ԱՆՈՅՇ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԷ ԼՈՆԴՈՆԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՕՓԵՐԱՅԻՆ ՀԵՏ ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ, Լոնդոն Ստորեւ կու տանք Արքայական (թագաւորական) օփերայի հրատարակած յայտարարութենէն Անոյշ Յովհաննիսեանին վերաբերող կարգ մը մէջբերումներ: «Արքայական օփերան հրճուանքով կը յայտարարէ, որ հինգ երգիչներՙ ընտրուած 50 երկիրներու 365 թեկնածուներէն, պիտի մասնակցին Ջեթ Փարքըրի անուան Երիտասարդ արուեստագէտներու ծրագիրին, սեպտեմբեր 2013-էն սկսեալ: Ընտրուած հինգ երգիչներն են Հայաստանէնՙ սոպրանօ Անոյշ Յովհաննիսեան Աւստրալիայէնՙ սոփրանօ Քիանտրա Հաուըրտ Ռուսաստանէնՙ մեցոսոպրանօ Նադեժտա Քարիազինա Իրլանտայէնՙ մեցոսփրանոյ Ռեչըլ Քելլի Փորթուգալիայէնՙ թենոր Լուիզ Կոմեզ Յաւելեալ տեղեկութիւններ «Ջեք Փարքըր» երիտասարդ արուեստագէտներ ծրագրի մասին «Ջեք Փարքըր» ծրագիրի նպատակն է զարգ տալ երիտասարդ երգիչներու, խմբավարներու եւ բեմադրիչներու մասնագիտութեան: Երիտասարդ արուեստագէտները իրենց ասպարէզի սեմին գտնուող միջազգային պրոֆեսիոնալ արուեստագէտներ են, որոնք արդէն հարկ եղած փորձառութիւնը ձեռք ձգած են համապատասխան մասնագէտ ընկերութիւններու հետ աշխատելով: Անոնք ուսանողներ չեն, այլ Արքայական օփերային հետ երկու տարուան պայմանագիր ստորագրած աշխատակիցներ: Երիտասարդ արուեստագէտները կը մասնակցին Արքայական օփերայի բեմադրութիւններուն, երբեմն երգելով երկրորդական մասեր, երբեմն ալ ստանձնելով գլխաւոր դերեր, մասնակցելով երաժշտութեան եւ բեմադրութեան բաժիններու աշխատանքին, մարզուելով օփերային արուեստի հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր մասնագիտութիւններուն մէջ: Անոնք կ՛աշխատին Արքայական օփերայի երաժիշտներուն, լեզուի ուսուցիչներուն, այցելու երգիչներուն, բեմադրիչներուն եւ խմբավարներուն հետ: Ընկերութիւնը ամէն դիւրութիւն կու տայ արուստագէտներուն, որպէսզի ներսուզուելով Արքայական օփերայի կեանքին մէջ, բեղմնաւորուի իրենց տաղանդը»: Անոյշ Յովհաննիսեան Անոյշ իր երաժշտական ուսման սկսած է 6 տարեկանին, որպէս ջութակի ուսանողուհի, Ալ. Սպենդիարեանի անուան դպրոցէն ներս: Դեռ Երեւանի պետական երաժշտանոցի ուսանողուհիՙ Անոյշ յաճախ ելոյթ ունեցած է Երեւան ստիւդիոյի եւ Հայաստանի պետական օփերային թատրոնին հետ: Որպէս մենակատար, ան մասնակցած է նաեւ «Տաղարան» անսամբլի, Հայաստանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Համահայկական երեխաներու նուագախումբի համերգներուն: Աւարտելէ յետոյ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցըՙ Անոյշ Յովհաննիսեան ընդունուած է Սկովտիոյ Արքայական երաժշտանոցի Ալեքսանդր Գիբսընի անուան դպրոցը, դասատու ունենալով Փատրիսիա Հէյը: Ի դէպ է նշել, որ Անոյշ բախտն ու մենաշնորհը ունեցած է աշխատելու նաեւ համաշխարհային համբաւ վայելող այնպիսի արուեստագէտներու հետ, ինչպիսիք ենՙ Jane Eaglen, Lisa Milne, Malclm Martineau, Michelle Crider, Donald Runnicles and Montserrat Caballe. Մրցանակներ Անոյշ Յովհաննիսեան արժանացած է հետեւեալ երաժշտական մրցանակներուն. «Տաթեւիկ Սազանդարեան» յատուկ մրցանակ (Հայաստան) Delphic Games International Competition` արծաթ մետալ (Հայաստան) Clonter Operaՙ առաջին մրցանակ (Մեծն Բրիտանիա) Margaret Dickՙ առաջին մրցանակ (Մեծն Բրիտանիա ) Ye Cronies Operaՙ առաջին մրցանակ (Մեծն Բրիտանիա) Les Azuriales International Singing Competitionՙ երրորդ մրցանակ (Հարաւային Ֆրանսա) Անոյշ կը մասնակցի Les Azuriales Opera-ի համերգին Անոյշ Յովհաննիսեան, Les Azuriales միջազգային մրցոյթի մրցանակակիրներէն մէկը, մասնակցեցաւ վերոյիշեալ համերգին, որ տեղի ունեցաւ սըր Վերնոն եւ Լէյդի Էլիզի Լոնդոնի պալատանման բնակարանին մէջ, փետրուար 7-ին, հրաւիրեալ ընտրանի երաժշտասէր հասարակութեան ներկայութեան: Անոյշ առինքնեց ներկաները իր կախարդիչ ձայնով, կատարողական մեծ վարպետութեամբ եւ հրաշալի մեկնաբանութեամբ, երբ երգեցՙ «Ja Zhdu Tebja» (S. Rachmaninov), «Nun eilt herbei Wintz, heitre Lune» (Otto Nichilai) եւ «Lo son lumile ancella» (Frencesco Cilea): Կարծիքներ Անոյշ Յովհաննիսեանի մասին «Անոյշ Յովհաննիսեան շահեցաւ 2012-ի «Clonter Opera» մրցանակը, որ ունի բացառիկ վարկ եւ միակ միջ-երաժշտանոցային մրցանակն է Մեծ Բրիտանիոյ մէջ: Երգիչները, որոնք կը նշանակուին Մեծ Բրիտանիոյ առաջնակարգ երաժշտանոցներու տնօրէններուն կողմէ, կը մասնակցին այս մրցոյթին, որ տեղի կ՛ունենայ Clonter Opera Theatre-ին մէջ: Շնորհաւորութիւններ մրցանակակիրին, որ լիովին արժանի է այս մրցանակին»: Պրոֆ. Ջոն Վալաչ Տնօրեն Սկովտիոյ արքայական երաժշտանոցի «Մրցոյթին մասնակցող թեկնածուներուն խումբը շատ զօրաւոր էր եւ ունէր միջազգային բնոյթ: Յայտնի չէր թէ դատական մարմինը որո՞ւն պիտի տար գլխաւոր մրցանակը, քանի որ առաջին երկու արիաները նոյն մակարդակը ունէին: Բայց երբ հայաստանցի Անոյշ Յովհաննիսեանը երգեց, անմիջապէս յստակ դարձաւ, որ նախորդ կատորողները կրնային միայն երկրորդ տեղը գրաւել»: MPM Fims «Անոյշ Յովհաննիսեան, որպէս Clara, կարծես սովորականՙ տեսակ մը առօրեայ ձայն ունենար, մինչեւ այն վայրկեանը, երբ ան հանդիսատեսին ներկայացաւ ծպտուած որպէս մայրապետ: Այդ վայրկեանին կարծես ան լրիւ կերպարանափոխուեցաւ: Անոր յանկարծակի յայտնաբերած բոլորովին անսպասելի վեհ ձայնը, ոչ միայն ողջունելի էր, այլեւ կարծես երկինքէն ղրկուած ըլլար»: «Opera Britania»: Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք տաղանդաշատ հայ արուեստագիտուհիին: |