«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#20, 2011-02-08 | #21, 2011-02-09 | #22, 2011-02-10


ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ-ՊՕՂՈՍԵԱՆ. ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՈՒ ԳՈՒՆԱԶԱՐԴ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԳՈՎԵՐԳԻՉԸ

Ռոլֆ Շթընիլէ, «Կէօթէ» մշակութային հաստատութեան տնօրէն.

«Իր գեղանկարներով Մարալ կը ստիպէ մեր երեւակայութիւնը, մտածումներն ու կարծիքները թեւածելու, թռչելու իր տուներուն տանիքներուն եւ պատշգամին վրայէն: Ան մեզի կը յուշէ թէ կ՚ապրինք այստեղ եւ այնտեղ... անկախ իր վրձինին ճարտար ձեւի եւ գոյնի օգտագործմամբՙ նաեւ իր հրաշալի արուեստին որպէս օրինակ»:

Ապագայ արուեստագէտը տաղանդով կը ծնի, կ՚ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Այդպէս եղաւ նաեւ հանրայայտ գեղանկարչուհի Մարալ Տէր-Պօղոսեանին համար, որ 5-6 տարեկանէն արդէն գծել ու նկարել սկսաւ: Դուստրը քանդակագործուհի Կիւլէնի ու գեղանկարիչ Շահէ Տէր-Պօղոսեաններու, «Սփիւռքի մայրաքաղաք» Պէյրութի գովերգիչը իր պաստառներուն ընդմէջէնՙ շուտով ընդունուեցաւ Լիբանանի համալսարանի գեղարուեստից Ակադեմիայի գեղանկարչութեան բաժինը, միաժամանակ ստանալով Մագիստրոսի աստիճան ALBA (Academie Libanaise des Beaux Arts)-էնՙ 2004թ-ին:

Իր ստեղծագործութիւններու բանաստեղծականութիւնը, կենսաթեթեւ ու կենսախինդ գոյները, համանուագային ներդաշնակութիւնը, բացայայտ տաղանդը պատճառ դարձած է որ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ կազմակերպուին, որոնց մասնակցած է անհատապէս թէ խմբային առումով: 2001թ-ին Վիեննայի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ, իր պաստառները կը ցուցադրուին Արուեստներու ու երաժշտութեան մայրաքաղաքին մէջ, արժանանալով յատուկ ուշադրութեան ու գնահատանքի: Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի պալատին մէջ կազմակերպուած Ազատագրութեան Օր 25 Մայիս 2000-ի ոգեկոչման նկարիչներու սիմփոզիումին առիթով, 2002թ-ին Մարալ Տէր-Պօղոսեանի գեղանկարները կը ցուցադրուինՙ բարձր գնահատուելով նոյնինքն հանրապետութեան նախագահ Էմիլ Լահուտին կողմէ: Իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը «Կէօթէ» մշակութային կեդրոնին մէջ («Անդրադարձներ, Երազներ, Իրականութիւններ») պատճառ կը դառնան որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Կիլիկիա» թանգարանի մէջ,հովանաւորութեամբ Արամ Ա Կաթողիկոսիՙ տեղի ունենա իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսը:

Գեղանկարչութեան աշխարհին մէջ երիտասարդ արուեստագիտուհիին յաղթարշաւը կը շարունակուի: Ցուցահանդէսներ Տուպայի մէջ (հովանաւորութեամբ Շարժայի դրամատան), Վիեննայի արուեստի ակումբին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի դեսպանատան (2003-2004թ.թ.): Ապա, 2002-ին, 2007-ին, 2006-ին եւ 2008-ինՙ Սուրսոքներու պալատին մէջ 27-րդ ու 28-րդ աշնանային սենեկային ցուցահանդէսներու մասնակից: 2007թ-ին կը դասախօսէ Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից ակադեմիային մէջ:

Մարալին հետաքրքրութեան դաշտը, ներշնչման աղբիւրը քաղաքը եւ արուարձանն է, մասնաւորաբար Պէյրութը եւ շրջակայքը: Անոնք կը յիշեցնեն իր մանկութեան եւ պատանեկութեան երազները, ուր կը տեսնէր Պէյրութը խաղաղութեան մէջ: Այն իր անմիջական միջավայրն էր եւ ուր կազմուեցան այդ միջավայրին պատկանելիութեան զգացումները: Թէեւ ժամանակի ընթացքին քաղաքը շարունակեց փոխուիլ եւ պեթոնաշէն մեծ շէնքերը եկան գրաւելու ընդարձակ տարածութիւններ: Պեթոնըՙ քաղաքը կը հեռացնէր բնութենէն, կը փոխէր եւ կ՚այլասերէր բնութեան դիմագիծը...:

Իր պաստառները իր երազներուն իրականացումներն են, կը տեսնենք պեթոնաշէն քաղաքը իր շէնքերով, այլազան բարձրութիւններով եւ տարածքներով, որոնք այլեւս զերծ են պեթոնի առթած մռայլ, վանողական եւ անհրապոյր տեսքէն, ընդհակառակըՙ գեղեցկացած, դարձած են աննիւթական, երազային եւ ներդաշնակութեանց համադրութիւն մը:

Իր վրձինով, ընդհակառակը, քաղաքը վերածուած է լուսաւոր, կենսաթրթիռ, հարազատ եւ մարդկայնացած միջավայրի եւ այլեւս այդ քաղաքը մաս կը կազմէ բնութեան, ըլլալով անոր հմայիչ շարունակութիւնը:

Անկատար երազներ ու ծրագիրներ ունի տակաւին Լիբանանահայ արուեստագիտուհին: Կամքն ու աշխատասիրութիւնը սակայն պիտի յաղթահարէ ամէն դժուարութիւն ու փշոտ ճանապարհՙ հասնելու վարդերով ու դափնիներով զարդարուած անդաստանը:

Բարի ճանապարհ եւ նորանոր յաջողութիւններ Մարալ Տէր-Պօղոսեանին:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4