RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#094, 2013-06-07 > #095, 2013-06-08 > #096, 2013-06-11 > #097, 2013-06-12 > #098, 2013-06-13

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #96, 11-06-2013



ԱՄՄԱՆ

Տեղադրվել է` 2013-06-11 12:41:27 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1033, Տպվել է` 58, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 34

ԴՈԿՏ. ԱՐՏԱ ՃԵՊԵՃԵԱՆԻ ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ, Ամման, Յորդանան

Դոկտ. Արտա Ճեպեճեան, Յորդանանի մէջ ունեցած բանախօսական իր անդրանիկ ելոյթով (ԱՄՄ-ի ընդարձակ սրահին մէջ), ցուցաբերեց իր համակրանքը հանդէպ յորդանանահայ մտաւորական տարրին, եւ, անշուշտ, հմայեց ու հետեւաբար նաեւ սիրուեցաւՙ իր մատուցած մեծապէս շահեկան նիւթով, որն էր «Հայերէն լեզուի պահպանման մարտահրաւէրները Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի սեմին», հարց մը, որ մեծապէս կը յուզէ ու կը մտահոգէ ամբողջ հայութիւնը:

Դոկտ. Արտան, լեզուաբանի իր հմտութեամբ, հեղինակաւոր կերպով եզրակացուց, որ հայերէն լեզուն, իր Մեսրոպեան տառերով, պիտի պահուի եւ պիտի հանդիսանայ հայապահպանման մեր ճիգերուն, ինչպէս նաեւ մեր անկախ պետականութեան եւ մեր համայն ժողովուրդին զարգացման առաջնորդն ու ուղեցոյցը: Իր ելոյթին ընդմէջէն յարգելի դասախօսը քննարկեց բազմաթիւ տարբերակները շատ ու շատ միջոցներու եւ հետապնդման մեթոդներու, հիմնաւորելու համար, որ հայերէն լեզուի պահպանումը կը հանդիսանայ ազգային մեր գոյատեւման գլխաւոր գրաւականը: Պրոֆ. Արտայի բանախօսութիւնը կը բովանդակէր մանկավարժական եւ ճարտարագիտական դասաւորութիւններն ու պահանջքները բաւարարող բոլոր գործօնները:

Նիւթը շատ հետաքրքրական էր, շահեկան, գրաւիչ եւ ունկնդիրներուն համար շատ հաղորդական ու հրապուրիչ: Բանախօսուհին բացայայտեց անցեալի եւ ներկայի լեզուապահպանման տարբերութիւնները, եւ տուաւ իր խորհուրդներն ու ներկայացուց մեթոդները հայերէն լեզուի պահպանման մարտահրաւէրներուն մասին: Յոյժ կարեւոր այս ձեռնարկը կը վայելէր նախագահութիւնը յորդանանահայ գաղութի հոգեւոր առաջնորդ Վահան արք. Թոփալեանի:

Երեկոյթի բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԱՄՄ-ի Մշակութային յանձնախումբի անդամ ընկերուհի Մարալ Վարդանեանը, որ ողջունեց ազնիւ բանախօսը, յատկապէս իր ունեցած ազգանուէր ներդրումին համար, տուաւ անոր հակիրճ կենսագրականը եւ նշեց անոր յաջողութիւնները աշխատանքային իր ասպարէզներէն ներս: Բանախօսութեան աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Յորդանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր Ներսէս Ներսէսեանը, որ բնութագրեց բանախօսութեան նիւթը իբրեւ խիստ այժմէական ու կենսական, իսկ զեկուցաբերը բնութագրեց որպէս «ազգային զմայլանքի» արժանի: Ընկեր Ներսէսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Ճեպեճեանները, յատկապէս իրենց տուած այն խոստումին համար, թէ շուտով կրկին պիտի այցելեն Ամման-Յորդանան, եւ աշխատանքային սեղաններով պիտի նպաստեն գաղութիս խրախուսիչ տարր հանդիսացող եւ շօշափելի թիւով հայերէն լեզուի ծարաւ զգացող երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք իրենց հարցադրումներով մեծ տպաւորութիւն թողուցին բանախօսուհիին վրայ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #96, 11-06-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ