«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#11, 2008-01-22 | #12, 2008-01-23 | #13, 2008-01-24


ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՎԱՃԱՌՔԸ ՍԿՍԱԾ Է

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Նոյեմբերի 6-ին, ինչպես հայտնի է մեր ընթերցողներին, Երեւանում տեղի ունեցավ ՀՅԴ-ՌԱԿ համաժողով, որի ավարտին մասնակիցներն ընդունեցին համատեղ հայտարարություն, որը տեղեկացնում էր, որ Հայ դատի հետապնդման եւ հարակից մի քանի հարցերում զույգ կազմակերպությունները որոշել են սերտորեն համագործակցել միմյանց հետ, ինչը դրական կլիներ անշուշտ, եթե ուղղված չլիներ նույն ոլորտում արդյունավետ գործող հայկական այլ կազմակերպությունների դեմ: Օրին, մեր թերթը մանրամասն անդրադարձել է այդ անընդունելի դիրքորոշմանը: Պարզվում է, որ նման համագործակցությունն անընդունելի է ՌԱԿ սփյուռքի ավանդապաշտ շրջանակների համար եւս, ինչի մասին է վկայում ՌԱԿ-ի վերջին 30-40 տարիների վաստակավոր գործիչներից Ե. Ազատյանի ստորեւ լույս տեսնող հոդվածը, որը հրապարակվել է ՌԱԿ Բոստոնի օրգան «Արմինյըն միրոր սփեքթեյթր» եւ Մոնրեալի «Ապագայ» թերթերում:

Չբաւէին կարծէք կուսակցապատկան կալուածներու վաճառքն ու խորումներըՙ արդէն կարգը եկած կը թուի ըլլալ կուսակցութեան բարոյական դրամագլուխի շահագործման: Բարոյական այն դրամագլուխը, որ կերտուած էր մեր եւ նախորդ սերունդներու արեան ու քրտինքի հաշւոյն, այսօր արդէն հրապարակային աճուրդի հանուած է կարգ մը պատեհապաշտներու կողմէ, որոնք ներթափանցած են կուսակցական շարքերէն ներսՙ ապօրինի եւ անուղիղ միջոցներով եւ կը յաւակնին տէրը դառնալ այն պատմութեան ու ժառանգութեան, որոնք տասնամեակներու ընթացքին կերտուած էին Թէքէեաններու, Տամատեաններու, Եկարեաններու ու Չօպանեաններու անհուն ճիգերով ու զոհաբերութիւններով եւ ապաՙ դժուար ժամանակներու մէջ, եւ վտանգաւոր պայմաններու ներքեւ, պահպանուած ու հարստացուած էին Բարունակ Թովմասեաններու, Գերսամ Ահարոնեաններու, Հրաչեայ Սեդրակեաններու եւ Յակոբ Դաւիթեաններու սերունդին կողմէ ու ժառանգուած մեզիՙ մեր սերունդին անաղարտ հայրենասիրութեամբ ու գաղափարական վսեմ նուիրումով:

Մեր սերունդը բախտաւորութիւնը ունեցաւ ողջունելու մեր հայրենիքի նոր անկախութեան արշալոյսը եւ այդ ազնուագոյն ժառանգութիւնը նուիրաբերեց Հայաստանի ժողովրդավարութեան խորանին:

Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը սփիւռքեան իր 70-ամեայ առաքելութիւնն ու փորձառութիւնը փոխադրեց հայրենիքՙ իբրեւ սերմնացու նորածիլ ժողովրդարարութեան այգիին:

Դժբախտաբար այսօր այդ ժառանգութիւնը անազնիւ մաքսանենգներու կողմէ դրուած է քաղաքական սակարանի վրայ, անպատուելով յաջորդական սերունդներու վաստակն ու վարկը:

Կալիֆոռնիայէն մինչեւ Բէյրութ ու Բէյրութէն Երեւան կուսակցապատկան կալուածներն ու նիւթական դրամագլուխներ անբարեխիղճ կերպով կողոպտուած եւ իւրացուած են ապօրինի կերպով կուսակցութեան շարքերէն ներս ճողոպրած բախտախնդիրներու կողմէ, որոնք ոչ ոքի նկատմամբ համարատուութիւն կը ցուցաբերեն, արհամարհելով աշխարհատարած շարքերը այս պատմական կազմակերպութեան:

Հիմա ալ հերթը հասած է կուսակցութեան բարոյական ու քաղաքական դրամագլուխին: Այդ դրամագլուխը սփիւռքի մէջ իրագործուած եւ արժանաւորապէս հայրենիք փոխադրուած էր Կէօնճեաններու, Աւետիքեաններու, Արզումանեաններու, Միրզախանեաններու եւ այլոց ջանքերով, իսկ այսօր ան վաճառքի հանուած է կարգ մը շահատակներու կողմէ:

Արդարեւ, անցնող տարուան նոյեմբեր 6-ին անակնկալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Երեւանի մէջ, յայտնելով, թե Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը հանդիպած եւ բոլոր առկախ հարցերը լուծած էին: Այդ հաղորդագրութեան կցուած էին ճոխ լուսանկարներ, ուր բազմաթիւ անծանօթներ ու ՌԱԿ-ի շարքերու կարգ մը լուսանցքային դէմքեր համախմբուած էին Երեւանի մէջ, գաղտնի աղբիւրներէ հայթայթուած զբօսաշրջիկային գումարներովՙ սակարանի վրայ դնելու ՌԱԿ-ի տասնամեակներու ժառանգութիւնը:

Բնականաբար այնտեղ համախմբուած զբօսաշրջիկները ոչ ոք կը ներկայացնէինՙ բացի իրենց անձերէն, եւ ՌԱԿ-ի օրինաւոր շարքերը զարհուրանքով նկատեցին, թէ այդ խաժամուժը հաւաքուած էր Երեւան Դաշնակցութեան վաճառելու կուսակցութեան վարկն ու քաղաքական դրամագլուխը:

Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան օրինաւոր շարքերը սկսան զարմանքով հարց տալ, թէ ի՞նչ բան փոխուած էր, որ ՌԱԿ-ի անունով գործող կարգ մը բախտախնդիրներ երթային եւ իյնային Դաշնակցութեան գիրկը. արդարեւ, ոչինչ: Այնքան ատեն, որ ՌԱԿ-ի օրինաւոր ղեկավարութիւնը ամուր կառչած կը մնար իր աւանդական սկզբունքներուն, ոչ մէկ գովասանք ստացած էր Դաշնակցութեան Բիւրոյէն: Միայն բարեմիտներ կրնան չկասկածիլ, թէ ինչո՞ւ Դաշնակցութեան բիւրոն սկսած է մեղրածորան շողոմանքիՙ ՌԱԿ-ի նկատմամբ, որովհետեւ ան յաջողած է անվաստակ բարեմիտներու խմբակը ծուղակը ձգել եւ ծառայեցնել իր մենամոլական քաղաքականութեան:

Փորձենք հասկնալ այն պատճառները, որոնք կրնան ետին կանգնած ըլլալ այս հապճեպ գրեթէ փախստական հաւաքին եւ անկէ բխած հաղորդագրութեան.

ա. Դաշնակցութիւնը յաւակնութիւններ ունի վերստին տիրանալու Հայաստանի իշխանութեան, ինչպէս ըրած էր 1919-ին, մեր հայրենիքի առաջին անկախութիւնը առաջնորդելով կործանման_«Մեր հին ընկերըՙ մեր նոր նախագահը» կարգախօսը ցոյց կուտայ, թէ Դաշնակցութեան վարքագիծին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուած է, ընկերվարական դաւանանքով ըստ պարագային տեղական պատեհապաշտ գործելակերպով յեղափոխական միեւնոյն կազմակերպութիւնն է, որ դժուարութիւնն ունի պատշաճելու արդի ժամանակներուն:

Այսպէս, նախագահական իր յաւակնութիւններով դաշնակցութիւնը կարիքն ունի ցոյց տալու, թէ համայն սփիւռքը իր գրպանին մէջ է. եւ այդ ախորժակներով կը հրաւիրէ զբօսաշրջիկներու խումբ մը, անյայտ աղբիւրներէ ապահովելով անոնց կեցութեան ու ճանապարհածախսը, միասնաբար յայտարարելու, թէ աւանդաբար իրարու հակառակորդ եւ մրցակից կազմակերպութիւններ միացած ենՙ ընելու համար ի՞նչ. զօրակցելու Դաշնակցութեան քաղաքական յաւակնութեանց, մինչ անդին ոչ մէկ առկախ հարց գտած է իր լուծումըՙ երաշխաւորելու համար նման մերձեցում մը: Այդ հաւաքի լուսանցքին վրայ, վաստակաւոր հացկատակ մը, իր ոգեւորութեան մէջ այնքան առաջ գացած էՙ յայտարարելու համար, թէ ՌԱԿ-ը կրնայ նաեւ թիկունք կանգնիլ Դաշնակցութեան նախագահական թեկնածուին: ՌԱԿ-ի ոչ մէկ համագումարին նման որոշում մը կայացած է եւ ոեւէ բարեխիղճ ռամկավար պիտի չկանգնէր այդ անպատասխանատու արարքին ետին:

բ.- Այս անվաւեր հաւաքով եւ անպատասխանատու յայտարարութիւններով կը պղտորի նաեւ ուրիշ բնագաւառ մը: Արդարեւ, Դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբն ու Ամերիկայի Հայկական համագումարը լոբբիստական միեւնոյն առաքելութեան լծուած են քաղաքական միեւնույն շրջանակներու մէջ, երբեմն խաչաձեւելով իրար: Հետեւաբար, դաշնակ ղեկավարութիւնը ՌԱԿ-ի այդ անպատասխանատու խմբակը իր գրպանին մէջ ցոյց տալով կը փորձէ մեկուսացնել Հայկական համագումարը: Բարեբախտաբար ռամկավար օրգաններ, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, չեն մտած նման յանձնառութեան մը տակ, հետեւաբար Դաշնակցութիւնը, բացի այդ անաշխատ խմբակէն, ոչ ոք ունի իր գրպանին մէջ: Մասնաւորելով խօսքը ՌԱԿ-ի Արեւելեան շրջանակին, տեղւոյն ղեկավարութիւնը ամբողջական գործակցութեան մէջ է Հայկական համագումարին հետ:

գ.- Ամէնէն լուրջ տարակարծութիւնը, որ կը հակադրէ ՌԱԿ-ն ու ՀՅԴ-ին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բաժանումն է, ուր ոչ մէկ յառաջադիմութիւն արձանագրուած է ցարդ: ՀՅԴ-ի ղեկավարները, երբ լորձնաշուրթն կը փառաբանեն ազգային միասնականութիւնը, միւս կողմէ ամուր կերպով իրենց մականին ներքեւ կը շարունակեն պահել Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնն ու անոր ենթակայ եկեղեցիները:

ՌԱԿ-ի անունով գործողներու այս խմբակը գացած է ողջագուրուելու ճիշդ այն դաշնակցական ղեկավարներուն հետ, որոնք ոգի ի բռին աշխատեցան Ս. Էջմիածնի անունն ու հեղինակութիւնը, իբրեւ Հայ եկեղեցւոյ կեդրոն, զանց առնելու Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան մէջ:

Եթէ ՌԱԿ-ի ամբողջ անդամակցութիւնը յանձնառու դարձած ըլլար այս տխուր արարքինՙ մեծ հարուած մը հասցուած պիտի ըլլար Մայր աթոռի հեղինակութեան: Բարեբախտաբար բացի քանի մը բախտախնդիրներէն, ոչ մէկ ռամկավար կը բաժնէ այս դրուժան կեցուածքը: ՌԱԿ-ի շարքերը միահամուռ կերպով կողքին կը կանգնին Մայր աթոռի գերագահութեան սկզբունքին ու զզուանքով կը դատապարտեն Ս. Էջմիածնի վարկը վաճառքի հանող այս խմբակը:

Պէտք է իմանան Դաշնակցութիւնը եւ Անթիլիասի իշխանաւորները, թէ կուսակցութեան սկզբունքները վաճառքի հանող անհատները ամբողջութեամբ խզուած են շարքերէն եւ կուսակցութեան աւանդութիւններէն եւ միայն կը ներկայացնեն իրենց անձերը:

Շատ հետաքրքրական պարագայ մըն է նաեւ այն, որ դաշնակ ղեկավարութիւնը փորձած է այս քաղաքական դաւին մասնակից դարձնել նաեւ Հնչակեան ղեկավարութիւնը: Սակայն, ի պատիւ հնչակեան ղեկավարութեան պէտք է ընդգծել, որ ան ցուցաբերած է արտակարգ քաղաքական հասունութիւնՙ մերժելով մասնակցիլ սոյն հաւաքինՙ նախագահի ընտրութեան նախօրէին եւ խուսափիլ Դաշնակցութեան լարած ծուղակէն:

Իսկ ՌԱԿ-ի անունը շահագործողները ամբողջութեամբ կորսնցուցած են իրենց հեղինակութիւնը կուսակցութեան շարքերուն մէջ եւ ափ առած են Դաշնակցութեան դուռը վարկի մուրացկանութեամբ: Սակայն, հակառակորդին շողոմանքը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի ՌԱԿ-ի շարքերուն եւ աւանդական ղեկավարութեան համար: Վարկ շահելու միակ կերպը կուսակցութեան ի շահ դրական գործ մը կատարելու մէջ կը կայանայ:

դ.- Երեւանի այս անակնկալ հաւաքը կայացած է ազգային միասնականութեան լոզունգներով, մինչդեռ անոնք, որ այնտեղ բարբառած են ՌԱԿ-ի անունով այն մարդիկն են, որ պառակտած են նոյնինքն ՌԱԿ-ի շարքերը, խմբաւորումներն ու շարքերը իրար դէմ հանելով, թուղթի վրայ բաժան-բաժան ընելով շրջանակները եւ անվաւեր ու ապօրինի տնօրինումներ կայացնելով վաստակ ու հեղինակութիւն ունեցող կուսակցական ղեկավարներու նկատմամբ:

Եթէ միասնականութիւնը իսկապէս բաղձալի նպատակ մըն էր, նախ բարի ըլլային այդ միասնականութիւնը ստեղծել կուսակցական շարքերէ ներս, որպէսզի կարենային զանգուած մը եւ կազմակերպութիւն մը ունենալ իրենց արտաքին յանձնառութեանց մէջ: Այլապէս մեկուսացած կ՛ըլլան իրենք զիրենք կուսակցական շարքերէն:

Բնականաբար պիտի գայ ժամանակը, երբ այս անխոհեմ արկածախնդրութեան պատասխանատուները համարատուութեան պիտի կանչուին:

Համարատուութիւնՙ յաչս անդամակցութեան, համարատուութիւնՙ յաչս կուսակցութեան սկզբունքներուն եւ համարատուութիւնՙ ի դիմաց անմահ հիմնադիրներու սկզբունքային ժառանգութեան:

Դետրոթ, ԱՄՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4