ՀՈԳԵՃԱՇ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԱԶԱՐԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Ապրիլ 30 պաշտօնական հոգեճաշ տրուեցաւ ազգային մեծ բարերար Նազար Նազարեանի ծնողաց ու հարազատներու յիշատակին, Նիւ Ճըրզիի «Անահիտ» հայկական ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին Ամերիկայի Հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, ՄԱԿի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացչութեան դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, Մեծագոյն Նիւ Եորքի ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ ու ՌԱԿի գործիչներ: Ցեղասպանութեան դարադարձին բարերարը այս մասնաւոր հոգեճաշը կը կազմակերպէր ի յիշատակ Մեծ եղեռնէն ճողոպրած իր ծնողաց` Լեւոն էֆենտի եւ տիկին Սաթենիկ Նազարեաններուն եւ իր եղբայրներուն` Կարպիս (որ անցեալ ամիս մահացաւ. ան ծնած էր ապրիլ 24, 1915ին), Նուպարին եւ քրոջ` Մարի Մարգարեանին: Պարոն Նազարեան իր բացման խօսքին մէջ ներկայացուց ոդիսականը իր ծնողաց, որոնք Այնթապէն որպէս բռնագաղթած կը հաստատուին Սուրիոյ Հավրանի շրջանը, ապա կ՛անցնին Հալէպ եւ անկէ` Պէյրութ: Ան յուզումով արտայայտուեցաւ այդ սերունդին մասինՙ վեր առնելով անոնց անմնացորդ հայրենասիրութիւնը, Ս. Էջմիածնի նկատմամբ ունեցած հաւատարմութիւնն ու բարեսիրական խորունկ զգացումները: Խաժակ Սրբազան կատարեց հոգեճաշին աղօթքը եւ վեր առաւ Նազարեան գերդաստանին ազգային բարձր ոգին: Իսկ դեսպան Զ. Մնացականեան իր կարգին գնահատեց բարերար ընտանիքին կատարած ազգանուէր գործը սփիւռքի տարածքին թէ մայր հայրենիքի մէջ: Նազարեան ընտանիքին մնայուն բարեկամ, բժիշկ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, այնուհետեւ, որպէս սեղանավար խօսք տուաւ ներկաներուն: Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն ան լայնօրէն անդրադարձաւ: Գնահատանքի խօսքեր ուղղելով «Թայմ» հրապարակի միջոցառման պատասխանատուին` Հրանդ Կիւլեանին, ապրիլ 24ին դէպի թրքական դեսպանատուն քայլարշաւը կազմակերպող ՌԱԿ տեղական ակումբի ատենապետին` ընկեր Նորայր Մկրտիչեանին, Նիւ Ճըրզիի հայկական ռատիոժամի պատասխանատուին` ընկեր Վարդան Ապտոյին եւ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին, որ յաջողութեամբ ներկայացուց Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի՛, դատարանն է...» ներկայացումը նուիրուած` նեմեսիս Սողոմոն Թեհլիրեանին: Խօսք առին նաեւ Հայ Աւետարանակչական ընկերակցութեան վարիչ տնօրէն Զաւէն Խանճեանը, բարերար Սարգիս Պետեւեանը, Ցեղասպանութեան 100ամեակի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական յանձնաժողովի ատենապետ Խորէն Պանտազեանը եւ ուրիշներ: Այս տարուան օգոստոս 1ին պիտի նշուի ազգային բարերարին` Նազար Նազարեանի 90ամեայ տարեդարձը Նիւ Ճըրզիի մէջ: Նիւ Ճըրզի |