RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#016, 2015-05-01 > #017, 2015-05-08 > #018, 2015-05-15 > #019, 2015-05-22 > #020, 2015-05-29

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #18, 15-05-2015



Տեղադրվել է` 2015-05-15 00:08:10 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1454, Տպվել է` 18, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 4

ԷՐԻՔ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ «ՆԵՄԵՍԻՍ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի «Ոտքի՛, դատարանն է...» ներկայացումէն անմիջապէս ետք, ապրիլ 22ին տեղի ունեցաւ ամերիկահայ գրող, դերասան, թատերագիր Էրիք Պօղոսեանի լոյս ընծայած «Նեմեսիս գործողութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակի սրահին մէջ: Հանդիսութեան կազմակերպումին իրենց օժանդակութիւնը բերած էին ՀԲԸՄիութիւնը, Թէքէեան մշակութային միութիւնը, Նիւ Եորքի Համազգայինը, Առաջնորդարանի Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ տեղեկատուութեան կեդրոնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարեգործականի պաշտօնակազմէն Արիս Պօղոսեան, որ իր խօսքի աւարտէն ետք բեմ հրաւիրեց հեղինակը: Էրիք Պօղոսեան դերասանական տաղանդով ներկայացուց իր սեփական գիրքը: Շահան Նաթալիի նախաձեռնութեամբ, Ցեղասպանութենէն ետք, ափ մը հայրենասէր վրիժառու տղաք ձեռնարկեցին Իթթիհատական բորենիներէն ոմանց վախճանը: Հակառակ որ Պոլսոյ մէջ զինուորական ատեանը զանոնք դատապարտած էր որպէս մարդասպաններ, սակայն անոնք փախուստ տուած ու ապաստանած էին զանազան երկիրներ. անոնց կարգին էր Թալաաթը, որ որպէս թուրք վաճառականՙ ծածուկ կերպով ապաստան գտած էր Պերլին, մայրաքաղաքը իր երբեմնի դաշնակիցին` Գերմանիոյ Վիլհելմ կայսեր:

Այս գործողութիւնը, թէեւ հայերէն լեզուով անգամ, պէտք եղած մանրամասնութիւններով ու հարազատութեամբ չէ տրուած ամբողջութեամբ նման քաղաքական ազգային հարցերով հետաքրքրուող հայախօս ընթերցողներուն, սակայն Էրիք Պօղոսեան 375 էջերու մէջ գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած է զայն: Գիրքը հրատարակութիւնն է Նիւ Եորքի Little, Brown and Company հրատարակչատան: Հեղինակը այս իր երկասիրութիւնը կը նուիրէ իր մեծ ծնողաց` Ռոզին, Լիւսիին, Գարեգինին եւ Մկրտիչին, որոնք ցեղասպանութենէն ճողոպրած հասած են Միացեալ Նահանգներ ու հաստատուած Պոստոն, ուր կը բնակի հեղինակը:

Պօղոսեան կրցած է նաեւ քաղաքական ժամանակաշրջանը նկարագրել ամփոփ գիծերու մէջ, ընթերցողին առիթ տալով հասկնալու այդ բարդ իրավիճակը: Այնուհետեւ ծանրացած է Թեհլիրեանի դատավարութեան վրայ: Կան նաեւ հատուածներ Միսաք Թորլաքեանի, Արշաւիր Շիրակեանի եւ միւս վրիժառուներուն մասին:

Տուած է աղբիւրներու բաժին մը, որ այս թեմայով հետաքրքրուող այլ պատմաբաններուն համար պիտի ծառայէ որպէս կարեւոր սկզբնաղբիւր:

Էրիք Պօղոսեան քանիցս կը խոստովանի, թէ ԹՄՄ կեդրոնական գրասենեակի տնօրեն Արամ Արքուն ունեցած է մեծ ներդրում գրքին խմբագրական աշխատանքին մէջ:

Շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ ՄԱԿի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացչութեան դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, որ կատարեց կարգ մը դիտարկումներ եւ ճշդումներ կապուած հեղինակին խօսքերուն, որոնք աղերս ունէին Հայաստանի ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական կեանքին զարգացման հետ: Հարցեր, որոնք երբե՛ք կապ չունէին ներկայացուող հրատարակութեան հետ:

Ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու հեղինակին, որ այնուհետեւ մակագրեց գիրքին օրինակները:

Նիւ Ճըրզի

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #18, 15-05-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ