Ո՜ՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐԸ Տոքթ.ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ, Փարիզ Վերջերս ընկերային (սոցիալական) լրատուական միջոցներու կողմէ Facebook-ի էջերուն մէջ տեղադրուած է տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէ Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասի հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սուրբ խորանի առջեւ «Կանանց թասավվուֆ» երգչախումբի ընկերակցութեամբ թուրք Սուֆի կրօնականներու «Շէպ-ի Արուս»ի, աղօթքի եւ պարի ելոյթը: Այս ելոյթը կը վայելէր Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին բարձր հանդիսապետութիւնը: Ըստ իս, այս ելոյթը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ անյարիր է եւ կարելի չէ բացատրել միջ-ժողովրդական, միջ-մշակոյթային փոխյարաբերութիւնով,միջ -կրօնական երկխօսութիւնով եւ նաեւ կրօններու մերձերցման միտող նախաձեռնութիւններով: Անշուշտ ողջունելի են կրօնական ու եկեղեցական աւանդութիւնները յարգող, սկզբունքներու յարիր ու նպատակը յստակ միջ-կրօնական եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները: Սակայն ընդունելի չէ, ոչ քրիստոնեայ Սուֆի Դերվիշ կրօնականներուն եկեղեցիի մը սուրբ խորանի առջեւ հոգեւոր երգերով, պարերով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւանդութիւններու անյարիր աղօթելը : Անտարակոյս կրօններուն աղօթքները եւ աղօթելու ձեւերը յարգելի են, սակայն Սուֆի դերվիշ կրօնականներուն եւ «Թասավվուֆ երգչախումբ»ի ընկերակցութեամբ Հայաստանեայց եկեղեցիի մէջ աղօթք կատարելու համար հրաւիրուիլը ծայրաստիճան քննադատելի է, քանի որ այդ ելոյթը ոչ թէ մշակութային բնոյթ ունի, այլ կրօնական, որը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ խորանի առջեւ կատարուած ոտնաձգութիւն մըն է: Այս ոտնաձգութեան պատասխանատուն Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, Բարձրաշնորհ Տ.Արամ արք.Աթէշեանն է: Հայ ժողովուրդը իրմէ կը պահանջէ իր առաջնահերթ պարտականութիւնը կատարել, որն առաջին հերթին Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ու սկզբունքներուն պաշտպանն ու պահապանը ըլլալն է: |