RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#031, 2014-10-10 > #032, 2014-10-17 > #033, 2014-10-24 > #034, 2014-10-31 > #035, 2014-11-07

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #33, 24-10-2014



Տեղադրվել է` 2014-10-24 19:50:50 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1370, Տպվել է` 18, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 8

«ՊՈ-ՊՈ»Ն

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ հարկերն ու շահատուրքերը ընդհանրապէս դժգոհութիւն կը պատճառեն ենթականերուն: Բնական է, մարդիկ չեն սիրեր իրենց շահածին մէկ մասը պետութեան տալ: Վստահ չեմՙ եթէ կը գտնուին անձեր, որոնք գիտակցաբար կու տան, վստահ ըլլալով, որ պետութիւնը ժողովուրդին բարօրութեան համար պիտի գործածէ այդ հաւաքուած գումարները:

Հայաստանի մէջ հարցը տարբեր է: Այստեղ, «հարկային» ըսուածը «սարսափ» կը նշանակէ... Ինչպէս որ երեխաները վախցնելու համար «Պո-պո»ն եկաւ կ՛ըսենք ու երեխաները վախէն տակերնին կը թրջեն, այդպէս ալ հոս, հազիւ լսեն Հարկայինի անունը, ճիշդ է, տակերնին չեն թրջեր, բայց դեփ-դեղին կը կտրին եւ ուր փախչիլնին չեն գիտնար: Հարկայինի պաշտօնեաները, կամ հարկահաւաքները, որսորդներու կը նմանին. անդադար կը շրջին, ընդհանրապէս գաղտագողի, կամ ծպտեալ, որպէսզի յանկարծակիի բերեն «որսը» ու բզկտեն զայն: Փոքր սխալ մը, նոյնիսկ մոռացում մը, արդէն ոճիրի համազօր է ու պատիժը յանցանքին հետ բնաւ չհամեմատուող:

Չափազանցեցի՞ քիչ մը, վնաս չունի, չէ՞ որ երգիծանքին մէջ արտօնուած է չափազանցութիւնը. Նշածս անշուշտ շարքային քաղաքացիին մասին է, «միւսները» այս խնդիրները չունին, կամ ալ անոնց դէմ սպառազինուած են:

Ուզածիդ չափ ըսէ, թէ գործ չկայ, շահ չկայ, դեռ նոր սկսանք, քիչ մը համբերեցէք, որ սկսինք շահիլ... օգուտ չունի, «Օրէնքը, օրէնք է եւ բոլորը հաւասար են օրէնքին առջեւ», կ՛ըսեն քեզի, որպէս օրինապահ, անշահախնդիր, ուղղամիտ օրէնքի պահապան հրեշտակներ: Սակայն սա օրէնք ըսուածը երկինքէն չիջաւ, մարդիկ դրին զայն, մարդիկ ալ կրնան սրբագրել, կամ ի պահանջեալ հարկին շեղումներ կատարել, երբ անոր արդիւնքը աւելի մարդկային է եւ օգտակար, կամ երբ օրէնքի գործադրութիւնը վնասակար է եւ անարդար, ըստ պարզուած կացութեան:

Կը յիշեմ, երբ տակաւին նախակրթարանի աշակերտ էինք, «Ընկերային ուսմունք»ի դասերուն մէջ կ՛ըսէին, որ պետութիւնը հարկեր եւ շահատուրքեր կը գանձէ ժողովուրդէն, որպէսզի երկրին վրայ ծախսէ, ճամբաներ բանայ, կամուրջներ կառուցէ, հիւանդանոցներ եւ դպրոցներ հիմնէ, թոշակ եւ կրթաթոշակ տա, եւայլն, բաներ որոնք ժողովուրդին օգտին համար են: Եւ իսկապէս մեր մէջ կամաց-կամաց կը հաստատուէր այն համոզումը, որ ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայրենաշինութեան եւ իրաւունք ունի ըսելու, որ այդ կառոյցներուն իրաւատէրը ինք է:

Հիմա, շուրջս կը նայիմ, տեսնելու համար, որ ինչի՞ վրայ ծախսուած են ժողովուրդին քիթէն-բերնէն քաշուած այդ գումարները: Գրեթէ բոլոր մեծ ձեռնարկութիւնները դուրսէն եկած հիմնադրամներով, կամ բարերարի մը նուիրատուութեամբ եղած են: Երեւի թոշակառուներուն եւ մեծ հանդիսութիւններու վրայ ծախսած են, ինչպէս Երեւանի 2796-ամեակի տօնակատարութիւնը, ուր ,- ըստ լսուածինՙ 180.000.000 դրամ ծախսուած է, որուն 50.000.000-ը տրամադրուած է կարօտեալ ընտանիքներու անհրաժեշտ պէտքերուն: Յետո՞յ: Մնացեալը արդէն իմ կարողութենէս վեր է, թող թուաբանագէտները զբաղին ելեւմտական հարցերով. (180 միլիոնը, կամ միլիոնները ինչ տոկոս կը ներկայացնեն միլիարներու հետ բաղդատած), սակայն, ինչ մեղքս պահեմ, ուրախացայ քաղաքապետարանի այս ժեստին համար:

Դժգոհութիւն կայ, որ գործ չկայ, շահ չկայ, բայց, ոչ պետութեան հոգն է, ոչ ալ հարկայինին:

Պետութիւնը չ՛ուզե՞ր որ երկիրը զարգանայ, յառաջդիմէ, ամէն մարդ գործ ունենայ, նիւթապէս ապահովուի: Եթէ իսկապէս կ՛ուզէ, թող քաջալերէ օտար ներդրումները, նոր ձեռնարկութիւնները, թող դիւրացնէ անոնց գործունէութիւնը, թող զերծ պահէ անվերջանալի, մանուածապատ ձեւակերպութիւններէն: Առաջին մի քանի տարին, կամ գոնէ առաջին տարին տուրքերէ զերծ պահէ, օգնէ, օժանդակէ ինչով որ կրնայ, ու տեսէք թէ մի քանի տարիէն երկիրը ուր կը հասնի:

Առաջարկածս անկարելի բան չէ, միայն թէ որոշում կայացնելու դիրքերուն վրայ գտնուող մարդիկ իրենք ալ փափաքին. ոչ խօսքով, բեմերէն ու թուղթի վրայ, այլ գործնականօրէն:

Հալէպ - Երեւան

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #33, 24-10-2014

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ