Հարցազրոյց Գերմանիոյ հայոց հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանի հետ
Մեր 3-ժամեայ ճանապարհորդութիւնը դէպի Քէօլն, Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդարան, տեղի կունենայ համշենահայերու «մայր»ՙ Ալիս Ալիյէ Ալթի ինքնաշարժով: Մեր «պատուիրակութիւնը» կը բաղկանայ նաեւ Պէյրութէն յատկապէս ժամանած, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանէ, Կանադայէն հիւրաբար գտնուողՙ հետազօտող Անուշ Աբրահամեանէ, «քրդացած» հայերու անխոնջ գործիչ Սիմոն Կիւնտէնէ:
Գերմանահայոց առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ջերմօրէն մեզ կընդունի Գարեգին արք. Պեքճեանը, որ տարիներէ ի վեր կը վարէ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը եւ գլխաւոր թեկնածուներէն է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի պաշտօնին: Իր հարցազրոյցները Թուրքիոյ հեղինակաւոր թերթերուն, ուր յայտարարած էր, թէ բիւրաւոր դաւանափոխ «կորսուած» հայեր կան Թուրքիոյ մէջ որպէս հետեւանք Ցեղասպանութեանՙ շատ մեծ աղմուկ բարձրացուց ամէնուրեք: Գարեգին սրբազան Գերմանիա ժամանած բազմաթիւ այդպիսի հայերու մկրտութիւնը եւ վերադարձը հայ ժողովուրդի գիրկը կազմակերպած է անձնապէս: Ինքն ալ կը ծրագրէ գլխաւորել ուխտագնացներու խումբ մըՙ դէպի Վան ու Աղթամարի Սբ. Խաչ եկեղեցին, նաեւ Արեւմտահայաստան:
Մեր հանդիպումը նաեւ կը վերածուի հարցազրոյցի, երբ Սրբազան հայրը հետեւեալ կարեւոր տեղեկութիւնները կը փոխանցէ մեզի.
- «Երկու ամիս առաջ մօտաւորապէս, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց թերթերուն մէջ, ուր պահանջեց պետական ատեան-գրասենեակներէնՙ փոքրամասնութիւններուն գործերը դիւրացնել, մանաւանդ առկախ հարցերու մէջ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախկին կառավարութիւնները որեւէ որոշում չեն կայացած երկրի փոքրամասնութիւններու գործերուն ընթացք տալու իմաստով: Ընդհակառակըՙ միշտ կացինահարած եւ միշտ խանգարած են:
Կը կարծեմ, թէ որոշ ժամանակ ետք, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ, կարելի է որոշ քայլեր նախաձեռնել այդ ուղղութեամբ: Մանաւանդ որ թուրքերը այժմ շատ զգայուն են դուրսի միջամտութիւններուն հանդէպ եւ միշտ հակառակը կընեն այդպիսի պարագային...: Ուրեմն պէտք է պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուի օրինական իրաւունքներու վերադարձի գործը, մանաւանդ որ մենք այսօր որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն ճանչցուած ենք: Այժմ պայմաններն այնպիսին են, որ կարելի է մինչ այս արգիլուած հրատարակութիւններ ալ ունենալ եւ աւելինՙ Թուրքիոյ մէջ այժմ կը վաճառուին նոյնիսկ Վահագն Տատրեանի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքերը, ինչպէս նաեւ Զօրավար Անդրանիկի եւ հայ ազգային այլ հերոսներուն կեանքին մասին թարգմանուած հրատարակութիւններ: Այս կը նշանակէ, թէ պետութիւնը ինքզինք ուժեղ կը զգայ, նաեւ Եւրոպական Միութեան մէջ մուտք գործելու ցանկութիւնը պատճառ են այսպիսի թոյլտուութիւններու:
Յաջորդ հինգ տարիներու համարՙ Գերմանահայոց հոգեւոր առաջնորդ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոսը նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան գլխաւոր թեկնածուներէն էր: Այս հարցով, ան հետեւեալ բացատրութիւնները տուաւ մեզի. «Սակայն դժբախտութիւն պատահեցաւ, երբ միաժամանակ երկու դիմում կատարուեցաւ Թուրքիոյ պետութեանՙ աթոռակից պատրիարքի եւ բուն պատրիարքի ընտրութիւն: Կրօնական ժողովը, որ պետութեան կողմէ ճանչցուած միակ պաշտօնական մարմինն էՙ աթոռակից պատրիարքի դիմում կատարած էր: Ընտրական յանձնախումբ մըն ալ նշանակուած էր, ան ալ իր կողմէ, իր մտածումովՙ բուն Պատրիարք ընտրելու դիմում յղած էր: Շփոթութիւն մը ստեղծուեցաւ: Իսկ պետութիւնըՙ պատճառաբանելով, թէ ներկայ պատրիարքը տակաւին կապրի, ցուցում տուած էր որ պատրիարքական փոխանորդ ընտրուի: Ասիկա նոր պաշտօն մըն է, որ մեր պատմութեան մէջ չկար...: 24 ժամուան ընթացքին, նախկին փոխանորդըՙ իր կրօնականներով ինքզինք ընտրել տուաւ: Արամ եպս. Աթեշեան այս ձեւով շատ մեծ սխալ մը գործեցՙ առանց մեզի եւ Սեպուհ սրբազանին (որ Հայաստան կը գտնուի), լուր տալու նախ եւ առաջ: Երկրորդ, ես եւ Մաշալեան Սահակ եպիսկոպոսը (որ նոյնպէս Հայաստան կը գտնուին) անդամ ենք Կրօնական ժողովին եւ Թուրքիոյ պատրիարքական միաբանութեան, տեղեակ չպահուեցանք: Հիմա դատ բացուեցաւ եւ տեսնենք թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը: Մինչեւ այժմ կը մնամ Պատրիարքական թեկնածուԿ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան:
Իսկ թէ ինչ խօսք ու պատգամ ունի փոխանցելու սփիւռքահայութեանՙ Առաջնորդ Սրբազանը քիչ մը մտածելէ ետք ըսաւ. «Նախ ըսեմ, թէ կրօնական մեծ նահանջ մը կայ: Պէտք է ըսեմ, որ բազմաթիւ դաւանափոխ հայեր, որոնք կրնան համարձակութիւն ունենալ եւ գալ մեր մօտ, անոնցմէ շատերը գրկաբաց կընդունինք եւ իրենց ցանկութեան համաձայն ալ կը մկրտենք: Անոնք ի վերջոյ շրջանակ մը ունին եւ իբր քիւրդ ճանչցուած են ու չեն ուզեր իրենց կապերը խզել: Վերջերս, Մկրտիչեան անունով մէկը մեզի e-mail-ով նամակ մը գրած էր, թէ ինք ծագումով հայ է, Վանի կողմերէն եւ մեզի հետ կը ցանկայ Վան երթալ յառաջիկայ սեպտեմբերին: Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ ճնշման տակ մնալով, վախի ազդեցութեամբ կապրին:
Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ 10-21 սեպտեմբերին, նախաձեռնութեամբ Գերմանիոյ հայոց առաջնորդութեան ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպուի դէպի Վանՙ ներկայ ըլլալու Սբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք Սբ Պատարագին, որուն ներկայ պիտի ըլլան սփիւռքի այլ վայրերէ ժամանած հայեր: Արդէն իսկ, Վանի «գաղտնի» հայերէն շատեր իրենց բնակարանները տրամադրած են իրենց հիւր ազգակիցներուն, որոնք պիտի այցելեն նաեւ Մուշ, Պիթլիս, Այնթապ, Ուրֆա, Մերտին, Սետիաթ, Դիարբեքիր, Բայազետ եւ Արեւմտեան Հայաստանի այլ քաղաքներ ու պատմական յուշարձաններ:
Համադրեցՙ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Քէօլն, Գերմանիա