RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#149, 2013-09-07 > #150, 2013-09-10 > #151, 2013-09-11 > #152, 2013-09-12 > #153, 2013-09-13

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #151, 11-09-2013



Մշակույթ

Տեղադրվել է` 2013-09-10 23:24:25 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1008, Տպվել է` 28, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 15

ԼԵՎՈՆ ԱՆԱՆԵԱՆՙ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ՄԱՅՐ ՀՈՂԻ ԿԱՆՉԻՆ

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ, Պէյրութ, 5 սեպտեմբեր 2013

Մեզի համար անմատչելի խորհուրդ մը եղաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի վաղաժամ մահուան գոյժը: Անհաւատալի՛ ու շանթահարի՛չ: Դեռ երէկ, այսինքն օգոստոսին, մարդկային իր մտածումներով ու ծրագիրներով մեզի հետ էր, մինչՙ այսօր ու վաղը կը խօսինք իր «հանդերձեալ»ին մասին, հոգիին ու յիշատակին յաւերժաերթին մասին:

Հայրենի իրականութեան ծնունդն էր ան: Գրած, ստեղծագործած եւ աշխատած մի՛շտ հայրենի հողին վրայ: Գրական իր կեանքը սկիզբ էր առած բանաստեղծութեամբ, սակայն իր ողջ էութեամբ ան արձակագիր էր ու հրապարակագիր: Յանդուգն ու յախուռն էր հայեացքով ու կեցուածքով: Առաւելՙ տասնամեակ մը ամբողջ, երբ, 1990-ական թուականներուն «Գարուն» ամսագրի կեանքին վտանգ կը սպառնար, ինքն էր որ գերբնական ճիգերով կենդանի պահեց բոլորիս սիրելի «Գարուն»ը, կազմակերպչական իր ոգին սակայն, բարձրակէտ-նուաճումը արձանագրեց, երբ անցնող տասներկու տարիներու ընթացքին իրագործեց տասնեակ մը աւելի բազմաշերտ գրական համաժողովներու շարքեր:

Անհանդարտ ու փոթորկայոյզ իր հոգին, որուն արգասիքն էին բազմաբնոյթ գրական-մշակութային իր նախաձեռնութիւնները եւ անոնց իրագործումները կը մնան արձանագրուած երկրային մարդու տոմարի էջերուն: Երբ ամիս մը առաջ տակաւին Գրողներու միութեան նախագահի ծանր ու պատասխանատու նոր նստաշրջան մը կÿընդունէր իր ուսերուն... արդեօք կը զգա՞ր իր մարմինէն ներս յառաջացող քաղցկեղին նախանշանները: Մեծագո՛յն մարտահրաւէրը իր կեանքին սպառնացող: Կարմի՛ր գիծ մըՙ ասդենականի եւ անդենականի միջեւ:

Այս պահուն, երբ գրի կÿառնեմ մտածումներս, հանգուցեալին հոգեհանգստեան յատուկ ժամերն են: Հրաժեշտի եւ յարգանքի վերջին առիթ մըՙ այցելուներու համար: Ճիշդ է, իր հոգինՙ այսինքն փոթորկոտ եւ անհանդարտ, խաղաղութիւն կը տենչար..., բայց ո՛չ այսպէս հապճեպօրէն պարտադրուած իր անձին, քանի որ յառաջիկայ քառամեայ պաշտօնավարութեանը ստացեր էր երաշխիքը կազմակերպչական նորանոր յղացքներու եւ ամբողջանուէր յանձնառութեան:

Ծառայութեան պատնէշի վրայ իր կեանքը զոհաբերող մարտիկը եղաւ Լեւոն Անանեան: Այժմ իր հոգիի խաղաղութիւնը կÿապրի ան: Հողեղէն իր գիտակցական կեանքի տարիներուն, անհաշիւ «մսխած» էր բնութեան իրեն պարգեւած քաջառողջ տարիները: Բազմահարիւր յօդուածներու եւ գրական ելոյթներու մարդն էր ան: Գրաւոր թէ բանաւոր:

Մեր գիրն ու մշակոյթըՙ հայ մարդու իր արժանապատուութիւնը կը համարէր:

Հայ գրողն ու հրապարակագիրՙ մշտարթուն խիղճը մեր ազգային լինելութեան անկշռելի մարտահրաւէրին:

«Տագնապներ» (Երեւան, 2004 թ.) եւ անոր յաջորդող «Դիմակայութիւն» (Երեւան, 2006 թ.) զոյգ հատորները եղան անուրանալի արժէքները իր քաղաքացիական արիութեան եւ յախուռն հրապարակախօսի առաքինութեան: Կը յիշեմ իր բանաձեւումը Սիլվա Կապուտիկեանի մասին, խորագրելով զայն «Ճշմարտութեան եւ արժանապատութեան զանգահարը»: Իրն են տողերը ուղղուած Սիլվային, «իր ժողովրդի խղճի ու արժանապատուութեան մշտարթուն զանգահարն էր, նրա ճշմարտութեան անլռելի ձայնը: Մաս-մաս այրուեց նաՙ անմնացորդ ծառայելով այն «հանճարեղ հաւաքականութեանը», որ կոչւում է հայ ժողովուրդ եւ որի վիթխարի մշակոյթի տէրն ու մշակն էր համարում իրեն» («Դիմակայութիւն», էջ 162-163) տողեր, որոնք այժմ այնքան կը պատշաճին իր անձին, որ անժամանակօրէն անդարձ կը հեռանայ մեզմէ:

Լեւոն Անանեան «մարդ-գրող»ին ամբողջական հոգին բաշխուած է իր գիտակցական կեանքի 50 տարիներու փոթորկայոյզ ապրումներուն արձագանգող հրապարակագրութեան մէջ: Ապրումներՙ որոնց մէջ սէրն ու վիշտը, խինդն ու ցասումը կը համալրեն զիրար, կÿամբողջացնեն մարդըՙ իր զգացումներով: Հայ մարդըՙ իր հայրենապաշտութեամբ:

Այս պահուն, «կարմիր գիծ»էն անդին կը գտնուի ան: Հոգեհանգիստի ու թաղման ծիսակատարութենէն ետք, դերերը փոխուած են կարծէք, եւ Լեւոն Անանեան իր երբեմնի գործակիցներուն, գործընկերներուն եւ ընթերցողներուն կը ներկայանայ իբրեւ ամբողջացած հայ գրագէտ մը: Իր «Ամբողջական երկեր»ով:

Հայրենանուէր հայ մարդու իր պատգամը պիտի գտնենք այդ մեծ մատեանի էջերուն շարահիւսուած տողատակի ճշմարտութիւններուն մէջ: Այն ատեն, Լեւոն Անանեան հողեղէն մարդու փոխարէն, մենք պիտի ողջունենք անոր բաշխած ոգեղէն պատգամները:

Բարի՛ յաւերժաերթ քեզի, սիրելի Լեւոն, եւ յաւե՛րժ լոյս ու խաղաղութիւն անհանդարտ հոգիիդ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #151, 11-09-2013

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ