«ՍՓԻՒՌՔ»-ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ Դոկտ. Երվանդ Քասունին սփյուռքահայ առավել հայտնի մտավորականներից է. պատմաբան (Կիլիկյան շրջանի ամենահմուտ մասնագետներից), խմբագիր, հրապարակագիր եւ դասախոս: Երկար տարիներ ձեռնհասորեն խմբագրել է «Հայկազեան հայագիտական հանդէսը», իսկ վերջին տարիներինՙ Հայ ավետարանականների «Ջանասէր» ամսագիրը: Ստորեւ լույս տեսնող հոդվածն ստացել ենք մի քանի ամիս առաջ, լույսընծայումը ուշանում էր ոչ միայն նյութերի առատության, այլեւ որեւէ կերպ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հանգանակության ամենամյա ձեռնարկը չխաչաձեւելու մտահոգությամբ: Այսուամենայնիվ, հոդվածն իր այժմեականությունը չի կորցրել: Ընդհակառակն, «Հայաստան» հիմնադրամի վերջին մի քանի տարիների խղճուկ արդյունքների ֆոնին առավել արդիական է դարձել: Արդարեւ, Հայաստան թե Սփյուռք նյութական օրավուր աճող կարիքների ֆոնին հրամայական է դարձել հարցի հրապարակային արծարծումների միջոցով առավել խորունկ ու գործնական մոտեցումներով այդ կարիքների բավարարմանը մոտենալու, քննարկելու եւ բանավիճելու անհրաժեշտությունը: Հրապարակելով դոկտ. Ե. Քասունու հոդվածը, ընդունելով Սփյուռքի կարիքները հոգալու վերաբերյալ նրա դիտարկումները եւ, միաժամանակ, վերապահությամբ ընդունելով նրա առաջարկած լուծման տարբերակը, խմբագրությունս պատրաստակամ է հրապարակային քննարկումների, հարցի կամ հարցերի լուծումը դիտարկելով համահայկական մոտեցումների համատեքստում: Խմբ.:
Խորագրին ի տես, շատեր պիտի պռստեն իրենց յօնքերը, ուՙ - Ի՜նչ Համասփիւռքեան հիմնադրամ... Այո՛, Եթէ «Հայաստան» - Համահայկական հիմնադրամ, Ուրեմն, Նաե՛ւՙ «Սփիւռք» - Համասփիւռքեան հիմնադրամ: Ի՞նչն է տարօրինակը, եւ ինչո՞ւ է զարմանքը: «Հայաստան» - Համահայկական հիմնադրամը ծնունդ առաւ Հայաստանի անմիջական կարիքներուն հասնելու: Ան ունէր նաե՛ւ ազգային-հասարակական նպատակՙ Սփիւռքի աչքերը սեւեռել Հայաստանի վրայ: Հարցումը. Սփիւռքը չունի՞ կարիքներ, որոնք համասփիւռքեան օժանդակութեան կը սպասեն: Ու ժամանակը չէ՞, որ Սփիւռքը իր աչքերը սեւեռէ Սփիւռքի վրայ: «Հայաստան» - Համահայկական հիմնադրամը՞ խանդավառեց նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ հրապարակ նետէ «Հայաստանակեդրոն սփիւռք» լոզունգը: Տարազումը ծայրայեղ էր ու վտանգաւոր: Նախագահը աւելի ուշ անդրադարձաւ իրողութեան ու փորձեց յղկել տարազումին սուր անկիւնները: Փորձը անյաջող էր: Իրականութիւնը կը մնայ այնՙ որ կամայ թէ ակամայ, «Հայաստանակեդրոն Սփիւռք» լոզունգը ամէն օր քիչ մը աւելի կը խթանէ Սփիւռքի ինքնամոռացումը: Եւ հոս պիտի ճշդելՙ սփիւռքակեդրոն սփիւռք մը միայն կրնայ հայաստանակեդրոն սփիւռք ըլլալ, Քանի որ, ինքնամոռաց Սփիւռք մը հուսկ կը կորսնցնէ ե՛ւ Հայաստանի հասցէն ու ճամբան: Գիտակի՞ց ենք ինքնամոռացութեան ճամբայ հարթող Սփիւռքին սպասող վաղուան օրերու բնոյթին: Ահա թէ ինչու արշակաւանեան խառնարանի այս օրերուն ժամանակ է որ Սփիւռքը կանգ առնէ պահ մը, կենայ հայելիին դիմաց, ու հարց տայ. - Ո՞վ եմ ես, ինչո՞ւ եմ սփիւռք, ուրկէ՞ կու գամ, ո՞ւր կ"երթամ, ինչո՞ւ կ"երթամ, ի՞նչ է եւ ո՞ւր է վախճանակէտը... Հրամայական պահանջ է, որ տրուին այս հարցումները ու կատարուի պատասխաններուն փնտռտուքը: Ու երբ կը տարազուին պատասխանները, հարց պիտի տալ. - Համաշխարհայնացումի սադայէլական քարոզչութեան այս օրերու արշակաւանեան խառնարանին մէջ Սփիւռքը ունի՞ ազգային պայքարի մէկ ամբողջական ինքնավար նպատակ ու մէկ ամբողջական գործակցութիւն, նա՛խ Սփիւռքի, եւ ապաՙ Հայաստանի համար: Սփիւռքակեդրոն սփիւռք մը ունենալու գործնական առաջին քայլը պիտի ըլլայ Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովի մը գոյառումը: Աւելի քան կէս դար է ու մինչեւ այսօր կը գրուի ու կը խօսուի այս մասին, ու դժբախտաբար աւելի քան կէս դար է ու մինչեւ այսօր ան դէմ կու գայ բազմադէմ կարծրատիպ մտածողութիւններու պատին: Եթէ Ցեղասպանութեան զոհ տարագիր հայութիւնըՙ Սփիւռքը, Հայ դատի իրաւատէրն է ու իր բռնագրաւուած հայրենի հողերուն պահանջատէրը, ապա ուրեմն Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովը միակ գրաւականն է իր իրաւական ներկայութեան եւ կատարուած քարոզչութեան իրաւութեան հաւաստիքը: Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովի մը կազմաւորումին համար մարդը չէ, որ կը պակսի: Սփիւռքը որակեալ մասնագէտներու փաղանգ մը կրնայ ոտքի հանել, որ գերագոյն արժանապտւութեամբ ու պատասխանատւութեամբ կը կարենայ Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովը դնել աշխատանքային ճիշդ հունի մէջ, ու լիազօրուած հեղինակութեամբ հետապնդել պահանջատիրութեան դատը: Այս օրերուն Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովներուն հիմնախնդիր է պահանջատիրութեան դատի իրաւական երեսը: Տեսականօրէն, թուղթի վրայ, շատ բան կարելի է պարզել, մինչեւ իսկ բոլոր դատերը շահիլ, բայց..., երբ կու գայ ժամանակըՙ թղթածրարները ձեռքին միջազգային ատեաններ ներկայանալու, ո՞վ հաշուարկած է, թէ քանի՞ միլիոն տոլարի կամ եւրոյի նախահաշիւ ելեւմտավարկ պէտք է պատրաստուի: Ժամանակի գործօնը: Հարիւրամեակը նոր հարիւրամեակի սեմին կը բերէ Հայ դատն ու Պահանջատիրութիւնը: Այս է իրողութիւնը, զոր պիտի դիմագրաւել համբերութեամբ ու հաշուենկատումով: Կը նշանակէՙ նոր հարիւրամեակ մը պիտի նախատեսել պահանջատիրութեան պայքարի ճանապարհին, ու այդ ճանապարհին վրայՙ իրարայաջորդ սփիւռքահայ նոր սերունդներու ասպարէզ գալը: Եւ հոսՙ վերադարձ հիմնահարցին: Եթէ նոր հարիւրամեակի իրարայաջորդ սփիւռքահայ սերունդները պիտի ստանձնեն Պահանջատիրութեան դատն ու անոր հետապնդումը, ապա առաջնահերթ պարտաւորութիւն է, այդ սերունդներուն ազգային դաստիարակութիւնը, հայերէնով հայեցի դաստիարակութիւնը, եթէ երբեք կը հաւատանք որՙ Լեզուն հաստատագիրն է ազգային դիմագիծին եւ ինքնութեան: Ուրեմնՙ Հայ դպրոցը պիտի մնայ կիզակէտը Սփիւռքի ուշադրութեան, նախանձախնդիր անոր յարատեւ վերանորոգման ու բարգաւաճումին ե՛ւ ուսումնական, ե՛ւ կրթական, ե՛ւ ազգային, ե՛ւ քաղաքացիական մակարդակներու վրայ: Հայ դպրոցը, որ նշանակէՙ Հայ աշակերտ եւ ուսանող, հայ ուսուցիչ ու դասախօս, հայ տնօրէն ու վարչակազմ: Եւ այսօր ի՞նչ է Հայ դպրոցին վիճակուած ճակատագիրը: Աղքատախնամի պնակ: Չբանանք փակագիծերը, սակայն ըսենք, որ մերօրեայ Հայ դպրոցը իր գոյութիւնը կը քաշկռտէ հովանաւոր եկեղեցիներու կամ կազմակերպութիւններուՙ անհասանելի պահանջներուն հասնելու շփոթահար ճիգով, սակաւաթիւ բարերարներու առատաձեռն նուիրատւութեամբ, ու յաճախՙ բարիկամեցողներու սրտաբուխ նուէրներով: Ինչո՞ւ կը փակուին հայ դպրոցները: Կամՙ կը փակենք: Գաղտնիք չէ. փերեզակային հոգեբանութեամբ «մեծանուն տնտեսագէտներ» ունինք, որոնք միշտ ալ հայ դպրոցի մը ելեւմտավարկի արձանագրած «բաց»ը գոցելու հանճարեղ առաջարկը ունին: - Փակեցէ՛ք դպրոցը: «Հանճարեղ» այս տնտեսագէտները կը գիտակցի՞ն, թէՙ Սփիւռքի մէջ հայ դպրոց մը փակել համազօր է Հայաստանի մէջ զօրանոց մը փակելուն: Կարո՞ղ ենք ճիշդ գնահատել այս հաւասարութիւնը: Միայն Լիբանանի ու Սուրիոյ (մանաւա՛նդ այս օրերուն) մէջ չէ, որ Հայ դպրոցը նիւթական տագնապ կը դիմագրաւէ: Հարց տուա՞ծ ենք, թէ ի՛նչ է Յունաստանի եւ Կ. Պոլսոյ Հայ դպրոցին տնտեսական կացութիւնը: Ու զարմանքով հարց պիտի տալ, թէ ինչո՞ւ Ա.Մ. Նահանգներու հայահոծ «Լոս Արմենոս»ի մէջ հայ դպրոց կը փակուի... նիւթական պատճառներով: Ու դեռ պիտի զարմանալ, թէ ինչո՞ւ Նիւ Եորքի մէջ 2011 թ.կարելի կ"ըլլայ ստեղծել վեց միլիոն տոլարի անձեռնմխելի հիմնադրամ մը (որուն մէկ միլիոնը Հ.Բ.Ը. Միութեան «կրթաթոշակներու ֆոնտ»էն), «Էջմիածնի միաբանութեան մէջ եկեղեցականներու պատրաստութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան համար», բայց նոյն նուիրատուները, որոնք մեծամասնութեամբ Միջին Արեւելքի զաւակներ ենՙ Նոր աշխարհ տեղափոխուած, չե՛ն կրնար մտածել նմանօրինակ հիմնադրամ մը ստեղծելու մասին, իրենց դռները փակելու սպառնալիքին առջեւ կեցած Միջին Արեւելքի հայ դպրոցներուն համար: Ու պիտի զարմանալ, թէ ինչպէս նոյն տարուան մէջ իր պորտը հայութենէ կտրած «ծնունդով [կէս] հայ»ըՙ մեծահարուստ թենիսիտ Անտրէ Աղասին, կը յաջողի իր կնքահայրէնՙ «աշխարհի ամենէն հարուստ հայէն»ՙ Գըրգ Գրիգորեանէն տասնութ միլիոն տոլար ձեռք բերել իր թենիսի դպրոցին համար, բայց ամերիկահայութիւնը իր եկեղեցիով ու կրթական համակարգով չի կարողանար Հայ դպրոցի գոյատեւման համար համոզել Գըրգ Գրիգորեանը, որ գէթ տասը միլիոն տոլար գումարով հիմնադրամ մը հաստատէ: Դեռ այս «հի՜չ», աշխարհի ամենէն հարուստ նոյն հայը, նոյն տարուան մէջ երկու հարիւր միլիոն տոլար կը նուիրէ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանին: ...Եւ ո՞վ հարցուց, թէ որո՞ւն ժառանգ կը մնան Գըրգ Գրիգորեանի միլիառները...: Արդեօ՞ք պիտի մտածել, թէ սփիւռքահայը ի՛նք ալ սկսեր է հաւատալ Հայաստանէն «ձայնասփռուած» քարոզչութեան, թէՙ «Սփիւռքի մէջ աղքատ հայ չկայ»: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ հրապարակագիր մը կը գրէ. «...ունեւոր էին, ինչպէս բոլոր հայերը արտասահմանում»: Իսկ հանրածանօթ գրող մը կ"արձանագրէ. «Ես աղքատ սփիւռքահայի չեմ տեսել...»: Այս ի՜նչ հրաշք ու երջանկութիւն (բայց այս մասինՙ այլ առիթով): Սփիւռքի հայ համայնքները կը նահանջեն. կ"ուծանան, կ"ապազգայնանան գլխաւորաբար նաեւ համայնքներու տնտեսական կեանքին համբակ ու ձախաւեր ղեկավարութեան պատճառով: Ամէն ինչ «օր օրի» է, ամէն ինչ կարկտան, ամէն ինչ «այսօր անցընենք» հոգեբանութեամբ: Տնտեսական ազգային հզօր կառոյցներ չկան, գլխաւոր պատճառըՙ անվստահութեան հարցն է: Հայու խասիաթ է, ամէն ոք միայն ի՛նք պիտի նախաձեռնէ եւ ի՛նք կառավարէ: Չըլլայ որ հաւաքական աշխատանք մը հրապարակի վրայ արդիւնաւորուի ու հեղինակութեան տիրանայ. ի՞նչպէս թէ, հապա՞ մեր «ես»երն ու «եսիկ»ները: Հնացած ոճերու ստրուկն է Սփիւռքը: Ու հնացած ոճերը ծուլութեան կ"առաջնորդեն, կը յոգնեցնեն ու կ"ուծացնեն: Հնացած ոճերու զոհերն են հայ դպրոցները, ընկերային ու հասարակական կազմակերպութիւնները, հայ ազգային կուսակցութիւնները, հայ եկեղեցիները: Ու ոճը չի նորանար մարդերու փոփոխութեամբ կամ տեղափոխութեամբ, ո՛չ ալՙ արհեստագիտական սարքաւորումներով: Ոճը կը նորանայ միտքի ու մտայնութեան նորանալով, նոր հորիզոններու դիմաց քննադատական մտածողութիւնը սկզբունք ու մեկնակէտ որդեգրելով: Ու որպէսզի իրականանայ նորանալը, անհրաժեշտ է ստեղծումը մտածողներու խորհուրդին կամ հիմնարկին (think tank): Մտաւորական եւ ուսումնական բարձրագոյն մակարդակով, ասպարէզային տարբեր մարզերու մէջ փորձառու մասնագէտներու խորհուրդ մը, որ համապարփակ գնահատանքը կատարէ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակին, ու նոր հեռանկարներու համար նորաոճ աշխատանքի ծրագիր մը յանձնէ Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովին: Աշխատանքային բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացնելու համարՙ Պահանջատիրութեան դատ, Հայ դպրոց, Հայ մշակոյթ, մամուլ-քարոզչական մեքենայ, առողջապահական-ընկերային ծառայութիւն- մշակուած ծրագիրներու դիմացՙ առաջնահերթ պահանջը դրամն է, եւ ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է մտածել «Սփիւռք»- Համասփիւռքեան հիմնադրամի մասին: Սփիւռքի միատարրութիւնը իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն ամրագրելու ու կեդրոնաձիգ աշխատանքը իմաստաւորելու համար անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովը եւ «Սփիւռք»-Համասփիւռքեան հիմնադրամը: «Սփիւռք»- Համասփիւռքեան հիմնադրամը կը գործէ բարոյական հովանաւորութեան ներքեւ երեք հոգեւոր պետերուն, ղեկավարութեամբ անկախ գործադիր ժողովի մը, որ համարատու է Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովին: Վստահութիւնը մեծագոյն դրամագլուխն է: «Սփիւռք»-Համասփիւռքեան հիմնադրամըՙ «Հայաստան»- Համահայկական հիմնադրամին հակադրուելու համար չէ: Բայց արդար ըլլանք ու հարց տանք. «Հայաստան»- ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ հիմնադրամը դրամական (հաշուելով վերջին դահեկանը) ի՞նչ աջակցութիւն ցուցաբերած է սուրիահայութեան: Դարձնենք էջը ու հարց տանք տարագիր սփիւռքահայութեան (եկեղեցի, բարեգործական ընկերակցութիւններ, կուսակցութիւններ, անհատ բարերարներ), ու պատասխանը սպասենք իրմէ. - Առանց դոյզն իսկ չափով թերագնահատելու Հայաստանի եւ Արցախի կարիքները ու միշտ ջատագով այդ կարիքները բառնալու աշխատանքինՙ - Հայաստանի ու Արցախի մէջ դպրոցները վերանորոգուելու կարիք ունին, Սփիւռքի մէջ չունի՞ն... - Հայաստանի ու Արցախի մէջ չքաւոր հայը չքաւոր է, Սփիւռքի մէջ չքաւոր հայը չքաւոր չէ՞... - Հայաստանի ու Արցախի մէջ եթէ հիւանդանոցները անհրաժեշտ է օժտել գերարդիական սարքերով, Սփիւռքի բարեգործական դարմանատուները կարիքը չունի՞ն բարենորոգմանՙ ձեռք մը աւելի տալու հայ հիւանդին: - Հապա՞ հիւանդները... Հայաստանի ու Արցախի մէջ հայը արժանի է (եւ արժանի՛ է) յաւէտ վերանորոգուող հիւանդանցներու մէջ ամենէն նպաստաւոր պայմաններով բուժում ստանալու, իսկ Սփիւռքի մէջ դռնէ դուռ մուրալո՞ւ... Տակաւին չբանանք էջը տնազուրկ հայերու, հայ դպրոցէ զրկուած (դրամի պատճառով ձրիավարժ պետական դպրոց հաճախող) հայ աշակերտներու, եւ ընդհանրապէս տնտեսական տագնապի պատճառով դպրոցէ զրկուած հայ տղոց: Եւ հարց տանք, թէ հայկական քանի՞ դպրոցներու մէջ քանի՞ ուսուցիչներ քանի՞ ամիս է որ աշխատավարձ չեն ստացած... Դեռ չխօսինք իւրաքանչիւր հայ դպրոցի կռնակին բեռցուած պարտքի քանակի մասին, որ ի վերջոյ կրնայ հրամայել դպրոցին դուռը փակել: Ո՞վ է ամչցողը, երբ հայկական ձայնասփիւռները եւ օրաթերթերը կոչ կ"ուղղեն հայ հիւանդի մը վիրահատութեան կամ հիւանդանոցային բուժման համար դրամ հանգանակելու: Ո՞վ հարց տուաւ, թէ ինչու՞ շատ մօտիկ անցեալին Պէյրութի մէջ հայ դպրութեան ծառայող մը գրեթէ անօթի մահացաւ: Ե՞րբ եւ ո՞ւր վերջ կը գտնէ այս անտիրութիւնը: «Սփիւռք»-Համասփիւռքեան հիմնադրամը պերճանք չէ, այլՙ հրամայական անհրաժեշտութիւն: Ի վերջոյ պիտի մտածե՞լ սփիւռքահայու արժանապատւութեան մասին, թէ՞ ոչ: Ի՞նչ կը մտածեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հրապարակ իջած եղերամայրերը յիշեցնող մերօրեայ եղերամայրերը, երբ կը կարդան, թէ վիրաւոր հալէպահայութիւնը բացած է իր դպրոցներուն դռները: Հարցումը. Ո՞վ բաց պիտի պահէ այդ դպրոցներուն դռները: Ճառերէն մնացինք յոգնած ու սոված: Ե՞րբ կ"առնուին Սփիւռքը իր պատմական առաքելութեան համար փրկելու համասփիւռքեան առաջին քայլերը, որոնց իրաւութեան հաւաստիքը պիտի ըլլայ Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողովի ստեղծումը, Մտածողներու խորհուրդին կեանքի կոչումը եւ «Սփիւռք»-Համասփիւռքեան հիմնադրամին հիմնումը: Պիտի փրկել Սփիւռքըՙ հրաւիրելով զայն ինքնաճանաչումի, ինքնագիտակցութեան եւ ինքնարժեւորումիՙ ամրապնդուելու, պատասխանատւութիւն բառնալու եւ բարոյապէս, մտաւորապէս ու նիւթապէս արտադրող հզօր մեքենայ դառնալու: Եթէ հզօր «Հայաստանը պայմանաւորուած է հզօր Սփիւռքով», Ու եթէ Հայաստան կը հաւատայ իր իսկ հրապարակած այս լոզունգին, ապա ուրեմն պարտաւոր է դրապէս դիմաւորելու Սփիւռքի մէկտեղման (արդէն «սփիւռքներ» յուսալքող տարազումը սկսեր է երեւալ հրապարակագրութեան մէջ), վերականգման ու հզօրացման համար նախապայման եղող վերոյիշեալ անկախ կառոյցներու գոյառումը: Կառոյցներըՙ Համասփիւռքեան կեդրոնական ժողով, Մտածողներու խորհուրդ կամ հիմնարկ, «Սփիւռք»- Համասփիւռքեան հիմնադրամ: Կրկնենք. Եթէ «Հայաստանակեդրոն սփիւռք», Ապա ուրեմն նախՙ Սփիւռքակեդրոն սփիւռք: Պէյրութ |