ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Կարլէն Դալլաքեանի կորուստով պատմութեան կ՛անցնի ամբողջ ժամանակաշրջան մըՙ իր նկրտումներով, անկումներով եւ իրագործումներով: Մեծ ու նշանակալից էր անոր ներդրումը հայրենակերտումի գործին մէջ, խորհրդային տարիներուն:
Անկախութենէն վերջ, շուկայական յարաբերութեանց սակարանին մէջ գրեթէ աննշան դարձած էր վիթխարի այդ անձնաւորութեան ներկայութիւնը. կարծէք նոր ժամանակները կարիքը չունէին անոր փորձառութեանՙ պետականութիւն կերտելու գործընթացին մէջ: Սակայն, վերջին պահուն, յետադարձ անդրադարձումով մը թաղման պետական յանձնաժողով մը կազմելու փաստը եկաւ մոռացութեան տալու ուրացման տարիները:
Դալլաքեան յանձնառու դէմք մըն էր իր գաղափարաբանութեան: Ան համոզումով զինուորագրուած էր իբրեւ հայ կոմունիստ, հաւատալով, որ այդ կերպով աւելի գործնական եւ իմաստալից կերպով պիտի կարենար ծառայել Հայաստանին, հայութեան եւ հայկական դատին, այնպէս, ինչպէս Մխիթար Սեբաստացի, Ղեւոնդ Ալիշան եւ միւս Մխիթարեան հայրերը յարած էին կաթոլիկ դաւանանքին, իրագործելով ամէնէն ակնառու գործերը ի շահ հայ մշակույթին եւ հայկական ինքնութեան պահպանութեան:
Հայաստանի անկախութենէն վերջ ալ, իր վեհ ինքնամփոփումին մէջ, Դալլաքեան հաւատարիմ մնաց իր հաւատամքին, երբ երէկուան աթէիստները կրօնամոլ կը դառնային եւ երբ երէկուան միջազգայնականները յանկարծ կը դառնային ազգայնականՙ երկու պարագաներուն ալ մատնելով իրենց մակերեսայնութիւնն ու պատեհապաշտութիւնը:
Դալլաքեանի նման հայրենասէր կոմունիստներ էին նաեւ Կարէն Դեմիրճեան եւ Յակոբ Զարուբեան, ընդհուպ Աղասի Խանճեան, որոնք յարած էին այդ գաղափարաբանութեան պարզապէս ծառայելու հայրենիքին եւ սատարելու հայոց պետականութեան կայացման:
Եթէ խորհրդային իրաւակարգի բացասական բնոյթը միջազգային էր ու տիեզերական, սակայն անոր բարիքները եղան մասնակի ու տեղական, որոնցմէ անպայման օգտուեցաւ Հայաստանը: Խորհրդային գաղափարաբանութեան դաւանանքին վրիպանքը կը կայանար հոն, որ կը կարծէր ունենալ մենաշնորհը ճշմարտութեան: Այսօր ալ շատեր կը շարունակեն խորհիլ ու գործել այդ մտածելակերպով: Եթէ պահ մը յաջողինք ձերբազատուիլ մտածման այդ կաշկանդումներէն եւ դիտել խորհրդային շրջանը առարկայականօրէն, պիտի հաստատենք, որ այդ տարիները, իրենց խորունկ եւ անբուժելի վէրքերով հանդերձ, մեզի ընծայեցին առիթը կերտելու ոսկեդար մըՙ մշակույթի, գիտութեան, ճարտարապետութեան եւ ազգակերտումի, որոնց մնացուկներով կը հպարտանանք տակաւին այսօր:
Այն ինչ որ դալլաքեաններ եւ իրենց սերնդակիցները յաջողեցան իրականացնել անազատ պայմաններու տակ, կարծէք թէ դեռ չենք յաջողած իրականացնել ազատ պայմաններու ներքեւ: Այնպէս կը թուի, թէ պէտքը ունեցած չըլլայինք այդ ազատութեան...
Խորհրդային տարիները կը ներկայացնէին հակասութեանց աշխարհ մը, ուր դալլաքեաններու սերունդը պիտի կորզէր բան մը հայութեան ու Հայաստանին համար:
Հակադրութեանց ամբողջ հանդէս մըն էր այդ շրջանը, ուր Դալլաքեան համադրութեան եզրեր պիտի որոնէր. եւ ան որոնեց ու գտաւ այդ եզրերը:
Իբրեւ Հայ եկեղեցու գործերու խորհուրդի նախագահ Դալլաքեան պէտք է խուսանաւէր ընդմէջ անաստուած իշխանութեան մը պահանջներուն եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կարիքներուն եւ ակնկալութեանց, եւ ան յաջողեցաւ հակակրօն այդ իշխանութեան մէջ արժանապատիւ տեղ մը ապահովել Մայր աթոռին, շահելով մնայուն բարեկամութիւնն ու համարումը Ամենայն հայոց հայրապետ Վազգէն Ա կաթողիկոսին: Այդ կերպով Մայր աթոռի իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը տարածուեցան նաեւ ամբողջ սփիւռքի վրայ, թէեւ ոմանք ջանացին ականահարել այդ հեղինակութիւնը:
Դալլաքեանին վստահուած էր նաեւ ուրիշ անկարելի պաշտօն մը, թէեւ շատ նշանակալից եւ զօրեղ խորհրդային պայմաններու համար. ատիկա Կենտկոմի գաղափարախօսական բաժնի պետի գործն էր, այլամերժ գաղափարաբանութիւն մը, որ ուղղակի կը հակադրուէր ազգայինին եւ ազգայնականին: Եւ այդ հակադիր բեւեռներու մէջ Դալլաքեան պէտք է անհնարինը դարձնէր հնարաւոր եւ յաջողեցաւ զայն իրականացնելՙ ապահովելով ազգային ազատութիւններՙ բնականաբար խորհրդային պայմաններուն համար ընդունելի տարազումներով: Ճշմարիտ պարադոքսներ իրենց ժամանակին համար:
Այս բոլորէն ետք ու անկախՙ Դալլաքեանի հիմնական, պատմական եւ հայրենասիրական առաքելութիւնը Սփիւռք-Հայրենիք կապերու ամրապնդման մէջ էր, իր բոլոր հետեւանքներով ու բարիքներով:
Խորհրդային իշխանութիւնը քաշած էր երկաթէ վարագոյր մը արտաքին աշխարհի դիմաց. որեւէ խելամիտ մարդ գիտէր թէ անհնար էր խորտակել այդ երկաթէ վարագոյրը: Սակայն Դալլաքեան գտաւ հնարքը շրջանցելու այդ վարագոյրը եւ հասնելու սփիւռքին, անոր հետ հաստատելով հոգեկան ու մշակութային կապերը:
Այս մարզէն ներս ան ունեցաւ գործնական, տեսական եւ ստեղծագործական իրագործումներ: Գործնականը ան իրագործեց Սփյուռքահայության հետ մշակութային կապի կոմիտէի միջոցաւՙ ամէնէն իմաստալից կամուրջները հաստատելով սփիւռքեան օջախներուն հետ: Իսկ տեսականը յաջողեցաւ իրականացնել իբրեւ Ակադեմիայի սփիւռքագիտութեան բաժնի վարիչ: Տեղեկութիւններ համախմբելու աշխատանքը ան վերածեց պատմագիտական կատեգորիայի մըՙ սփիւռքագիտութեան: Եւ այսօր արդէն ձեւ ու կերպարանք ստացած է սփիւռքագիտութիւնը:
Գալով ստեղծագործականինՙ անոր բոլոր երկասիրութիւնները նուիրուած կամ առնչուած էին սփիւռքինՙ պատմական, գրական եւ հասարակագիտական հատորներով:
Դալլաքեանի մէկ կոթողային գործը նուիրուած էր Արշակ Չօպանեանին: Նոյնիսկ սփիւռքը իր մեծ գրագէտին ու գործիչին չէր յաջողած այդպիսի պատուանդան մը կանգնել: Չօպանեանի վրայ սեւեռումը ոչ արդիւնք էր զուգադիպութեան մը, ոչ ալ գրական նախասիրութեան մը: Չէ՞ որ Չօպանեանին հետ ունեցած իր նամակագրութիւնը ողբերգական հետեւանքներ ունեցած էր հայրենասէր Աղասի Խանճեանի համար, որովհետեւ Չօպանեան, խորհրդային ակնոցով դիտուածՙ բուրժուա գրող մըն էր եւ իբրեւ Հայ դատի անխոնջ նուիրեալՙ ան պարզապէս խնկարկող մըն էր «կապիտալիստներուն» եւ «իմպերիալիստներուն»:
Սակայն, Դալլաքեան գիտակ էր այն պատկառելի վաստակին, զոր Չօպանեան իրականացուցած էր հայ գրականութեան պատմութեան մէջ, վերծանելով մեր ամբողջ միջնադարեան գրականութիւնըՙ սկսելով Քուչակէն ու հայրէններէն եւ թարգմանութիւններովՙ զայն ներկայացնելով Եւրոպայի եւ քաղաքակիրթ աշխարհի մտաւորականութեան: Բացի իր սեփական աշխատութիւններէն, իբրեւ «Անահիտ» գրական հանդէսի խմբագիր, ան ստեղծած էր գրական ամբողջ հոսանք մը: Անոր գրական գործունէութիւնը համալրումն էր Հայ դատի նուիրուած անոր առաքելութեան, որովհետեւ ցոյց տալով աշխարհին, թէ ինչպիսի բարձր մշակոյթի տէր ազգ մըն էր հայութիւնըՙ աւելի ըմբռնելի կը դառնար տարողութիւնը այն եղեռնին զոր թուրքերը իրականացուցած էինՙ բնաջնջել ջանալով նման քաղաքակիրթ ազգ մը:
Բնականաբար Չօպանեանին նուիրուած հատորը ներկայացուած էր խորհրդային պայմաններուն համար ընդունելի տարազումներով: Եթէ այսօր յօրինուած ըլլար այդ հատորըՙ կարիքը պիտի չ՛ունենար գաղափարական ու գաղափարախօսական արդարացումներու:
Սակայն, այդ հատորը իր ժամանակին համար կատարեց իր դերը ոչ միայն վերականգնելով եւ Հայաստանի համար ընդունելի դարձնելով Չօպանեանին վաստակը, այլեւ անոր միջոցաւ նոր վերաբերում մը յառաջացնելով ամբողջ արեւմտահայ մշակոյթին եւ արժէքներուն նկատմամբ: Որոշ չափով լրացուցիչ դեր կատարած են նաեւ Դալլաքեանի յուշագրութիւնները առ սփիւռք ուղղուած իր առաքելութեան մէջ:
Դալլաքեան տարօրինակ վիճակի մը մատնեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան մտաւորականութիւնը, երբ ձեռնարկեց այդ կուսակցութեան պատմութեան երկհատորեայ գործին: Արդարեւ, ան իբրեւ հայ կոմունիստ ինքզինք դրսեւորեց իբրեւ ամէնէն հմուտ անձը ՌԱԿ-ի պատմութեան: Եւ, անկազմակերպ, գրեթէ անգոյ արխիւներուն ուսումնասիրութեամբ, հրապարակ հանեց այդ զոյգ հատորները. թէեւ, արխիւային նիւթերու բացակայութեան կարգ մը բացթողումներ ու թիւր մեկնաբանութիւններ ունեցան այդ զոյգ հատորները, սակայն կը մնան միակ վկաները այդ կուսակցութեան պատմութեան:
Ներկայիս սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւնը անուղղակի ճանաչումն է Դալլաքեանի առաքելութեան իրագործումներուն եւ աւելի հիմնաւորեալ հեռանկարներու որոնումը, պետական չափանիշներով եւ նպատակներով:
Այսօր լոյսի հեղեղներով կը յորդին երեւանեան պողոտաները, կը խայտան ցայտաղբիւրները, եւ այն անձը, որ իր հոգիէն ու միտքէն ճառագայթ մը ցոլացուց պայծառ Երեւանի վերեւ, լռելեայն կ՛իջնէ անոր հողին տակ: «Ոսկի այն կամուրջը» զոր կերտած էր Դալլաքեան, ոչ միայն փուլ չի գար իր թաղումով, այլ կ՛անցնի պատմութեան աւելի հզօրանալու հեռանկարով:
Երեւան