«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#133, 2011-07-20 | #134, 2011-07-21 | #135, 2011-07-22


ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆՈՐԻՆ ԼՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

Վրաստանի մէջ դէմ դիմաց

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Երկար ատենէ ի վեր կը խօսուէր ու կը ծրագրուէր Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի վրաց ու հայ համայնքներուն հովուապետական պետական այց տալու պատմական ծրագիրը: Պատմականՙ մանաւանդ այն իմաստով, որ այդ այցը առաջինը պիտի ըլլար դար մը առաջ Խրիմեան Հայրիկի կատարած այցէն ի վեր: Բազմիցս ձգձգուելէ ետք վերջապէս այդ այցը կայացաւ անցեալ ամիսՙ հրաւէրովը վրաց Պատրիարք Իլիա Բ.ի, որ վրացական ազգայնամոլութիւնը մարմնացնող հոգեւորական մըն է: Ինչ խօսք որ մայրաքաղաք Թբիլիսիի եւ Ջաւախքի մէջ հայ հաւատացեալ ժողովուրդը ջերմ ու խանդավառ ընդունելութեան մը արժանացուց իր հովուապետը: Սակայն վրաց պատրիարքը, իբրեւ «տանուտէր» եւ հիւրընկալ, միշտ իր անձը պարտադրեց ամբողջ այցելութեան տեւողութեանՙ կերպով մը պատուար հանդիսանալով Հայոց Հայրապետին եւ իր հօտին միջեւ:

Յայտնի էր որ վրաց եկեղեցին ամէն սադրանք պատրաստելէ վերջ էր, որ ընթացք տուած էր Հայոց Հայրապետի հրաւէրին: Արդարեւ, հովուապետի այցի ընթացքին յանկարծ հրապարակ ելաւ անվաւեր եւ անստորագիր «Միացեալ հաղորդագրութիւն» մը, ուր իբր թէ երկու հոգեւոր պետերը կը պայմանաւորուէին վրաց եկեղեցիին ընծայել միեւնոյն իրաւունքները Հայաստանի մէջ, ինչ որ հայկական եկեղեցին պիտի ունենար Վրաստանի մէջ: Մայր աթոռը որոշ ուշացումով հերքեց նման «Միացեալ հաղորդագրութեան մը» վաւերականութիւնը, թէեւ այդ փաստաթուղթը ուրիշ բան չէրՙ եթէ ոչ վրաց կաթողիկոսի մէկ ցանկատեսութիւնը, որուն համար ալ մինչեւ այսօր կը պայքարի ան: Մինչեւ հայոց վեհափառի այցը Վրաստան, հայկական կողմը կատարած էր իր լոբբիստական աշխատանքը այն պետութեանց մօտ, որոնք միշտ պատրաստ են Հայաստանը մեղադրելու իբրեւ մարդու ազատութիւնները կաշկանդող երկիր, մինչդեռ ամէն կարգի գոյնզգոյն աղանդներ պաշտօնապէս արձանագրուած ըլլալով Հայաստանի մէջՙ աւերներ կը գործեն, նախ գործելով Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ եւ թափանցելով բանակէն ներս, կը քարոզեն զինաթափել հայ զինուորները թշնամիին դիմաց:

Մինչդեռ Վրաստան կ՚ընդդիմանար կրօնական ազատութիւն շնորհելուՙ իր տարածքին վրայ ապրող այլ ազգութեանց եւ դաւանանքներու: Հաւանաբար արտաքին քաղաքական ճնշումի տակ նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլի կը խոստանար հայոց հայրապետին շուտով ընդունիլ օրէնքը, որմէ կրնային օգտուիլ նաեւ հայերը: Այս իմաստով յաջող էր Ամենայն հայոց հայրապետին հանդիպումը Վրաստանի նախագահին հետ:

5 յուլիսին Վրաստանի խորհրդարանը ընդունեց երկրին քաղաքացիական օրինագիրքին մէջ առաջարկուած փոփոխութիւնները, որով հնարաւոր կը դառնայ գրանցել տարբեր կրօնական համայնքները ոչ որպէս ոչ¬կառավարական (NGO) կազմակերպութիւններ, այլ իբրեւ հանրային իրաւունքի առարկաներՙ իրաւական անձի կարգավիճակով: Այս վերջին փոփոխութեամբ իրաւական անձի կարգավիճակ կրնան ստանալ Հայ առաքելական եկեղեցին, Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցին, Մկրտականները (Baptists), իսլամները ու հրեաները: Այս նոր օրինագիծը խուճապի մատնած է Վրաց եկեղեցին, սկսելով իր պատրիարք Իլիա Բ.էն, որ կիրակնօրեայ պատարագի ընթացքին անիծած է բոլոր այն երեսփոխանները, որոնք ի նպաստ քուէարկած են նոր օրէնքին. ի դէպ մեծամասնական իշխող կուսակցութիւնն է, որ նախաձեռնած է այս փոփոխութեանՙ լաւ իմանալով անոր արձագանգը Արեւմուտքի մէջ, աւելի քան մտահոգութիւնը ունենալու փոքրամասնութիւնները գոհացնելու, իսկ օրինագիծին դէմ քուէարկած են 65 ընդդիմադիր քրիստոնեայ դեմոկրատները: Իլիա պատրիարքը «անսպասելի» հռչակած է խորհրդարանական այս նախաձեռնութիւնը:

Իսկ Վրաստանի կրօնական Սինոտը, իր կարգին նիստ մը գումարելով «ընդհանուր դժգոհութիւն յայտնած է օրէնսդրական փոփոխութեան» նկատմամբ նշելով, որ վրաց եկեղեցիին եւ հանրութեան հետ խորհրդակցութիւն չէ կայացած օրէնսդրական քայլը առնելէ առաջ: Ըստ պատրիարքարանի ներկայացուցիչներուն «թաքուն սպառնալիք» մը գոյութիւն ունի այս օրէնսդրական քայլին ետին», որովհետեւ ըստ անոնց «հայկական կողմը կը յայտարարէ, թէ իրեն կը պատկանին Վրաստանի տարածքին գտնուող 600 եկեղեցիներ, որոնց վեցը կը պահանջուի անմիջապէս վերադարձնել»: Իսկ ծայրայեղական վրացիներ շղթայ կազմած են հայերէն յափշտակուած եկեղեցիներու շուրջ, մերժելով զանոնք վերադարձնել իրենց օրինաւոր տիրոջ: Զաւեշտականը այն է, որ այս նոր օրէնքով 2000 իսլամական մզկիթներ օրինաւոր ձեւով պիտի արձանագրուին ազերիներու եւ թուրքերու անուան, առանց աղմուկի, իսկ մեր քրիստոնեայ «եղբայրները» Վրաստանի մէջ պատերազմ յայտարարած են արդէն քրիստոնեայ հայերու դէմ:

Օրէնքները ընդունիլը մէկ բան, անոր կիրարկութիւնըՙ բոլորովին ուրիշ բան: Սաակաշվիլիի վարչակարգը շատ ալ գիտակից է իր ըրածին, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ փոշի ցանել արեւմտեան իշխանութեանց աչքին եւ հազար ու մէկ խաղերով շարունակել իրաւազրկել հայկական կողմը: Արդէն պաշտօնական բերաններ այդ ուղղութեամբ ըրած են կարգ մը վճռական արտայայտութիւններ: Այսպէս Թբիլիսիի քաղաքապետ Գիգի Ուգուլավան պատրիարքարանին մէջ յայտարարած է, թէ օրակարգի վրայ չկայ որեւէ հարց կրօնական համայնքներուն ունեցուածք վերադարձնելու: Իսկ վարչապետ Նիքա Գիլաուրին յայտարարած է, որ «Վրաց կառավարութիւնը բնաւ ալ մտադիր չէ քննարկելու որեւէ մէկուն զիջելու ուղղափառ եկեղեցիին ունեցուածքը»: Ներկայիս վիճայարոյց եկեղեցական շէնքեր նկատուած են 5 հատ Թբիլիսիի մէջ եւ մէկ հատ ալՙ Ախալքալաքի մէջ: Այս 6 եկեղեցիներն ալ կը գտնուին Վրաստանի պետական իշխանութեանց տնօրինութեան տակ եւ ենթակայ չեն Վրաց ուղղափառ եկեղեցիին: Ժամանակը միայն ցոյց պիտի տայ, թէ պետութիւն¬եկեղեցի ներկայ տարակարծութիւնը որքանով իրկան է եւ որքանՙ երեւութական, երբ ժամանակը գայ յափշտակուած հայկական եկեղեցիներու ճակատագիրը տնօրինելու:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վրաստանի առաջնորդըՙ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, անդրադառնալով հարցի կիզակէտինՙ յայտարարած է.¬ «Վրացական օրէնսդիրներու այս քայլը կը լուծէ միայն Հայ եկեղեցւոյ կարգավիճակ տալու հարցը, սակայն անոր պիտի հետեւին այլ հարցեր, որոնք տասնամեակներէ ի վեր լուծման կը սպասեն: Յաջորդ քայլը կանոնադրութեան ներկայացմամբ Հայց. եկեղեցիի գրանցումն է եւ ապաՙ կառավարութեան մօտ դիմումը հայկական եկեղեցիները վերադարձնելու եւ ապա կը մնայ լուծել սեփականաշնորհման հարցը»: Ինչպէս կը տեսնուի, քրիստոնեայ Վրաստանը այնքան ալ տարբեր չէ իսլամ Ազրբէյջանէն, որ վերջերս բնաջնջեց տասնեակ հազարաւոր հայկական խաչքարեր, որոնց ինք չունէր կարիքը, ոչ ալՙ աշխարհի մշակութային ժառանգութեան համար կարեւոր նկատեց զանոնք: Իսկ քրիստոնեայ Վրաստանը, որ ուժն ունի յափշտակելու հայոց եկեղեցիները, որոշած է օր ցերեկով իւրացնել զանոնք:

Ամենայն Հայոց Հայրապետին այցը Վրաստան աւելորդ անգամ մը եւս հաստատեց, թէ վրացիներու ազգայնամոլութեան, անհանդուրժողութեան եւ այլատեացութեան խորհրդանիշը կը մնայ իրենց պատրիարքըՙ Իլիա Բ., որ բաւական անբարեկիրթ ընթացք մը ցոյց տուաւ, չըսելու համարՙ անկիրթ, Վեհափառի ամբողջ այցելութեան ընթացքին: Իսկ անոր մեկնումէն վերջ ալ իր «տարիներու բարձունք»էն ձրի խրատներ բաշխեց Հայոց հայրապետին, թէ ան տակաւին երիտասարդ է, եւ պէտք ունի հասուննալու վրաց անլուծելի խնդիրները հասկնալու համար: Իսկ յուլիսի սկիզբները վրաց կողմը կատարած է աւելի անվայել արարք մըՙ համացանցի վրայ սփռելով գաղտնի նկարահանուած տեսերիզ մը, Հայոց հայրապետը ցոյց տալով աննպաստ լոյսի տակ: Տեսերիզը ցոյց կու տայ մտերիմ խօսակցութիւն մը երկու հովուապետներուն միջեւ, ուր հայոց կաթողիկոսը դիտել կու տայ, որ վրաց պատրիարքը ըսած է բան մը եւ հրապարակով ըրած է ճիշդ հակառակը: Այստեղ եւս վրաց կաթողիկոսը հանդէս կու գայ խրատատուի դերով իր «տարիներու բարձունքէն»: Հակառակ որ Էջմիածնի կողմէ յայտարարուեցաւ, թէ սոյն տեսերիզը «մոնտաժուած» է, այսինքն խեղաթիւրուած, «Առաւօտ» օրաթերթի նման լուրջ թերթի մը խմբագիրըՙ Արամ Աբրահամեան, առիթը գտած է այդ տեսերիզի հիման վրայ Ամենայն հայոց հայրապետը անարգելու իբրեւ «տգէտ», փոխանակ անոր այցով իրականացած օրէնսդրական յաջողութիւնը նշելու, փոխարենը նաեւ ջուր հայթայթելով վրաց ապօրինի ջրաղացին:

Վերադառնալով վրաց Իլիա Բ. պատրիարքի անվայել ընթացքինՙ պարզ է թէ վրացահայութիւնը դեռ երկար ատեն պիտի մնայ իրաւազրկութեան մէջ: Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր ձրի խրատականներունՙ ներելի պիտի ըլլան անոնք եթէ պարզուի թէ «տարիներու բարձունքը» քիչ մը ջրոտած է պատրիարքին ուղեղը, հակառակ պարագայինՙ թող ներուի մեզի հաստատելու, թէ անոնք պիտի մնան պաշտօնական հաստատումները Վրաց Նորին Լրբութեան...:

Դետրոյթ, ԱՄՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4