«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#93, 2011-05-24 | #94, 2011-05-25 | #95, 2011-05-26


ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ԱՍԱՆԿ ԵՆՔ...»

Դարձեալ Գրիգոր Սաթամեանն է իր խնդուքի երեկոյով եկած այս ափերը, ըլլալու իր հարազատ ունկնդիրներուն հետ եւ հրամցնելու նոր յայտագիր մը: Հարազատ կըսենք, որովհետեւ Գրիգոր Սաթամեանի թատերական կեանքը Ամերիկայի մէջ սկսաւ Նիւ Եորքով եւ ուր կազմեց իր թատերախումբը եւ իր դերասանական հմայքով մուտք գործեց ազգային մշակութային մեր կեանքէն ներս, շուրջ 35 տարի առաջ:

Քանի մը տարին անգամ մը նոր յայտագիրով ան կը ներկայանայ ամերիկահայութեան: Կարծէք իր երկրպագուները կը սպասեն խնդուքի իր մենակատարութեամբ ելոյթներուն: Թէեւ ան հաստատուած է Լոս Անճելըս, սակայն անոր այս յայտագիրները ունին լայն ժողովրդականութիւնՙ սկսած Նիւ Եորքէն մինչեւ Մոնթրէալ, Պոստոն... ու այս տարի Տիթրոյթ:

Մայիս 21-ին, Նիւ Երոքի Թէքէեան մշակութային միութիւնը, ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս յանձն առաւ կազմակերպել այս նոր յայտագիրըՙ «Մենք ասանկ ենք...»ը: Նիւ Եորքի թէքէեանականներուն համար Գրիգորը սիրելի է, մանաւա՛նդ որ անոր թատերախումբի անդամներէն շատերը անցած են Սաթամեանի թատերական դպրոցէն եւ պահած մնայուն բարեկամական կապը անոր հետ: Անցեալ տարուան աշնան ալ մասնաճիւղը եղաւ առաջինը, որ նշեց սիրուած դերասանին ու տաղանդաւոր բեմադրիչին թատերական գործունէութեան յիսնամեակը, մեծ շուքով:

Հայկական եկեղեցիներու սրահները նեղ պիտի գային Սաթամեանի այս խնդուքի երեկոյեան համար եւ անոր համար ալ վարչութիւնը ստիպուած եղաւ վարձել Թենըֆլայի յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ մարզասրահը, որպէսզի կարենար ընդունիլ 400-ի հասնող հրաւիրեալները: Սրահը գեղեցկօրէն, գարնանային մթնոլորտով զարդարուած, արդէն հաճելի մթնոլորտ մը կը ներկայացնէր:

ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի վարչութեան փոխ ատենապետ Յարութ Չաթմաճեան կատարեց բացումը եւ ներկայացուց հայ բեմի վարպետըՙ Գրիգոր Սաթամեանը:

Այս յայտագրով Գրիգոր կը ներկայացնէր մեր երէկի մայր գաղութներու բարքերը, նիստուկացը, սովորութիւնները, այսպէս կոչուած «էրիկ-կնիկ»ի յարաբերութիւնները, եւ այս բոլորը մանաւանդ Լոս Անճելըս բերուած պատկերը, աւելցնելով հայաստանցի հայերուն հետ շփումը: Բոլորովին նոր յայտագիր մը, աւելի քան 200 տարբեր պատկերներով ներկայացուած, մաքուր եւ անխառն հայերէնով, հայաշունչ մթնոլորտ մը կը ստեղծէին լեցուն սրահէն ներս: Երիտասարդներու եւ պատանիներու թիւը կը գերազանցէր այս տարի, ինչ որ ցոյց կու տայ Սաթամեանի ժողովրդականութիւնը ոչ միայն Միջին Արեւելքէն գաղթած սերունդի մօտ, այլեւՙ հոս ծնածներուն:

Ներկայ էին նաեւ Սաթամեանի երբեմնի դասընկերները Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն եւ ընկերները ՀԵԸ-ի Զարեհ Նուպար ակումբէն: Ելոյթէն առաջ ու վերջ բոլորուած Գրիգորին շուրջ, բարեկամներ, անցեալի կարօտով, կը համենային երկար ժամանակ:

Անակնկալ եղաւ նաեւ նշել Գրիգորին ծննդեան տարեդարձը, որ կը զուգադիպէր այս օրերուն (մայիս 25):

Սաթամեան կը մնայ Միացեալ Նահանգերու հայ ամենէն ժողովրդական դերասանը եւ ան ունի մասնաւոր տեղ մը բոլորին սրտին մէջ:

Տնտեսական եւ քաղաքական տագնապի այս օրերուն մարդիկ պէ՛տք ունէին այս զուարթ պահին:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4