի ներսում:

- Հայերէն միակ օրաթերթն է: Կայ երկլեզու երկշաբաթաթերթ մը` «Աշխարհ» եւ ամսաթերթ մը` «Ֆրանս-Արմէնի» ու միայն ֆրանսերէն ամսաթերթ մը` «Նուվել դ՛Արմէնի մագազին»: Առաջին պատասխանիս մէջ անդրադարձայ արդէն ընթերցողներու պարագային: Այլ դժբախտ երեւոյթ մը կայ, որ թերթը ձեռքէ ձեռք կ՛անցնի, այսինքն տունէ տուն կը կարդացուի: Այդ առումով «Յառաջ»ի ընթերցողներու թիւը մեծ է, բայց չի համապատասխաներ տպաքանակին:

Առանց յաւակնութեան, համոզուած եմ, որ «Յառաջ»ի դերը կարեւոր է ոչ միայն ֆրանսահայութեան, այլեւ ընդհանրապէս Սփիւռքին, քանի անկախ օրաթերթ մըն է, ինչ որ չի նշանակեր չէզոք:

Համայնքի կառոյցներու միջեւ համախմբում կայ անշուշտ, մանաւանդ շնորհիւ հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդին` CCAF, որ կոչուած է ներկայացնելու համայնքը իշխանութիւններու առջեւ, եթէ նոյնիսկ կան կուսակցութիւնները եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց դերը ունին:

- Ե՞րբ առաջին անգամ այցելեցիք Հայաստան եւ ի՞նչ մնաց առաւելաբար Ձեր յիշողության մէջ:

- Հայաստանի առաջին տպաւորութիւններս կը պատկանին 1976 ապրիլի օրերուն: Եթէ հայրս տեսած էր Հայաստանը առաջին անկախութեան օրերուն, ես առաջին անգամն էր, որ ոտք կը դնէի հոն: Բրեժնեւի օրերն էին: Ուրախ էի, բայց նաեւ կաշկանդուած: Շատեր կը խուսափէին բարեւս իսկ առնելու, կամ թոյլ տալու, որ ուզած տեղս երթամ: Սփիւռքի կոմիտէին պատասխանատուն էր Վ. Համազասպեանը, որ առաջարկեց փափաքներս յայտնել, որպէսզի գոհացում տայ: Խնդրեցի որ ներկայ ըլլամ Գրողներու միության համագումարին, քանի մը վայրկեան: Լաւ, ըսաւ, բայց յաջորդ օրը յայտնեց, թէ «այս անգամ չի կարելի»... Բացման օրը երեքշաբթի մըն էր, առանձին մնացած էի պանդոկը: Դիմեցի զբօսաշրջական գրասենեակը ու խնդրեցի, որ զիս առաջնորդեն գերեզմանատուն, ուր այցելեցի ողբացեալ գրողներուն: Վերադարձիս, տպաւորութիւններու յօդուածաշարքիս մէջ, զոր խորագրած էի «Արարատ, սիրելիս», այս կէտը մատնանշեցի, աւելցնելով, որ քանի չարտօնուեցաւ ապրող գրագէտները տեսնել, գացի մեռածներուն մօտ, մանաւանդ, գիտէի թէ զիրենք չեմ խանգարեր: Վարդգէս Պետրոսեանը շատ նեղուած էր այս գրածիս, բայց, ըստ ինձի ըսուածին, Կեդրոնական կոմիտէն էր, որ արգիլած էր: Պ. Էդ. Միրզոյեան ուզեց զիս Դիլիջան առաջնորդել, բայց այդ ալ չարտօնուեցաւ այն պատճառաբանութեամբ, որ իրաւունք չունէի Երեւանէն դուրս գիշերելու: Բայց եւ այնպէս գոհ էի, որ Հայաստանը տեսած էի: Յետագային երեք անգամ գացի` 1988-ին, 1989-ին եւ 1990-ին: Խանդավառ օրեր էին, թէեւ առաջին այցս զուգադիպած էր երկրաշարժին նախօրեակին-1988 նոյեմբեր, բայց ուրախ էի. ժողովուրդը ոգեւորութեան մէջ էր եւ Օպերայի հրապարակին ցոյցերը զիս խորապէս տպաւորեցին: Ժողովուրդը ՅՈՅՍ ունէր, եւ ինչ որ ցաւ կը պատճառէ ինծի այսօր, այդ յոյսին չքացումն է. մինչդեռ ժողովուրդ մը միշտ պէտք է յոյս ունենայ:

Երկար տարիներ, հօրս սերունդը անկախութիւն երազած է, որպէսզի Սփիւռքի հայերը հայրենիք վերադառնան: Բայց երբ անկախությունը եկաւ, Հայաստանը պարպուեցաւ, Սփիւռքը ծաւալեցաւ: Դժբախտ երեւոյթ մըն է:

- Ինչպիսի՞ վերաբերմունք ունէք հայաստանեան մամուլի հանդէպ, բաւարա՞ր եք գտնում արդեօք սփիւռքի մասին հրապարակումները: Ի՞նչ նկատառումներ ունէք սփիւռքահայութեան համար հեռարձակվող Հ1-ի հեռուստածրագրերի վերաբերեալ:

- Հայաստանեան մամուլին կը հետեւի «Յառաջ»ի խմբագիրը` Արփի Թոթոյեան: Իմ տպաւորութիւնս այն է, որ Հայաստան քիչ կը զբաղի Սփիւռքի կեանքով. «Ազգ»-ը բացառութիւններու մաս կը կազմէ: Պէտք չէ, որ Հայաստանի համար Սփիւռքը միայն տնտեսական ազդակ մը ըլլայ:

Չեմ հետեւիր Հ1-ի հաղորդումներուն: Շատ հետեւողներու կարծիքը այն է ընդհանրապէս, որ լեզուական անխնամութիւնը խոչընդոտ կ՛ըլլայ:

- Հայաստան-Սփիւռք յարաբերությունների զարգացման արդի փուլում ի՞նչ ակնկալիքներ ունի սփիւռքահայը Հայրենիքից: Ունէ՞ք առաջարկներ:

- Սփիւռքահայը շատ բան կրնայ ակնկալել Հայաստանէն, պայմանաւ, որ ան հարկ եղած կարեւորութիւնը տայ Սփիւռքին, գլխաւորաբար ուղղագրութեան հարցին առընչութեամբ: Անընդունելի է, որ 15ամեայ անկախ Հայաստանը մինչ թօթափեց սովետական ամէն բան, պահէ, պահպանէ ու պաշտպանէ սովետական օրերուն պարտադրուած սխալագրութիւնը: Այս մասին եղած են առաջարկներ, որոնք մնացած են ձայն բարբառոյ յանապատի: Կը ցավիմ որ Հայաստանի առաջին նախագահը, որ հարցին լաւատեղեակ դէմք էր, չկարգադրեց զայն, երբ կրնար:

Զրույցը` ՄԵԼԱՆՅԱ ԲԱԴԱԼՅԱՆԻ, Փարիզ-Երեւան


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4