«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#154, 2007-08-28 | #155, 2007-08-29 | #156, 2007-08-30


ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐ` ՅԱԿՈԲ

Վարդիվառեանի «Հանդիպումներ (Բ)» հատորին ընդմեջէն

Երբ գիրք մը ձեռք կ՛առնէք, ձեր առաջին հարցումները, բնականաբար, կը հանդիսանան` ինչ պատգամ կ՛ուզէ փոխանցել հեղինակը, ինչպիսի տագնապ զինք մղած է հատորի մը յօրինումին դիմելու, որովհետեւ ամէն ստեղծագործութիւն ծնունդն է տագնապի մը` անձնական, ազգային թէ համամարդկային:

Անոնք, որ կը ճանչնան այս հատորին հեղինակը` Յակոբ Վարդիվառեանը, մանաւանդ եթէ կարդացած են անոր «Հանդիպումներ» ու առաջին հատորը, վստահաբար պիտի կրնան կռահել Բ հատորին բովանդակութիւնը եւ անոր ընծայելիք պատգամը: Արդարեւ, ան քառասուն հարցազրոյցներով կ՛արձակէ իր ազգային պատգամը, այդ դէմքերու իւրաքանչիւրէն կերտելով ազգային քանդակ մը, որ անկասկած ունի մնայուն արժէք:

Բազմաձայն պատարագ` ներքին դաշնաւորումով մը:

Հարցազրոյցի մասնակցող դէմքերուն այլազանութիւնն ու բազմազանութիւնը կրնայ առաջին հերթին շփոթեցուցիչ թուիլ ընթերցողին. սակայն անոնք կու տան պատկերը հեղինակի այլազան հետաքրքրութեանց ու բազմազան յարաբերութեանց, որոնք կը կազմեն գիրքին ատաղձն ու հարստութիւնը: Բոլորը իրար զօտող, իրարու միացնող լծակը ինքը` հեղինակն է, որ հոգիներ եւ աշխարհներ կը կամրջէ իր զրոյցներով ու հետաքրքրութիւններով, կը միացնէ աշխարհագրական տարածութիւններ, ժամանակներ եւ այդ ժամանակները յուզող հարցեր: Երգիչներ, արուեստագէտներ, խմբագիրներ, հոգեւորականներ եւ ազգային գործիչներ, որոնք կը տողանցեն ձեր առջեւ, եւ գիրքին հեղինակը, ընթերցողին ձեռքէն բռնած` մէկ առ մեկ կը նայի իր խօսակիցներու հոգիներուն եւ նկարագիրներուն լուսամուտներէն ներս` պարզելով ներքին աշխարհ մը գաղափարներու, ապրումներու, երազներու եւ մեկնութիւններու:

Տարիներու լրագրական վաստակով հեղինակը փորձառութիւնը ձեռք ձգած է ճիշտ հարցումները հարցնելու իր զրուցակիցին, զգայուն կոճակներուն վրայ սեղմելու` արտահանելու ակնկալուած խօսքը, տեղեկանքը, ապրումը կամ խոհը:

Եթէ իւրաքանչիւր հարցազրոյց միայն շարան մը ըլլար հարցումներու եւ պատասխաններու, ընթերցողը արդարացումը պիտի ունենար զրոյցներուն ամբողջական բովանդակութիւնը վերագրելու հեղինակի զրուցակիցներուն: Սակայն հատորին շահեկան մասը այն է, որ Վարդիվառեան իւրաքանչիւր հարցազրոյցի սկիզբը զետեղած է մէկ էջի ծաւալով բնութագրումը իր զրուցակցին, ժամանակը, նկարագիրը եւ մանաւանդ` դիպուկ եւ բնորոշիչ ներկայացում մը, որ խորք եւ իմաստ կու տայ յաջորդող էջերու զրոյցին. տեսակ մը, որ արագ գիծերով տրուած դիմանկար մը` վարպետ վրձինումով:

Օրինակ, ինչ բառ, գիծ կամ գոյն կարելի է աւելցնել նկարագրելու համար առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, երբ հեղինակը կը գրէ. «Ղարաբաղի պարգեւը` մարտիրոսացած Արցախին»:

Մեծ է թիւը շահեկան հարցազրոյցներու եւ հետեւաբար փորձութիւնը` անդրադառնալու բոլորին: Սակայն գիրքը աւարտելէ ետք, երբ կը սկսիք խորհիլ ներկայացուած նիւթերուն մասին, կ՛անդրադառնաք թէ ներքին դասաւորում մը կայ թեմաներու, որոնք ժամանակ մը կամ շրջադարձային ազգային հարց մը կը շօշափեն:

Գիրքին ոգին ու մղիչ ուժը կարելի է նկատել այն բնութագրումը զոր ան կատարած է իր ուսուցիչին եւ գաղափարական մենդորին մասին. այսպէս «Քիչ են կուսակցական այն դէմքերը, որոնք կ՛ապրին քեզի հետ ազգային կեանքի առօրեայիդ մէջ: Անոնք անդենականէն իսկ կու տան իրենց առաջնորդութիւնը, երբ մանաւանդ կը գտնուիս ընկրկումի, յուսախաբութեան ու պարտութեան պահերու դէմ յանդիման: Ընկեր Գերսամ Ահարոնեան այդ անհատականութիւնն է մեր սերունդին համար, որ մեր ժողովուրդին ապագային հանդէպ բացարձակ լավատեսութեամբ, անընկճելի իր կամքովը, անտեղիտալի իր հայրենասիրական հաւատամքովը, իր ազատական-ռամկավարական ուղղամիտ համոզումներովը... դարձաւ մեզի լաւագոյն օրինակ»:

Այն օրերուն, երբ այնքան կենսական էին սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները, ամէն դէպք, փոխայցելութիւն ու գաղափար ունէին իրենց կշիռը. այդ դրութեան մէջ յատկանշական է հարցազրոյցը Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի հետ, որ ներսէն, հայրենիքէն կը դիտէ սփիւռքը, որ բնականաբար տարբեր պատկեր մը կը պարզէ այն համոզումներէն զորս սփիւռքը ունի ինքն իր մասին:

Սերօ Խանզադեանի հարցազրոյցը աւելի անդին կ՛երթայ գրականութեան սահմաններէն, յանգելու համար ազգային գաղափարաբանութեան տարազումին, մանաւանդ բխելով զօրավար Անդրանիկին նուիրուած անոր վէպէն, եւ այս` տակաւին խորհրդային տարիներուն, 1983-ին: «Երբ թշնամին գալիս է` պէտք է միաւորուել, երբ խաղաղ վիճակ լինի` ինչքան ուզում են թող վիճեն», կ՛ըսե Խանզադեան, պարզեցնելով գաղափարական իր թանձր խոհերը:

Գրական ու երգիծական գլուխ գործոց մըն է Սիմոն Սիմոնեանի հարցազրոյցը, աւելի` մենազրոյցը, որովհետեւ հեղինակը իր հարցումները ներկայացնելէ ետք ազատ ասպարէզ տուած է պատմաբան-գրողին, որ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տագնապի առաջին օրերուն, 1950-ականներուն, իբրեւ գիտական աշխատակիցը Գարեգին Յովսէփեան կաթողիկոսին, այդ օրերուն կը գտնուեր Անթիլիաս: Իր կեանքի վերջալոյսին Անթիլիաս այցի կու գայ վաստակաւոր գրող եւ ազգային գործիչ Արշակ Չօպանեան, իր վաղեմի իմացականութենէն շատ բան կորսնցուցած. Չօպանեանի դիմանկարը` վերջին տարիներուն:

Այնտեղ կը պատահին ահաւոր կերպով ծիծաղելի դէպքեր, որոնց մէջ ամէնէն շահեկանը Սիմոնեանի կայծակնային սրամիտ ակնարկներն են ժամանակաշրջանին մասին: Այդ շրջանին Խադ արք. Աջապահեան տեղապահն էր կաթողիկոսարանին եւ Խորէն արք. Բարոյեան կը ջանար ապահովել Խադ Սրբազանին հրաժարականը, ընթացք տալու համար Զարեհ Սրբազանի կաթողիկոսական ընտրութեան, որ եկեղեցական տագնապի առաջին բեկումը հանդիսացաւ: Չօպանեանի ու Խադ Սրբազանի անզօր ծերութիւնը մէկ կողմէ, միւս կողմէ մութին մէջ սկսող ողբերգութիւն մը եւ այս բոլորին վրայ իր ակնարկը պարզած ժամանակագիր մը` որ երգիծական միջամտութիւններով կայծակնային լուսաւորումներ կը պարզէ պատմական այդ ժամանակաշրջանին վրայ:

Գործարար, ազգային գործիչ եւ պետական դէմք Մկրտիչ Շելեֆեանի բաժինը սփիւռքահայ կեանքի մէջ իւրայատուկ շերտ մը կը ներկայացնէ` պոլսահայութեան դիմագիծը:

Չափազանց հետաքրքրական, կարելի է ըսել պատմական բաժին մըն է զրոյցը գրող, հրապարակագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ: Պատմական այն իմաստով, որ թեմա մը եւ պատմական շրջադարձ մը կը ներկայացնէ ան: «Նայիրի» շաբաթաթերթի խմբագիրը, հրաժարելով Դաշնակցութենէն, վճռած էր ցուրտ պատերազմի սառոյցին վրայ բարեխառնութիւն յառաջացնել. այսինքն սեւի եւ սպիտակի կտրուկ հակասութիւններէն հեռանալով` իրապաշտ մօտեցումով դիտել Խորհրդային Հայաստանը, մերժելով ժխտողականութիւնը եւ հեգնելով վարդագոյնին սիրահարութիւնը: Եվ այդ կերպով ան իրապաշտ մտածողութեան հոսանք մը յառաջացուց, ըսենք ոսկեայ միջին, ուր իրական պատկերը պարզուեցաւ մեր հայրենիքին եւ ճշմարիտ դերը` Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնին:

Ափսոս որ կարճ ու սահմանափակ մնացած է հարցազրոյցը Տիրան արք. Ներսոյեանին հետ. ականաւոր եկեղեցական ու աստուածաբան, եկեղեցական կնճիռներու հանգոյցին ինքզինք պարտադրող միտք, որուն ցանկութիւնները միշտ փշրուած են խութերու դիմաց: Սակայն ամէնէն հիմնականը` ան հանդիսացաւ ամերիկահայ կղերակեդրոն մտածողութեան խորհրդանիշը:

Ներգաղթի թեման խոր վերլուծման ենթարկած է պրոֆ. Գէորգ Խրլոբեան: Մանաւանդ ինք իբրեւ ներգաղթող եւ արտագաղթող` հմտօրէն մօտեցած է հարցի բոլոր երեսներուն, ու պէտք է ըսել թիւերէն, քաղաքական տուեալներէն անդին` ան ընկերաբանական ու խոհական վերլուծում մը հանդէս բերած է իր մօտեցումներուն մէջ:

Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք պարզուող ժամանակաշրջանին վրայ խորաթափանց ակնարկ մը կը նետէ գրող եւ քաղաքական գործիչ Վարդգէս Պետրոսեան:

Կարելի է տակաւին բանալ ծալքերը այլ թեմաներու, որոնք կը պարզուին յաջորդական իւրաքանչիւր հարցազրոյցի մէջ, ամբողջ ներաշխարհ մը պարզելով ընթերցողին դիմաց:

Գիրքը պիտի շահէր, եթէ հատորէն դուրս ձգուած ըլլային կարգ մը կիսատ մնացած կամ անյաջող հարցազրոյցներ, ինչպիսին են Նուպար Նազարեանի, Վազգէն կաթողիկոսի եւ Պետրոս Սեմերճեանի կարճառօտ զրոյցները, որովհետեւ այլապէս այնքան ճոխ նիւթեր եւ հարցազրոյցներ կան, որոնք լիուլի պիտի հոգացնէին հետաքրքիր ընթերցողը:

Վաստակաւոր լրագրող եւ արուեստի քննադատ Գրիգոր Քէօսէեանի զուսպ ներածականը իր քոնթեքսթին մէջ դրած է հատորը:

Այս գիրքը կը ներկայացնէ քառասուն ազգային քանդակներ:

Պատկերասրահը ամբողջացնելու համար կը սպասուի յաջորդական հատորներուն:

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, Դետրոյթ, ԱՄՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4