ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Հայաստանը տակաւին ենթակայ կը մնայ փետրուար 19-ի նախագահական ընտրութեանց գալարումներուն, ինչպէս նաեւ մարտի 1-ի բախումներէն յառաջացած վէճերուն: Ստեղծուած է ներամփոփ կացութիւն մը, ուր կարծէք աշխարհի անցուդարձերը ոչ մէկ առնչութիւն կամ անդրադարձ կրնան ունենալ Հայաստանի ճակատագրին վրայ:
Սփիւռքը իր կարգին կլանուած է Հայաստանի իրադարձութիւններով, մոռնալով յաճախ, որ Ամերիկայի նախագահական ընտրապայքարին ելքը կրնայ ուղղակիօրէն անդրադառնալ-յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ- իր առօրեային, ապրուստին ու ճակատագրին:
Մինչդեռ Ամերիկայի նախագահական ընտրապայքարը նշանակալից ներգործութիւն մը պիտի ունենայ միջազգային քաղաքական կեանքի վրայ, եւ անխուսափելիօրէնՙ Հայաստանի իրավիճակին վրայ:
Այս տարուան ընտրապայքարը վաղուց սկսած էր արդէն: Նախագահ Բուշի վերընտրութեան յաջորդ օրն իսկ հակադիր ճակատները սկսած էին յարդարուիլ: Նախնական ընտրութեանց ընթացքին երկու կուսակցութեանց թեկնածուներու զտումները կատարուած են եւ գրեթէ յայտնի դարձած է, թէ որո՞նք պիտի հանդիսանան Հանրապետականներու եւ Դեմոկրատներու նախագահական թեկնածուները:
Հանրապետական թեկնածուները շատ արագ թափթփեցան նախնական ընտրութեանց օրերուն եւ միակ վերապրողը մնաց Արիզոնայի ծերակուտական Ջան Մըքէյնը: Մեթ Համնի, որ Մեսեչուսեց նահանգի անուանի կառավարիչն էր եւ յաջող առեւտրական մը, շուտով հեռացավ հրապարակէն. պատճառները բազում են, սակայն կը թուի թէ անոր մորմոն աղանդին պատկանիլը ունեցաւ իր դերը: Ամերիկայի մէջ թեկնածուի մը կրօնքը կրնայ շատ ճակատագրական ըլլալ: Նախագահ Բուշ, որ բուժուած ալքոլամոլ մըն է, յաճախ կ՛ոգեկոչէ Երկնաւորին անունը, որ իբրեւ թէ իրեն ուղղութիւն կուտայ իր ռազմական որոշումներուն մէջ... պարզապէս հանրապետականներու աջակողմեան թեւին հաճոյ երեւնալու համար:
Հանրապետական թեկնածու Մայք Հաքըբին, որ Աւետարանը շալկած կը մղէր իր ընտրապայքարը, Միջին Ամերիկայի Բայբըլ Բելթէն (Աւետարանի գօտի) դուրս յաջողութիւն չունեցաւ:
Տակաւին խորհողներ կան, որ Միթ Համնի կրնայ կրկին հրապարակ ելլել իբրեւ փոխնախագահութեան թեկնածու, եթէ Մըք Քէյն վերջին պահուն անակնկալ մը ընելով այդ պաշտօնին թեկնածու չներկայացնէ Քընեքթիքըթ նահանգի ծերակուտական, դաւանափոխ նախկին դեմոկրատ Ջո Լիբըրմէնը, որ 2000 թուին Ալ Գորի փոխնախագահութեան թեկնածուն էր: Ան կրնայ Մըք Քէյնը աւելի մօտեցնել հրեայ համայնքին:
Մըք Քէյնը յարգուած պետական անձնաւորութիւն մըն է, որ պատերազմի հերոսի կոչում ունի եւ 5 տարի բիրեւ ռազմագերի բանտարկուած է Վիէթնամի մէջ:
Հանրապետական շրջանակներու մէջ Մըք Քէյն ճանչցուած է իբրեւ միանձնեայ անկախ խորհող պետական գործիչ, իր վարքով չի ցոլացներ ծայրայեղ աջակողմեաններու կարծիքները: Այդ պատճառով ալ սկսած է սիրաբանիլ ծայրայեղ աջակողմեան աւետարանիչներու հետ, որոնք լոզունգ դարձուցած են իսլամական կրօնքը քանդելու առաքելութիւնը:
Սակայն, Մըք Քէյնի եւ ընդհանրապէս հանրապետականներու խոցելի կողմը Իրաքի արիւնալի պատերազմն է. մինչ դեմոկրատ թեկնածուներ Օբաման եւ Քլինտոնը կը յայտարարեն, թէ ընդունելու պարագային վերջ պիտի տան այդ պատերազմին, Մըք Քէյն կը յայտարարէ, թէ ի հարկին պատրաստ է պատերազմը շարունակելու... տակաւին «հարիւր տարի եւս»:
Հարցախոյզները ցոյց կուտան, թէ Ամերիկայի ժողովուրդը իր մեծամասնութեամբ դէմ է պատերազմին, սակայն այս երկրին մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցները այնպիսի նուրբ միջոցներով կարող են ապակողմնորոշել ժողովուրդը, որ կրնայ իր համոզումները իսկոյն փոփոխութեան ենթարկել: Իրաքի պատերազմի ակնյայտ ձախողումներուն պատճառաւ կը խորհուէր, որ Մ. Նահանգներու գործող նախագահը չի վերընտրուիր, սակայն ան յաջողեցաւ վերընտրուիլ, որովհետեւ իր կողմնակիցները կրցան հասարակական կարծիքի փխրուն խմորը կաղապարել իրենց ցանկութեան համապատասխան, եւ զարմանալի չէր, որ լոնդոնեան թերթ մը նախագահ Բուշին ի նպաստ քուէարկողները որակեց «57 միլիոն յիմարներ», առաջին էջի մեծ վերտառութեամբ մը:
4000 ամերիկեան զինուորներու սպանութենէն եւ 30.000 ալ վիրաւորուելէն ետք տակաւին մամուլը համապատասխան լրջութեամբ չի քններ Իրաքի պատերազմը, եւ հեռուստացոյցի գլխաւոր ցանցերը ոճիր-արկածներով կամ աւելի անհեթեթ նիւթերով կը զբաղեցնեն ժողովուրդը: Որեւէ ամերիկացի աշխարհի անցուդարձերուն մասին լուրջ եւ հիմնական տեղեկութիւն ունենալու համար պէտք է յաջողի հասնիլ լրատուութեան եւրոպական աղբիւրներուն, որոնք այնքան ալ մատչելի չեն սովորական քաղաքացիին համար:
Իրաքի պատերազմի լրատուութիւնը արտօնուած են հաղորդել ամերիկեան բանակէն լիազօրուած եւ անոր հովանիին ներքեւ գործող ամերիկացի լիագրողները միայն:
Հակառակ որ 30.000 զինուորով յաւելում կրեց Իրաքի մէջ կռուող ամերիկեան բանակը, սիւննի ընդդիմադիրներուն համար առատ կաշառքի դրութիւն մը հաստատուեցաւ Իրաքի մէջ, որպէսզի սիւննի ցեղապետերը ամերիկացի զինուորներուն վրայ չկրակեն ու նաեւ «ապահովութեան ուժեր» անուան տակ վարձկան զինուորներ եւ խումբեր ղրկուեցան անխնայ եւ արտառազմական միջոցներով ջարդարարութիւններ իրականացնելու հոն, այս բոլորէն ետք զօրավար Փեթրասուս, Իրաքի պատերազմին ամերիկացի հրամանատարը, կը վկայէ, թէ Իրաքի դրածոյ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ պաշտպանելու երկրին կառոյցը:
Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, Իրաքի պատերազմը պիտի արժէ 3 տրիլիոն դոլար ամերիկացի հարկատուներու համար:Նոբելեան մրցանակաւոր տնտեսագէտ Ջոզէֆ Սթիգլից կ՛ըսէ, թէ մասնագէտներու համար իսկ այդ գումարին տարողութիւնը հասկնալը անհնար է:
Միւս կողմէ երկրին տնտեսութիւնը արագօրէն կը վատթարանայ, իսկ կարգ մը ռազմապաշտներ ալ կը ջանան դրական երեւոյթ նկատել երկրին ռազմական արդիւնաբերութեան աճը, ուրկէ բնակչութեան մէկ մասը կ՛ապահովէ իր ապրուստը:
Նախագահ Քլինթըն պաշտօնավարութեան աւարտին քանի մը միլիարդ դոլարի յաւելուածով մը հեռացաւ իր պաշտօնէն, իսկ նախագահ Բուշի 8 տարիներու երկրի բիւտճէին մէջ ստեղծած բացը յառաջիկայ քանի մը սերունդներու ճիտին պարտքը պիտի մնայ:
Հիմնականին մէջ Մըք Քէյնը - շատ մակերեսային տարբերութեամբ- պիտի շարունակէ նախագահ Բուշի քաղաքականութիւնը, որ, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի մնայուն աշխատակից Մորին Դավդի, «երկիրը մխրճած է խրամատի մէջ»:
Գալով հայութեան եւ Հայաստանին, նախագահ Բուշի տարիներուն շարունակաբար նուազեցաւ Հայաստանին տրուած օժանդակութիւնըՙ աւելցնելով Ադրպէյճանինը: Նոյնպէս, նախագահական մենաշնորհի վերածուեցաւ Freedom Support Act-ի 907 յաւելուածը, որ կ՛արգիլէր ամերիկեան ուղղակի օժանդակութիւնը Ադրպէյճանի կառավարութեան:
Գալով Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, նախագահ Բուշ իր ընտրութենէն առաջ գրաւոր կերպով խոստացած էր իրականացնել այդ ճանաչումը, սակայն անցնող 7 տարիներուն ոգի ի բռին աշխատեցաւ խափանել զայն, ճնշելով կոնգրեսականներու եւ ծերակուտականներու վրայ:
Այս մարզին մէջ եւս Մըք Քէյնի քաղաքականութիւնը չի կրնար տարբեր ըլլալ-տակաւին ան պաշտօնական դիրքորոշում չէ յայտնած Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ, սակայն անգամ մը հարցումի մը պատասխանելով ըսած է, թէ ինք չի կրնար զբաղիլ այդպիսի «ժամանակավրէպ» հարցերով: Սակայն հակառակ այս բոլորին, դեռ պիտի գտնուին ամերիկահայեր, որոնք պիտի քուէարկեն Մըք Քէյնի օգտին, պահպանելու համար հանրապետական կուսակցութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը...
Մէք Քէյնն առողջութեամբ տկար է, չի թուիր թէ յաղթահարած է քաղցկեղի հիւանդութիւնը եւ ընտրուելու պարագային պիտի հանդիսանայ Ամերիկայի պատմութեան ամէնէն տարեց նախագահը: Այսօր արդէն ան 71 տարեկան է:
Դեմոկրատներու կողմը մնացած են երկու ուժեղ թեկնածուներ: Ծերակուտական Ջան Էդուըրդսը երկրորդ անգամ փորձեց թեկնածու դառնալ, սակայն դարձեալ դուրս մնաց ընտրապայքարէն:
Դեմոկրատներու ցանկին վրայ կը մնան Նիւ Եորքի ծերակուտական Հիլըրի Քլինթընը եւ Իլլինոյզի ծերակուտական Բարաք Օբաման: Այս վերջիններուն պարագային ալ պատմական անկիւնադարձ մը պիտի նշէ անոնց ընտրութիւնը, որովհետեւ Ամերիկան ցարդ չէ ունեցած կին կամ սեւամորթ նախագահ:
Ամերիկայի 50 նահանգներուն մէջ կատարուող նախնական ընտրութիւնները փոխն ի փոխ յաջողութիւններ կ՛ընծայեն երկու թեկնածուներուն ալ, որոնցմէ ոչ մէկը ցարդ տրամադրութիւն ունի զիջելու:
Բարաք Օբաման քենիացի սեւամորթ հօր եւ սպիտակամորթ մօր մը զաւակն է, Հարվարդ համալսարանի փայլուն շրջանաւարտ եւ սահմանադրական իրաւաբանութեան նախկին դասախօս, որ ութ տարիներէ ի վեր Իլլինոյզ նահանգը կը ներկայացնէ ամերիկեան ծերակոյտին մէջ:
Հիրըլի Քլինթըն նոյնքան փայլուն իրաւաբան ու յարգուած ծերակուտական մըն է Նիւ Եորք նահանգէն: Իր գրաւականը ութ տարի իր ամուսնոյնՙ նախագահ Բիլ Քլինթընի հետ Սպիտակ տան իր փորձառութիւնն է: Երկու թեկնածուներն ալ կախարդող հռետորներ են: Հակառակ որ նախկին նախագահ Բիլ Քլինթըն որոշ հեռաւորութիւն մը կը պահէ իր կնոջ ընտրապայքարէն, սակայն անոնց կողմնակիցները յաճախ կը յիշեցնեն քուէարկողներուն, որ մէկ նախագահի ընտրութեամբ երկու նախագահ պիտի ղրկեն Սպիտակ տուն:
Այսօր ամերիկացի ընտրողին համար ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկը տնտեսութեան բարելաւումն է, որուն մասին երկու թեկնածուներն ալ իրարու մօտ դեղատոմսեր կը խոստանան:
Միւս կենսական հարցը բժշկութեան մագլցող ծախսերն են, որոնց շուրջ եւս որոշ ծրագիրներ կան հրապարակի վրայ: Տիկին Քլինթըն այս հարցին մէջ աւելի իրապաշտ առաջարկներ կը ներկայացէՙ երկար ատեն այդ մարզին մէջ իր ունեցած փորձառութեան բերումով:
Արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր հարցը Իրաքի պատերազմն է, Եւրոպայի դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու կողքին: Այս հարցին շուրջ տիկիը զգուշաւոր առաջարկ մը ունի, որ բնականաբար հիմնովին կը տարբերի Բուշ-Մըքէյն քաղաքականութենէն: Ան կը խոստանայ սպայակոյտի պետերուն հետ խորհրդակցելով ընտրութենէն մինչեւ վեց ամիս ետք Իրաքի պատերազմը վերջացնելու եւ ամերիկեան զօրքը տուն կանչելու առաջարկ մը ներկայացնել: Տիկին Քլինթընի Հայաստանը տակաւին ենթակայ կը մնայ փետրուար 19-ի նախագահական ընտրութեանց գալարումներուն, ինչպէս նաեւ մարտի 1-ի բախումներէն յառաջացած վէճերուն: Ստեղծուած է ներամփոփ կացութիւն մը, ուր կարծէք աշխարհի անցուդարձերը ոչ մէկ առնչութիւն կամ անդրադարձ կրնան ունենալ Հայաստանի ճակատագրին վրայ:

Արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր հարցը Իրաքի պատերազմն է, Եւրոպայի դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու կողքին: Այս հարցին շուրջ տիկիը զգուշաւոր առաջարկ մը ունի, որ բնականաբար հիմնովին կը տարբերի Բուշ-Մըքէյն քաղաքականութենէն: Ան կը խոստանայ սպայակոյտի պետերուն հետ խորհրդակցելով ընտրութենէն մինչեւ վեց ամիս ետք Իրաքի պատերազմը վերջացնելու եւ ամերիկեան զօրքը տուն կանչելու առաջարկ մը ներկայացնել: Տիկին Քլինթընի իրաքեան քաղաքականութեան խոցելի կէտը այն է, որ ան իբրեւ ծերակուտական նախագահ Բուշին պատերազմ յայտարարելու որոշման մէջ կողմ քուէարկած է: Եւ ամէն անգամ, որ այդ մեղադրանքը գլուխ ցցէ, ան կը յայտարարէ, թէ այն ինչ որ գիտէ Իրաքի մասին այսօր, չէր գիտեր իր դրական քուէն տուած օրերուն: Եթէ գիտնար ամբողջ ճշմարտութիւնըՙ դէմ կը քուէարկէր: Սակայն իրականութիւնն այն է, որ այդ օրերուն տակաւին դժուար էր ամերիկացի քուէարկողներուն բազկերակը չափել եւ փոխնախագահ Դիք Չեյնիի եւ «նոր պահպանողականներու» (Նէոքոն) յերիւրանքները այնքան տարածուած էին մամուլի մէջ, որ պահու մը համար արդարացուած կը նկատուէր իրաքեան արշաւանքը:
Միւս կողմէ, Օբամայի կեցուածքը յստակ եղած է. ան առաջին օրէն դէմ քուէարկած է պատերազմին եւ այժմ կը յայտարարէ, թէ նախագահ ընտրուելուն յաջորդ օրն իսկ պիտի սկսի ամերիկեան բանակը դուրս բերել Իրաքէն:
Ինչ կը վերաբերի ամերիկացի ժողովուրդը հետաքրքրող հիմնական միւսհարցերունՙ երկու դեմոկրատները իրենց հայեցակէտերուն ու քաղաքականութեան մէջ մեծ տարբերութիւններ չունին. այդ պատճառաւ ալ մամուլը սկսած է մանրանալ եւ մանրուքներով զբաղիլ: Օրինակ, տիկին Քլինթընի կողմնակից նախկին կոնգրեսական եւ նախկին փոխնախագահական թեկնածու Ջերալդին Ֆերրարօ անուղղակի ակնարկութիւն մը կատարած էր սեւամորթներու մասին, որ պահ մը փոթորկեց մամուլը: Իր հերթին, Օբամայի պատկանած եկեղեցւոյ հովիւը, որ վերջերս անցած է թոշակի, վիրաւորական անուանարկումներ կատարած է Չիկագոյի իր եկեղեցւոյ խորանէն սպիտակամորթներու եւ տիկին Քլինթընի հասցէին: Այս օրերուն ալ մամուլը կը փորձէ այդ եկեղեցականինՙ Ջերեմայա Ռայթի գայթակղութիւնը փաթթել Օբամայի վզին:
Վերջին օրերուն Օբամայի ի նպաստ դեմոկրատ պատգամաւորներուն թիւը գերակշիռ դարձած է, ինչպէս նաեւ դրամական նուէրներ ընծայողներունը:
Երկու դեմոկրատ թեկնածուներու հակամարտութիւնը սկսած է վնասել կուսակցութեան միասնութեան: Այդ պատճառով ալ կարգ մը վաստակաւոր դեմոկրատներ խորհուրդ կուտան ընդհատել այդ պայքարը եւ կերպով մը համոզել տիկին Քլինթընը, որ գոհանայ փոխնանագահի պաշտօնով: Սակայն, ինչպէս Հարվըրդ համալսարանի դասախօս եւ Օբամայի նախկին խորհրդական Սամանթա Փաուըրզ խորհրդապահօրէն մամուլի նարկայացուցիչի մը յայտնած էրՙ «Տիկին Քլինթըն հրէշ մըն է, որ կ՛ուզէ ամէն գնով յաղթանակել»:*
Դետրոյթ, ԱՄՆ
* Սամանթա Փաուըրզ այդ յայտարարութեան վրայ հրաժարեցաւ: Ի դէպ, անհասկնալի էր տիկին Փաուըրզի հրաժարման լուրը Հայաստանի Հ1 հեռուստատեսութեան «Հայլուր» ծրագրէն այնքան ցնծագին ծանուցանելը: Տիկ. Փաուըրզ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամէնէն հզօր գիրքերէն մէկը հրատարակած է վերջերս եւ Օբամայի ընտրութեան պարագային թեկնածու էր (եւ հաւանաբարՙ դեռ կը մնայ) պետքարտուղարի պաշտօնին: