«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#183, 2012-10-18 | #184, 2012-10-19 | #185, 2012-10-20


ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԺԻՐԱՅՐ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

- Վերջին շրջանին, բաւական կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կունենան միացեալ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Բեռլինի մէջ, որոնք կը վերաբերին Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Կարո՞ղ էք ներկայացնել զանոնք:

- Կը ցանկանայի քանի մը խօսք ըսել այսպէս կոչուած հայ-թուրք երկխօսութեան մասին, որ շատ կը հետաքրքրէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը շուտով կը մօտենայ եւ իրենք բնաւ նպատակ չունին 2015-ին Ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին ճանչնալու, դատապարտելու, կը փորձեն հայ-թուրք մակերեսային երկխօսութիւններ կազմակերպել: Այդ տեղի կունենայ յայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ, ինչպիսիք են «Նաուման» հաստատութիւնը, «Օյրօ» ակադեմիան, «Անատոլու Քիւլթիւր» (դժբախտաբար Հայաստանի մէջ այդ խայծը կուլ տուած են եւ կու գան մասնակցելու այդ միջոցառումներուն...): Այս բոլորը ֆինանսաւորողը արտաքին գործոց նախարարութիւնն է եւ պարզ է անոնց նպատակը: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներունՙ Օսմանեան կայսրութեան նահանգներէն եկող լուրերը պէտք է գային Պոլիս, ուր անոնք կը զտուէին, գրաքննութիւն կար: Յետոյ, երիտթուրք ոճրագործները փախցուցին Բեռլին եւ թոյլ չտուին որ յանձնուէին Թուրքիոյ դատարաններուն, ուր դատապարտուած էին այդ ժամանակ, հեռակայ կարգով: Հիմա, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ֆինանսաւորէ այս եւ նման միջոցառումները: Այնպէս որ, հարկաւոր է նամակներ յղել բոլոր հայ կազմակերպութիւններուն, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, որ հրաժարին այսպիսի ծրագրուած խորհրդաժողովներու մասնակցելէ...

Միաժամանակ, անձամբ երկու ծրագրի վրայ կաշխատիմ այսօր: 1915 թուին ձերբակալուած եւ աքսորուած ու ճանապարհին սպաննուած 15 գրողներու նիւթերը կը հաւաքեմ, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին տպագրելու համարՙ գերմաներէն լեզուով: Կը պատրաստեմ հայ ազգաբնակչութեան աթլասը, 1978 թուի Բեռլինի վեհաժողովէն մինչեւ այսօր: ԹԷ ի՞նչ պատահեցաւ, որ այսօր միայն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի տարածքներուն վրայ է որ հայեր կապրին: Այդ 15 քարտէզները համապատասխան բացատրութիւններով կուզեմ հրատարակել մինչեւ 2015 թուականը: Միւս կողմէ, մի քանի շաբաթ առաջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ, բողոքի նամակներ յղուեցաւ եւրոպական յանձնաժողովներուՙ բողոքելով ազերի ոճրագործ սպայ Սաֆարովի ազատ արձակման հարցով: Գերմանիոյ մէջ շատ ընելիքներ կան: Թուրքերը շատ կազմակերպուած են հոս եւ հակա-հայկական քարոզչութիւն կը տանին պետական մակարդակով: Թրքական դեսպանատան մէջ կաշխատին յատուկ պաշտօնեաներ այդ ուղղութեամբ...

Միւս կողմէ, Հումպոլտի համալսարանի փողոցին վրայ յուշատախտակ տեղադրուեցաւ Կոմիտասի յիշատակին, ուր ան փիլիսոփայութիւն ուսանած էր: Ողջունելի քայլ էր, սակայն նոյն համալսարանին մէջ ազրպէյճանագիտութեան, լեզուի ու մշակոյթի ամբիոն հիմնած են ազերիները: Նկատի առնելով, որ Բեռլինի «Ֆրայ» համալսարանը միանգամընդմիշտ փակեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ամբիոնըՙ զայն փոխադրելով Հալէպի համալսարան, մտահոգիչ վիճակ ստեղծուած է նաեւ այս առումով: Այսինքնՙ ազրբէյջանցիները կը տեղաւորուին մայրաքաղաքին մէջ, իսկ հայերը... այժմ հրոյ ճարակ դարձած Հալէպի մէջ...

Ասիկա «հայկական» ձեւի քաղաքականութիւն տանիլ է: Մանաւանդ որ այս քաղաքին մէջ (Բեռլին) 300-350,000 թուրք կայ: Մեր Հայաստանի հայկական հատուածը թուրքին ինչ ըլլալը լաւ չի պատկերացներ, որ նենգ ու խորամանկ ոճրագործ մըն է ան: Մանաւանդ այն թուրքերը, որոնք այստեղ ծնած են, անոնք թրքական կառավարութեան երկարացուած ձեռքերն են...

Փառք Տիրոջ, այստեղ ունինք մի քանի գերմանացի բարեկամներ, Ցեղասպանութեան ճանաչման խմբակՙ Թեսա Հոֆմանի գլխաւորութեամբ, որոնք մեծ աշխատանք կը տանին: Եթէ դրամական օգնութիւն ըլլայ, որքան կարեւոր է Գրիգոր Պալաքեանի «Հայ Գողգոթան» թարգմանուի գերմաներէնի... կամ Սողոմոն Թեհլիրեանի «Իմ յիշողութիւնները», որոնք մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգեն գերմանական նոր սերունդին վրայ, որ քննադատաբար կը վերաբերի իր պատմութեան հանդէպ: Տեղացի ժողովուրդին չենք փորձած ծանօթացնել մեր իրողութիւններուն հետ: Այս օրերուն, Թեսա Հոֆման պիտի ներկայացնէ Պոնտոսի եւ Թրակիոյ յոյն ժողովուրդին հանդէպ գործուած Ցեղասպանութիւնը: Թող աշխարհը իմանայ, որ թուրքը ցեղասպանութիւններու շարք գործադրող ոճրագործն է: Պէտք է Պարսկաստանին եւ Ռուսաստանին հասկցնել, թէ ան կը շարունակէ իր պան-թուրքիզմի քաղաքականութիւնը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին Բեռլին փախած թուրք ցեղասպան-ոճրագործներ Ջեմալ Ազմին, Բեհաէդդին Շաքիրը, Թալաաթ փաշան շանսատակ եղած էին հայ վրիժառուներու ձեռքով: 1940 թուին Թալաաթի աճիւնը Թուրքիա տեղափոխուեցաւ մե՜ծ շուքով...: Իսկ այստեղի թուրքերը, վերջերս մեծ գումար հաւաքելով, մնացեալ երկու ոճրագործներուն գերեզմանները պատեցին թանկարժէք մարմարով, կողքին կառուցելով շքեղ մզկիթ մը, զոր կոչեցին «Նահատակներու» անունով: Մենք բողոքի նամակ յղեցինք այդ շրջանի թաղապետին, բողոքելով ոճրագործներու պաշտամունքի դէմ, բայց մինչեւ այսօր պատասխան չստացանք: Ինչպէ՞ս կըլլար եթէ նացիզմի ռազմական ոճրապետեր Հիթլերն ու Հիմլերը, անհատի պաշտամունքի առարկայ դառնային այսօրՙ Գերմանիոյ մէջ: Բեռլինը մօտէն կապուած է հայոց պատմութեան տխուր էջերուն հետ:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Բեռլին, Գերմանիա


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4