«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#2, 2010-01-13 | #3, 2010-01-14 | #4, 2010-01-15


ՆԱՄԱԿՙ «ՆՈՐ ՕՐ» ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆԻՆ

Սիրելի Մինաս,

Իսկապէս խղճահարութիւն զգացի քեզի հանդէպ, երբ իմացայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ լոսանճելըսեան հանդիպման ժամանակ քու պարզամիտ հարցադրումիդ մասին: Ըստ ինծի պատմուածներուն, երբ սրտաճմլիկ հարց տուեր ես Սերժ Սարգսեանին, թէ այսքան տարի Ցեղասպանութեան մասին կը քարոզես աշակերտներուդ, եւ հիմա որ Արձանագրութիւններու հարցը ելաւ մէջտեղՙ ի՞նչ պիտի սորվեցնես անոնց, նախագահը պարզապէս ըսեր է քեզիՙ «շարունակէք նոյնը անել, նո՛ր թափով»:

Անշուշտ կարելի չէ ակնկալել, որ մեր բոլոր խմբագիրները, մանաւանդ Սփիւռքի պայմաններուն մէջ, քաղաքագէտ ըլլան: Սակայն common sense-ը միշտ պէտք է, նոյնիսկ մամուլի ասպարէզ պատահաբար յայտնուածներուն համար: Այդ պահուն չմտածեցի՞ր, թէ ո՞վ կրնայ արգիլել քեզի, ինծի կամ միւսին, որպէսզի շարունակենք Ցեղասպանութեան ճանաչումի գործը: Չմտածեցի՞ր, որ այժմ, Փրոթոքոլները վաւերացուին թէ ոչ, նոր ասպարէզ կրնայ բացուիլ աւելի գործնականօրէն մեր պահանջատիրութիւնը հետապնդելու: Վերջապէսՙ ի՞նչ կ,արժէ ամբողջ աշխարհի երկիրներուն կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եթէ Թուրքիան պիտի շարունակէ ուրանալ իր գործած Ոճիրը: Միամի՞տ ես այնքան կարծելու, թէ, օրինակ, Մ. Նահանգներու նախագահիՙ Ցեղասպանություն բառն արտասանելու պարագային ամէն բան պիտի փոխուի եւ Թուրքիան սարսափած պիտի ընդունի իր Յանցանքը: Նախագահ Ռիկըն չճանչցա՞ւ միթէ, այն ալ երկու անգամ...

Դուն եւ քեզի պէս մտածողները ե՞րբ պիտի ազատիք սովորամոլութենէն, միտքի ամլութենէն: Բողոքի ցոյցերը, որոնք ընդամէնը մէկ փոքրիկ եւ օգտակար մասնիկը կրնան կազմել ժամանակակից քաղաքական պայքարի մեր զինանոցին, աւելի շատ կը նպաստեն մեր ազգային ինքնագիտակցմանՙ քան թուրքը ծունկի բերելուն...

Որպէսզի ըսածներս աւելի լաւ հասկնաս, սիրելի Մինաս, կը խնդրեմ դուն քեզի, առանձնութեանդ մէջ, փորձ մը ընես մեր Պահանջատիրութիւնը բանաձեւելու, կէտ առ կէտ անոր յաջորդական հանգրուանները նշելուՙ կեդրոնանալով իւրաքանչիւր հանգրուանի արդիւնաւորումին համար անհրաժեշտ միջոցներուն վրայ: Իսկապէս, Ճանաչումէն անդին ի՞նչ պիտի ուզենք Թուրքիայէն. հայրենական տարածքներու վերադա՞րձ, որքա՞ն տարածք, այդ հողերու վրայ ապրողներո՞վ, թէ՞ առանց անոնց, մե՞նք պիտի ապրինք այդ հողերուն վրայ, թէ՞ ուրիշներ, պետական-միջազգային ինչպիսի՞ կարգավիճակով: Գուցէ պիտի բաւարարուինք նիւթակա՞ն հատուցումով: Ո՞վ եւ ի՞նչպէս պիտի որոշէ 1,5 միլիոնին արեան գինը, անոնց անշարժ եւ շարժական գոյքին արժէքը, ո՞ր դատարանին մէջ պիտի վճռուի, որո՞ւն պիտի վճարուի: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ Կիլիկիան, դուն պիտի վրադառնա՞ս Տէօրթ Եոլ, պապենական հողերուդ, իսկ եսՙ Ատանա կամ Կեսարիա... Եւ կամ, գուցէ, պիտի պահանջենք երկո՞ւքն ալՙ թէ՛ հողերը ե՛ւ թէ նիւթական հատուցումը...

Իսկ եթէ մերժեն, ինչը անպայման պիտի պատահի, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը. պատերա՞զմ պիտի յայտարարենք թուրքին, ո՞վ պիտի կռուի, մե՞նք, թէ՞ ուրիշներՙ մեզի համար, ամերիկահայերդ պիտի մասնակցի՞ք կռիւին...

Կը տեսնե՞ս որքան հարցեր ու հարցականներ կան: Թապուները քանդելու ժամանակն է: Եւ երբ աւարտես մտաւոր այդ գործողութիւնը, վստահ եղիր, որ եզրայանգումդ պիտի ըլլայ մէկը եւ միայն մէկը - պէտք է զօրանայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Միայն հզօր եւ բարգաւաճ ազգային պետականութեան միջոցով կրնայ հայ ժողովուրդը լուծել, գէթ մասամբ, իր ազգային խնդիրները, իսկ եթէ կ,ուզեսՙ Հայ դատը: Իսկ հզօրանալու եւ բարգաւաճելու համար մեր երկիրը պէտք է խուսափի թշնամական յարաբերութիւններէ իր որեւէ դրացիի հետ: Առաջին հերթինՙ ռազմական բախումներէ: (Այո՛, ներկայ վիճակին շարունակումը անխուսափելիօրէն կ,ենթադրէ ռազմական բախում): Ներկայ վիճակին մէջ Հայկական պետութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնը Թուրքիոյ հետ հին հարցերը լուծելը չէ, այլ Ղարաբաղեան հարցին արդար լուծումը: Մնացեալ բոլոր հարցերը ստորադասուած են անոր, առայժմ: Իսկ Թուրքիոյ հետ վերաբացուած սահմաններ ունենալը ոչ միայն տնտեսական, այլեւ ռազմաքաղաքական մեծագոյն նշանակութիւն ունի մեզի համարՙ կոտրել շրջափակման սեղմօղակը ա՛յդ կողմէն, թեթեւցնել ճնշումը մեր երկրին վրայէն եւ այնուհետեւ աւելի նպաստաւոր դիրքերէ ձգտիլ լուծել Արցախեան թնճուկը: Թէեւ, պէտք է խոստովանիլ, ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ Թուրքիան պիտի վաւերացնէ Արձանագրութիւնները եւ պիտի բանայ սահմանը...

Մինչ այդ, ոչ ոք իրաւունք ունի, նոյնիսկ Սփիւռքը, Հայաստանի ժողովուրդին ըսելուՙ 17 տարի ապրեցաք այսպէս, շրջափակման պայմաններուն մէջ, շարունակեցէք եւս 100 տարի (Վ. Օսկանեանին խօսքը յիշեցի): Ապրելու եւ ապրուստի որակ ըսուած բան մը կայ աշխարհի մէջ, որ ուղիղ համեմատական է երկրին զարգացման որակին հետ: Ասիկա լաւ գիտէք մանաւանդ Ամերիկայի մէջ ապրողներդ: Մեր կարեւորագոյն խնդիրն է մեր երիտասարդութեան համար պայմաններ ստեղծելը, որպէսզի ան չմտածէ երկրէն հեռանալու, իր ապագան այլ երկրի մէջ տեսնելու մասին: Կրնա՞յ որեւէ երկիր ապագայ ունենալ, եթէ նորաւարտ բժիշկը, օրինակ, 9 տարի ուսանելէ ու մասնագիտանալէ ետք, ընդամէնը ամսական 32000 դրամ (շուրջ 80 տոլար) կը ստանայ հիւանդանոցին կամ դարմանատան մէջ, հետեւաբար ստիպուած է կողոպտելու իր հիւանդները: Կրնա՞յ որեւէ զօրակոչիկ հաճոյքով ծառայել իր ազգային բանակին մէջ, եթէ օրական ճաշաբաժինը ընդամէնը 1000 դրամ կը կազմէ (մոտ 3 տոլար): Այս պայմաններուն մէջ եւ այսպէս շարունակուելու պարագային անխուսափելիօրէն պիտի ունենանք եւ ունինք կացութենէն օգտուող մենաշնորհեալներ, կաշառակեր պաշտօնեաներ, իշխանութիւն դարձած մեծահարուստներ եւ մեծահարուստ դարձած իշխանութիւններ, անարդար դատաւորներ ու դատարաններ, խանութի վերածնուած դպրոցներ ու համալսարաններ, եւ վերջապէսՙ 5 հազար դրամով իրենց քուէն որեւէ թեկնածուի համար ծախու հանելու պատրաստ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ եւ անոնցմէ ծնած իշխանութիւններ:

Այս երկար բացատրութիւններուս դրդապատճառը, սիրելի Մինաս, 2009 Դեկտ. 7-ին «Նոր Օր»ի մէջ ստորագրուածՙ «ՌԱԿ-ի անկախութիւնըՙ գերիվեր» պոռոտ վերնագրով յօդուածդ է, զոր օրերս միայն առիթ ունեցայ կարդալու: Կը մեղադրես Արմենական-ՌԱԿ-ը Հայաստանի իշխանութիւններուն «հլու-հնազանդ կամակատարը» ըլլալու մէջ, փորձելով նաեւ դաս տալ, որ «հայրենի տիրող իշխանութեան կամ Գերագոյն վարչութեան կողքին» ըլլալը «չի նշանակեր կորսնցնել ազատ խօսելու եւ քննադատաբար մօտենալու իրաւունքը եւ յատկանիշը», միաժամանակ փորձելով վկայակոչել ՌԱԿ-ի նախկին ղեկավարութեանՙ «ականաւոր դէմքերէն ոմանց» գործակցութիւնը Խ. Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, պնդելով որ, այնուամենայնիւ, անոնք քաղաքական ուղղութիւն կամ հրամաններ չստացան խորհրդահայ ղեկավարութենէն, մինչդեռ Արմենական-ՌԱԿ-ը միայն այդ կ,ընէ, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա հարցին առնչութեամբ:

Հոս չեմ ուզեր նեղ դրութեան մատնել քեզ, հետեւաբար «ազատ խօսելու եւ քննադատաբար մօտենալու իրաւունքդ» խնդրոյ առարկայ դարձնելով քեզմէ պիտի չպահանջեմ տպել այս նամակս: Չեմ ուզեր խօսիլ նաեւ ՌԱԿ նախկին ղեկավարութեանՙ Խ. Հայաստանի ատենի ղեկեվարութենէն ստացած կամ չստացած, կատարած կամ չկատարած «հրամաններուն» մասին: Ատիկա շատ երկար նիւթ է եւ առանձին անդրադարձ կը պահանջէ: Սակայն չեմ կրնար չմատնանշել ՌԱԿ Համաշխարհային Խորհուրդին եւ յատկապէս Արմենական-ՌԱԿ-իՙ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու շուրջ հրապարակածՙ թիւով 5 յայտարարութիւնները, զորս ապահովաբար չես կարդացած, բայց բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր սեպուելով հանդերձ ինքզինքիդ թոյլ կուտաս առանց կարդալու նախատրամադրուած կարծիք յայտնել: Եթէ զանոնք կարդացած ըլլայիր, պիտի նկատէիր, որ անոնցմէ ամէն մէկուն մէջ խոր մտահոգութիւն մը, լուրջ վերապահութիւն մը եւ, ամենակարեւորը, Փրոթոքոլներու հնարաւոր անպատեհութիւնները կանխելու խելամիտ առաջարկներ կան, որոնց մասին, միշտ միտքի ծուլութեան հետեւանքով, դժբախտաբար ոչ դուն եւ ոչ ալ որպէս «ղեկավար» ընդունած մարդիկդ չէք մտածած անգամ: Եթէ այդ յայտարարութիւններով արտայայտուած մտավախութիւններուն, մտահոգութիւններուն, հակասութիւններու մատնանշումներուն ծանօթ ըլլայիր, սուտ խօսելու փորձութեան պիտի չենթարկէիր ինքզինքդ եւ բնաւ պիտի չբարբառէիր գոռոզամտութեամբ. «Մինչ սփիւռքի տարածքին քիչ չեն այն մասնագէտները, որոնք փաստերով կը խօսին (փրոթոքոլներու ընդունմամբ- Յ. Ա.) հասցուելիք հարուածներուն մասին, ԱՌԱԿ-ը, կարծես ոչինչ ունի քննելիք, ոչ ալ սեփական կարծիք, անվերապահօրէն կը թութակէ»:

Յամենայնդէպս, եթէ յիշեալ յայտարարութիւնները չես ուզեր կարդալ, քու գիտնալիքդ է: Սակայն եթէ այսուհետեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին գրիչ շարժելու կամ ձայն բարձրացնելու ըլլաս, բարի եղիր նա՛խ ծանօթանալու ՌԱԿ հիմնադիր ղեկավար եւ պայծառագոյն մտածող Վահան Թէքէեանի 1931-ին «Արեւ»ի մէջ հրատարակած յօդուածաշարքը «Հայ եւ թուրք յարաբերութիւններ» վերնագրով, որ վերջերս վերահրատարակուեցաւ նաեւ «Ազգ»ի 2009 նոյեմբեր 7-ի թիւին մէջ: Եթէ պահ մը զգաստանաս եւ սկսիս սեփական ուղեղովդ մտածել, դուն ալ ինծի պէս պիտի խոստովանիս, որ մեր կուսակցութիւնըՙ ՌԱԿ-ը, երբեք չկրցաւ հասնիլ իր հիմնադիրին 80 տարի առաջ արտայայտած այդ մտածողութեան բարձունքին, չունեցաւ եւ առայսօր չունի քաջութիւնը թապուները քանդելու: Ահա այդ բարձունքն է, եւ ոչ թէ Սերժ Սարգսեանին կրկնելու, քու բառովդ` «թութակելու» մարմաջը, որ կը մղէ մեզՙ ՌԱԿ բարենորոգիչներս, «այո» ըսելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ հաստատելու, թուրքին հետ «աչք-աչքի» խօսելու նախաձեռնութեան, ձեզմէ աւելի լաւ գիտնալով ու պատկերացնելով նաեւ վտանգները:

Վերջաւորութեան կ,ուզեմ թելադրանք մը ընել քեզիՙ առանց յամենալու «թութակել» նորահնար բայիդ վրայ եւ առանց օգտագործելու համապատասխան «մինասել» բայակազմութիւնը իմ կողմէս. նախընտրելի է հետեւիլ ազգային պետութեանդ բարձրագոյն իշխանութեան քայլերուն, քան կուսակցութեան մը, այս պարագայինՙ ՀՅ Դաշնակցութեան: Դժբախտաբար դուն եւ դուք փաստօրէն այդ է որ կ,ընէք արդէն երեք տարիէ ի վեր, միայն ձեզի յայտնի պատճառներով: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու մարզին մէջ Դաշնակցութեան հետեւորդ ըլլալը կը նշանակէ սխալ ուղեցոյցի հետեւիլ, որուն սխալականութիւնը փաստացի իրողութիւն է առնուազն 1908 թուականէն ասդին:

Ընկերական ողջոյններովՙ

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4