ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՀԱՏՈՐԱՇԱՐԸ Դոկտ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան համապարփակ պատմութիւնը` առաւելագոյն մանրամասնութեամբ գրի առնել կարենալու համար նախապայման է, որ այդ հսկայական աշխատասիրութեան նուիրեալը առաջին հերթին գիտակցած ըլլայ մեր կազմակերպութեան բարդ բնոյթին. կ՛ակնարկենք այն իրողութեան, որ մեր կուսակցութիւնն ու զայն բաղկացուցած կազմակերպութիւնները ամբողջական ուսումնասիրութեան ենթարկելու պահանջը յստակօրէն պարզուած ըլլայ այդպիսի համակ նուիրումով ներկայացող անձին: Ահա՛ այդպիսի անձ մըն է Յակոբ Վարդիվառեանը, որ այս պատմական տարուան ընթացքին ուշադրութիւն կը գրաւէ ոչ թէ լոկ գիրք հրատարակած ըլլալով, այլ` անզուգական հատորաշար մը լոյս ընծայելու տպաւորիչ խոստումով մը, խորապէս գիտակցելով իր կատարելիք աշխատանքին անծայրածիր բովանդակութեան: Եւ արդէն մեր գրասեղանին վրայ է այդ աննման գործին առաջին հատորը, «Մեծ Երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան» գրաւիչ խորագրով, ուր ժամանակագրական կարգով տեղ կը տրուի ՌԱԿ-ը բաղկացուցած Արմենական եւ Հայ Ժողովրդական կուսակցութիւններուն, որոնցմէ եւ որոնցմով բարգաւաճելով` ստեղծուեցաւ կորիզը մեր կազմակերպութեան, որ ամբողջ իր գոյութեան ընթացքին` հաւատարիմ մնացած է իր անգիր ոսկեզօծ իտէալին հայութեան գերագոյն շահերուն անսպառ հետապնդումը, հեռու ամէն տեսակ արկածախնդրութիւններէ եւ հատուածապաշտական նկրտումներէ եւ վարակումէ: Այս հատորին յառաջաբանը գրած է գիրքին հրատարակիչը` «Մայրենի» հաստատութեան տէր եւ տնօրէն, իր սերունդի ամենացայտուն ներկայացուցիչներէն Վաչէ Ղազարեանը, օրինակելի յառաջաբան, ուր ի միջի այլոց ան կը նկատէ, թէ մեր կեդրոնական մարմինները «բաւարար լրջութեամբ եւ հետեւողութեամբ չեն մօտեցած արխիւային նիւթերու կեդրոնացման աշխատանքին», ինչ որ անտարակոյս դժուարացուցած է Վարդիվառեանի նախաձեռնութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ առ այդ կատարուած անվերջանալի պրպտումները: Այս տեսակէտը, ճշմարտութեան որոշ բաժին մը ունենալով հանդերձ, ըստ մեր գիտութեան եւ երկարատեւ փորձառութեան պէտք է հաստատել, թէ մեր իրերայաջորդ ղեկավարները, առանց բացառութեան, Եգիպտոսէն Լիբանան, Ֆրանսայէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, միշտ ալ մեր տոկուն մամուլի կողքին, մեր համապարփակ պատմութիւնն ալ կեդրոնացնելու անհրաժեշտութիւնը չեն վրիպեցուցած իրենց հանապազօրեայ ուշադրութենէն, արժանաւոր ձեռնհաս գաղափարակիցներու վստահելով այդ նուիրական պարտականութիւնը, բայց եւ այնպէս, աւա՜ղ, առանց արդիւնաւորութեան: Յառաջաբանին կից կը տեսնենք հեղինակին անկեղծ խոստովանութիւնը, թէ իր կատարածը սրբազան պարտականութիւն մըն է իրեն համար: Պրպտելու, հաւաքելու եւ դասաւորելու նոյնիսկ բնազդային ոյժ մը զինք համագրաւած է, չմոռնալով միաժամանակ իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնել բոլոր անոնց եւ առաջին հերթին` Վաչէ Ղազարեանին որոնց խրախոյսով եւ օգնութեամբ ան այսօր ի վիճակի կը զգայ ինքզինք թողլքուած այս էական ծրագիրն իրականացնելու: Լիայոյս ենք, որ այս գիրքը եւ հետզհետէ լոյս տեսնելիք յաջորդ հատորները պիտի տեղ գրաւեն ամէն հայ տունէ ներս, անոնց պարունակելիք բիւրաւոր կենսուսոյց ծանօթութիւններով ճանչցնելով եւ առաւել սիրցնելով սփիւռքահայութեան ու Հայաստանին մեր քաղաքական կազմակերպութիւնը` Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, որ իր չափաւորութեան ջատագով ողջամիտ քաղաքականութեամբ, ապահովութեան, բարգաւաճման եւ արժանաւորութեան մշտավառ իրականութիւնը ցոլացուցած է ամէն հայահոծ գաղութէ ներս, ուր ան ի վիճակի եղած է ինքզինք լաւագոյնս արժեցնելու: Լիայոյս ենք նաեւ որ` Յակոբ Վարդիվառեան, իր ինքնակոչ ու կենսատեւ առաքելութիւնն անյապաղ, ըստ կարելւոյն արագընթաց թափով հետապնդելով, շատերու ենթադրած ժամկէտէն առաջ պիտի ամբողջացնէ այս ազգապահպան եւ ազգապարծանք աշխատասիրութիւնը: Սրտանց կը մաղթենք իրեն անսպառ ոյժ, մշտանորոգ կորով եւ յաջողութիւն: Պոստոն |