ԱՍՄՈՒՆՔԻ ՎԱՐՊԵՏ ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ, Ամման, Հորդանան Լիբանանահայ յայտնի մտաւորական, արուեստի գործիչ, ճարտարապետ Յակոբ Գույումճեանի օրերս մատուցած ասմունքի երեկոն անգամ մը եւս լայնօրէն արձագանգ գտաւ Ամման-Յորդանանի մէջ: Յակոբ Գույումճեանը, իր ունեցած ազգային եւ միջազգային ճարտարապետական ոճով եւ բարձր կատարողականութեամբը, եւ միաժամանակ իր ունեցած երկար տարիներու բեմական փորձառութեամբը «գովերգեց» հայ բանաստեղծներն ու քերթողներըՙ Վահան Թէքէեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Վահագն Դաւթեան, Եղիշէ Չարենց, Պարոյր Սեւակ, Վահան Տէրեան ու Սայաթ-Նովա: Ասմունքի յարգելի վարպետը իր մատուցած քերթողական իւրաքանչիւր կտորի մասին որոշ բացատրութիւններով կրցաւ անխզելիօրէն շաղկապել բոլորին ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը սրահը բերնէ բերան լեցուցած արուեստի սիրահարներուն եւ բեմին միջեւ: Իր ելոյթի բոլոր յայտերով նա մեծապէս գոհացուց Յորդանանի Գրողներու միութեան արաբ հանդիսատեսները նաեւ, իր արաբերէն լեզուով տուած բացատրութիւններով: Օրուան յայտագիրը կ՛ընդգրկէր «Գովք Հայաստանի»ն, «Լուսամփոփի պէս աղջիկ»ը, «Երկիր Նայիրի»ն, «Աշնան մեղեդի»ն, Սայաթ-Նովային նուիրուած փունջ մը քերթուածներ, «Օրը մթնեց»ը, «Համայն աշխարհի հաշուիչ մեքենաներին»ը, «Եղիցի լոյս»ը, «Աղօթք վաղուան սեմին առջեւ»ը, «Ռէքուիեմ»ը եւ «Սասունցիների պարը»: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Ամմանի մշակութային միութեան անդամ Լիլիթ Մելքոնեանը, իսկ ԱՄՄ վարչական անդամ Պր. Հրայր Սիմոնեանը արաբերէն լեզուով ընթերցեց Եղիշէ Չարենցի կենսագրականը: Եղիշէ Չարենցի կողմէ Սայաթ-Նովայի համար գրուած գովերգն ու երախտիքը գեղազարդուեցաւ Հայրենիքէն որպէս ԱՄՄ-ի պարուսոյց երկիրս գտնուող Յասմիկ Դաւթեանի մենապարով: Անկասկած, Յակոբ Գույումճեանի ներդրումը ԱՄՄ-ի ասմունք կատարողներու եւ սիրողականներու յառաջխաղացման վրայ եղած է անգնահատելի: Ուրախալի է, որ ներկայիս յորդանանահայ գաղութի ասմունքողներու գրական բարձր մակարդակը, որակը եւ ազգային նկարագիրը կը կերտեն գաղութին: Ցանկալի է նաեւ, որ պրն Գույումճեան ասմունքի իր յաճախակի առաքելութեանց ընթացքին ներգրաւէ եւս Յորդանանը, ներշնչելու եւ ոգեւորելու հայ պատանին եւ երիտասարդը, ինչպէս եւ ասմունքի նոր սերմեր ցանելու մեր դեռատի սերունդին մէջ: |