ԹՄՄ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ, Նյու Ջերսի-Բոստոն 1947-ին` իր հիմնադրութեան թուականէն ցայսօր, Թէքէեան մշակութային միութեան գոյութեան գլխաւոր ազդակները եղած են զանազան կեդրոններու եւ ակումբներու առկայութիւնը, ուր թրծուած են ազգային ու միութենական ղեկավարներն ու անդամները: Եթէ երէկ այլ գաղութներու մէջ տիրական կանգնած էին ԹՄՄ-ի այլ կեդրոններ, այսօր` Նիւ Ճըրզիի այս նոր կեդրոնը ոչ միայն սատար պիտի հանդիսանայ մեր նոր սերունդներուն ազգային հպարտութիւն ջամբելու գործին, այլեւ պիտի դառնայ թէքէեանական ոգիի ու հայ մշակոյթին հետ հաղորդուելու իսկական օջախ: Արդարեւ, 17 մայիս, 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին ի գործ դրուեցաւ Մեծագոյն Նիւ Եորք շրջանի ԹՄՄ մշակութային կեդրոնի բացման հանդիսութեան արարողութիւնը, հովանաւորութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի, ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ պրն. Կարէն Նազարեանի եւ ի ներկայութեան հայազգի մեծանուն բարերարներՙ տէր եւ տիկ Արտեմիս եւ Նազար Նազարեաններու, ԱՄՆ արեւելեան ափի հայկական կառոյցներու ղեկավարներու, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեանի, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու, ՀԲԸՄ-ի ղեկավարներու եւ այլ ազգայիններու: Մինչ կենդանի կատարմամբ կը հնչէր հայկական մեղեդիներու ճոխ երգացանկը, ազգային բարերար Նազար Նազարեանի, Առաջնորդ սրբազանի, դեսպան Նազարեանի ու ԹՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Նուպար Պէրպէրեանի կողմէ գործադրուեցաւ աւանդական ժապաւէնը կտրելու եւ աղ ու հացի օրհնութեան արարողութիւնը: Կեդրոնի բացման յայտարարութենէն ետք, Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց. «Մենք բացուած կը յայտարարենք այս մշակութային կեդրոնը, որպէսզի ան շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, ԹՄՄ-ը ըլլայ Ամերիկայի, Միջին Արեւելքի թէ Հայաստանի մէջ երբեք չէ շեղած իր սկզբունքներէն եւ ամէնուրեք իրեն վստահուած պարտականութիւնները լիարժէքօրէն կատարած է վառ պահելով հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը, զայն փոխանցած է սերունդէ սերունդ: Ես ուրախ եմ, որ այս շրջանին մէջ ԹՄՄ-ի նուիրեալ անդամները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը եւ այսօր մեծ ուրախութեամբ այս կեդրոնը կը բանայ իր դռները: Այս արարողութեամբ կ՛օրհնենք ոչ միայն այս կեդրոնը, այլեւ այս կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք բոլոր մշակութային ձեռնարկները, որոնք մեր ժողովուրդին ուրախութիւն կը պարգեւեն»: Երեկոյթին ողջոյնի խօսքը հայերէնով արտասանեց տիկին Հիլտա Յարութիւնեանը, որ վստահեցուց, թէ նորաբաց Թէքէեան կեդրոնը ոչ միայն պիտի քաջալեր հանդիսանայ հայ երիտասարդութեան ընկերամշակութային ձեռնարկներուն, այլեւ ամերիկահայ իրականութենէն ներս պիտի ունենայ իր ուրոյն դերն ու տեղը: «Թէեւ նիւթական յաւելեալ պարտաւորութեան մը առջեւ կը դնէ մեզ Էնկլվուդ Քլիֆսի այս հաւաքավայրը, սակայն աշխարհագրականօրէն ձեռնտու է, գոհացնելու համար մեր ցրուած անդամակցութիւնը, որ կու գայ հեռաւոր վայրերէ»: Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց ԹՄՄ կեդրոնի աշխարհագրական կարեւորութիւնը. «Նիւ Եորքը ոչ միայն կարեւոր քաղաք մըն է Ամերիկայի համար, այլեւ` քաղաքականօրէն նշանակելի ոստան մը համաշխարհային առումով: Ամերիկահայութեան համար կարեւոր` իր առաջնորդարանով, ՀԲԸՄիութեան կեդրոնով, Էյ Էմ Էյ Էյի գրասենեակով, ՀՀ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեամբ, իր բարերարներով, արուեստի աշխարհով ու վերջապէս իր անդամակցութեամբ: Իսկ համաշխարհային առումով կարեւոր է մանաւանդ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիով եւ այս քաղաքին մէջ մշակուող ընդհանրապէս քաղաքական լոբիինգիով ու լրատուամիջոցներով: Թէքէեանի ու զինք հովանաւորող Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր զօրանալը հոս: Մեր պաշտօնաթերթին` «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»ին ներկայութիւնը աւելի քան անհրաժեշտութիւն մըն է հոս, քանի որ, դժբախտաբար, մեր համայնքը չունի իր մամուլը եւ անոր պակասը տակաւ զգալի կը դառնայ բոլորիս համար»: Այնուհետեւ բեմահարթակը տրամադրուեցաւ ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Յակոբ Վարդիվառեանին, որ պարզելէ ետք ԹՄՄ-ի ազգանուէր գործունէութիւնը ի սփիւռս աշխարհի, անդրադարձաւ ամերիկահայ իրականութեան` «ՙՄեզի հետ վստահաբար ամերիկահայ այլ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ եւս գոհ են, քանի որ այսօր մեր աւանդապահ գաղութը կօժտուի նոր կառոյցով մը, որ կու գայ իր դուռները լայն բանալու ի՛ր անդամութեան, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ զանգուածներուն առջեւ անխտիր, ցոյց տալով մեր գաղութին կենսունակութիւնը եւ ազգային-միութենական պատասխանատուներու հաստատ որոշումը, թէ ամերիկահայ գաղութը, հակառակ իր դէմ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրներուն, կը պահէ իր աշխոյժ ոգեւորութիւնը, ուժ տալով հայապահպանութեան գործին ու գաղութի շարունակականութեան, պահելով ներդաշնակ ու նախանձելի գործակցութիւն` գոյութիւն ունեցող կառոյցներու միջեւ: «Տարիներու երազ մըն էր այսօրը, սակայն ես գիտեմ, թէ Թէքէեանի շուրջ համախմբուող բոլոր բարեկամները իրենց բարերարութեամբ կը հաւատան, թէ մեր գաղութը խիստ կարիքը ունի երիտասարդական կեդրոնի մը, կանխելու համար ապազգայնանալու վտանգը: Մեր սերունդն ու մեզի յաջորդող սերունդները ակումբներու մէջ է որ ստացան հայեցի դաստիարակութիւն եւ այդպիսով է որ նուիրուեցան ազգային կեանքին»: Թէքէեան մշակութային միութեան Ամերիկայի մէջ հիմնադրութեան պատմականին անդրադարձ մը կատարեց Միութեան մասնաճիւղին համաատենապետ բժիշկ Վաղինակ Դարբինեանը. «ԹՄՄ Նիւ Եորքի մասնաճիւղը ծնունդ առաւ 1969 թուականին, նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի ԹՄՄի հիմնադիրներէն Անդրանիկ Փոլատեանի: «Առաջին վարչութեան ատենապետ ընտրուեցաւ բազմավաստակ հանրային գործիչ եւ առաջնորդարանի դիւանապետ Սուրէն Մանուէլեանը: Վարչութեան անդամ էին Լիւսի Փիլիկեանը, Ճէք Անդրէասեանը, Յակոբ Ասատուրեանը, Անդրանիկ Փոլատեանը, Գրիգոր Մագսուտեանը... Ի՜նչ պատկառելի անուններ եկան հիմը դնելու մեր մշակութային միութեան: Այսպիսով ԹՄՄ դարձաւ հայ մշակոյթը ամրապնդող խթանը այս մեծ ոստանէն ներս»: Թէքէեանը իր եղբայրական յարաբերութիւնները պահեց ՀԲԸՄիութեան հետ: Մեր անդամակցութեան մեծամասնութիւնը անդամ են նաեւ Բարեգործականի եւ Միութեան բարերարները միշտ ալ իրենց նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացան Թէքէեանի գործունէութեան: Երկար ժամանակ, ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի եւ Սեդըլ Բրուքի գրասենեակներն ու սրահները ծառայեցին Թէքէեանի ազնիւ նպատակներուն: Պարոններ Ալեք Մանուկեանի, Էդուարդ Մարտիկեանի, Նազար Նազարեանի, Սուրէն Ֆեսճեանի գուրգուրանքին արժանացաւ մեր միութիւնը: 1969էն մինչեւ այսօր Թէքէեանը դարձաւ Հայաստան-Սփիւռք ամուր կապը: Եթէ անցեալին խորհրդային կարգերու ժամանակ մեր ազնիւ բարեկամներուն եւ արուեստագէտներուն հետ էին մեր կապերը, այսօր նոր տարազ ստացածՙ մնայուն կերպով կը շարունակենք մեր աւանդական յարաբերութիւնները անկախացած Հայաստանի այսօրուան ղեկավարներուն եւ մշակութային գործիչներուն հետ: Ուրախ ենք, որ նոր որակ եւ մակարդակ ստացան այդ յարաբերութիւնները շնորհիւ մեր շատ սիրելի դեսպանին` պրն Կարէն Նազարեանի օրով: Հարիւրի մօտ վարչականներ անցնող յիսուն տարիներուն ծառայեցին մեր մասնաճիւղին: Ուրախ ենք մեր մէջ ունենալու այսօր մեր նախկին ատենապետներէն Յակոբ Վարդիվառեանը, Միսաք Պօղոսեանը եւ Նորայր Մկրտիչեանը, որոնք կը շարունակեն իրենց տասնամեակներու վրայ երկարող փորձառութեամբ օգտակար ըլլալ մեր միութեան»: Իր կարգին ԹՄՄ-ի Նիւ Եորքի վարչութեան համաատենապետ պրն Յարութ Չաթմաճեան յայտնեց, թէ կեդրոնը ոչ միայն պիտի ծաւալէ միութենական աշխատանք, այլեւ պիտի համախմբէ տարածաշրջանի հայութիւնը: «Անշուշտ երախտապարտ ենք այս շրջանի մեր եկեղեցիներուն եւ «Հայ տուն»ին, որոնք տարիներով Թէքէեանի գործունէութեան առջեւ բաց պահեցին իրենց դռները, առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան: Բայց եւ այնպէս, ժամանակը եկած էր, որ այլեւս Թէքէեանը եւս ունենար իր սեփական տունը: Առաջին հերթին այս սրահը պիտի ծառայէ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի համար որպէս սթիւտիօ: Այս տարի կը բոլորենք մեր թատերախումբին 15-ամեակը: Մեր առջեւ ունինք ընդարձակ ծրագիր գալիք տարիներուն համար»: Ըստ Չաթմաճեանի, Կեդրոնը պիտի ծառայէ որպէս ցուցասրահ, օժանդակութեամբը գաղութին արուեստի աշխարհին մէջ իր ուրոյն տեղն ունեցող եւ վերջերս «Էլիզ Այլընդ» մրցանակին արժանացած տիկին Շողակ Յովհաննէսեանի: Կեդրոնը պիտի ծառայէ նաեւ որպէս «ակումբ», ուր երիտասարդներ պիտի մեկտեղուին ու հայկական մթնոլորտի մէջ ուրախ ժամանց ունենան: Ան պիտի ծառայէ նաեւ որպէս սրահ դասախօսութիւններու, գինեձօներու, գրական հանդիպումներու, հիւրասիրութիւններու, հիւրերու ընդունելութեանց: Վերջապէս, եւ ամենակարեւորըՙ այս սրահը պիտի ծառայէ մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն որպէս հաւաքավայր: Երիտասարդ տաղանդներու, արուեստագէտներու, գրողներու, երաժիշտներու համար պիտի ըլլայ լաւագոյն ժամադրավայրը»: Ի վերջոյ անոնք են մեր ապագան, մեր վաղուան յոյսը եւ որոնցմէ պիտի ծնին նոր առաջնորդներ, քաղաքական մտածողութեամբ Հայ դատի համար աշխատող հայորդիներ: Այս նոր սերունդէն ալ պիտի գայ մեր վաղուան մտաւորական դասը, որպէսզի օր մը անոնք հպարտօրէն ըսեն, թէ իրենց ազգային դաստիարակութիւնը ստացան Թէքէեանէն: Ինչպէս որ քանի մը ամիս առաջ մեր սիրելի բարերարուհին` տիկին Արտեմիս Նազարեան հրապարակով յայտարարեց, որ իր ազգային կրթութիւնը ստացած է Ուոթըրթաունի ՌԱԿ-ի ակումբէն ու «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» թերթէն: ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան, որ ողջունելէ ետք հանդիսականները պատգամեց. «Հաւատքը եւ խանդավառութիւնը պիտի կարենաք պահել, բայց լեզուն պիտի չկարենաք պահել», ըսած է Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան իր խօսքը ուղղելով հայ երիտասարդութեան: Մեր կեանքը բաղկացած է երկու բաժիններէՙ ուրախութեան եւ մտահոգութեան: Այսօր մեր ուրախութեան բաժինին օրն է: Այսօր մեր ուրախութիւնը կը կրկնապատկուի, կ՛ըլլայ ցնծութիւնՙ հակառակ որ վերջին տարիներուն մենք ալ ունեցանք մեր դժուարութիւններն ու ձախողութիւնները: Ապրեցանք շրջան մը, ուր Ամերիկայի պէս մեծ երկիր մը «Պայքար» օրաթերթը վերջնականապէս դադրեցաւ լոյս տեսնելէ: Այդ օր ես աւելի լացած եմ, քան ողջ կեանքիս ընթացքին: Այսօր իմ ուրախութիւնս կը կրկնապատկուի, որովհետեւ այս դժուարին օրերը ապրելէ ետք, ահաւասիկ ԹՄՄ-ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը ոչ միայն իր սրահը կը պահէ, այլեւ կ՛ընդարձակէ: Դոկտ. Պէրպէրեան ներկաներուն փոխանցելով Միութեան հետ կապակցութիւն ունեցող որպէս վերջին նորութիւն, ան յայտնեց, թէ «Մենք վերջին 24 տարիներուն ունեցանք վարիչ քարտուղար մը, յանձին Գէորգ Մարաշլեանի, որ իր կամքով հանգստեան կոչեց ինքզինք: Ան հաւատարմութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ զոհողութեամբ երկար տարիներ շարունակ արժանացաւ Կեդրոնական վարչութեան գնահատանքին: Այսուհետեւ մեզի հետ պիտի ըլլայ Պայծիկ Գալայճեանը, Պէյրութի «Զարթօնք» պաշտօնաթերթի նախկին պատասխանատու խմբագիրը, որ իր ազնիւ կարողութիւններով սիրուած է բոլորին կողմէ: Պայծիկը մեր իգական սեռի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է ազգային ու միութենական կեանքին մէջ: Մենք կը ծափահարենք թէ՛ անոր, որ երկար տարիներ մնաց իր պաշտօնին հաւատարմօրէն, եւ թէ՛ անոր, որ զինք փոխարինեց ու զգալի պիտի դարձնէ իր ներկայութիւնը ամէնուրեք»: Եզրակացնելով իր խօսքը, Դոկտ. Պէրպէրեան ըսաւ. «Դուք ոգի պիտի կրնաք պահել, բայց պիտի չկարենաք լեզո՛ւ պահել»: ԹՄՄ Նիւ Եորքի մասնաճիւղը իր գնահատելի համաատենապետներով, որոնք բոլորանուէր իրենց աշխատանքը նուիրած են այս կազմակերպութեան եւ այս շրջանակին մէջ մեծ անուն հանած, իր աշխատասիրութեամբ անգերազանցելի դարձած ողն մը կայ Յակոբ Վարդիվառեան անուն, զոր ես կը նկատեմ ձեր եւ մեր կազմակերպութեան մնայուն ուժը, տեսակ մը աշխարհական առաջնորդ մը իր էութեամբ: Կ՛ուզեմ աւարտել իմ խօսքս ուրախութեամբ մը, որ դուք ալ լաւ գիտէք ԹՄՄ մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը այսօր միաձայնօրէն եւ վերջնականօրէն պատասխան կու տայ Սփիւռքին ըսելով. «Մենք պիտի կրնանք պահել ոգին, եւ լեզուն ալՙ անպայման»: Դեսպան Կարէն Նազարեան յաւուր պատշաճի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով թէքէեանականներուն իրենց դրսեւորած անսահման հայրենասիրութեան ու նուիրուածութեան համարՙ ընդգծեց, որ վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին ԹՄՄ-ը եւ ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը համատեղ կազմակերպած են բազմաթիւ միջոցառումներՙ նուիրուած հայրենիքի անկախութեան, հայկական բանակի կազմաւորման, Շուշիի ազատագրման եւ ՄԱԿ-ին ՀՀ անդամակցութեան 20-ամեակին: Բացման պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին իր իմաստալից խօսքը փոխանցեց Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանը, որ ամփոփեց իր պատգամը «Ազգանուէր ծառայութիւնը կը շարունակուի» խորագրով: «Անցեալ տարի պատմական Հայաստան կատարած մեր շրջապտոյտի ընթացքին այցելեցինք նաեւ Կեսարիա ու հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցինք Սբ. Կարապետ եկեղեցուոյ մէջ ի յիշատակ մեր մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանին: Ես ուրախ եմ, որ Վահան Թէքէեանի ոգին դեռ կը շարունակուի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, մասնաւորաբար ԹՄՄ-ի կեանքին ու գործունէութեան ընդմէջէն: Մեր անցեալի ղեկավարները հայու ոգիի ու բարոյական սկզբունքներուն վրայ հիմնուած ամրապնդեցին իրենց գոյերթը: ԹՄՄ-ի այս կեդրոնը, ինչպէս նաեւ բոլոր միութենական կեդրոնները նոր ու գալիք ամերիկահայ սերունդներուն կընծայեն ենթահողը` հայկական հարազատ մթնոլորտի մէջ հասակ առնելու եւ ազգային դաստիարակութիւն ստանալու: Թող անսասան մնայ ու բարգաւաճի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, որուն հանդէպ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը ունի անհուն սէր ու խոր երախտագիտութիւն»: |