«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#177, 2008-09-27 | #178, 2008-09-30 | #179, 2008-10-01


ՆԱՄԱԿ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹՅԱՆԸ

«Զուարթնոցը» շատ աւելի լաւ է, քան...

Երկար տարիներ մամուլով, անձամբ, հրապարակաւ եւ նամակներով իմ դժգոհութիւններս յայտնած եմ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի անկանոնութեանց եւ բացթողումներուն մասին: 1962-էն ի վեր հաւանաբար 60 անգամ այցելած եմ Հայաստան եւ բաւական ծանօթ եմ «Զուարթնոց»ի հերթական փոփոխութեանց: Մեծ եղաւ զարմանքս Արաքս Սաֆարեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած մէկ քննադատական յօդուածը «Զուարթնոց» օդակայանին մասին:

Վերջին մէկ տարուան մէջ երեք անգամ անցած ըլլալով «Զուարթնոցէն»ՙ սկսած եմ բարեկամներուս պատմել այն հաճելի փորձառութիւնը, զոր գտած եմ այդ օդակայանին մէջ: Տեսած ըլլալով աշխարհի բազմաթիւ օդակայաններ, կրնամ անվարան հաստատել այն արտակարգ գոհունակութիւնը եւ հաճոյակատար ընդունելութիւնը, որ կ՛ունենամ «Զուարթնոց»ի մէջ, վերջին փոփոխութիւններէն ի վեր:

Կ՛ուզեմ վստահեցնել Ձեզ, թէ ես ոչ օդակայանի բաժնետեր եմ, ոչ ալ պրն. Էրնեկեանի գործընկեր, այլ պարզ ուղեւոր մը, որ հաճելիօրէն զարմացած է օդակայանի անօրինակ բարելաւումներէն:

Ձեր թղթակիցին յօդուածը վերնագրուած էր «Զվարթնոց» օդակայանի սպասարկումը հեռու է անգամ բավարար լինելուց- այդպէս են բնորոշում գրեթէ բոլոր այն ուղեւորները, որոնք ժամանում են Երեւան կամ մեկնում են այնտեղից»: Ես կ՛ուզեմ «բոլոր այն ուղեւորներից» բացառութիւն կազմել:

Արաքս Սաֆարեան կը գրէ. «Ժամանելով օդակայան մինչ բեռի գրանցման անցնելը, եթէ չունենաս 10 հազար դրամ օդավճարի կտրոնը եւ մատնահետքեր, ապա բեռի գրանցումն անհնար է: Նշենք, որ աշխարհի որեւէ օդանակավակայանում գոյություն չունի մասնակի վճարում, որը հայկական նորմերով համարվում է օդահարկ: Հիշյալ հարկը գուցէ համալրուած է տոմսի արժէքում»: Այս քննադատութեան պատասխանը արդէն վերջին նախադասութեան մէջ է: Ամէն օդակայան կը գանձէ այդ հարկը, որ «համալրուած է տոմսի արժէքում»:

Միւս քննադատութիւնը զուգարաններուն մասին է, որ կ՛ըսէ. «Եթէ ուղեւորը «Զվարթնոց» օդակայանում սխալմամբ փորձի զուգարան գնալ, ապա կարծում ենք երկար ժամանակ հիշողութիւնից անջնջելի կմնան զուգարանի կեղտոտությունն ու գարշահոտը, որն անմիջապես հիշեցնում է խորհրդային ժամանակները»:

Գուցէ Ձեր յօդուածագիրը կրնայ անհաճոյ փորձառութեան մը առջեւ գտնուած ըլլալ, ընդհակառակն, վերջին մէկ տարուան ընթացքին միշտ խորհրդային ժամանակներու պայմաններուն վախով եւ ակնկալութեամբ մտած եմ մարմարակերտ զուգարանները, որոնք եւրոպական չափորոշիչներով մաքուր գտնուած են:

«Նշենք նաեւ որ միջազգային ոչ մի օդանավակայանում բեռնասայլակները վճարովի չեն», կը գրէ Արաքս Սաֆարեան: Սակայն երկար ատեն եղած են վճարովի, օրինակ, Նիւ Եւորքի «Քենեդի» օդակայանը հասնողը եթէ մանրուք դոլար չունենար, աշխարհի ոչ մէկ տարադրամով կրնար «աւտոմատ» մեքենայէն բեռնասայլակ վարձել: Այդ անպատեհութեան առաջքն առնելու համար Ամերիկայի մէջ (հիմա նաեւ Եւրոպայի մէջ) սայլակները ձրի կը տրամադրուին օդակայանի միայն միջազգային բաժնին մէջ, մինչ տեղական թռիչքներուն համար սայլակները կը մնան վճարովի:

«Անձնագրային տեսուչները գրեթէ իրազեկ չեն արտերկրում գործող անձնագրերից: Եւ հաճախ ուղեւորը ստիպված է լինում երկար եւ անիմաստ հարցաքննվել: «Մի հատ աջ նայիր, մի հատ ձախ նայիր, ստորագրիր այս թղթի վրա, ո՞ւր ես գնում, որքա՞ն ես մնալու» եւ նման անհեթեթ, ձանձրալի հարցադրումներով հոգնեցնող իրավիճակ են առաջացնում»: Ոչ մէկ ատեն անձնագրային տեսուչները նման հարցեր չեն տուած ինծի: Ձեր թղթակից տիկնոջ փորձառութիւնը ենթադրել կուտայ ինծի, որ ինք հաւանաբար... գեղեցիկ անձ մըն է, որ անձնագրային տեսուչը հետաքրքրուած է զինք մէյ մը աջէն դիտել եւ մէյ մըն ալ ձախէն...

Թող ոեւէ ճամփորդ փորձէ Ամերիկա մտնել, նոյնիսկ ամերիկեան քաղաքացիներուն կը տրուին բոլոր այս հարցումները եւ աւելին, հակառակ որ ուղեւորը ինքնաթիռին մէջ բոլոր այդ հարցումներուն պատասխանը տուած կ՛ըլլայ հարցաթերթիկին մէջ:

Բացատրութեան կը կարօտի նաեւ ուղեբեռի մասին արձանագրուած բողոքը. «Ուղեբեռը ստանում ես ճամպրուկի փականը կոտրված վիճակում, ճամպրուկից գողացած են իրերդ»:

Իմ ճամպրուկներէն իրեր պակսած են Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ, սակայն երբեք Հայաստանի...

Ամերիկայի մէջ բոլոր ուղեւորները ազդարարուած են ճամպրուկին կողպեքը բաց թողուլ, այլապէս «դամոժնիան» իրաւունք ունի զայն կոտրելու: Յաճախ ճամպրուկին մէջ պակասաւոր իրեր ալ կարելի է յայտնաբերել ուրիշ օդակայաններու մէջ:

Վերջին անգամ Երեւան այցելելուս, այսինքն այս տարուան մայիսին, «Զուարթնոց» օդակայանէն բոլոր ձեւակերպութիւններն անցնելէ յետոյ դուրս գալս ընդամէնը տեւեց 15 րոպէ, այսինքնՙ մեր լեզուովՙ 15 վայրկեան: Եւ ելքի ժամանակ երիտասարդ ու վայելուչ պաշտօնեաները այնպիսի ժպիտով բարի գալուստ մաղթեցին, որ քիչ մնաց որ փաթթուէի մէկուն եւ... պաչէի երեսները:

Բողոքող ուղեւորներու մէջ բացառութեան կարգովՙ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, Դետրոյթ, ԱՄՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4