«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#223, 2009-12-05 | #224, 2009-12-08 | #225, 2009-12-09


ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՙ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ՓՈԽԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

- Արդէն մի քանի տասնամեակ է, որ Ձեր աշխոյժ գործունէութիւնը կը ծաւալէքՙ Լիբանանի եւ տարածաշրջանի ֆինանսական, ազգային ու քաղաքական կեանքին մէջ... 4 ցամաքամասերու վրայ: Կարո՞ղ էք հակիրճ ներկայացնել այդ գործունէութեան անցեալն ու ներկան:

- 2009 տարին ինծի համար եղած է շատ յիշատակելի եւ բեղուն հանգրուան մը այն իմաստով, որ սեպտեմբեր 1-ին թեւակոխեցի կէս դարու դրամատնային յաջող գործունէութիւն մը ու այժմ կը շարունակեմ յաջորդ կէս դարը: Ներկայիս կը զբաղիմ MENA (Միջին Արեւելք եւ Հիւսիսային Ափրիկէ) տարածաշրջանին ելեւմտական հաստատութիւններուն վարկ տրամադրել BLF դրամատան միջոցաւ, ուր կը գործեմ պաշտօնով որպէս պատասխանատու MENA երկիրներուն մէջ գտնուող դրամատանց: Այս գործունէութեան ծիրին մէջ է որ 2007-ին հրատարակած եմ անգլերէն լեզուով, «The Management of Correspondent Banking» 470 էջնոց եզակի հատորը զոր միջազգային չափանիշով չունի իր նմանը նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ կը սեպուի ելեւմտական եւ դրամատնային աշխարհի կեդրոնը: Սոյն հատորը կ՚օգտագործուի դրամատուներու բարձր պաշտօնէութեանց եւ համալսարանական MBA աշակերտներու կողմէ գլխաւորաբար:

Հոկտեմբեր 1-ը, զուգադիպեցաւ 40 տարուանՙ իմ համալսարանական դասաւանդութեանց հանգրուանը, սկսեալ Հայկազեան համալսարանէնՙ մինչեւ Լիբանանի չորս գլխաւոր համալսարանները: Ու տակաւին կը շարունակեմ այս գործունէութիւնը:

Դեկտեմբեր 2-ը բոլորեցաւ, պիտի հանդիսանայ 30 տարուան միջազգային ամբիոններէն իմ դասախօսութեանց շրջանը, զոր կը շարունակեմ մինջեւ օրս, բազմաթիւ մայրաքաղաքներու մէջ:

Սեպտեմբեր 1-3-ին, ասկից 30 տարիներ առաջ, կազմակերպած էի Փարիզի մէջ առաջին միջազգային հայկական համագումարը, վերապատուելի Ջեյմս Գառնուզեանի, Գէորգ Աճէմեանի եւ հայր Անդրանիկ Կռանեանի, Սերոբ Աբոյեանի, Կայծակ Փալանճեանի եւ ազգասէր այլ հայրենասէրներու հետ: Այդ համագումարին ներկայ էին 330 ազգայիններ 23 տարբեր երկիրներէ: Այդ գործունէութեան գլխաւոր մեկենասը եղած եմ ես: Եղած եմ նաեւ մեկենասՙ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն հրատարակուած հինգ հատորներու եւ նուիրատու բազմաթիւ հաստատութիւններու եւ անհատներու:

- Ի՞նչպէս կը սահմանէք «ազգային գործիչ» բառերը:

- Ինծի համար, հետեւեալ նշանակութիւնը ունին այդ երկու բառերը. իւրաքանչիւր հայ, որ գիտակցութիւնն ունի իր հայկական ծագումին ու կը նպաստէ իր կեանքին ընթացքին պահել, կապուիլ, գուրգուրալ, քաջալերել, յաւերժացնել ու ծանօթացնել հայութեան բոլոր արժէքներըՙ եկեղեցին, պատմութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, արուեստները, ցեղասպանութիւնը ճանչցնել տալու աշխատանքները եւ գրաւուած հողերը վերատիրանալու ճիգերը, անվերապահօրէն տէր կանգնելու հայութեան իրաւունքներուն, այդ մէկը ազգային գործիչ մըն է:

Ազգային գործիչը միմիայն կուսակցական մը չէ:

Այս իմաստով է, որ ինքզինքս կը նկատեմ ազգային գործիչ: Կը գործեմ բարձր լայնամտածութեամբ ու գիտակցութեամբ ի գին ամէն զոհողութեանց: Փարիզի հայկական համագումարը նպաստեցՙ Եանըքեանի 1973-ի ցանած ազգային գիտակցութեան նոր զարթօնքին, հանդիսանալով վերականգնման ազդակներէն մին:

Ան որ կը պայքարի վերեւ յիշած արժէքներուն ի շահ, ազգային գործիչ կը նկատուի:

- Ձեր օժանդակութիւնն ու օգնութիւնը ցուցաբերած էք նաեւ Մայր հայրենիքի ֆինանսական եւ դրամատնային համակարգի զարգացման մէջՙ անկախութեան առաջին օրէն սկսեալ, Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով: Կարո՞ղ եք ներկայացնել այդ փորձառութիւնը:

- 1991-ի դեկտեմբերին նամակ մը կը ստանամ ստորագրուածՙ պարոնայք Էդվարդ Եկորեանէն եւ այժմ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանէն, որոնք կը հրաւիրեն զիս հայրենիքՙ «խորհրդակցելու ֆինանսական, բանքային քաղաքակիրթ համակարգի եւ հայկական դրամանիշի ստեղծման գործերի շուրջ»:

Առաջին անգամ ըլլալով կը մեկնիմ Հայաստան: Կը հանդիպիմ զիս հրաւիրողներունՙ այդ ժամանակուան ելեւմտական նախարար Ճանիկ Ճանոյեանին, փոխնախագահ Գագիկ Յարութիւնեանին ու նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին:

Կը բացատրեմ, թէՙ համակարգ մը կարելի չէ հիմնել կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Թէ համակարգը պրոցէս մըն է, որուն ընթացքին կարիքը կայ օրէնսդրութեանց, հաստատութիւններու, հաղորդակցութեանց եւ այլ միջոցներու: Թէ որեւէ համակարգ պէտք է վստահութիւն ներշնչէ ժողովուրդինՙ ու պաշտպանէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի նիւթական իրաւունքները: Թէ նոյնիսկ համակարգ մը պէտք է պաշտպանուի բարձր հեղինակութեանց կողմէՙ չարագործները պատժելով:

Այդ օրերուն երկիրը կ՚ապրէր անորոշ վիճակ ու փոխանցման շրջան մըՙ համայնավար ռեժիմէն դէպի դեմոկրասի եւ շուկայական տնտեսութիւն: Նոյնն էր կացութիւնը 14 այլ հանրապետութիւններու մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի էր փրկել քայքայուող տնտեսութիւն մը, որ ենթակայ էր Կրեմլինի հնգամեայ պլաններուն, երբ ամէն բան կը դառնար անկայուն, լաբիրինթոս, մութ, եւ պլաններ չկային այլեւս: Պէտք էր ամէն բան զերոյէն սկսիլ: Սակայն այս փոխանցման շրջանը կ՚ըլլար դժբախտաբար շատ արագ: Չինաստանն ալ ապրեցաւ փոխանցման շրջան մը, որ տեւեց 25 տարի ու յաջող արդիւնքներ արձանագրեց:

Շեշտեցի դրամատնային դրութեան մը ստեղծումը: Բայցՙ այդ մէկը ստեղծելու համար կարիքը կար professional մարդոց: Չունենալով որեւէ executive հեղինակութիւն, չէի կրնար շատ բան իրականացնել: Ինչ խորհուրդ որ կը փոխանցէի, ինծի կ՚ըսուէր թէ «այդ բանը գիտենք արդէն»: Երբ հարց տուի, թէ ի՞նչ հարկ կար 68 դրամատուներու արտոնագիր տալու, ըսուեցաւ, թէ երկիրը կարիքը ունի բանկերու: Իսկ այսօրՙ քանի՞ բանկ մնաց:

Դրամատնային համակարգ կը հիմնուի ժամանակի ընթացքին: Ոչ հինգ, ոչ ալ քսանհինգ տարուան մէջ կարելի է կարգաւորել դրամատնային համակարգ մը: Նախկին վարչաձեւին համակարգը կը բաղկանար շատ պարզունակ դրամատուներէ, որոնք յարմար էին այդ ժամանակուան տնտեսութեան: Քայքայուած տնտեսութեան մը մէջ կարիքը չկար 68 դրամատուներու: Նախկինինՙ կար Խնայբանկը: Այդ մէկը պէտք էր փրկել: Խնայբանկը ժողովուրդին բանկն էր: Եթէ նախկին տնտեսութիւնը չկար, տակաւին գոյութիւն ունէր ժողովուրդը: Ժողովուրդն ալ տնտեսութեան մը մարզերէն մէկն է: Դժբախտաբար, այդ մէկն ալ չփրկուեցաւ ու խնայողներուն 11 միլիառ դոլար արժէքով (ռուբլիի նախկին սակով) խնայողութիւնները հալեցան եւ ասիկա կը համարեմ ժողովուրդին աղքատացման պատճառներէն մին:

Նախագահ Տէր-Պետրոսեան զիս իր գրասենեակը հրաւիրեց ու առաջարկեց կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնը: Նոյնը ըրաւ փոխ-նախագահ Յարութիւնեան: Այսքան:

Իմ գործակցութիւնս Հայաստանի անկախացումէն ետք տեւեց մօտ քանի մը ամիսներ: Եւրոպական խորհուրդը Բրիւքսելի մէջ մինչ այդ հիմնեց TACIS եւ PHARE ծրագիրները, տրամադրելով տարեկան միլիոնաւոր ECU-ներ, համայնավար 15 հանրապետութիւնները եւ Արեւելեան Եւրոպան ուղղելու դէպի շուկայական համակարգի հաստատութիւններուն: TACIS-ի պատասխանատուները զիս ընդունեցին որպէս կեդրոնական դրամատանց փորձագէտ, երկու տարուան համար, ու զիս ուղարկեցին Մոսկուա, Թիւմէն, Երեւան, Ալմա Աթա, Դաշկենտ եւ Թիֆլիս:

«Դիտակ» ամսաթերթին մէջ հետեւողական ձեւով անդրադարձած եմ Հայաստանի դրամատնային համակարգին եւ Սպէրբանկը փրկելու մասին, ինչպէս նաեւՙ 1992 Փարիզ Արարատ ակադեմիայի խորհրդաժողովի ընթացքին:

- Բազմաթիւ գիրքերու եւ աշխատութիւններու հեղինակ եք, բազմաթիւ լեզուներով: Վերջերս լոյս տեսաւ Ձեր շատ կարեւոր «Դրամատնային դրութիւնը Լիբանանի մէջ» գիրքը, որուն անդրադարձան հայ թէ օտար զանգուածային լրատուութեան միջոցներ, մասնագիտական ֆինանսական շրջանակներ:

- Ընդամէնը հրատարակած եմ հինգ հատորներ, զանազան լեզուներով, որոնցմէ վերջինըՙ լոյս տեսաւ 2009-ինՙ The Banking System in Lebanon: Այս 336 էջնոց հատորին մէջ կ՚անդրադառնամ, թէ ի՞նչ են նախապայմաններն ու յատկութիւնները յաջող համակարգի մը գոյութեան շարունակականութեան (viability):

Սոյն հատորը կը բաղկանայ ուսումնասիրութիւններէ, դասախօսութիւններէ, հարցազրոյցներէ ու յօդուածներէ, որոնց գլխաւոր թեման եղած է Լիբանանի դրամատնային համակարգը վերջին 40 տարիներուն: Յառաջաբանին մէջ ցոյց կու տամ, որ 1864-ին հիմը դրուած այս դրութիւնը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակէ տեւել մինչեւ այն ժամանակ, երբ արմատացած նախապայմաններն ու յատկութիւնները կը մնան անխախտ, որքան ալ միջազգային ֆինանսական տագնապներէն անցնին այլ պետութիւններու դրամատնային համակարգերը: Կը շեշտեմ «վստահութիւն» բառը, որպէս հիմնական աւիշը դրամատնային համակարգի գոյութեան: Վստահութիւնՙ տնօրինութեանց եւ անձերու: Վստահութիւնՙ օրէնքներու եւ անոնց գործադրութեան: Վստահութիւնՙ տոմարակալութեան եւ քննիչներու (auditors): Ապահովութիւնՙ հանրութեան խնայողութիւններ պաշտպանելու: Հատորը պատմական մը չէ, ո՛չ իմ անձիս եւ ո՛չ ալ Լիբանանի դրամատնային դրութեան: Հատորը կը պարունակէ նաեւ երեք հարցազրոյցներ ոսկիի մասին, ուր 2001-էն ի վեր կը կրկնեմ, թէ օնսը 2010-ին պիտի հասնի 1000 դոլարի:

Ուզեցի այս հատորը հրատարակել 2009-ին, չորս նպատակներով.

1 - Այս տարին Պէյրութ քաղաքը նշանակուած է միջազգային մայրաքաղաք գիրքի: Իմ բաժինս բերած կը նկատեմ այս շարժումին կամ նախաձեռնութեան:

2 - Այս տարին կը զուգադիպի իմ 50 տարիներու դրամատնային գործունէութեանս: Բերքը աւելցնելու տարի մը եւս:

3 - Այս հատորով ցոյց կու տամ եւ կը վկայեմ, թէ Լիբանանի սեփական մարզը, իր ազատախոհութեամբ եւ իր ձեռներէցութեամբ, ստեղծած է յաջող տնտեսական եւ դրամատնային համակարգ մը, բաղդատմամբ շրջանային այլ երկիրներու տնտեսութեանց, ուր պետութեան հեղինակութիւնը անյարմար ու աննպաստ կշիռ մըն է դրամատնային համակարգին ու անոր բարգաւաճման:

4 - Միջազգային ելեւմտական այս տագնապալի օրերուն ուզեցի ցոյց տալ, որ Լիբանանի դրամատնային կառոյցը առողջ, քաղաքակիրթ, վստահելի ու համբաւ վայելող համակարգ մըն է: Թէ Պէյրութը տիտան մըն է բաղդատմամբ Միջին Արեւելքի միւս համակարգերուն: Հատորը պիտի ստորագրուի 2010-ին, Նիւ Եորք, Լոնտոն, Փարիզ եւ Պէյրութ:

Հարցազրոյցը վարեցՙ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, website: www.mhbouldoukian.com, e-mail: boulmeg@gmail.com


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4