«Եթէ հայ ժողովուրդի շահը պահանջեց մի օր սեղմել թուրքի ձեռքը, պիտի մոռնաս, թէ այդ ձեռքը թաթխուած է քո հօր արեան մէջ: Քաղաքականութիւնը բանաստեղծութիւն չէ: Ժողովուրդներուն համար մնայուն բարեկամներ եւ մնայուն թշնամիներ չկան: Կան մնայուն շահեր եւ վնասներ: Այնքան ատեն որ չկարողանաս զսպել քո զգացումները, չես կարող քո ժողովուրդին առաջնորդ դառնալ: Կը մնաս ամբոխավար բանաստեղծ, ինչ որ աւելի վատն է, դու ինքդ չէ որ կը մղես ամբոխը, այլ ամբոխն է, որ իր ետեւեն կը քաշէ քեզ»:
Ռուբէն (Փաշա) Տէր Մինասեան
Վերեւ կը մէջբերենք ՀՅ Դաշնակցութեան եղեռնեան օրերու քաջածանօթ դէմքերէն Ռուբէն Փաշայի դատողութիւնը հայ եւ թուրք փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Առաջին անգամ չէ, որ հայութիւնը ստիպուած եղաւ թուրքերու հետ յարաբերութիւն հաստատել: Ծանօթ են մեզի թէ Բաթումի եւ թէ մանաւա՛նդ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, որոնք հողային պահանջներէն հրաժարելու ի խնդիր ստորագրուեցան Հայաստանի դաշնակցական իշխանութիւններու եւ թրքական կառավարութեան միջեւ, անցեալ դարու քսանականներուն:
Չմոռնանք նաեւ, որ 1908-ին երիտասարդ թուրքերու հետ դաշնակցականներ գրկախառն ոչ միայն ձեռք երկարած են, այլեւ` գործակցած:
Նոր համակարգ մըն է, որ այսօր Հայաստանը կը դիմակալէ Կովկասեան այլապէս հրաբխային տարածաշրջանէն ներս: Մէկ կողմէ` արեւելքէն` Ազրպէյճանի դէմ Ղարաբաղեան շարժումով, միւս կողմէ արեւմուտքէն` Թուրքիոյ շրջափակումով, ու դեռ հիւսիսէն` Վրաստանի անապահով քաղաքական ապագայի մը հեռանկարով ու Ջաւախքի պահանջատիրութեամբ եւ հարաւէն` Իրանի նկատմամբ Արեւմուտքի ցուցաբերած բաւականին կարծր կեցուածքով, հայրենի իշխանութիւնները կը դնեն քաղաքական ու զինուորական զգօն վիճակի դէմ յանդիման:
Պէ՛տք է նաեւ նկատի ունենանք տնտեսական համաշխարհային ծանր տագնապն ու տակաւ սրացող մրցակցութեան պայքարը երկու գերհզօր պետութիւններու` Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, որոնք ցուրտ պատերազմի աւարտով համեմատաբար գաղջ յարաբերութիւններ ստեղծած էին եւ որմէ, անկասկած, օգտուած էր հայութիւնը:
Տնտեսական ու քաղաքական արտասովոր պայմաններու ստեղծումով դժուար թէ Հայաստանը կարենար բնականոն կերպով շարունակել իր գոյութիւնը առանց ցնցումներու: Արդէն մեր ժողովուրդին աւելի քանի մէկ երրորը հեռացած է հայրենիքէն: Սփիւռքեն (աւանդական թէ նախկին խորհրդային երկիրներէ) եկող նիւթական աջակցութիւնը մեծապէս դանդաղած է: Նուազիլ սկսած է նաեւ հայկական կազմակերպութիւններէ եկող նիւթական հոսքը, դարձեալ տնտեսական համաշխարհային տագնապին հետեւանքով: Կոտորակուած են նաեւ Մ. Նահանգներէն ու այլ բարեկամ երկիրներէ Հայաստանին փոխանցուցած յատկացումներն ու օգնութիւնները:
Մինչ այդ, Ազրպեյճան իր քարիւղի հարստութեան ընձեռած եկամուտներով արագօրէն կը զինուի: Անցեալ շաբաթ, Մ. Նահանգներ մօտ 8 միլիարդ դոլար արժողութեամբ զինուորական արդի սարքաւորումներով վերազինեց թրքական այլապէս հզօր բանակը:
Օրհասական օրեր ապրեցաւ, անցեալ տարի այս օրերուն, հայրենաբնակ ժողովուրդը Հարաւային Օսիայի գրաւման-անկախութեան օրերուն, երբ հիւսիսի սահմանին փակումով կը մնար ապաւինել Պարսկաստանին, որուն ամենամօտ նաւահանգիստը մղոններ հեռու, պիտի չմատակարարէր հայութիւնը առօրեայ ամենատարրական սննդամթերքով:
Այս խճանկարին մէջ ահա՛ կուգայ, վստահաբար, աւելնալ պարտադրուած հայ-թուրքական նոր յարաբերութիւններ մշակելու նախաձեռնութիւնը, բարի դրացնութեան կարգավիճակ մը ստեղծելու հեռանկարով: Ու յայտարարութեան յաջորդ օրն իսկ նման նախաձեռնութեան մը կ՛ողջունեն ոչ միայն Նահանգներն ու Արեւմուտքը, այլեւ Ռուսաստանը, մինչեւ իսկ Սուրիան:
Նման յարաբերութեան մը ծրագրումը այսօր չէ, որ միայն գոյութիւն ունեցած է: Նման նախաձեռնութիւններ գոյութիւն ունեցած են ե՛ւ առաջին նախագահին` Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, ե՛ւ երկրորդ` Ռոբերտ Քոչարեանի իշխանութեանց օրով: «Ազգադաւութեան» անտեղի վերագրումը այսօրուան նախագահի հասցեին հեռու է ամէն պարկեշտութենէ: Ծանր պատասխանատուութիւն մը դնել նաեւ յարգուած դիւանագէտ, տարիներու փորձառութեամբ ինքզինք դրսեւորած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուսերուն, դարձեալ ճիշդ պիտի չըլլար, որովհետեւ ըլլա՛յ հանրապետութեան նախագահը, ըլլա՛յ արտգործնախարարը ունին պատասխանատուութեան գերագոյն գիտակցութիւնը, մանաւանդ դժուարին այս օրերուն, համագործակցելով միատեղ, ազգային իրաւունքները ապահովելու Թուրքիայէն, պաշտպանելու համար մեր սահմանները եւ պահպանելու մեր հանրապետութեան գերիշխանութիւնը:
Անոնք տարիներու վրայ կուտակուած փորձառութեամբ եւ մանաւանդ քաջածանօթ արտերկրի թէ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին զգացումներուն եւ արդար պահանջներուն, ամենայն հասունութեամբ պիտի մշակեն հայ-թուրքական փոխյարաբերութիւնները:
Չունի՛նք իրաւունք երբե՛ք մեր յարգուած նախագահին եւ արտգործնախարարին հայրենասիրութիւնը դատելու եւ արժեչափերու ենթարկելու: Իրաւունքը չունինք որեւէ ազգային հասարակական գործիչին հայրենասիրութիւնը նժարի մէջ դնելով չափելու, ուր մնաց Սերժ Սարգիսեանինը, որ երկար տարիներ եղած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան քաջ նախարարը: Ան անցած է պատերազմական խրամատներէ, ճաշակած` պայքարի ճակատները ու ապրած` հայ զինուորի ամէնօրեայ հայրենասիրութիւնը: Ան ապահոված է ոչ միայն մեր հայրենիքին սահմանները, այլեւ` Արցախի ու շրջակայքի ապահովութեան գօտիները:
Հայ-թուրքական յարաբերութեանց եւ բանակցութեանց դէմ պայքարը սփիւռքի մէջ առաւելաբար տարածուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ: Հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի ընտրական արշաւէն ու անկէ ետք եւս ՀՅ Դաշնակցութիւնը մաս կազմեց անոր կառավարութեան: Դաշնակցութիւնը անցեալ նախագահական ընտրութիւններուն ոգի ի բռին երբ ճակատ բացաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ընդդիմադիր շարժումին դէմ, կը միտէր կառավարութեան մէջ ապահովել քանի մը նախարարներ:
Կամաց-կամաց կորսնցնել սկսած իր վարկը վերաապահովելու հեռանկարով Դաշնակցութիւնը դիմեց այս դիրքորոշումին: Հայրենիքի մէջ կորսնցուցած արդէն ամէն յոյս իշխանութեան գալու եւ սփիւռքի մէջ ալ տեղի տուած էր այլ քաղաքական համախմբումներունՙ դառնալու դրօշակակիրը Հայ դատին: Ու այս նոր զարգացումը լաւագոյն առիթը նկատելով իջաւ հրապարակ: Հայութեան բնական թաքուն զգացումները հրահրելու աժան ռազմավարութեան նոր փորձով մը անգամ եւս ներկայանալու ժողովուրդին, թէ ինքն է իրաւատէրը հայութեան իրաւունքներուն եւ թշնամին` թուրքին: 21-րդ դարուն ալ Ռուբէն Փաշան պիտի ըսէր... «բանաստեղծական քաղաքականութիւն, պարզապէ՛ս»:
Ընդհակառակն, ՀՅ Դաշնակցութեան նման փորձառութեամբ հարուստ կազմակերպութեան մը այսօրուան վարիչները տարբեր քաղաքականութիւն մը որդեգրելու էին: Հայ կեանքին տաքն ու պաղը ճաշակած, յեղափոխական կեանքին իր մասնակցութիւնը բերած, Առաջին Հանրապետութեամբ քաղաքական բաւականին հասունութիւն շահած եւ միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ յաճախ ընդելուզուած կազմակերպութենէ մը, այս օրերուն, աւելի լրջութիւն կը սպասուէր:
Փողոցը պիտի չըլլար նման հակազդեցութեան վայրը: Երեւանի, Նիւ Եորքի, կամ Թորոնթոյի թաղերուն մէջ քանի մը հարիւրեակ շարքայիններով եւ պաստառներով ներկայ կացութեան համար լուծումներ պիտի չիրականանան: Ընդհակառակն, կը խորհէինք, որ լրջախոհ քաղաքական նոր դէմքեր, որոնք այսօր միացած են ՀՅԴ բիւրոյի կազմին, աւելի բարձր մակարդակի վրայ նստելու էին Հայաստանի կառավարութեան հետ: Վստահաբար, ամէն բանիմաց մարդ գիտէ, թէ կան դիւանագիտական այլ միջոցներ հասնելու նախագահին եւ քննելու հայ թուրքական յարաբերութինները:
Իրենց կառքին ջանալով կապել նաեւ մեր միւս աւանդական կուսակցութիւնները, բարեբախտաբար յաջողութիւն չարձանագրեց, բացի Տորոնտոյէն եւ մի քանի այլ վայրերէ, ուր մատի վրայ հաշուող մոլորեալ ռամկավարներ միայն մասնակիցը դարձան Դաշնակցութեան կազմակերպած բողոքի հաւաքներուն: Ըսենք, որ ՌԱԿ-ի անդամակցութեան լուռ մեծամասնութիւնը կը մնայ հաւատարիմ իր արեւելումին, պահելով մնայուն կերպով հաւատարմութիւնն ու վստահութիւնը հանդէպ հայրենի իշխանութիւններուն: Այս է մի՛շտ մեր աւանդական ուղղուածութիւնը: Ու եթէ կարգ մը ռամկավար շրջանակներ Դաշնակցութեան դէմ բողոքի իրենց արտայայտութիւնը հրապարակով չեն յայտներ, պարզապէս կուսակցական ներքին կարգապահութենէ առաջնորդուելով, իրենց ցասումը կը յայտնեն միայն մեղ շրջանակներու մէջ:
Բայց մեր երեք աւանդական քաղաքական ոյժերէն անդին պէ՛տք է արձանագրել, որ այսօր կարեւոր կշիռք ու հանրային կարծիք կը ներկայացնէ, գոնէ արտասահմանի մէջ, Հայաստանեայց եկեղեցին, որուն թեմակալ առաջնորդները արդէն չեն բաժներ այդ ընդդիմադրութիւնը, զոր կ՛ուզէ ցուցաբերել Դաշնակցութիւնը: Նոյնն է պարագան ՀԲԸ Միության, Հայկական համագումարին (Արմինիըն Էսեմբլի) եւ այլ քաղաքական նոր համախմբումներուն, որոնք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը զօրակցին Հայաստանի նախագահին եւ կառավարութեան հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով:
Ուրեմն, իրականութեան չի համապատասխաներ ըսել, թէ ամբողջութեամբ սփիւռքահայութիւնը հակառակ է հայ-թրքական յարաբերութեանց վերսկսման: Այսօրուան նոր սերունդը երբ համաշխարհային կայքէջերէ կը կարդայ միջազգային հանրային կարծիքը` հայ-թրքական երկխօսութեան, կու տայ իր գնահատականը: Գետոներէն դուրս, աշխարհին ծանօթ եւ բանականութիւնն ու տրամաբանութիւնը ուժեղ նոր սերունդի մը հետ է մեր գործը: Եւ ասոր պէտք է գիտակից ըլլայ իւրաքանչիւր կազմակերպութեան գլուխ եղող ղեկավար դէմք:
Ու այս բոլորէն ետք կը սպասուի, մանաւա՛նդ այս պատմական օրերուն, որ մեր աւանդական կուսակցութեանց վարիչները համախմբուին հայրենի կառավարութեան շուրջ, շրջապատեն մեր նախագահը եւ իրենց քաղաքական փորձառութեամբ ներդաշնակեալ աշխատանք տանին: Նոր կացութիւնը կը շահագրգռէ իւրաքանչիւր հայ, ըլլա՛յ սփիւռքահայ թէ հայրենաբնակ, իշխանաւոր, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր: Հաւաքական ոյժերով դիմակալելու ենք մեզի ներկայացուած բոլոր ծրագիրները:
Ու ի պատիւ Հայաստանի նախագահին, ան շուտով պիտի այցելէ սփիւռքի կարեւոր կեդրոններ եւ տայ լայն բացատրութիւներ մեր գաղութներու պատասխանատուներուն թէ ժողովուրդին: Ան գիտակից է, թէ աշխարհով մէկ ցրուած արեւմտահայութեան իրաւո՛ւնքն է իմանալ Հայաստանի այսօրերուն իշխանութիւններու բանակցութեանց շարժառիթն ու մանաւանդ` թէ նախապայմաններ, ինչպէս` ցեղասպանութեան հետ կապուած, կա՞ն: Ի վերջոյ ամենայն հայոց հայրենիքի նախագահն է, որ կու գայ այցելել գաղութները ու յարգալիր ընդունելու է զինք:
Իւրաքանչիւր յաջողութեան կամ ձախողութեան պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս բաժնելու ենք ազգովին, որովհետեւ կ՛ապրինք անբնական միջավայրի մը դժուարին օրերը:
Եվ սփիւռքահայ կուսակցութիւններ խոհեմութիւնը ունենալու են այսուհետեւ վերատեսութեան ենթարկելու իրենց հապճեպ կերպով հրապարակած յայտարարութիւնները եւ շուտով ներկայանալու են հայ ժողովուրդին որպէս աւելի խոհեմ, ծանրախոհ ու հեռատես աւանդական կազմակերպութիւններ:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք