Թէեւ Լոս Անճելըսի թատերախումբը հիմնուած է 1979-ին, սակայն անոր 30-ամեակին նուիրուած գեղատիպ յուշամատեանը լոյս տեսաւ այս տարի աշնան:
Պէ՛տք է խոստովանիլ, որ հոյակապ հրատարակութիւն մըն է իր տեսքով, նկարներով: Ժամանակակից ընթերցողին մատչելի... որովհետեւ այսօր խորքէն աւելի տեսքն է, որ հրապուրիչ սկսած է դառնալ:
140 էջերու վրայ թատերախումբին երեք տասնամեակներու լայն գործունէութիւնը ձեւաւորող ու հսկող խմբագիրը ծանօթ է նոր ժամանակներու տպագրութեան ոճին: Հայկ Մսրլեան տարիներով աշխատած է Անգլիոյ, Սպանիոյ, Մեքսիկայի եւ Ամերիկայի զանազան մեծ ծանուցումներու ընկերութիւններու մէջ եւ տիրապետածՙ անոնց ներկայացման «թաքթիք»-ին:
Խմբագրական կազմը աղերս ունեցած է թատերախումբին հետ, գրեթէ անոր ծնունդէն սկսեալ. Սամուէլ Իլանճեան (թատերական յանձնախումբի երկարամեայ նախկին ատենապետը), Հայկ Մսրլեան (ՀԲԸՄ-ի իր տնօրէնութեան օրերուն կազմած է այս թատերախումբը), Գրիգոր Սաթամեան (բեմադրիչը) եւ Գէորգ Քէօշկերեան (թատերախումբի դերասաններէնՙ սկսած անոր ծնունդէն ի վեր): Գործակցութեամբ նաեւ հանգուցեալ Յարութ Երէցեանի, Պերճ Տէր Սահակեանի, Վարդուհի Գոճայեանի, որոնք այս ծրագրին նախնական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելով դիւրացուցած եղան այս հատորին հրատարակութիւնը:
Ըսենք, որ թատերական յանձնախումբի ատենապետն է Արա Պապայեան: Իսկ հիմնադիր կազմի անդամներուն վրայ աւելցնելու ենք նաեւ Բարսեղ Գարթալեանի անունը, որ սկզբնական օրերու դժուարին պատասխանատւութիւնը ստանձնող մեր բարեկամն է:
46 ներկայացումներ այս 30 տարիներու ընթացքին արդէն պերճախօս թիւ մըն է որեւէ արհեստավարժ թատերախումբի պարագային, իսկ «Արտաւազդ»-ի նման սիրողական թատերախումբի համարՙ յաղթութիւն:
Առաջին բեմելին երկու ներկայացում նոյն երեկոյեանՙ յունիս 26, 1980-ին, Ալեքսանդր Ֆէոդորի «Հնարամիտ զոքանչը», բեմադրութեամբ Պէն Մանուկեանի, եւ Անտոն Չեխովի «Ամուսնութեան առաջարկը», բեմադրութեամբ Լութֆի Թապագեանի: Այդ գիշեր բեմ ելած են Մարօ Յակոբեան, Սագօ Տատոյեան, Անի Եաղճեան, Սեդա Մարտիրոսեան, Գէորգ Քէօշկերեան եւ Նոնօ Վարդապետեան: Ահա՛ ծնունդը «Արտաւազդ»-ին:
Հայ բեմին վրայ, դասական դարձած թատերախաղերու երեւումը, մա՛նաւանդ Պէյրութի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի խաղացանկին Լոս Անճելըսի բեմերուն վրայ ներկայացուիլը «նոստալժիք» պահեր ստեղծեց մանաւանդ լիբանանահայերու համար: Այսպէսՙ «Ստախօսը», «Արջը», «Պաղտասար աղբար», «Մթին կատակերգութիւն», «Տիկնոջ հանգուցեալ մայրը», «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ» ներկայացումները ժամանակին մեծ ոգեւորութիւն պատճառեցին յատկապէս Լիբանանէն Մ. Նահանգներ գաղթած հայերու:
Հայ բեմի կուռքըՙ Մհեր Մկրտչեան եւ սփիւռքահայ թատրոնի վարպետըՙ Պերճ Ֆազլեան, մաս կազմած են «Արտաւազդ» թատերախումբին, նոյնիսկ «Պաղտասար աղբարը» բեմադրած է նոյն ինքն Ֆրունզիկը: Պէտք ենք յիշել նաեւ, որ Լուլու Գույումճեան-Ֆերմանեանի մասնակցութիւնը եւ շրջան մըն ալ Յարութիւն Թումայեանի եւ Գէրոգ Սողոմոնեանիՙ թատերախումբի նոր ոյժերուն առիթ տուին շաղուելու հայ թատրոնի աւանդոյթներուն հետ:
Ժիրայր Բաբազեան եւս 1981-1984 տարիներւն եղած է բեմադրիչ, բեմ հանած է «Ատամնաբոյժն արեւելեանը», «Ճակատագրի մարդը», «Համբուրուինք, Ֆոլվիլ...», «Քամի Սասաֆռայի ճիւղերուն մէջ», «Իտալական յարդէ գլխարկը», «Վտանգաւոր անկիւնադարձ», ստանձնելով կարեւոր դերեր:
Թատերախումբին համար մէկական անգամ բեմադրած են նաեւ Հայկազ Ստեփանեան եւ Արմէն Գերասիմեան:
1988-ին, վերջնականապես, Գրիգոր Սաթամեան, Նիւ Եորքէն գալով կը ստանձնէ բեմադրութեան պաշտօնը «Արտաւազդ» թատերախումբին եւ կը շարունակէ առ այսօր:
«Արտաւազդ» հանրութեան կը ներկայանայ նաեւ անգլերէն լեզուով, հասնելու անգլիախօս սերունդին: Փիթըր Մանուկեան կը բեմադրէ, Գրիգոր Սաթամեան կը խաղայ, նաեւ ուրիշի մըՙ Անիթա Խանզադեանի բեմադրութեամբ:
Թատերախումբը յաճախ կ՚ունենայ հիւրախաղեր զանազան հայաշատ կեդրոններու մէջՙ Նիւ Եորք, Պոստոն, Մոնթրէալ...
«Արտաւազդ» ներկայացուցած է Տիգրան Չուխաճեանի «Զուարթ» (2003), «Լէպլէպիճի հօր-հօր աղա» (2004) եւ «Զեմիրէ» (2008) օփերեթները, գործակցութեամբ «Լարք» երաժշտախումբին եւ բեմադրութեամբ Գրիգոր Սաթամեանի:
Սաթամեան ունի նաեւ «Երգիծանքի երեկոներ»ու շարք մըՙ առնուած ազգային-ընկերային մեր կեանքէն, զաւեշտի պահեր ներկայացնելով: Այս «Երեկոներ»-ը, բացի Լոս Անճելըսէն, ներկայացուած են նաեւ Ամերիկայի միւս գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ:
Իւրաքանչիւր ներկայացման հետ կան մասնակիցներու անունները, ներկայացման աֆիշը, քանի մը լուսանկարներ եւ ներկայացման մասին մեր մամուլէն առնուած յատկանշական քանի մը խօսք: Ալբոմի աւարտին կան նաւ թատերախումբին նուիրուած սրտի խօսքերՙ մեր մտաւորականներէն եկածՙ Սարգիս Մինասեան, Զարեհ Մելքոնեան, Թորոս Թորանեան, Թամար Յովհաննիսեան, Սարգիս Վահագն, Յակոբ Վարդիվառեան եւ Վաչէ Պարսամեան:
Ծախսալից այս յուշամատեանի հրատարակութեան համար նուիրատուութիւններ ըրած են ծանօթ ազգայիններՙ Անդրանիկ Պաղտասարեան, Սինան Սինանեան, Սէմ Սիմոնեան, Ճօ Սամուէլեան, Վահէ Իմաստունեան, Տոքթ. Վաչէ Պարտագճեան եւ Արա Պապայեան: Շնորհակալութիւն նուիրատուներուն, առանց որոնց դժուար որ լոյս տեսնէր այս հոյակապ հատորը:
Մեծ աշխատանք մըն է կատարուած: Երեսուն տարիներու վաստակի մը արգասիքը, անկասկած:
Կը սպասենք ՀԲԸՄ-էն, որ հրատարակութեան տայ Միութեան միւսՙ Նիւ Եորքի «Արտաշատ», Պոստոնի «Պարոնեան», Տիթրոյթի «Սարոյեան» թատերախումբերու պատմութիւնը եւս:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ջերսի