RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#097, 2013-06-12 > #098, 2013-06-13 > #099, 2013-06-14 > #100, 2013-06-15 > #101, 2013-06-18

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #99, 14-06-2013



ՊԷՅՐՈՒԹ

Տեղադրվել է` 2013-06-13 23:40:43 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1132, Տպվել է` 43, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 42

Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.Ի «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՓԱՌԱՒՈՐ ՆՈՒԷՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Լիբանանի արուեստասէր ընտրանին, պետական, խորհրդարանային եւ դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, դեսպանին գլխաւորութեամբՙ Մայր հայրենիքի դեսպանութեան ամբողջ անձնակազմը, ազգային եւ մշակութային հանրայայտ գործիչներ, հայ երաժշտութեան եւ պարարուեստի նուիրեալներ հաւաքուած էին վերջերս Էմիլ Լահուդի անուան հանդիսասրահըՙ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. «Արին» պարախումբի «Լեռներու կանչը» խորագրեալ փառաւո՜ր ներկայացում-համերգին համար, որ հիացմունքի եւ գնահատանքի որոտընդոստ ծափեր խլեց ծայրէ-ծայր լեցուն հսկայական դահլիճէն...:

Արցախի ազատագրութեան պայքարին մասնակից եւ հերոս, պարուսոյց-պարահաւաք Գագիկ Գինոսեան եւ տաղանդաշատ արուեստագիտուհի Գայիանէ Մածունեան կարողացած էին կարճ ժամանակի մէջ սիրողական մակարդակէն անցնիլ արհեստավարժութեան դժուարին ճանապարհը, երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ, պատանիներէ եւ մանուկներէ կազմուած այս մեծ պարախումբը պատրաստելու համար նուաճումի մը, որուն ականատես եղան խստապահանջ բոլոր ներկաները:

Համերգ-ներկայացման առաջին մասը հայ ազգագրական եւ ազգային պարերն էին, որոնք դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած են Արեւմտեան Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Արեւելեան Հայաստանի, Արցախի մէջՙ զարդարելով հարսանիքները, տօնախմբութիւնները, յաղթական ճակատամարտերը...: «Եարխուշտա», «Սղերդի քոչարի», «Շատախի ռազմապար», «Փափուռի» եւ այլ խմբապարեր, որոնք հիանալիօրէն ներկայացուեցան «Արին» պարախումբի բազմազան տարիքներու մէջ ծաղկողՙ խոստմնալից արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներուն կողմէ:

Գայիանէ Մածունեան Գագիկ Գինոսեան Արամ Խաչատուրեան

Ընդմիջումէն ետք հանդիսականներուն վերապահուած էր փառաշուք «նուէր»-անակնկալ մըՙ հայ դասական երաժշտութեան տիտանՙ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին առթիւ, երաժշտութեան եւ պարի, Խորհրդային Հայաստանի պանծալի թէ տխուր տարիներըՙ տեսահոլովակի ցուցադրութեամբ տողանցեցին բեմին վրայՙ հիացմունքի եւ փոթորկալից ծափահարութեան ալիքներ խլելով ներկաներէն: Ապա ծնունդ առին, եւ մեր բոլորին առջեւ «Արին»ի պատանի ու երիտասարդ «աստղ»երուն կողմէ հրամցուեցան «Աստղի մը ծնունդը» («Գայիանէ» պալէ 1942թ.), «Աշխատանքի Արշալոյսին» (1935թ.), ապա եւ ցնցիչ «Մուրճ եւ մանգաղ»ը, «Հոկտեմբերիկները» եւ թատերականացած այլ ուրախ պարային տեսարաններ:

Ներկայացուեցաւ նաեւ Նինա Մաքարովան, Արամ Խաչատուրեանի երաժշտագէտ տիկինը, իր գլխաւոր նեցուկըՙ նուաճումներու թէ «անձի պաշտամունքի» դժուարին օրերունՙ «Հարսանեկան պար»ով:

Յաջորդեց Հայրենական մեծ պատերազմը, մահ եւ աւեր, քարուքանդ երկիր ու բիւրաւոր նահատակներ: Սակայն, այդ դժոխային օրերուն իսկ, Արամ Խաչատուրեան եւ իր «գործընկերները» շարունակեցին ստեղծագործել, ոգեշնչելով նացիստական ազգայնամոլներու դէմ հայ թէ խորհրդային զինուորներու ահեղ պայքարը, որ 1945 թ.ին պսակուեցաւ յաղթանակով: «Մեծ օրեր», «Պայքար», «Ձնծաղիկներ», «Յաղթանակի օր», «Յարգանք» եւ այլ խմբապարերով, որոնք իրենց գագաթնակէտին կը հասնին «Յաղթական սլացք»ով, «Սպարտակ» ազատութեան թռիչքներով եւ «Սուրերու պար»ով, որոնք համաշխարհային հռչակ բերին հայ մեծանուն կոմպոզիտորինՙ մեր երկրագունդի չորս ծագերուն:

Անմոռանալի համերգի աւարտին, Հ.Ե.Ը.ի Շրջանակային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ու պարգեւատրեց ինչպէս պարուսոյցներ Գագիկ Գինոսեանն ու Գայիանէ Մածունեանը, այնպէս ալ Հ.Ե.Ը.ի պարախումբի ժրաջան վարչութիւնըՙ այս հսկայական աշխատանքին համար, գլխաւորութեամբ ատենապետ տիկ. Անի Պոտրումեանի: Երաժշտութեան եւ պարի «փառատօն»ին մասնակիցները լաւագոյն տպաւորութիւններով ակամայ բաժնուեցան դարձեալ հանդիպելու մեծ ցանկութեամբ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #99, 14-06-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ