ԳԻՐՔԻ ՄԸ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ, Լոս Անջելըս (Գիրքիս հրատարակութեան առթիւ) «Առաքելութիւն» բառը կը գործածեմ ոչ սուրբ գրային իմաստով, այլ որպէս առաջադրանք, դեր: Գիրքը նախ որպէս յօդուածաշարք լոյս տեսաւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լոս Անճելըսի «Նոր օր» շաբաթաթերթին մէջ 2011-2012 թուականներուն, ապա ամբողջ շարքը շատ թեթեւակի խմբագրումներով յանձնուեցաւ հրատարակութեան: Գիրքս արդիւնքն է Պատմական Հայաստան կատարած երկու ուղեւորութիւններուս, 2011 եւ 2012 ամառը: Անիկա նաեւ պտուղն է այն ներքին անկասելի մղումին, որ կուտակուած էր տասնամեակներու ընթացքին: Բնաւ յաւակնութիւնը չունիմ մտածելու, թէ եզակի գործ մը տեսած եմ այս գիրքով, որովհետեւ ինձմէ առաջ այլ հայրենակիցներ նոյնպէս թուղթին յանձնած են իրենց տեսածներն ու զգացածները, խոհերն ու մտածումները: Մեր տարաբախտ մեծ հայրերն ու մայրերը յաճախ չեն արտայայտուած «կորուսեալ դրախտին» մասին, իսկ եթէ արտայայտուած են, ապա լացակումած աչքերով, որովհետեւ քաղցր ծննդավայրի յիշողութիւնները երբեք չմարեցան իրենց մէջ: Ի յարգանս իրենց անլուր տառապանքներուն եւ ի յիշատակ միլիոնաւոր նահատակներուՙ ուզեցի հրատարակութեամբ մը ժամանակի քննութեան յանձնել փորձառութիւնսՙ Ցեղասպանութեան 100-եայ տարելիցի սեմին: Ես մեր ծննդավայր-պատմական հայրենիքի արահետներով փափաքեցայ անցնիլ նախ ապրելու համար այն զգացումը, որ կը կոչուի հայրենիքի, պատմական հայրենիքի կարօտ: Ապրեցայ մորմոքը մեր կորուստներուն, որուն խորագոյնը ՀՈՂ ՀԱՅՐԵՆԻԻ կորուստն էՙ Հայկական դատի բուն իսկ էութիւնը եւ միտք բանին, որուն համար կը պայքարինքՙ յաճախ խուլ ականջներու, կոյր աչքերու եւ ուրացող պետութեան մը (եւ այլ պետութիւններու) դէմ: Երկու առիթներով երկու անգամ 14 օր եղայ Մուսալեռէն Կիլիկիա, Կապադովկիա, Բարձր Հայք, բուն Արեւմտեան Հայաստան, մինչեւ Կարս, Անի, Պայազետ, Իկտիր, Վան, Մուշ Սասուն, Տիարպեքիր-Ամիդ, Եդեսիա-Ուրֆա, Մարաշ-Գերմանիկ, Սասուն ու Զէյթուն, հօրենական ծննդավայր Չորք-Մարզպան (Տէօրթ-Եոլ) եւ այլուր: Երկու անգամ ալ միեւնոյն ներքին թելադրութիւններս մղեցին զիս թուղթին յանձնել տեսածներս, խոհերս, հանդիպումներս թուրք, քիւրտ, ասորի, ալեւի, ինչպէս նաեւ «թաքուն» հայերու հետ: Փորձեցի գիրքիս մէջ տեղեկագրական (informative) սահմաններէն անդին երթալ եւ նկարագրել առայժմ այնտեղ ապրող, ըսել կ՛ուզեմՙ մեր պապենական հողերուն վրայ նստած ժողովուրդին հետ ունեցած զրոյցներս ու թեթեւակի վիճաբանութիւններս: Ֆեդհիէ Չեթին իր պատգամը կու տայ ուխտագնացներուս: Ինծի համար մարտահրաւէր մը դարձաւ թափանցել այդ մարդոց հոգիներէն ներս եւ անոնցմէ լսել ափսոսանքներ, զղջումի խօսքեր, չքմեղանքներ, անցեալի պատահարները դատապարտող խօսքեր, նոյնիսկՙ «հրամմեցէ՛ք, եկէք ՁԵՐ երկիրը եւ մենք առաջուան պէս շարունակենք ապրիլ»: Գիրքիս մէջ ուրիշ նպատակ մըն ալ փորձած եմ դնելՙ վեր հանել իւրաքանչիւր վայրի հերոսական ու ողբերգական անցեալը, տնտեսական ու մշակութային կարեւորութիւնը, ճարտարապետական կառոյցներու վեհութիւնը, որովհետեւ Պատմական Հայաստանի մէջ ամէնուր են մեր ճարտարապետական կոթողները, որոնք իրենց աւերուած կամ կիսաւեր վիճակին մէջ անգամ կը վկայեն հայ ժողովուրդի բնիկ տարր ըլլալու մասին: Առաքելութիւն ու նպատակ մը դրի իմ յանձնառութեանս մէջ, որ կը յուսամ կ՛իրականանայ, երբ լոյս տեսնեն անոր թրքերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ ռուսերէն թարգմանութիւնները: Գիրքս պիտի ուզէի որ օտարախօս, հայ կամ ոչ հայ, բայց մա՛նաւանդ թուրքիացի հետաքրքրուողները կարդան առ ի լուսաբանութիւն, յուսալով որ աւելի լաւ կը ծանօթանան մեր մորմոքի ահաւորութեան ու մեր պահանջատիրութեան արդարացիութեան: Հաւատացէք, որ իւրաքանչիւր գլուխ թուղթին յանձնուեցաւ անտես, բայց խեղդող արցունքի մէջէն անցնելով: Փորձեցի հնարաւորին չափ լալկան չըլլալ, բարձր պահելով վերապրողներու զաւակն ու թոռը ըլլալու հպարտութիւնը եւ, ինչու չէ, նաեւ հայ ընթերցողին փոխանցել օր մըն ալ ազգովին ՀՈՆ վերադառնալու երազը: Կանգնած եմ Արածանի գետի ափին. ետեւըՙ Մեսրոպասար (Բալու): Ներկայացուող գիրքը երկու անգամ արժանացաւ հասարակութեան ուշադրութեան ու գնահատանքինՙ առաջինը տպուելէն առաջ, 2012-ի աշնան, երբ Ռամկավար կուսակցութեան Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ իրաւանց խորհուրդը կազմակերպեց ուղեւորութիւններուս որպէս արդիւնք իմ տպաւորութիւններուս ու խոհերուս նուիրուած հանդիպում մը: Այստեղ հանդէս եկայ որպէս պահանջատէր եւ միաժամանակ Թուրքիոյ տարածքին ստեղծուած ընկերային ու քաղաքական նոր պայմաններու հետ համաշունչ նոր ռազմավարութիւն մը սկսելու անհրաժեշտութեան շուրջ: 2013-ի մայիս 31-ին, դարձեալ ՌԱԿ Հայ իրաւանց խորհուրդի կազմակերպութեամբ, կայացաւ հրատարակութեան գինեձօնը: Երկու հանդիսութիւններն ալ տեղի ունեցան Քալիֆորնիոյ Գլենդէյլ քաղաքի Հանրային գրադարանին մէջ: Այժմ անհամբեր կը սպասենք գիրքին հրապարակ իջնելուն սեպտեմբերի կէսերուն (1000 օրինակ), որուն պիտի յաջորդեն այլ վայրերու մէջ ծրագրուած գինեձօններ: Հրատարակութենէն գոյացած ամբողջ եկամուտը պիտի յատկացուի բազմալեզու թարգմանութիւններու նպատակին, որ, յուսանք, կ՛ամբողջանայ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի օրերուն: |