ԱՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՙ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳԻ ՄԷՋ Խմբագրական, «The Armenian Mirror-Spectator» շաբաթահանդեսի Հայերս դարձած ենք համայն երկրագունդի բնակիչներՙ ենթակայՙ տարբեր երկիրներու օրէնքներուն, որոնք երբեմն հակասութեան մէջ են իրարու հետ: Սփիւռքի տարածքին ապրող հայերու թիւը վաղուց գերազանցած է հայրենաբնակներու քանակը: Այս ցրուածութիւնը կը պարտաւորէ իւրաքանչիւր հայ անհատը վեր բարձրանալու այն բաժանումներէն, որոնք պարտադրուած են պատմութեան կողմէ կամ դժբախտ իրողութիւններէ, եւ անդրադառնան, թէ ազգային միասնականութիւնը կ՛ենթադրէ յարիլ բարոյական սկզբունքներու կառոյցինՙ իրականացնել կարենալու մեր ազգի գոյատեւումը: Բարոյական այդ սկզբունքներու կառոյցին հաւասարապէս պէտք է ենթարկուին ոչ միայն հոգեւոր պետերը, այլ նաեւ հաւասարապէս աշխարհական ղեկավարները: Սակայն, այն, ինչ որ կը տեսնենք մեր ազգային իրականութեան մէջ, ուղիղ հակառակն է մեր վերաբերումի հրամայականներուն- անկանոնութիւն, քաոս եւ շփոթութիւն, ուր ամէն հեղինակութիւն ենթակայ է վարկաբերման: Քննադատութիւնը - եւ մասնաւորաբարՙ շինիչ քննադատութիւնը- ողջունելի պիտի ըլլար բնականաբար: Սակայն համացանցը, որ կրնար հայերը միացնող ազդակ մը հանդիսանալ վերածուած է Արշակաւանի, ուր ամէն անպատկառութիւն կը դառնայ թոյլատրելի: Հասած ենք հանգրուան մը, ուր խօսքի ազատութիւնը վերածուած է լուտանքի արտօնելիութեան: Հետեւաբար որեւէ միջամտութիւն լուտանքներու այս տարափին - ի պաշտպանութիւն կամ ընդդէմ ոեւէ կողմի- միայն կրնայ աւելի վատթարացնել կացութիւնը: Միւս կողմէ, սակայն, անարդարանալի լռութիւնը ի տես սանձարձակ իմաստակութեանց պիտի խափանէր կիրթ ու զգօն քննարկումը մեր ազգը տագնապեցնող խնդիրներուն: Մանաւանդ երբ կը մօտենանք Եղեռնի հարիւրամեակին, եւ երբ աւելի հրատապ կը դառնայ ազգային միասնականութիւնը, նշմարելի կը դառնայ անպատկառ վերաբերումը որեւէ հեղինակութեան, արժանապատուութեան ու սրբութեան նկատմամբ: Վտանգաւոր նախընթաց մը Համացանցի դուռները լայնօրէն բացուած են եւ կեղտաջուրը կ՛ողողէ ամենուրեքՙ խօսքի ժողովրդավարական ազատութեան քողին ներքեւ: Արժեւորած պիտի ըլլայինք անստորագիր գրութիւնները եւ աջ ու ահեակ սփռուած վիրաւորանքներըՙ այստեղ անդրադառնալով անոնց: Սակայն մէկ անխորհուրդ արարք պէտք է մտահոգէ բոլորս, որովհետեւ կը բխի հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական կառոյցի մէկ կարեւոր սիւնէնՙ Երուսաղէմի պատրիարքութենէն: Դարերու ընթացքին հայոց եկեղեցին միշտ երաշխաւորած է մեր ազգային միասնականութիւնը: Երբ կորսնցուցած ենք հայրենի հողն ու պետականութիւնը, եկեղեցին է, որ հանդիսացած է փրկարար լաստըՙ ժամանակի ալեկոծ ջուրերուն վերեւ: Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը նոյնինքն կառոյցն է հայ հոգիին, որ յաջողած է վերապրիլ ընդդէմ ժամանակի ահաւոր մարտահրաւէրներուն: Պարբերաբար մեր հոգեւոր պետերը ունեցած են վէճեր, ե՛ւ անհամաձայնութիւններ: Ի վերջոյ անոնք եւս ենթակայ են մարդկային ապրումներու: Սակայն յաճախ անոնք ցոցաբերած են խոհեմութիւն ու հեռատեսութիւնՙ բարձրանալու վեր իրենց անձնական եսերէնՙ պահպանելու համար նուիրապետական կառոյցը մեր եկեղեցւոյՙ յաջորդ սերունդներու սիրոյն: Անգամ մը որ խորտակուի այդ կառոյցը, մենք կը վերածուինք վաչկատուն խմբաւորումներուՙ համաշխարհայնացման այս դարուն: Սակայն այսօր վտանգուած է եկեղեցւոյ միասնական կառոյցը եւ ցարդ վիժած են կացութիւնը դարմանելու փորձերը: Մեր եկեղեցին կանգուն կը մնայ իր չորս գլխաւոր սիւներուն յենելով- Սուրբ Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններով եւ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւններով: Պարզ է, թէ թրքական կառավարութիւնը երբեք թոյլ պիտի չտայ Պոլսոյ գահուն վրայ պատրիարք մը, որ պիտի սատարէր մեր եկեղեցւոյ համազգային միութեան ու զօրացման: Ընդհակառակն, այն եկեղեցականը, որ կը բարձրանայ այդ գահուն վրայ, պիտի յօժարի քաղաքական գործիքի վերածուիլ թրքական իշխանութեանց ձեռքին: Երեւոյթ մըՙ որ բնորոշեց Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեանի գահակալութիւնը որ աւարտեցաւ անոր բառացի եւ ողբերգական փլուզումովՙ քաղաքական այդ ճնշումին ներքեւ: Անթիլիասի կաթողիկոս Արամ Ա. անկասկած Հայ դատի եւ ազգային մշակոյթի նուիրուած արժանաւոր հայրապետ մըն է, ցարդ միայն աննշան քայլեր առած է դէպի եկեղեցական միութիւնՙ ենթակայ մնալով իր գահին ետին կանգնող քաղաքական ուժերուն, եւ այսՙ հակառակ անոր որ արդէն երկու տասնամեակէ ի վեր դադրած է ցուրտ պատերազմը: Սեպտեմբեր 21-28-ին Էջմիածնի մէջ կայանալիք եպիսկոպոսական ժողովը յոյսի նշոյլ մը կը ներշնչէր ներդաշնակութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծելու Մայր աթոռի եւ Անթիլիասի միջեւ, ընդգրկելով համայն նուիրապետական կարգը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: Սակայն առ այսօր ականահարուած կը մնան այդ յոյսերը, որովհետեւ Նորին Ամենապատուութիւն Նուրհան արք. Մանուկեան որոշած է պոյքոթի ենթարկել այդ ժողովըՙ բոլորովին անկապ պատճառով մը: Նորին Ամենապատուութիւնը տակաւին նոր ընտրուած է այս տարի: Ի սկզբանէ իր թեկնածութեան մասին վերապահութիւններ կային եւ ան հազիւ քուէի աննշան առաւելութեամբ ընտրուեցաւ, ինչ որ կ՛ենթադրէ, թէ անվերապահ աջակցութիւնը չէր վայելեր ամբողջ միաբանութեան: Ան իշխանութեան գլուխ եկած էր անմիաբան միաբանութիւն մը գլխաւորելու: Ատիկա ազդանշան մըն էր, որ նաեւ կարգի բերէր իր պառակտուած տունը եւ հաստատէր, թէ ինք իսկապէս արժանի էր առաջնորդելու 14 դարերու պատմութիւն ունեցող պատկառելի հոգեւոր հաստատութիւն մը: Քաղաքական վտանգաւոր խաղ մը Իշխանութիւնը ստանձնելէ ետք իր գործունէութեան սկիզբը բնորոշուեցաւ քաղաքական ձախաւեր քայլով մըՙ ուղղուած իսրայէլեան իշխանութեանց դէմ: Արդարեւ, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին կ՛ըսուի, թէ ան յայտարարած է. «Աշխարհի վախճանը պիտի չգայ եթէ իսրայէլեան կառավարութիւնը չճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը»: Եւ այս յայտարարութիւնը կը կատարուի այն պահուն, երբ Նուրհան սրբազան դեռ կը սպասէր իր ընտրութեան վաւերացումին իսրայէլեան իշխանութեանց կողմէ: Օրէնքը կը պահանջէ որ Երուսաղէմի պատրիարքին ընտրութիւնը վաւերացուի Յորդանանի թագաւորին, պաղեստինեան իշխանութեան եւ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ: Որոշ ուշացումով Իսրայէլի իշխանութիւնները վերջիններն էին, որոնք վաւերացուցին պատրիարքին ընտրութիւնը, բացայայտ դժկամակութեամբ, որովհետեւ շատ հաւանաբար վերապահութիւններ ունէին այդ ընտրութեան նկատմամբ: Երուսաղէմի սուրբ վայրերը կը գտնուին քաղաքական աշխարհի մէկ ամէնէն զգայուն կէտին վրայ: Իսրայէլի իշխանութեանց ամէն մէկ քայլը խնամքով հաշուարկուած է: Երուսաղէմի պատրիարքութեան վարկն ու իրավիճակը խնդրոյ առարկայ կը դառնան, երբ անխորհուրդ քայլ մը կ՛առնուի պատրիարքութեան կողմէ: Բոլոր հայերը արդարացիօրէն կը մտահոգուին պատրիարքին ու պատրիարքութեան հաշւոյն: Ամբողջ հայութիւնը պէտք է թիկունք կանգնի պատրիարքին, որ ան յաջողի անվտանգ նաւարկել այն խութառատ տարածքներէն, որոնք կը յատկանշեն Երուսաղէմը: Իսրայէլի իշխանութեանց նկատմամբ իր անհակակշիռ ելոյթէն ետք պատրիարք հայրը այս անգամ իր զայրոյթը ուղղած է Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր գերագոյն պետին դէմ, կարգ մը անյարիր պատճառաբանութիւններով: Ամէն պատրիարք, իր ընտրութենէն ետք, աւանդաբար ուխտի կ՛երթայ Սուրբ Էջմիածին իր ուխտը վերանորոգելու Իջման Սուրբ սեղանին առջեւ: Սակայն Նուրհան պատրիարք ցուցադրական կերպով գնաց Անթիլիաս, հաղորդագրութիւն մըն ալ հրատարակել տալով, որ ինք կը գտնուի Կիլիկեան աթոռի մօտ «անձնական» այցով մը: Հանրութիւնը իրաւասու է իմանալու այդ «անձնական» այցելութիւնը ինչպիսի՞ հրատապութիւն մը ունէրՙ աւանդութիւնը խախտելու աստիճան: Երբ Վեհափառ հայրապետին ուղղուած իր անխոհեմ նամակը կը հետեւի Դաշնակցութեան Ֆրանսայի շրջանակի մէկ հաղորդագրութեանՙ մարդ կը դժուարանայ առնչութիւններ չգտնել անոնց միջեւ: Անոր արարքները արդարացիօրէն զօրացուցին այն ենթադրութիւնները, թէ ան դարանակալ կը սպասէր Երուսաղէմի մէջ, հանդէս գալու Անթիլիասի կողքին, խորացնելու համար եկեղեցական բաժանումը եւ նուիրականացնելու երկիշխանութիւնը եկեղեցւոյ ծոցէն ներս: Ցուրտ պատերազմի օրերէն ի վեր Անթիլիասի ետին կանգնող քաղաքական կուսակցութեան տեսակէտը եղած է Մայր աթոռի իշխանութիւնը սահմանափակել Հայաստանի եւ Սովետական կայսրութեան այսպէս կոչուած «ներքին թեմերու» վրայ, Անթիլիասի իշխանութիւնը տարածելով Սփիւռքի վրայ: Ատենին, այդ սկզբունքին ջատագովը հանդիսացած էր Սիմոն Վրացեան, եւ այսօր անոր հետեւորդները կը շարունակեն առաջ մղել այդ միեւնոյն սկզբունքըՙ արգելակելով եկեղեցւոյ միացումը: Սակայն, աչք առնելով «համայնավար» կոչուելու զրպարտութեան վտանգըՙ Սփիւռքի եկեղեցիներուն մեծամասնութիւնը հաւատարիմ մնաց Մայր աթոռի գերագահութեան սկզբունքին: Միաբանութեան վախերը իրականութիւն կը դառնան Օգոստոս 3, 2013 թուակիր բաւական անյարգալիր նամակով մը Նորին Ամենապատուութիւնը կը փորձէ անարգել Ամենայն հայոց հայրապետը: Փաստը, որ այդ նամակը երեք օր համացանցի մէջ շրջագայելէ ետք կը հասնի իր հասցէագրուած տիրոջ, արդէն կը մատնէ այդ նամակին բուն դիտաւորութիւնը, որ էՙ դրսեւորել երկար ատենէ ի վեր թաքնուած վրէժխնդրութիւն մը: Օգտագործուած բառերն ու ածականները բոլորովին անվայել կը մնան եկեղեցականի մը վարկին, իսկ վիրաւոր հայերէնըՙ ցուցանիշ մտաւորական պատրաստութեան: Համացանցի մէջ շրջան ընող որակումները Ամենայն հայոց կաթողիկոսի մասին կը բխին այլ դրդապատճառներէ որոնց հարկ է անդրադառնալ առանձին: Պատրիարքին նամակը լեցուն է հակասութիւններով: Ան ենթադրաբար կու գայ պաշտպանելու Նորվան արք. Զաքարեանը, որ հրաժարած էր Ֆրանսայի թեմի առաջնորդութեան պաշտօնէն եւ իր հրաժարականը ընդունուած «տխրահռչակ» Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդին կողմէ: Պատրիարքին նամակը կը սկսի հետեւեալ նախադասութեամբ.- «Պատահաբար ձեռքս անցաւ Գերագոյն խորհուրդի յուլիս Յ1 թուակիր հաղորդագրութիւնը»: Ինչո՞ւ պատրիարքը «պատահաբար» կ՛իմանայ Գերագոյն Խորհուրդի «մէկ որոշումը», երբ երկու պատրիարքները, ի պաշտօնէ, համանախագահներն են այդ խորհուրդին, որ եկեղեցական հարցեր քննարկելու բնական ատեանն է, եւ ոչ թէ համացանցի պղտոր խառնարանը: Ուրեմն, սկսելու համարՙ պատրիարքը թերացած է մասնակցելու այդ նիստին եւ տէրը կանգնելու իր պաշտօնին, սակայն իր թերացման մեղքը կը փորձէ փաթթել այլոց վիզին եւ ապա կ՛անցնի քարոզախօսութեանՙ յաւակնոտ խորհուրդներ ընծայելով իր գերադասին. «Վեհափառ Տէր, թոյլ տուէք եղբայրաբար Ձեզի ըսել, թէ սպառնալիքը վայել չէ եկեղեցականին», եւայլն: Սակայն, այնպէս կը թուի, թէ պատրիարքը առաջին հերթին ինքը ունի կարիքը իր տուած խորհուրդին, որովհետեւ իր կարգին, նամակին վերջաւորութեան, ինք հետեւեալ սպառնալիքը կ՛ուղղէ Ամենայն հայոց հայրապետին. «Որոշած եմ չմասնակցիլ Սեպտեմբեր 21-28-ին Էջմիածնի մէջ կայանալիք եպիսկոպոսաց ժողովին»: Աւելի ծանրացնելով կացութիւնըՙ կ՛աւելցնէ «թէեւ Արիս սրբազան Շիրվանեան ներկայ պիտի ըլլայ, բայց ան չի ներկայացներ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը»: Երուսաղէմի միաբանութեան անդամները իրաւասու են իմանալու, թէ նման որոշում մը Տնօրէն ժողովի կա՞մքն է, որ կ՛արտայայտէ, թէ՞ պատրիարքին մէկ կամայական տնօրինումն է այդ: Կարդալով Նորին Ամենապատուութեան նամակը, մարդ կը համոզուի, թէ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը պատրիարքին ամենավերջին մտահոգութիւնը կը մնայ. քանի անոր դիտաւորութիւնը բոլորովին այլ հարցի մը կը վերաբերի: Արդարեւ, այս առիթով ան կը յիշատակէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի մէկ նամակը ուղղուած երջանկայիշատակ Թորգոմ արք. Մանուկեանին, խորհուրդ տալով անոր, որ աթոռակից պատրիարք մը նշանակէ, նկատի ունենալով վերջնոյն առողջական անբարեյոյս վիճակը: Հայց. Եկեղեցւոյ ոեւէ անդամ, առաւել եւս եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր պետը իրաւունք ունին մտահոգուելու անկարութեան մատնուած եկեղեցականին վիճակով, որուն ուսին կը բարդուին ծանրագոյն պատասխանատուութիւններ աշխարհի ամենէն վտանգաւոր մէկ շրջանին մէջ: Վստահաբար Նուրհան Սրբազան այդ նամակին մէջ դիտում մը նկատած էՙ իր թեկնածութիւնը շրջանցելուՙ յաջորդութեան գործընթացին մէջ: Յետադարձ ակնարկով մը քննելով հարցըՙ եթէ Վեհափառը իսկապէս նման դիտում մը ունէր Նուրհան Սրբազանի նկատմամբ, արդարացուած եղաւ այդ մտահոգութիւնըՙ պատրիարքին անվայել պոռթկումով եւ քաղաքական անխորհուրդ ընթացքով: |