ՎԱՐԴԱՆ ՆԱԶԻՐԵԱՆԻ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ ՌԱԿ 95-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, յարգարժան հիւրեր, սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ Ճիշդ 25 տարի առաջ, այս օրերուն, նոյն այս հոյակերտ դահլիճին մէջ, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը կը նշէր իր 70-ամեակըՙ շքեղ հանդիսութեամբ, որուն ներկայ էին հանրապետութեան Առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Ամենայն Հայոց Հայրապետի ներկայացուցիչՙ այժմ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին 2-րդը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը, պետական եւ կուսակցական ղեկավարներ, մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն: Փաստօրէն, այդ հանդիսութեամբ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կը հաստատէր իր ներկայութիւնը ընդամէնը 3 շաբաթ առաջ իր Անկախութիւնը հռչակած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որուն Անկախութեան հանրաքուէի նախաձեռնութիւնը, ուրիշ 5 կուսակցութիւններու հետ- ի դէպՙ միակը աւանդական կուսակցութիւններու մէջ- ստանձներ էր ՌԱԿ-ը: Հետեւաբար ՌԱԿ-ը ոչ թէ որպէս հիւր, այլ որպէս տանտէր, որպէս հիմնադի՛ր կը վերադառնար մայր հայրենիքՙ իր անմիջական նպաստը, մասնակցութի՛ւնը բերելու այս ժողովուրդին, այս պետութեան զարգացման ու զօրացումին: Եւ երբ այսօր բոլորս հպարտութեամբ կը տօնենք մեր անկախ պետականութեան 25-ամեայ տարեդարձը, ՌԱԿ-ը ինքզինք կը զգայ հպարտ, որ կերտիչներէն մէկը եղած է այդ անկախութեան: Հպարտութիւնՙ որ կուգայ իր յանձնառու կեցուածքէն: Արդարեւ, ազգային-քաղաքական հարցերու մէջ ՌԱԿ-ը մի՛շտ եղած է յանձնառու: Նաեւ այն 70 տարիներուն, երբ տարագիր կը գտնուէր արտերկիրներու մէջ: Հանդիսանալով հայ սփիւռքի մէջ միակ ոչ ընկերվարական կուսակցութիւնը, ունենալով հանդերձ Խորհրդային Հայաստանի մէջ տիրող վարչակարգին բոլորովին հակադիր գաղափարախոսութիւն, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը ունեցաւ իմաստությունը դրսեւորելու ոչ թե քաղաքական, այլ ազգայի՛ն մօտեցումՙ հայոց հայրենիքի վերաշինութեան եւ բարգաւաճման, սփիւռքահայ զանգուածները հայրենադարձութեան առաջնորդելու, Մայր աթոռ Սբ. Էջմիածինի դիրքերը Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան մօտ ուժեղացնելու եւ այլ տեսակէտներէ: Անկախութեան առաջին տարիներուն ՌԱԿ-ը եղաւ սփիւռքահայ դրամագլուխը (կապիտալ) առաջինը Հայաստան ներմուծող կազմակերպութիւնը, հոգ չէ թէ այն ժամանակ մեր երկիրը չունէր համապատասխան օրէնքներՙ այդ ներդրումները պաշտպանելու, ոչ ալ բիզնես միջավայրՙ զանոնք արդիւնաւորելու: ՌԱԿ-ը այսօ՛ր ալ յանձնառու է: Յանձնառո՛ւՙ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հզօրացումին, անվտանգութեան, բարգաւաճումին, ռամկավարական հասարակարգի ամրապնդումին, ազատական տնտեսութեան զարգացումին: Յանձնառո՛ւՙ Հայ դատին եւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն: Յանձնառո՛ւՙ հայապահպանութեան Սրբազան գործին: Երկար տարիներ ՌԱԿ-ը Սփիւռքէն յատյարարած է, թէ ինքը Մայր հայրենիքի կողքին է: Այսօր, երբ ընդամէնը մէկ ժամ առաջ աւարտած է ռամկավարներու Հայաստան-Սփիւռք միացեալ համագումարը, ՌԱԿ-ը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ինքը ոչ թէ կողքին, այլ մէ՛ջն է հայրենիքին, ինչ որ պատուիրանն էր ՌԱԿ-ի հիմնադիրներունՙ Վահան Թէքէեանին, Արշակ Չօպանեանին, Միհրան Տամատեանին, Միքայէլ Պապաճանեանին եւ միւս նուիրեալներուն, որոնք 1921 թուականի հոկտեմբերի 1-ին, Պոլսոյ մէջ, կրցան միաւորել եւ միաւորուիլ որպէս մէկ եւ միակ կուսակցութիւն: Իսկ մենքՙ որպէս հարազատ հետեւորդները անոնցՙ նոյն սկզբունքով այսօր վերահաստատեցինք մեր միւթիւնըՙ ստեղծելով Հայաստան-Սփիւռք միացեալ ղեկավար մարմիններ: Այդ նուիրական հիմնադիրներուն յիշատակին է նուիրուած մեր յոբելեանական այս համերգը: Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը, Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը, Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը: |