- Կրնա՞ք ծանօթացնել Ձեզ եւ Ձեր գործունէութիւնը երաժշտութեան աշխարհի մէջ:
- Արաքս Չեքիճեան, աւարտած եմ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը: 1975 թ.ին, որպէս դասախօս-ղեկավար ունենալով Տաթեւիկ Սազանդարեանըՙ վկայուելով որպէս օպերային երգչուհի: Նաեւ, ինծի վստահուեցաւ Անուշի դերը համանուն օպերային մէջ: Որպէս սփիւռքահայ ուսանողուհի, անդրկովկասեան երաժշտական բազմաթիւ մրցոյթներու մասնակցած եմ, արժանանալով գնահատանքիՙ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ, որպէս «Կարմիր դիբլոմ»ով աւարտած երգչուհի:
Ապա, ամուսնոյսՙ Զօհրապի հետ վերադարձայ եւ հաստատուեցայ Սուրիա: 1985 թ.ին առաջին համերգս Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցչուհիիսՙ Տաթեւիկ Սազանդարեանի ներկայութեամբ: Նկատի ունենալով որ հայրենի դասական երաժշտութեան «աստղ» Սազանդարեան շատ սիրուած էր հալէպահայութեան կողմէ, ապա եւ համերգին բեմ հրաւիրուեցաւ եւ խորհուրդ տուաւՙ «Տէր կանգնիլ Արաքսին, որովհետեւ եթէ ան Հայաստան մնայ, մեր տիրութեամբ միջազգային երգչուհի պիտի դառնայ»: Փաստօրէն կարողացանք Սուրիոյ մէջ ճամբայ բանալ դասական վոկալ երաժշտութեան համար, դառնալով առաջին օպերային երգչուհին:
Պէտք է խոստովանիմ, որ Սուրիոյ նաեւ ոչ-հայ երաժշտական եւ պետական շրջանակները շատ լաւ ընդունեցին զիս, շատ լաւ տէր եղան, մինչ այդ մեր միջոցներով շարք մը ելոյթներ ունեցանք մինչեւ «շրջադարձային» 1994 թ.ը, երբ Սուրիոյ արուեստագէտներու սենտիքան զիս ուղարկեց Հիւսիսային Քորէա, միջազգային երաժշտական մրցոյթին, Քիմիլ Սունկի տարեդարձին առիթով: Որպէս Սուրիոյ ներկայացուցիչը, կարողացանք նուաճել ոսկէ մեդալը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակցող արուեստագէտներու մէջ:
Մինչ այդՙ 1985-էն մինչեւ այսօր, Հալէպի մէջ վոկալ երաժշտութիւն սկսայ դասաւանդել, մինչեւ Սուրիոյ նախագահի տիկնոջՙ Էսմէ էլ-Ասադի հրաւէրով (որովհետեւ բազմաթիւ աշակերտ-աշակերտուհիներս միջազգային մրցոյթներու մէջ պատուաւոր տեղեր գրաւած էին, ինչպէսՙ Դալար Տէիրմենճեանը եւ Ֆրանսուա Ռազէք Պիթարը, որոնք Իտալիոյ մէջՙ Հռոմի Պապին ներկայութեամբ ելոյթներ ունեցան), հանդիպում ունեցայ նախագահական պալատին մէջ: Տեղափոխուեցանք Դամասկոս եւ նշանակուեցայ մասնագէտՙ տեղի պետական օպերայի մէջ:
Իմ ձայնս լիրիկօ-դրամատիք սոպրանօ է: Երգացանկսՙ Փուչինի, Մոցարտ, Բելլինի, Վերդի, Կոմիտաս եւ հայկական շարականներէ կը բաղկանայ:
- Երկար տարիներու ձեր երաժշտական վաստակէն ետք, որո՞նք են ձեր յետագայ ծրագիրները:
- Եթէ յետադարձ ակնարկ նետենք, կրնամ ըսել, որ 1985 թուականէն Հալէպէն Դամասկոս, Սուրիոյ երաժշտական աշխարհին մէջ քիչ իրագործումներ չենք իրականացուցած: Առանց այդ իրագործումներուն մենք ո՛չ օպերայի երգիչ կունենայինք եւ ոչ ալ օպերայի գեղեցիկ շէնքը, որուն մէջ ամենայն համեստութեամբ ունիմ կարեւոր վաստակ:
Միշտ հպարտ եմ որ աւարտած եմ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը եւ աշակերտած Տաթեւիկ Սազանդարեանին: Հողը թեթեւ գայ իմ պրոֆեսորի վրայ: 9 տարի իրեն աշակերտելով է որ այս մակարդակին հասայ: Ուսուցիչի մը կարողութիւնը իր աշակերտներէն կարտացոլայ: Շփուեցայ նաեւ Գոհար Գասպարեանի հետ, որ ըլլալով մեծ երգչուհի, չկարողացաւ սակայն ստեղծել իր դպրոցը:
Հարցազրոյցը վարեցՙ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Բէյրութ